Jump to content

Տնտեսութիւն

Համաշխարհային տնտեսութիւն: ՀՆԱ 1 շունչի հաշուով

Տնտեսութիւն (հին յուն․՝ οἶκοςտուն եւ νόμοςօրէնք, տառացիօրէն «տնտեսավարման կանոններ») տնտեսական գործունէութիւն (արտադրութիւն, բաշխում, փոխանակում եւ բարիքներու սպառում)։ «Տնտեսութիւն» տերմինի տակ սովորաբար կ'ենթադրուի.

  • «Տնտեսութիւն» գիտութիւնը
  • Համաշխարհային տնտեսութիւնը (միջ-տնտեսական)
  • Երկրի տնտեսական գործունէեութեան ամբողջութիւնը
  • Որեւէ հասարակութեան տնտեսութիւնը (մարզի, երկրի, խումբի, երկիրներու, աշխարհի)
  • Տան վարման օրէնքները, կանոնները
  • Նիւթական եւ ոչ նիւթական արտադրութեան տեսակներու ամբողջութիւնը
  • Արտադրութեան, բաշխման, փոխանակման եւ սպառման համակարգի մէջ դասաւորուող եւ հասարակութեան տնտեսական հիմք ձեւաւորող տնտեսական յարաբերութիւններու ամբողջութիւնը, որու վրայ կը տեղակայուին գաղափարական եւ քաղաքական կառոյցները։

Առաջին անգամ գիտական աշխատութեան մէջ «տնտեսութիւն» բառը կը յայտնուի մ. թ. ա. 4-րդ դարուն, Արիսթոթէլի մօտ, որ զայն կ'անուանէ «բնական գիտութիւն»։ Տնտեսագիտութեան գլխաւոր գործառոյթը կը կայանայ անոր մէջ, որ մշտապէս ստեղծած է այնպիսի բարիքներ, որոնք անհրաժեշտ են մարդոց կենսագործունէութեան համար եւ առանց որոնց հասարակութիւնը չէր կրնար զարգանալ։ Այսօր տնտեսագիտութիւնը նիւթական եւ ոչ նիւթական արտադրութեան ոլորտները ներառող տնտեսավարման համակարգ է։ Ժամանակակից հասարակութեան տնտեսագիտութիւնը կը ներկայացնէ բարդ եւ ընդգրկուն օրկանիզմ, որ կ'ապահովէ ամէն մարդու եւ ամբողջ հասարակութեան կենսագործունութիւնը։ Տնտեսութիւնը կ'օգնէ բաւարարել մարդու առաւելագոյն պահանջները սահմանափակ աղբիւրներու աշխարհին մէջ։ Կ'առանձնացուին տնտեսութեան տարբեր ձեւեր.

Հետազօտողները նկատի ունին տնտեսութիւնը, երբ կ'առանձնացնեն արտադրութեան «micro-macro»տնտեսական մակարդակները եւ միջ-տնտեսականը։ «micro»տնտեսականը հանդէս կու գայ որպէս առանձնացուած արտադրութիւն կամ ձեռնարկութիւն։ «macro»տնտեսականը հանդէս կու գայ որպէս ազգային տնտեսութիւն կամ պետութեան տնտեսութիւն։ Միջ-տնտեսականը բնութագրած է համաշխարհային տնտեսութեան առաջացման եւ զարգացման օրինաչափութիւնը։

Տնտեսութիւնը փիլիսոփայութեան տեսանկիւնէն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փիլիսոփայութեան մէջ տնտեսութիւնը դիտարկուած է որպէս հասարակական յարաբերութիւններու համակարգ՝ արժէքի հասկացութեան տեսանկիւնէն դիտուած։ Մարքսիզմը մարդու գործունէութիւնը՝ նիւթական բարիքներու արտադրութեան եւ վերարտադրութեան, մարդու հիմնական նիւթական պահանջներու բաւարարումն է (սնունդը, կացարանը եւ այլն)։ Արիսթոթէլը կը հակադրէր տնտեսական քրեմատիստիկային (գործունէութիւն, ուղղուած օգուտի ստացման)։ Տնտեսութիւնը նիւթական բարիքներու արտադրութեան, բաշխման, փոխանակման եւ սպառման, աղբիւրներու բնական օգտագործման վերաբերեալ հասարակական յարաբերութիւններու ոլորտ է։

Աշխարհի խոշորագոյն տնտեսութիւնները ՀՆԱ-ով

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աշխարհի խոշորագոյն տնտեսութիւնները 2008 թուականին ՀՆԱ-ի ծաւալով (միլիոն ԱՄՆ տոլարով) համաձայն International Monetary Fund-ի՝ Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամի կողմէ կազմուած ցուցակի.

ՏեղըԵրկիրՀՆԱ (մլն $)
Ամբողջ աշխարհ60 917 477[1]
Եւրոմիութիւն18 387 785[1]
1Ամերիկա-Միացեալ Նահանգներ14 441 425
2Ճաբոն4 910 692
3Չինաստան4 327 448
4Գերմանիա3 673 105
5Ֆրանսա2 866 951
6Անգլիա2 680 000
7Իտալիա2 313 893
8Ռուսաստան1 676 586
9Սպանիա1 601 964
10Պրազիլ1 572 839
11Քանատա1 499 551
12Հնդկաստան1 206 684
13Մեքսիքօ1 088 128
14Աւստրալիա1 013 461
15Հարաւային Քորէա929 124

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 «Nominal 2008 GDP for the world and the European Union.»։ World economic outlook database, October 2009։ International Monetary Fund։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ Հոկտեմբեր 1–ին
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։