Jump to content

Ֆրետերիք Նիցչէ

Ֆրետերիք Նիցչէ
գերմաներէն՝ Friedrich Nietzsche
Ծննդեան անուն գերմաներէն՝ Friedrich Wilhelm Nietzsche
Ծնած է 15 Հոկտեմբեր 1844(1844-10-15)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Ռյոքեն, Սաքսոնիա, Պրուսիոյ թագաւորութիւն[4]
Մահացած է 25 Օգոստոս 1900(1900-08-25)[1][2][3][…] (55 տարեկանին)
Մահուան վայր Վայմար, Սաքսեն-Վեյմար-Էյզենախ, Գերմանական Կայսրութիւն[4][5]
Քաղաքացիութիւն  Պրուսիոյ թագաւորութիւն[6]
Մայրենի լեզու գերմաներէն
Ուսումնավայր Բոննի համալսարան?
Լայփցիկի Համալսարան
Նաումբուրգի տաճարի գիմնազիա?
Պֆորտայի ցամաքային դպրոց?
Ազդուած է Արթուր Շոպենհաուեր?, Իրաքլիս, Ռալֆ Ուալտօ Էմըրսըն, Չարլզ Տարուին, Փարմենիտիս, Օգյուստ Կոնտ?, Պլէյզ Փասքալ, Ռիխարդ Շտրաուս?, Նիքոլօ Մաքիաւէլլի, Երաժիշտ՝ Ռիչըրտ Վակներ, Ադալբերտ Շթիֆտեր?, Էտկար Ալլան Բօ, Պրոտագորաս?, Ջակոմո Լեոպարդի?, Պոլ Բուրժե?, Սեքստոս Էմպիրիկոս?, Ֆրանսուա դը Լառոշֆուկո?, Հիպոլիտ Տեն?, Ռուջեր Բոշկովիչ?, Լև Շեստով?, Բենեդիկտ Սպինոզա?, Զրադաշտականութիւն, Բալթազար Գրասիան?, Բերնարդ դը Մանդևիլ?, Աֆրիկան Սպիր?, Ուիլյամ Բաթլեր Յեյթս?, Միշել դը Մոնտեն?, Տիմոքրիթոս, Էփիքուրոս, Հայնրիխ Հայնե?, Ստենդալ?, Օսվալդ Շպենգլեր?, Շտեֆան Գեորգե?, Իոհան Իոհաիմ Վինկելման?, Գեորգ Լիխտենբերգ?, Եոհան Վոլֆկանկ վոն Կէօթէ, Պաուլ Թիլիխ?, Ֆրիդրիխ Ալբերտ Լանգե?, Պաուլ Ռյոե?, Ժան Ժաք Ռուսօ, Ուիլիըմ Շէյքսփիր, Ժան–Մարի Գույո?, Ֆրիդրիխ Հյոլդեռլին?, Մաքս Շելեր?, Մաքս Շտիրներ?, Մերի Վիգման?, Ստեֆան Ցվայգ?, Ադամ Միցկևիչ?, Էպետոքլիս, Պղատոն, Արիստոտէլ, Լայբնից Գոթֆրիդ Վիլհելմ?, Վոլթեր, Սոկրատ, Ճորճ Ուիլհելմ Ֆրետրիխ Հեկել, Իմանուիլ Կանտ?, Փիոթր Տոսթոյեւսքի[7], Անտիկ հունական փիլիսոփայություն?, Դիոնիսոս?, Մեծն Աղեքսանտր, Հոմերոս, Յուլիոս Կեսար, Էսհիլոս, Թեոգնիդես?, Friedrich Wilhelm Ritschl?, Լու Անտրեաս-Սալոմէ, Մանու?, Թուքիտիտիս[8][9][10][…], Չեզարե Բորջա?[8][9][10][…], Նափոլէոն Պոնափարթ[8][9][10][…] եւ Ալեքսանդր Գերցեն?[8][9][10][…]
Երկեր/Գլխաւոր գործ Այսպես խոսեց Զրադաշտը?
Մասնագիտութիւն փիլիսոփայ, բանաստեղծ, գրագէտ, երգահան, մանկավարժ, դասական բանասեր, երաժշտական քննադատ, կլասիցիստ, թատերագիր
Աշխատավայր Բազելի համալսարան?
Վարած պաշտօններ փրոֆէսոր
Անդամութիւն Bonner Burschenschaft Frankonia?[11]
Ծնողներ հայր՝ Կառլ Լյուդվիգ Նիցշե?
Կայքէջ pacelli-edition.de/Biogr…[5]
Ստորագրութիւն

