Jump to content

Կիլիկիոյի Հայկական Պետութիւնը (Պատմաաշխարհագրական Առումով)

ԿԻԼԻԿԻԱ

Կիլիկիոյի Հայկական Պետութիւնը (Պատմաաշխարհագրական Առումով), Կիլիկիոյ մասին տեղեկութիւնները կը սկսին հնագոյն ժամանակներէ։ Կիլիկիոյ մասին առաջին տեղեկութիւնը մեզի կը փոխանցէ Ասորեստանի Սալմանասար Գ. թագաւորը իր արձանագրութեան մէջ, թէ 834 մ.թ.ա նուաճած է այդ երկիրը։

Միջնադարեան պատմագիրները (ոչ հայ) յաճախ Կիլիկիան շփոթած են Փոքր Հայքի հետ, կամ երբեմն կոչած են Հայաստան։

Կիլիկիոյ աշխարհագրական դիրքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Փոքր Ասիան եւ Կիլիկիան

Կիլիկիան կը գտնուի Փոքր Ասիոյ հարաւ արեւմտեան անկիւնը։ Իր բնական պայմաններով պատմաշխարհագրական ուրոյն շրջան մը կը ներկայացնէ։ Բնական սահմաններն են՝ հարաւէն Միջերկրական ծովը, որ Տարսոն քաղաքի դիմաց եւ ծայր արեւելքի մէջ առաջացուցած է ծոցեր։ Վերջինս հնագոյն ժամանակներուն կոչուած է Իսոսի ծոց (Հայոց ծոց, Աղեքսանտրէթի ծոց)։ Արեւելքէն՝ սահման կը կազմէ Ամանոս լեռներուն, որոնք ձգուելով հարաւէն արեւմուտք եւ հիւսիսէն արեւելք կը վերջանան Ռաս Էլ Խանզիր հրուանդանով։ Հիւսիսէն եւ Արեւմուտքէն՝ Կիլիկիան կը սահմանագծուի Տաւրոսի լեռներու աղեղնաձեւ գօտիով։ Ֆիզիքաաշխարհագրական առումով Կիլիկիան կը բաժնուի տարբեր ծագում եւ զանազանակերտ պայմաններ ունեցող հինգ բաժիններու՝

  1. Ապառաժային Կիլիկիա (քարքարոտ) Երկրի արեւմտեան մասն է։
  2. Կիլիկեան Տաւրոս Կը ձգուի արեւմուտքէն արեւելք։
  3. Անդ(տ)ի Տաւրոսի հարաւային լեռնաճիւղերու շրջան.
  4. Ամանոսի լեռներ արեւմտեան մաս
  5. Կիլիկիոյ դաշտավայրը Հինէն ի վեր երկիրը բաժնուած է երկու գլխաւոր շրջանի՝ Լեռնային Կիլիկիա եւ Դաշտային Կիլիկիա։

Կիլիկիոյ հիւսիսային եւ արեւմտեան կողմով կը ձգուի Կիլիկեան Տաւրոս լեռնաշղթան, որ Տաւրոսեան լեռնաշղթային կեդրոնական հատուածն էր. անկէ արեւմուտք կը գտնուի Անատոլիական Տաւրոս, իսկ դէպի արեւելք՝ Հայկական Տաւրոսը, որ Կիլիկեան Տաւրոսի գլխաւոր գագաթներէն է, որոնց բարձրութիւնը կը հասնի մինչեւ 3500 մեթրի. այդ գլխաւոր գագաթները ունին խիստ թեքութիւն. Հիւսիս արեւելեան կողմէն Կիլիկիոյ կը մօտենան Անդ(տ)ի Տաւրոսեան լեռներու հարաւային լեռաճիւղերը։

Ամանոսի լեռնաշղթան կը ձգուի հիւսիսէ դէպի հարաւ եւ այսպիսով Կիլիկիան կը բաժնէ Սուրիայէն (Ասորիք)։ Կիլիկիան Տաւրոսի վրայ կը գտնուին երկու նշանաւոր լեռնանցքներ, որոնցմէ մէկը լեռնաշղթայի արեւմտեան կողմն է, իսկ միւսը՝ արեւելեան կողմ։

