Jump to content

Ս. Զատիկ

Զատկուան ներկուած հաւկիթներ

Ս. Զատիկ կամ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօն (եբրפסח կը‎ նշանակէ անցում, զատում, բաժանում, հեռացում, հին յունարէն՝ πάσχα, լատիներէն՝ Pascha), քրիստոնեայ եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հնագոյն եւ գլխաւոր տօնը, հինգ տաղաւար տօներէն մէկը։

Յիսուսի Յարութիւնը
Երկիրներ, ուր Զատկուան յաջորդող Երկուշաբթին պաշտօնապէս հանգստեան օր է:

Սկիզբ առած է հրեաներու կողմէ նշուող Պասէք տօնէն, որուն ընթացքին, ըստ քրիստոնէական դաւանանքին, Ա. դարուն (ստոյգ թուականը վիճելի է՝ 27-33 թուականներուն միջեւ ինկած ժամանակաշրջանին) Երուսաղէմի մէջ խաչուած եւ յարութիւն առած է Յիսուս Քրիստոս։ Պասէքը հրեաներուն կողմէն ինչպէս նախապէս այնպէս ալ այսօր կը տօնուի ի նշան եգիպտական գերութենէն ազատագրման եւ մասնաւորապէս Հին Կտակարանին մէջ նկարագրուող այն դրուագին, երբ Աստուած նոխազի արեան միջոցով զատեց իր ժողովուրդը եգիպտացիներուն վրայ ուղարկուած աղէտէն՝ անդրանիկ զաւակներուն կոտորածէն։ Քրիստոնէական ուսմունքին համաձայն՝ այդ իրադարձութիւնը նախանշան էր Յիսուս Քրիստոսի (Գառն Աստուծոյ) կամովին մահուան ընդունման եւ իր արեան հեղման՝ յանուն մարդկութեան փրկութեան։ Քրիստոնէական եկեղեցիները Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը կը տօնեն իբրեւ Զատիկ, որովհետեւ ըստ քրիստոնէական ուսմունքին, Քրիստոսն է յաւիտենական այն զոհը կամ պատարագը, որուն միջոցով մարդը կը ստանայ մեղքերու թողութիւն, ապա՝ կեանք եւ յարութիւն։ Պօղոս առաքեալ Յիսուսը այդպէս ալ կը կոչէ՝ Զատիկ, «...քանզի Քրիստոս՝ մեր զատիկը, մորթուեցաւ...» (Ա. Կորնթ. 5.7-8)[1]։

Զատիկը շարժական տօն է, այսինքն իւրաքանչիւր տարի անոր նշման օրը կը փոխուի։ Հայ առաքելական եկեղեցին անիկա կը նշէ գարնան գիշերհաւասարին յաջորդող լուսնին լրման առաջին Կիրակի օրը, որ կ'իյնայ 22 Մարտէն մինչեւ 26 Ապրիլ (35 օր) ժամանակահատուածին վրայ։

Ս. Զատիկը Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցիւոյ 5 տաղաւար տօներէն մէկն է: Յիսուս Քրիստոսի խաչելութենէն եւ մահէն ետք` երեկոյեան, բարեպաշտ մարդիկ Անոր մարմինը կ'իջեցնեն խաչէն եւ կը դնեն վիմափոր գերեզմանի մը մէջ՝ մեծ քարով մը փակելով: Երեք օր ետք` կիրակի առաւօտեան, իւղաբեր կիներ` Մարիամ Մագթաղենացին, Յակոբին մայրը՝ Մարիամը եւ Սողոմէն, կ'երթան գերեզման՝ անուշաբոյր իւղերով օծելու Քրիստոսի մարմինը, սակայն զարմանքով կը տեսնեն, որ քարայրին մուտքին քարը հեռացուած է, իսկ գերեզմանը` թափուր: Մինչ անոնք շուարած էին, երկու հրեշտակ անոնց կ'երեւին ու կ'ըսեն.

Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք: Հոս չէ, այլ Յարութիւն առաւ:
- Ղուկ. 24:5-6


Յարութեան լուրը կիները կ'աւետեն առաքեալներուն, որմէ ետք Յիսուս կ'երեւի անոնց: Քրիստոսի Յարութիւնը կը դառնայ քրիստոնէական վարդապետութեան եւ հաւատքին հիմքը:

Եթէ մեռելներու յարութիւն չկայ, ապա եւ Քրիստոս Յարութիւն չէ առած: Եւ եթէ Քրիստոս Յարութիւն չէ առած, ի զուր է մեր քարոզչութիւնը, ի զուր է եւ ձեր հաւատքը:
- Ա. Կորնթ. 15:13-14


Զատկուան կը նախորդէ Աւագ Շաբաթը։ Զատկուան հետ առնչուող գլխաւոր արարողութիւնները կը սկսին Աւագ Շաբթուան Շաբաթ օրը եւ կ'աւարտին Երկուշաբթի օր։ Շաբաթ երեկոյեան կը մատուցուի Քրիստոսի յարութեան ճրագալոյցի կամ ճրագալոյսի պատարագ, որմով կը վերջանայ Զատկուան նախորդած եօթ շաբաթ տեւած Մեծ Պահքի շրջանը։ Պատարագի աւարտին հաւատացեալները զիրար կ'ողջունեն «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսով եւ կը ստանան «Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի» պատասխանը։

Ժամերգութիւն տեղի կ'ունենայ եւ Պատարագ կը մատուցուի բուն զատկական Կիրակի օրը։

Ս. Զատկուան Աւանդութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ս. Զատկուան տօնին հաւատացեալները հաւկիթ կը ներկեն: Ներկուած հաւկիթը կը համարուի Յարութեան եւ նոր կեանքի խորհրդանիշ: Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ խաչեալ Յիսուսին կենդանարար արիւնը, որ թափեցաւ մարդկութեան փրկութեան համար: Ըստ Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի՝ «Միայն Զատկուան հաւկիթ կը ներկենք, որովհետեւ հաւկիթը աշխարհին օրինակն է», եւ ինչպէս իմաստունները կ'ըսեն. «Դուրսի կեղեւը երկինքին նման է, թաղանթը՝ օդին, ճերմկուցը՝ ջուրին, դեղնուցն ալ երկիրն է: Իսկ կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի արիւնը: Եւ մենք կարմիր հաւկիթը մեր ձեռքերուն մէջ առնելով` մեր փրկութիւնը կը հռչակենք»[2]:

Ըստ հայկական աւանդութեան, հաւկթախաղ տեղի կ'ունենայ երկու հոգիի միջեւ։ Հաւկիթը կոտրողը ախոյեան կը համարուի, իսկ կոտրած հաւկիթը կ'ուտեն։ Աւանդութիւն է Զատկուան հաւկիթները ուտել թարխունով, աղով եւ լաւաշով։

Արեւմտեան երկիրներու աւանդութեան համաձայն, հաւկիթները կը պահեն խոտերու կամ կանաչ դաշտերու միջեւ եւ երեխաները կը փորձեն զանոնք գտնել։ Անիկա կը կոչուի «Զատկուան հաւկթաորս»։

Հայերը Զատիկը նշած են քրիստոնէութենէն առաջ։ Զատիկ կոչուած է ձմրան գարունէն զատուիլը։ Կ'ըսուի, թէ սկզբնական շրջանին անիկա եղած է անշարժ տօն մը եւ համընկնած է 21 Մարտի գիշերահաւասար օրուան հետ՝ գիշերն ու ցերեկը իրարմէ զատելու իմաստով։ Հայ հեթանոսական նոր տարուան եւ պարսկական Նովրուզ տօնին, որոնք կը սկսին գարնան գիշերահաւասարին, հաւկիթ կը ներկեն։ Հայ հեթանոսական նոր տարուան ալ ներկուած հաւկիթ կ'ուտէին թարխունով, աղով եւ լաւաշով:

Զատկական սեղան

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Քրիստոնեայ Հայաստան» հանրագիտարան, Երեւան, 2002, էջ 346:
  2. «Ս. Զատկուան Աւանդութիւններ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-10-01-ին։ արտագրուած է՝ 2020-09-22