Ֆրետերիք Նիցչէ (գերմաներէն՝ Friedrich Wilhelm Nietzsche, ծնած է 15 Հոկտեմբեր, 1844-ին, Լուտցենին մերձ Ռոքէն բնակավայրի մէջ գերմանացի փիլիսոփայ, բանաստեղծ, երգահան եւ դասական բանասէր։ Նիցչէն 24 տարեկանին դասական բանասիրութեան փրոֆէսօր էր Բազելի մէջ։

Ինը տարի ետք ամբողջ կեանքին ընթացքին իրեն ուղեկցած հիւանդութեան պատճառով ան կը լքէ փրոֆէսօրութիւնը եւ իբրեւ անհայրենիք եւ չճանաչուած հեղինակ, կը թափառուի Իտալիայի, Ֆրանսայի, Գերմանիայի եւ Զուիցերիոյ մէջ։ 45 տարեկանին կ՛ունենայ հոգեկան խանգարման նշաններ։ Մնացեալ կեանքը կ՛ապրի իբրեւ անաշխատունակ եւ անմեղսունակ, գրեթէ տասնամեակ մը անցնելով իր մօրը եւ քրոջը խնամակալութեան ներքեւ, մինչեւ 55 տարեկանը երբ կը կնքէ իր մահկանացուն։ 1890 թուականէն ողջ աշխարհով տարածուղ իր փառքին ան անհաղորդ կը մնայ։

Ստեղծագործական առաջին տարիներէն կ՛ըմբոստանայ էփիլիսոփայութեան իր կուռքի՝ Շոփենհաուըրի դէմ, որու փիլիսոփայութիւնը կը մեկնաբանէ իբրեւ յոռետեսութիւն, եւ այդ քննադատութիւնը անոր երկերու կեդրոնական թեմաներէն է։ Անոր փիլիսոփայյութիւնը բարոյականութեան, կրօնի, փիլիսոփայութեան, գիտութեան եւ արուեստի սուր քննադատութիւն է։ Ժամանակակից մշակոյթի հիմնական բնոյթը, ըստ անոր, անկումայնութիւնն է՝ հակառակ հին Յունաստանի մշակոյթին։ Նիցչէն շարունակ կ՛անդրադառնայ քրիստոնէական բարոյականութեան եւ քրիստոնէական ու պղատոնական մետաֆիզիկային։ Ան ճշմարտութեան արժէքը ընդհանրպէս հարցականի տակ կը դնէ։ Գերմարդու, առ իշխանութիւն կամքի եւ նոյնի յաւէրժական վերադարձի յղացքները այսօր ալ բուռն բանավէճերու եւ մեկնաբանութիւններու առիթ կու տան։

Նիցչէի միտքը փիլիսոփայութեան համար շրջադարձային նշանակութիւն ունի։ Անոր գրութիւնները համակարգուած շարազանոնքէ զերծ են։ Ան փիլիսոփայութեան մէջ զայն փոխարինեց ասոյթով։ Անոր ոճը եւ անոր գրութիւնները, բանաստեղծական ժառանգութեան եւ քնարական շունչով գրուած «Այսպէս խօսեցաւ Զրադաշտը» երկի հետ միասին, ապահոված են նաեւ անոր գրողական կշիռը։ Ամենեւին չափազանցութիւն չէ, երբ Կոթֆրիդ Պենը կը գրէ. «Ան մեր ժամանակաշրջանի երկրաշարժն էր եւ Մարթին Լուտերէն ետք գերմանացի մեծագոյն հանճարը»։