Կիլիկեան Հայաստան

Երեք նշանաւոր լեռնանցքներ եւս կան Կիլիկիոյ եւ Սուրիոյ սահմանագլխուն ձգուող Ամանոսի լեռներուն վրայ։ Անոնցմէ առաջինը կը կոչուի Ամանոսի լեռնանցք (արաբերէնով դերբինդ էլ Մարի) եւ կը գտնուի արեւելեան կողմը։ Երկրորդը՝ կը կոչուի Տէմիր Գաբի (Երկաթէ դուր)։ Այս կը գտնուի արեւելեան բաժինը։ Իսկ Երրորդը կը կոչուի Դուռ Ասորւուց ( Ասորիներու Դուռը)։

Կիլիկիոյ դաշտավայրը, որ ծովու մակերեւոյթէն ընդամէնը ունէր 150200 մ. բարձրութիւն, կը գրաւէր եռանկիւնաձեւ տարածութիւն։ Ան փռուած էր Կիլիկիոյ ամենանշանաւոր գետերու Ջահանի եւ Սանոսի ստորին հոսանքներու շրջանին։ Կիլիկիոյ դաշտավայրը թուրքերու կողմէ անուանուած է (Չուխուր Օվա)։ Գետեր եւ կլիմայական պայմաններ

Կիլիկիոյ բոլոր գետերը կը սկսին իր շրջակայքի լեռներէն, կը հոսին հարաւ դէպի Միջերկրական ծով։ Գետերէն նշանաւոր են՝ Պիրամոսը, Սարոսը, Կալիկադնոսը եւ պատմական կիթնոսը։

Պիրամոս Այժմ կը կոչուի (Ջ)Ճիհուն կամ (Ջ)ճիհան, Կիլիկիոյ ամենաջրառատ գետն է եւ կը հոսի երկրի արեւելեան մասով։ Ջահան գետը ունի երեք վտակներ՝ առաջինը կը կոչուի Խուրմա սու, երկրորդը՝ Գէօգ սու կամ Կոկիսոն, իսկ երրորդը՝ Սույգուդլար սու։

Կիլիկիոյ երկրորդ ջրարատ գետը, բայց երկարութեամբ առաջինը՝ Սարոսն է, որ այժմ կը կոչուի Սիհուն կամ Սէյհան։ Ան կը հոսի գրեթէ Ջահան գետին զուգահեռ եւ կը թափի ծով։ Կը կազմուի երկու վտակներէ. մէկը կը կոչուի Սամանդի, երկրորդը՝ Սարան սու։

Կիլիկիոյ չորրորդ մեծ գետը Կալիկադնոսն է, որ այժմ կը կոչուի ՍէլէՖ սու կամ Գէօգ սու։ Ջրառատ գետ է եւ կը գրաւէ երրորդ տեղը։ Կիլիկիոյ մէջ կան նաեւ բազմաթիւ այլ գետեր, որոնք վերոյիշեալ չորս գետերուն միանալով, պարբերաբար կ՛ոռոգեն Կիլիկիոյ դաշտերը։

Կլիմայական Պայմաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կլիմայական պայմաններու տեսակէտէ դաշտային Կիլիկիան կը ներկայացնէ լեռնային Կիլիկիոյ հակապատկերը։

  • Դաշտային Կիլիկիա Այստեղ ձմրան եղանակ, ընդհանրապէս, գոյութիւն չունի։ Ձմրան եղանակին օդի ջերմութեան աստիճանը առաւելագոյն չափով կը հասնի զերոյի։ Երկրի այս շրջանին մէջ ձիւնը անծանօթ է եւ եթէ պատահի ընդամէնը գետնի վրայ կը մնայ քանի մը օր միայն։

Կիլիկիոյ դաշտավայրերու, յատկապէս ծովափնեայ շրջաններու մէջ օդը անտանելի տաք կ՛ըլլայ (շոք), անձրեւներ համարեա տեղի չեն ունենար, իսկ դաշտերը ոռոգման հնարաւորութիւն չունենալուն պատճառով, արեւուն ճառագայթներէն կ՛այրին եւ կը դառնան խոպան, իսկ ամրան դաշտային Կիլիկիոյ օդը կը զովանայ, այն ընթացքին երբ լեռնային շրջաններէն կը փչէ լեռնահովիտային քամին։

