Jump to content

Նորայր Բիւզանդացի

Նորայր Բիւզանդացի
Ծննդեան անուն Ստեփան Գազեզեան
Ծնած է 4 Մարտ 1844(1844-03-04)[1][2]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 25 Դեկտեմբեր 1915(1915-12-25)[3] (71 տարեկանին) կամ 1916[1][2]
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Մասնագիտութիւն հայագէտ, բանասէր
Ամուսին Սելմա Յակոբսոն?

Նորայր Բիւզանդացի (4 Մարտ 1844(1844-03-04)[1][2], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] - 25 Դեկտեմբեր 1915(1915-12-25)[3] կամ 1916[1][2], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]), հայ հայագէտ-բանասէր։

Ծնած է Կոստանդնուպոլիս, բուն անունը եղած է Ստեփան Գազեզեան։ Կրթութիւնը ստացած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան վանքին մէջ, ուր աշակերտած է Ղեւոնդ Ալիշանին։ Վանքին մէջ կոչուած է Յարութիւն Թերզոնց։

1866-ին աւարտած է ուսման ընթացքը եւ իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարած է Մուրատ-Ռաֆայէլեան վարժարանին մէջ։ Յաջորդ տարի դարձած է «Բազմավէպ»ի տեսուչ, ապա՝ Մխիթարեան միաբանութեան մատենադարանապետ։ 1876-ին հրաժարած է հոգեւորական կոչումէն, մեկնելով նախ Փարիզ, ապա՝ Կ. Պոլիս։

Յետագային ամուսնանալով շուէտուհիի մը հետ, 1882-ին բնակութիւն հաստատած է Սթոքհոլմի մէջ։

Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Բազմավէպ»ի մէջ հրատարակած է բանասիրական յօդուածներ։ Վանքէն դուրս գալէ ետք ամբողջովին նուիրուած է ֆրանսերէն-հայերէն բառարանի ստեղծման, զոր աւարտած եւ լոյս ընծայած է Կ. Պոլսոյ մէջ, 1884-ին, «Բառագիրք ի գաղղիերէն լեզուի ի հայերէն, հետեւողութեամբ բառարանացն Էմիլ Լիթրէի եւ գաղղիական ակադեմիայի» վերնագրով։

Նոյն այդ տարիներուն Կ. Պոլսոյ մէջ հրատարակած է «Հայկական բառաքննութիւնք ուղղութիւնք ընթերցուածոց մատենագրութեանց նախնեաց եւ նշանակութեան բառից» գիրքը։ Սթոքհոլմի մէջ 1887-ին լոյս ընծայած է բանասիրական վիմատիպ հանդէս մը՝ «Քննասէր» վերնագրով, սակայն յաջողութիւն չէ ունեցած։

Շարունակած է աշխատակցիլ «Հանդէս ամսօրեայ», «Մշակ» եւ այլ պարբերականներու, դառնալով հեղինակաւոր դէմքերէն մէկը հայագիտութեան մէջ։ Անոր գլուխ-գործոց երկասիրութիւնը պէտք է համարել Կորիւնի ստեղծագործութիւններուն նուիրուած հմտալից հետազօտութիւնը, որ լոյս տեսած է Թիֆլիսի մէջ 1900-ին «Կորիւն Վարդապետ եւ նորին թարգմանութիւնք» խորագրով։

1900-1910-ականներուն շարունակած է հայագիտական հանդէսներու մէջ տպագրել բանասիրական յօդուածներ, սակայն առողջական վիճակի վատթարացման հետեւանքով հնարաւորութիւն չէ ունեցած լոյս ընծայելու այն քանի մը արժէքաւոր երկերը, որոնց ձեռագիրները պահուած են Սթոքհոլմի համալսարանին մէջ։ Անոնցմէ ուշագրաւ են հին հայերէնի եւ միջին հայերէնի բառարանները, որոնց վրայ հեղինակը աշխատած է աւելի քան կէս դար։

Նոյնքան արժէքաւոր է ուրիշ աշխատութիւն մը՝ «Տեսութիւն քննական քերականութեան Հայր Արսէն Այտընեան» գիրքը, բաղկացած երեք հարիւր էջերէ։ Կեանքի վերջին տարիներուն աշխատած է Նահապետ Քուչակի տաղերու գիտական հրատարակութեան վրայ[4]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]