Նիցչէն 1861-ին
  • Ֆրետերիք Նիցչէն ծնած է 15 Հոկտեմբեր, 1844-ին Ռոքենի՝ Լուտցենին մերձ գիւղի, պրուսական Զախսէն գաւառին մէջ (այսօր՝ Զախզեն-Անհալթ)։ Հայրը՝ լուտերական քահանայ Քարլ Լութֆիք Նիցչէ եւ մայրը՝ Ֆրանսիսքա Օյլեր։ Ընտանիքի արմատները կը հասնին մինչեւ 16-րդ դար, եւ Նիցչէի պնդումները, թէ ինքը լեհական ծագում ունի, աւելի կը համապատասխանեն անոր հակագերմանական տրամադրութիւններուն, քան իրականութեան։ Քոյրը՝ Էլիզապէթը, որ հետագային վճռական դեր կը խաղայ իր եղբօրը ժառանգութեան հրատարակման, մեկնաբանման եւ խեղաթիւրման գործին մէջ, ծնած է 1846-ին։ 1849-ին, հօրը մահէն ետք, ընտանիքը տեղափոխուի է Նաումպուրգ։
  • 1850-1856 Նիցչէն մօր, քրոջ, տատին, երկու չամուսնացած հօրաքոյրերուն եւ աղախինի հետ կ՛ապրի Նաումբուրգի մէջ։
  • 1856-ին մահացած տատին ժառանգութեամբ ընտանիքը հնարաւորութիւն կ՛ունենայ բնակարան մը վարձելու։ Պատանի Նիցչէն սկզբը կ՛այցելէ արական ընդհանուր դպրոց, ուր ինքզինքը մեկուսացուած կը զգայ։ Շուտով կը տեղափոխուի մասնաւոր դպրոց։

Այնուհետեւ 1854էն կ՛այցելէ Նաումպուրգի եկեղեցական գիմնազիան։ Այնտեղ ի յայտ կու գան անոր երաժշտական եւ գրական հակումները։

  • 1858-ին կ՛ընդունուի է Պֆորտայի տեղական դպրոցը, ուր ուսումը կը շարունակէ մինչեւ 1864։ Հոն կը ծանօթանայ Փաուլ Տոյսընի եւ Քառլ ֆոն Գերսդորֆի հետ, որոնց ընկերութիւնը մշտական կ՛ըլլայ։ Կը յառաջադիմէ եւ ազատ ժամանակը բանաստեղծութիւններ եւ երաժշտութիւն կը գրէ։ Շուլպֆորթայի մէջ ի յայտ կու գայ հին մշակոյթի հանդէպ իր հակումը, որը կ՛ուղեկցի իր ընտանիքի մանր-պուրժուական կենցաղավարութեան եւ քրիստոնէական աշխարհի հետ իր հեռաւորութեան։
Նիցչէն 1864 թ-ին
  • 1864/65-ի ձմեռը Նիցչէն կը սկսի դասական բանասիրութիւն ուսանիլ Պոննի համալսարանին մէջ։ Կ՛ուսումնասիրէ աւետարանական աստուածաբանութիւնը։ Պ. Տոյսէնի հետ կ՛ըլլայ Պոնի Ֆրանկաֆոնիա ուսանողական խորհուրդի անդամ սակայն միայն մէկ տարուան համար։ Կը խորանայ երիտասարդ հեգելականներու երկերու ուսումնասիրութեան մէջ, կը կարդայ Դաւիթ Ֆրետերիք Շթրաուսի Յիսուսի կեանքը, Լութֆիք Ֆոյերբախի Քրիստոնէութեան էութիւնը եւ Պրունօ Բաուըրի աշխատանքները։ Այս ամէնը կ՛արագացնեն աստուածաբանութիւնը ընդհատելու անոր որոշումը. Բան մը, որ խորունկ հիասթափութիւն կը պատճառէ մօրը։ Կ՛որոշէ ամբողջութեամբ կեդրոնանալ դասական բանասիրութեան ուսումնասիրութեան վրայյ, սակայն Պոննի մէջ իր դրութիւնը զինք չի գոհացներ։ Իր ուսուցիչ Ֆրետերիք Ռիչլի միջնորդութեամբ կը տեղափոխուի Լայպցիգ։ Հռչակաւոր բանասէրը Նիցչէի համար միաժամանակ հայրական կերպար կը դառնայ՝ մինչեւ անոր հանդիպումը Ռիչըրտ Վակներին։
  • 1865 Հոկտեմբերին կը ծանօթանայ Արթիւր Շոփենհաուըրին, որ իր վրայյ ցնցող ազդեցութիւն կը ձգէ։ Միւս փիլիսոփան, որուն կը մեծարէ, Ֆրետերիք Ալպըրթ Լանկէն է, որու Նիւթապաշտութեան պատմութիւնը գիրքը նոր լոյս տեսած էր։ Կը ծանօթանայ Էրվին Ռոտէի հետ։
  • 1867-ին կամաւոր կերպով կը մասնակցի այսպէս կոչուած գերմանական պատերազմին՝ իբրեւ հրետանաւորդ։ Տարի մը ետք, ձիէն իյնալուն պատճառով ծառայութեան համար ոչ պիտանի կը համարուի։ 1868-ին առաջին անգամ կ՛այցելէ Ռիչըրտ Վակներին։