  • Լեռնային Կիլիկիա Լեռնային Կիլիկիան յայտնի է իր փարթամ անտառներով արօտավայրերով, առողջարար եւ լեռնային մաքուր օդով։ Լեռնային շրջաններու մէջ առաջին ծաղիկը կը բացուի Ապրիլին, ձմրան կը տիրէ ուժեղ ցուրտ կլիմայ, իսկ ձմրան գիշերներուն օդի ջերմութիւնը կ՛իջնէ մինչեւ 24 26։ Լեռնային շրջաններու վրայ միշտ գոյութիւն ունի ձիւնի հաստ շերտ, ձիւնահալի ժամանակ Լեռնային Կիլիկիոյ լեռներէն հոսող ջուրերը երբեմն վարարելով (առատահոս) դուրս կու գան իրենց շրջապատէն, եւ կը ծածկեն աւելի ցածրադիր մօտակայ շրջանները։

Երկրագործութեան զարգացման տեսակէտէ, դաշտային Կիլիկիոյ պայմանները համեմատած լեռնային Կիլիկիոյ պայմաններուն հետ աւելի բարենպաստ են։

Բուսականութիւնն Եւ Կենդանական Աշխարհ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կլիմայական պայմաններու համապատասխան, բուսական աշխարհն ալ բաժնուած է երկու մասերու. Դաշտային եւ Լեռնային Կիլիկիոյ։

Դաշտային Կիլիկիա

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այստեղ կը տարածուին Միջերկրական ծովու երկիրներու բուսականութեան ձեւի չորասեր բոյսեր։ Դաշտային Կիլիկիան յայտնի է բամպակով, խաղողով, բրինձով, ձիթապտուղով, արմաւով, թուզով եւ այլն…

Հացահատիկներէն տարածուած են՝ ցորենը, գարին, կորեկը եւ այլն….

Լեռնային Կիլիկիա

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լեռնային Կիլիկիոյ բուսականութիւնը կը կազմէ երեք գօտի՝

  1. Անտառատափաստանային
  2. Անտառային
  3. Այլպեան

Անտառատափաստանային շրջաններուն մէջ ամէնէն տարածուածը վայրի խոտերն էին։ Այս գօտիի մէջ նաեւ զարգացած էր հացահատիկի մշակոյթը եւ այգիներն ու մրգաստանները։

Անտառային գօտի Կը գրաւէր Լեռնային Կիլիկիոյ մեծ մասը, այս շրջանին մէջ ծառատեսակներէն որպէս զարդ համարուող, կարելի է յիշել Մայրիի ծառը, որ իր բազմազան յատկութիւններով կրնար մրցիլ Լիբանանի նոյնատեսակ ծառին հետ։

Կիլիկիոյ անտառներուն մէջ տարածուած միւս ծառատեսակներն են՝ Եղեւնի, Սոճի, Սօսի, Կաղնի եւ այլն…։ Գարնան այս շրջանին մէջ մեծ տարածում կ՛ունենար գարին, ցորենը, կորեկը եւ այլն…

Անտառային գօտիէն դէպի վեր կը տարածուէր Ալպեան բուսականութիւնը։ Այստեղ բնակողները, ընդհանրապէս կը զբաղէին անասնապահութեամբ եւ կ՛ապրէին կիսաքոչուորական կեանքով։

Կիլիկիոյ կենդանական աշխարհը Կիլիկիոյ կենդանական աշխարհը բազմազան է։ Վայրի կենդանիներէն ամէնուրեք տարածուած են գայլը, ինչպէս նաեւ շնագայլը, վայրի կատուն, կաքաւը եւ լորը։ Դաշտային Կիլիկիոյ տարածքին կ՛ապրին բորինիները ընձառիւծը եւ վարազը։ Լեռնային շրջաններուն մէջ՝ յովազ, վայրի ոչխար, եղնիկ, այծ, եւ այլն…5։ Կիլիկիոյ մէջ ապրող ընտանի կենդանիներէն՝ եզ, կով, գոմէշ, ձի, ուղտ, ոչխար, այծ եւ զանազան տեսակի թռչուններ։

Բնական Հարստութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հանքային հարստութիւններով աչքի կ՛իյնայ միայն լեռնային Կիլիկիան։ Այստեղ կարելի է գտնել երկաթի, պղինձի, կապարի, ծծումբի, աղի եւ սեւ ձութի (ձիթ – ծամօն) տեսակներ։

Առանձնապէս հարուստ է կապարի հանքերով։ Կիլիկիան առաջին երկիրներէն մէկը կը համարուի երկաթի գործածութեամբ։

Դաշտային Կիլիկիոյ տարածքին կարելի է յիշատակիլ աւազն ու կաւը։ Իսկ լեռնային շրջաններուն մէջ որպէս քարատեսակ՝ կրաքարը։

Կիլիկիոյ մէջ կան շարք մը հանքային աղբիւրներ, որոնք ունին բուժիչ յատկութիւններ, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորը կարելի է յիշատակել (Պուլղար տաղ) կոչուող լերան ստորոտը գտնուող Իլիջա ջերմուկը եւ Զէյթունի Ս. Կարապետ վանքի մօտ գտնուող ջերմուկը։

Կիլիկիոյ Նշանաւոր Քաղաքներն ու Նաւահանգիստները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մինչեւ ԺԲ. դար, Սիսը եղած է բերդ։ Իսկ ԺԲ. դարու 70ական թուականներուն Սիսը կը դառնայ Կիլիկիոյ հայկական պետութեան մայրաքաղաքը եւ կը շարունակէ գոյատեւել, որպէս մայրաքաղաք, մինչեւ թագաւորութեան անկում ( 1375 )։

Սիսը կը գտնուէր Պիրամոս գետի աջակողմեան վտակներէն մէկուն վրայ։ Ան հինէն յայտնի էր իր միջնաբերդով եւ իր ամրութեամբ։ Մայրաքաղաք ըլլալով հանդերձ, Սիսը, 1292 թուականէն մինչեւ 1441 թուական եղած է հայոց Կաթողիկոսի աթոռանիստը, որմէ ետք այդ Կաթողիկոսի աթոռը կը հաստատուի Էջմիածին, բայց 1441 1921 թթ. Սիսը կը շարունակէ մնալ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աթոռանիստ վայրը։

Տարսոն. Քիլիոփաթրայի Դարպաս

Կիլիկիոյ հնագոյն քաղաքներէն եւ հելենիստական կարեւոր կեդրոններէն մէկ եղած է Տարսոնը։ Ան իր առաջնահերթ դերը ունեցած է միջազգային առեւտուրին մէջ։ Արաբական արշաւանքներու շրջանին, Տարսոնը, եղած է սահմանային քաղաք նշանաւոր իր ռազմավարական դիրքով, ուրկէ ընդհանրապէս անցած են առեւտուրի, գրեթէ բոլոր ճանապարհները։ Յաճախ Բիւզանդացիներն ու Արաբական Խալիֆայութիւնը, Տարսոնի տիրանալու համար պայքար մղած են, որովհետեւ Տարսոնը կը նկատուէր ելման կէտ դէպի Սուրիա, Միջագետք, Հայաստան եւ Վրաստան արշաւելու։

Տարսոնի մէջ էր, որ տեղի կ՛ունենար Կիլիկիոյ հայ թագաւորներու թագադրման միջոցառումները։

Ժամանակակից Ատանան

Այս քաղաքը կը գտնուի Սարոս գետի ստորին հոսանքին վրայ։ Գետի այս բաժինը նաւարկելի է։ Այնպէս, որ գետային ճանապարհով Ատանան կը կապուի Միջերկրական ծովուն։ Սակայն Ատանայի համար գետային այդ ճանապարհէն առաւել, մեծ նշանակութիւն ունէր Սուրիայէն՝ Ասորական դուռով, Այասով եւ Մամիստիայով անցնող ճանապարհը, որ Ատանան կը բաժնէր երկու մասերու. մէկը՝ Տարսոնի վրայով Կիլիկիոյ դռներով կ՛երթար դէպի Իկոնիա (Գոնիա), իսկ միւսը Սարոս գետի արեւմըտեան ափով՝ դէպի հիւսիս բարձրանալով կը հասնէր Կիսարիա։

Մամեստիա եւ Անարզաբա Մամեստիայի դիրքը կը նմանէր Ատանայի դիրքին։ Մամեստիան կը գտնուէր Ջահան գետի շրջանը, իսկ յաջորդը Անարզաբան կը գտնուէր նոյն Ջահան գետի աջակողմեան վտակներու վրայ։

Մարաշ (Գերմանիկէ)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լեռնային Կիլիկիոյ պետութեան մայրաքաղաքը՝ Սիսէն ետք, նշանաւոր էր Մարաշ քաղաքը, որ կառուցուած է պաշտպանական ամրութեամբ եւ պարիսպներով։ Այստեղ կը գտնուէր ամենանշանաւոր կարաւաններու ճանապարհներէն մէկը՝ Այյաս Մարաշ Մելիտենէ.