Փրոֆէսօր Բազելի մէջ (1869–1879)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ֆրէտէրիք Ռիչլի եանձնարարականով Նիցչէն, առանց պաշտպանութեան եւ գիտական աստիճանի, կը հրաւիրուի Բազելի համալսարան՝ իբրեւ դասական բանասիրութեան արտակարգ փրոֆէսօր։ Այդ շրջանի բանասիրական անոր կարեւորագոյն յայտնագործութիւնը համարուի է այն, որ անտիկ տաղաչափութիւնը կը հիմնէ միայն վանկերու երկարութեան վրայյ (քանակային սկզբունք)՝ ի հակադրութիւն ժամանակակից շեշտային տաղաչափութեան։
  • Բազելի մէջ կը հրաժարի պրուսական հպատակութիւնէն եւ մինչեւ կեանքին վերջը որեւէ քաղաքացիութիւն չ՛ընդունիր, թէեւ գերմանական կողմէն իբրեւ սանիտար կը մասնակցի գերմանա-ֆրանսական պատերազմին։ Գերմանական կայսրութեան հիմնումը եւ Օտտո ֆոն Բիսմարկի դարաշրջանը կ՛ընդունի հիմնաւորուած թերահաւատութեամբ։
  • 1870-ին, Բազէլի մէջ կը սկսի բարեկամութիւնը Ֆրանց Օվերբեքի հետ, որ կը տեւէ մինթեւ իր խելագարութիւնը։ Նիցչէին կը գնահատէր նաեւ Յակոբ Բուրքհարդտը, որ սակայն որոշ հեռաւորութիւն կը պահէր։
  • Բազելեան շրջանին յաճախ կը հիւրընկալուի Ռիչըրտ Վակներին եւ անոր կնոջը՝ Կոզիմային կողմէ, Տրիբշէնի իրենց կալուածքին մէջ։
  • 1872-ին Նիցչէն կը հրատարակէ Ողբերգութեան ծնունդը երաժշտութեան ոգիէն՝ իր առաջին մեծ գիրքը, որ ողբերգութեան ծագման իր ուսումնասիրութեամբ զուտ բանասիրական ձեւը կը փոխարինէփիլիսոփայական հայեցողութեամբ, ինչ որ բանասիրութեան իր հին ընկերները, նաեւ Ռիչլը, չեն հասկանար, կը մերժեն եւ մահացու ծաղրի կ՛ենթարկեն։ Ուլրիխ ֆոն Վիլամովէն-Մոյլենդորֆը ոչնչացնող գրախօսութիւն կը գրեն։ Նիցչէն կը պաշտպանեն Էրվին Ռոդեն եւ Ռիչըրտ Վակնէրը։
  • Յուսացուած արձագանգին չեն արժանանար նաեւ չորս Անժամանակաւոր դիտարկումներ -ը, որոնք կը հրապարակուին 1873-1876։ Վակներու տան մէջ ան ինքզինք կը զգայ անոր երաժշտութեան ծանուցողի դերին մէջ, ինչ որ զինք յուսախաբ կ՛ընէ, իսկ 1876-ի Պայրոյթեան փառատօնը, ներկայացումներու եւ հասարակութեան միջակութեամբ, իրեն կը ստիպէ հեռանալ Վակներէն եւ Վակնէրականներէն։ Հետագայ յարաբերութիւնները պատերազմական են եւ աշխարհայացքով գրեթէ թշնամական։ 1878-ին հրատարակուած Մարդկային, չափազանց մարդկային գիրքը ի յայտ կը բերէ ոչ միայն վակներեան գեղագիտութիւն, այլ նաեւ շոպենհաուըրեան փիլիսոփայութեան յոռետեսութիւնէն վերջնական հեռացումը։ Նկատելիօրէն կը սառին իր յարաբերութիւնները նաեւ Դոյսենի եւ Ռոդեի հետ։ Այս շրջանին ամուսնանալու մի քանի անյաջող փորձ է կը կատարէ։
  • Մանուկ հասակէն ունեցած հիւանդութիւնները (սաստիկ կարճատեսութիւնը, որը գրեթէ կուրութեան է փոխուի, գլխացաւերը եւ որովայնային մշտական խանգարումները) իրեն կը ստիպեն աշխատիլ երկարատեւ ընդմիջումներով եւ որոշակի կենսապայմաններու մէջ։ 1879-ին այդ բոլորը իրեն կը ստիպեն վաղաժամ թոշակաւոր դառնալ։

Ազատ փիլիսոփան (1879–1889)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Լու Սալըմեն, Պաուլ Ռեն եւ Նիցչէն, 1882
  • Մշտական հիւանդութիւններու պատճառով ստիպուած ըլլալով ապրիլ բարենպաստ կլիմայական պայմաններ ապահովող վայրերու մէջ՝ Նիցչէն շատ կը ճամբորդէ եւ մինչեւ 1889 բազմաթիւ բնակավայրեր կը փոխէ։ Ազատ հեղինակի կեանքը ան ստիպուած կ՛ըլլայ ապահովել իրեն յատկացուած թոշակով եւ ընկերներու օգնութեամբ։ Ամառը կը մնայ Սիլս-Մարիայի մէջ, ձմեռը՝ Իտալիոյ մէջ (Ճենովա, Ռապալլո, Տուրին), ինչպէս նաեւ Նէնցայի մէջ։ Երբեմն Նաումպուրկի մէջ կ՛այցելէ իր հարազատներուն, եւ մշտապէս կը նեղուի եւ դարձեալ կը հաշտուի է քրոջ հետ։ Անոր աշակերտ Պետեր Գաստը (բուն անունով՝ Հայնրիխ Կյոզելից) երբեմն քարտուղարութիւն կ՛ընէ գրեթէ կիսակոյր փիլիսոփային։ Պ. Գաստը եւ Ֆր. Օվերբեքը մինչեւ վերջ հաւատարիմ կը մնան իրեն։ Վակներեան շրջապատէն մայրական հովանաւորութիւնը կը կատարէ պարոնուհի Մելվիդա ֆոն Մազընպըրկը։ Որոշ յարաբերութիւն կը պահպանուի նաեւ երիտասարդ քննադատ Քարլ Ֆուխսի հետ, եւ որոշ ժամանակ մը՝ նաեւ Բաուլ Ռէի հետ։ 1880-ի սկզբը լոյս կը տեսնեն Արշալոյս-ը եւ Զուարթ գիտութիւնը-ը՝ ի յայտ բերելով ասոյթային ոճը, որով կը գրուի նաեւ Մարդկային, չափազանց մարդկային-ի երկրորդ գիրքը՝ Թափառականը եւ անոր ստուերը։
  • 1882-ին Մազընպըրկի եւ Պ. Ռէի միջնորդութեամբ կը ծանօթանայ Լու ֆոն Անտրէա Սալոմէի հետ։ Անմիջապէս կը լծուի Ռէի եւ Լուի հետ ՙեռամիասնութիւն՚ կազմելու ստեղծագործական ապագայի ծրագրերուն։ Անոր հետ անցուցած մի քանի շաբաթուան կանգառը մտերմութեան մթնոլորտ կը ստեղծէ։ Ան անոր մէջ կը տեսնէ ոչ միայն օժտուած գաղափարակցը եւ աշակերտուհին, այլեւ կը սիրահարուի անոր եւ ընկերոջ՝ Պ. Ռէի միջոցով կը խնդրէ անոր ձեռքը, սակայն կը մերժուի։ Քրոջը՝ իր անձնական կեանքին միջամտող բանսարկութիւններուն պատաճառով կապերը կը խզէ թէ Ռէի եւ թէ Լուի հետ։ Մնալով կատարեալ մեկուսացման մէջ՝ կը մեկնի Ռապպալօ, ուր ութ օրուան ընթացքին թուղթին կը յանձնէ Այսպէս խօսեցաւ Զրադաշտը-ի առաջին մասը։ Ժամանակի կուռքերի՝ Շոփընհաուըրի եւ Վակնէրի վրայ կատարած իր յարձակումներուն, լքած ընկերներուն եւ անոր յաջորդած կատարեալ մենութեան պատճառով, գիրքը եւ մերձաւորներու կողմէ կ՛ընդունուի յարգալիր խուսափողականութեամբ։ Անոր վրայ կու տան աւելնալու ապրուստի հոգերը։ Անոր գիրքերը գրեթէ չեն վաճառուիր։ Զրադաշտի վերջին՝ չորրորդ մասը 1885-ին, ան ստիպուած կը հրատարակէ չնչին միջոցներով, 40 տպաքանակով, որմէ. Հատը նուէր կուտայ։
  • 1886-ին, ան սեփական ծախսերով կը հրատարակէ Չարէն եւ բարիէն անդին երկը։
  • Այս գիրքով եւ 1886/87 թուականներուն վերահարատարակուած Ողբերգութեան ծնունդը երաժշտութեան ոգիէն, մարդկային, չափազանց մարդկային եւ Զուարթ գիտութիւնը գիրքերէն ետք ան յոյս կ՛ունենայ, որ ընթերցողներու ինչ-որ շրջանակ պիտի ունենայ։
  • 1886-ին քոյրը կ՛ամուսնանայ հակասեմականի մը հետ եւ կը մեկնի Բարակուէյ՝ Նոր Գերմանիա անունով գաղութ ստեղծելու նպատակով, - ձեռնարկ մը, որը Նիցչէին ծիծաղելի եւ նողկալի կը թուի։
  • Գերմարդկայնին պայքարը, շարունակ սաստկացող հիւանդութիւններու նոպաներու դէմ, ստեղծագործական աշխատանքը կը դարձնեն գրեթէ անհնարին։ 1887-ին, կը գրէ Բարոյականութեան ծննդաբանութեան շուրջ բանավիճային երկը։
  • Նոյն թուականին Նիցչէն հինգ գիրք կը գրէ, որոնք մասամբ՝ ծրագրաւորուած Կամք առ իշխանութիւն գիրքի նշագրումներն են։ Իր 44-ամեակին, Չաստուածներու մթնշաղ-էն եւ ՀակաՔրիստոսը-էն (Der Antichrist) ետք ձեռնամուխ կ՛ըլայ Ecce homo ինքնակենսագրական երկին։ Դեկտեմբերին նամակագրութիւն կը հաստատուի Նիցչէի եւ մեծ գրող Ավգուստ Ստրինդբերգի միջեւ։ Նիցչէն կը փորձէ նախկին հրատարակիչներէն ետ գնել իր ստեղծագործութիւնները հրատարակելու իրաւունքը։ Ան կե ծրագրէ իր երկերուն թարգմանութիւնները Եւրոպական կարեւորագոյն լեզուներով։ Կը գրէ Դիոնիսոսեան դիթիրամբներ-ը։