Կորիկոս Եւ Այաս

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկուքը եղած են նշանաւոր նաւահանգիստ, նաեւ՝ արհեստագործութեան եւ առեւտուրի նշանաւոր կեդրոններէն։ Սկիզբը Կորիկոսը աւելի մեծ նշանակութիւն ունեցած էր, քան Այասը։ Սակայն ԺԳ. դարուն Այասը կը դառնայ Կիլիկիոյ ամենակարեւոր նաւահանգիստը։ Կան ուրիշ, աւելի փոքր, նաւահանգիստներ եւս, որոնց թիւը կը հասնի 20-ի։ Սակայն համեմատելով Կորիկոսի եւ Այասի հետ անոնց նշանակութիւնը երկրորդական է։

Կիլիկիոյ մէջ կը գտնուին բազմաթիւ բերդեր ու ամրոցներ, որոնց մեծ մասը տեղադրուած են Լեռնային Կիլիկիոյ կարեւոր անցքերու մօտ կամ դէպի Միջերկրական ծով հոսող գետերու նեղ հովիտներու վրայ։

  1. Կանչի Բերդ Կը գտնուի Պիրամոս գետի աջակողմեան վտակներէն մէկուն վրայ։ Ան եղած է Զէյթունի ամենանշանաւոր բերդերէն մէկը։
  2. Բերգուս եւ Մարաշ Կը գտնուին Կիլիկիոյ հայկական պետութեան արեւելեան սահմանագլխուն։ Մարաշը նաեւ եղած է նշանաւոր քաղաք։
  3. Հռոմկլայ Կը գտնուի արեւելեան սահմանի կողմը, Եփրատի աջ ափին։ Մինչեւ ԺԲ. դար Հռոմկլան եղած է հայոց կաթողիկոսի Աթոռանիստ վայրը։
  4. Գերմանիկոպոլիս (Պոլիս–քաղաք) Գերմանիկոսը առանձնապէս նշանաւոր բերդերէն կը համարուէր։
  5. Սելեկիա Այս բերդը ամրացուած է «Կարիկաթնոս» գետի ստորին հոսանքին վրայ եւ նշանաւոր նաւահանգիստ է։
  6. Գուգլակ, Լամբրոն եւ Պապերոն Նշանաւոր բերդեր են, կը գտնուին Կիթնոս գետի աջակողմեան վտակներուն վրայ։ (Լամբրոնը նոյնանուն գաւառի կեդրոնն էր եւ Օշինեան իշխաններու՝ աթոռանիստը.)
  7. Վահկայ բերդ Կը գտնուի Սարոս գետի միջին հոսանքին վրայ, բարձրադիր եւ գեղեցիկ լեռնային վայրի մը մէջ։ Վահկան եղած է Ռուբինեաններու յենակէտը եւ առաջին քաղաքական կեդրոնը։ Վահկայէն դէպի արեւմուտք կը գտնուի Կիլիկիան Տաւրոսի նշանաւոր բերդերէն մէկը՝ «Բարձրաբերդը», որ նոյնանուն գաւառի կեդրոնն է։

Կիլիկիոյ Հայկական Պետութեան Տնտեսութեան Կարեւոր Ճիւղերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կիլիկիոյ հայկական պետութեան տնտեսութիւնը կը սկսի զարգանալ, յատկապէս, ԺԲ. դարէն ետք եւ կը հասնի իր գագաթնակէտին, ԺԳ. դարուն։ Կիլիկիոյ տնտեսութեան զարգացման կը նպաստեն երկրի ընդերքի հարստութիւնները, աշխարհագրական յարմար դիրքը եւ համեմատաբար խաղաղ պայմանները։ Անոր տնտեսութեան հիմնական ճիւղերը կը կազմեն.

  1. Գիւղատնտեսութիւն
  2. Արդիւնագործութիւն եւ արուեստներ
  3. Առեւտուր

Գիւղատնտեսութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կիլիկիոյ գիւղատնտեսութիւնը գրեթէ հաւասար չափով ներկայացուած էր իր երկու կարեւորագոյն ճիւղերով՝ երկրագործութիւն եւ անասնապահութիւն։ Կիլիկիոյ հողակլիմայական պայմանները եւ ընդարձակ արօտավայրերը, հնարաւորութիւններ ընդձեռած են Կիլիկիոյ գիւղատնտեսութեան զարգացման համար։

Երկրագործութեան մէջ, իրենց արտադրանքով առաջին տեղը կը գրաւէին այգեգործութիւնն ու այլ տեսակ մշակութիւնները, օրինակ՝ Դաշտային Կիլիկիոյ մէջ, կը մշակուէին ձիթէնի, խաղող, բամպակ եւ բանջարեղէն։

Առանձնապէս երկրէն դուրս կ՛արտահանուէր բամպակը։ Հացահատիկներու մշակութեամբ կը զբաղէին թէ՛ դաշտային, թէ՛ լեռնային շրջաններու մէջ, ուր կը ցանէին ցորեն, գարի, բրինձ, կորեկ, հաճար, տարեկան եւ այլն։

Անասնապահութիւնը առանձնապէս իւրայատուկ տեղ կը գրաւէր Կիլիկիոյ գիւղատնտեսութեան համար, այստեղ կը պահէին ձիեր, չորիներ, էշեր զանազան տեսակի ընտանի թռչուններու…։

Մեծ համբաւ կը վայելէր Կիլիկիոյ ընտիր ձին, որ երկրի տնտեսութեան, ի մասնաւորի առեւտուրին կարեւոր մէկ մասնիկը կը կազմէր։

Կիլիկիոյ հայկական պետութեան գիւղատնտեսութեան մէջ կային երեք տիպի (ձեւի) տնտեսութիւններ.

  1. Պետական
  2. Կալուածատիրական
  3. Վանքապատկան
  1. Պետական խոշոր տնտեսութիւնները ընդհանրապէս տարածուն չեն ունեցած։ Պետական կալուածներու մէջ ապրող գիւղացին սովորաբար կը կոչուէր պետական գիւղացի եւ պարտաւոր էր իր ստացած բերքի 1/5 ը պետութեան յանձնել, ասոր կողքին նաեւ ունէր քանի մը տեսակ ուրիշ հարկեր։
  2. Կալուածատիրական Աւատատիրական իշխաններուն պատկանող կալուածներու մէկ մասը կը զբաղեցնէր տէրունի տնտեսութիւնը, իսկ միւս մասին վրայ կ՛աշխատէին մանր տնտեսութիւնները, եւ անոնք ընդհանրապէս ունէին ճորտական բնոյթ, որոնք ընդհանրապէս կախման մէջ կը մնային իրենց հովանաւորող շինականներէն։
  3. Վանքապատկանները Աշխարհիկ աւատատէրերու կողքին կային նաեւ հոգեւոր աւատատէրեր, որոնց տրամադրութեան տակ կը գտնուէին ընդարձակ հողատարածութիւններ, այլ խօսքով՝ հոգեւոր աւատատէրերը իրենց տրամադրութեան տակ աշխատող մարդոց կը սահմանէին նաեւ որոշ հարկեր։

Պէտք է ըսել, որ Կիլիկիան հարստութեան ժամանակաշրջանին ստրուկներ գոյութիւն ունէին, որոնց թիւը շատ փոքր էր եւ որոնց դերը տնտեսութեան զարգացման մէջ շատ աննշան էր։

Արդիւնաւորութիւն եւ Արհեստներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լեռնային Կիլիկիոյ քանի մը շրջաններու մէջ կ՛արդիւնահանուէր ոսկի, արծաթ եւ պղինձ։ Տաւրոսեան լեռներու շրջակայքը հարուստ էր կապարի հանքերով, որոնց մեծ մասը կ՛արտահանուէր Եւրոպա։

Կիլիկիոյ հայկական պետութեան ժամանակաշրջանին, շատ արագ կերպով կը զարգանան արհեստները, ասոր հիմնական պատճառը ներքին եւ արտաքին առեւտուրի ծաւալումն էր։

Արհեստագործութեամբ կը զբաղէին թէ՛ հայերը, թէ՛ յոյները, թէ՛ ասորիները եւ թէ իտալացիները։ Սակայն առաջատար տեղը կը գրաւէին հայերը կամ հայ արհեստաւորները։

Արհեստաւորները կ՛արտադրէին ապակեայ իրեր, գորգեր կարպետներ, կը պատրաստէին բարձրակարգ մագաղաթ, ինչպէս նաեւ արծաթէ եւ պղինձէ ամաններ, զէնքեր։ Այնտեղ զարգացած էր նաեւ բրուտագործութիւնը (فخار), նաեւ զարգացած էր այստեղ հիւսնութիւնը, դարփնութիւն, մուշտակագործութիւնը եւ այլ…