Հոգեւոր մթագնման մէջ (1889-1900)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 1889-ին վրայ կը հասնի խելագարութիւնը։ Խելագարութեան պատճառ կը նկատուի յառաջադիմող կաթուածը։ Հետագային, մեծ փիլիսոփայի հիւանդութեանը բազմաթիւ կեղծ մեկնաբանութիւններ կը տրուին, որոնք ոչ մի փաստական հիմք չունին։
  • Իրեն ուղարկուած նամակէն գործի էութիւնը կռահած Բուրքհարդտը կ՛ահազանգէ Օվերբեքին, որ ընկերոջը կը տանի բազելեան գժանոց։ Այնտեղէն ան իր մօր ուղեկցութեամբ եւ արդէն անմեղսունակ վիճակով կը տարուի Յենայի համալսարանական դարմանատուն եւ կը յանձնուի ժամանակի հռչակաւոր հոգեբոյժ Օտտո Բինզվանգերսի հոգածութեան։
  • 1890-ին, մայրը զինք կը տեղափոխէ Նաումբուրգ՝ իր խնամակալութեան ներքեւ։ Այդ ժամանակամիջոցին, տակաւին ի վիճակի էր կարճ զրոյցներ վարել, յիշողութեան պատառիկներ արթնացնել եւ մօր գրած նամակներու տակ ողջոյնի կարճ արտայայտութիւններ դնել, սակայն, շուտով կը սկսի չճանչնալ նոյնիսկ իր հին ընկերներուն։
  • Պ. Գաստը եւ Ֆր. Օվերբեքը կը ծրագրեն իրենց ընկերոջ անտիպ երկերը հրատարակելու նախապատրաստական աշխատանքները։ Պ. Գաստը կը սկսի Երկերի առաջին ժողովածուի հրատարակութիւնը։ կը սկսի իր համաշխարհային փառքը, որուն ան անյաղորդ կը մնայ։
  • Քոյրը՝ Էլիզապէթ-Ֆյորստեր Նիցչէն, իր ամուսնոյն մահէն ետք կը վերադառնայ Բարակուէյէն, Պ. Գաստի կողմէն արդէն հրատարակուած հատորները ոչնչացնել կու տայ, կը հիմնէ Նիցչէ-Արխիւը եւ ծերացող մօրմէն քայլ առ քայլ խլելով՝ ձեռքն կ՛անցնէ թէ՛ իր եղբօրը խնամակալութիւնը, եւ թէ՛ անոր ժառանգութեան տնօրինումը։ Օվերբեքին կը մեկուսացնէ եւ կը հեռացնէ հրատարակչական գործէն, իսկ Պ. Գաստը կը շարունակէ աշխատել։
  • Ինքը՝ Նիցչէն, ամբողջովին անմասնակից է այդ բոլորին։ 1897էն, մօր մահունէ ետք, կ՛ապրի Վայմար, քրոջ խնամակալութեան տակ։ Հազուագիւտ այցելուներէն է Ռուդոլֆ Շտայները, որ կը կռահէ արխիւի տարուող աշխատանքներուն զեղծարարութիւնները եւ կը գրէ այդ մասին։ Մի քանի կաթուածներէն ետք Նիցչէն մասամբ կ՛անդամալուծուի է անկէ ետք ոչ կրնայ խոսիլ եւ ոչ ալ ոտքի կանգնիլ։ 25 Օգոստոս, 1900-ին, 55 տարեկանին, կը մահանայ թոքերու բորբոքումէն։ Կը Թաղուի Ռյոքենի ընտանեկան գերեզմանոցին մէջ։