Առեւտուրի Ճանապարհներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կիլիկիոյ վրայով կ՛անցնէին շարք մը ցամաքային ճանապարհներ, որոնք Կիլիկիան կը կապէին՝ Իկոնիոյ (Գոնիա), Կ. Պոլսոյ, Սուրիոյ, Միջագետքի, Պարսկաստանի եւ Հնդկաստանի հետ։ Կիլիկիոյ համար մեծ նշանակութիւն ունէր այն ճանապարհը, որ կու գար Սուրիայէն, եւ կտրելով Կիլիկիան կ՛անցնէր Իկոնիա եւ այնտեղէն կը ճիւղաւորուէր հասնելով մինչեւ Կ. Պոլիս եւ Սեւ ծովու նաւահանգիստները այդ ճանապարհը ունէր հետեւեալ պատկերը՝ Հալէպ Անտիոք (Ասորական դուռ باب انطاكية Մամեստիա Ատանա Տարսոն Իկոնիա։ 13րդ դարու երկրորդ կիսուն, Այաս նաւահանգիստը առաջնակարգ նշանակութիւն կ՛ունենայ, ուրկէ դուրս կու գան կարեւորագոյն ճանապարհներ.

  1. Այաս – Մարաշ – Մելիտենէ անկէ ետք կը ճիւղաւորուի եւ կը ձգուի տարբեր ուղղութիւններով, մէկ ճանապարհը կ՛երթայ Մեծ Հայք, երկրորդը՝ Միջագետք, երրորդը՝ Կապադովկիա։
  2. Այաս Ատանան Սիս. Վահկայ ամրոցէն անցներով դէպի արեւմուտք կը հասնի Կեսարիա, ուրկէ կը ձգուի տարբեր ճիւղաւորումներով։

Կիլիկիան արտաքին առեւտուրին կը մասնակցէր իր գիւղատնտեսական ապրանքներով, արհեստաւորական արտադրանքներով, շինարարական փայտերով, եւ մետաղներով։

Կիլիկիոյ առեւտուրին կը մասնակցէին ոչ միայն հայ վաճառականները, այլ՝ յոյն, ասորի, հրեայ եւ արաբ վաճառականները նաեւ։

Կիլիկիայէն կ՛արտահանէին անասուններ, բամպակ, բուրդէ յատուկ պատրաստուած գորգեր, արծաթեայ եւ պղնձեայ ամաններ, զանազան տեսակի նկարազարդ ու նախշուն պատկերներով քանդակուած թասեր։

Իսկ Կիլիկիան կ՛արտածէր Հնդկաստանէն թանկագին քարեր եւ համեմունքներ, Չինաստանէն մետաքս եւ մետաքսեայ նուրբ գործուածքներ, Պարսկաստանէն եւ արեւելեան այլ երկիրներէն ընտիր հիւսուածքներ եւ այլն…։

Կիլիկիան կը հանդիսանար նաեւ ստրկավաճառութեան շուկաներէն մէկը։ Արտաքին եւ տարանցիկ (օտար) առեւտուրի զարգացման համար Կիլիկիան (հայկական պետութիւնը) ձեռնարկած էր անհրաժեշտ միջոցներ, այսինքն՝ մաքսային դրութիւն, որովհետեւ այդ առեւտուրէն ստացած հսկայական չափերու հասնող մաքսային եկամուտները մեծապէս կը հարստացնէին հայկական պետութեան գանձարանը։

Արտաքին առեւտուրի առիւծի բաժինը կը ստանար թագաւորը, որովհետեւ մաքսային բոլոր եկամուտները յատկապէս 13րդ դարու երկրորդ կիսուն, կը մտնէր թագաւորական գանձարանը։

  • Հայոց Պատմութիւն Գ. գիրք, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Մանուկեան-Տէրմիրճեան Վարժարան, Վերախմբագրուած եւ պարզեցուած, 2016
  • Կիլիկիա, Աբգար Գուլամիրյանց - Փորձ աշխարհագրութեան արդի Կիլիկիոյ, Մատենադարան «Արաքս»-ի, 1894, Տպարան Ի. Լիբերման-ի, Պետերբուրգ