Մտածողութիւնը եւ գործը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նիցչէն կը սկսի իբրեւ բանասէր, սակայն սկզբէն իսկ, ինքզինք կ՛ընկալէ իբրեւ փիլիսոփայ կամ ազատ մտածող։ Ան ասոյթային կարճ ձեւի եւ ընթերցողին իր մէջ ներքաշող արձակ ոճի վարպետն է։ Համակարգուած մտածողութեան բացակայութիւնը կրնայ ցիրուցան մտքերու տպաւորութիւն ձգել։ Սակայն այդպէս չէ։ Այդ ոճը անոր ստեղծագործութեան ձեւին եւ դիտարկման ազատութիւնը կը հաղորդէ։ Փիլիսոփայութեան խնդիրներու մէջ խորանալու Նիցչէական ոճը երբեմն արուեստագիտական է, երբեմն գիտական, երբեմն գեղագիտական եւ այլն։

Անոր երկերուն բազմաթիւ հատուածները կրնան հոգեբանական գիտութեան վերաբերիլ։ բազմաթիւ ուսումնասիրողներ, անմիջական կապ մը կը տեսնեն անոր կեանքին եւ գործին միջեւ։

Փիլիսոփայութեան ընդհանուր ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նիցչէի միտքն ու գործը յաճախ որոշակի շրջաններու կը բաժնեն։ Ընդունուած է հետեւեալ դասակարգումը. * Վակնէրեան-Շոփէնհաուըրեան շրջան (1872-1876)։ Կը յատկանշուի այս երկու անձերուն ազդեցութեամբ եւ ռոմանթիքական գունազարդմամբ։ Այս ժամանակահատուածը կ՛ընդգրկէ հետեւեալ երկերը.

  • Ողբերգութեան ծնունդը երաժշտութեան ոգիէն։
  • Անժամանցելի դիտարկումներ, որու մէջ մտնում են. Կեանքի համար պատմութեան օգուտի եւ վնասի մասին . Շոփէնհաուըրը իբրեւ դաստիարակ. Ռիչըրտ Վակնէրը Բայրոյտի մէջ։ "Ազատ մտքի" շրջան (1876-1882)։ - Նիցչէն երթալով կ՛ազատի Վակնէրու ազդեցութիւնէն եւ Շոփէնհաուըրեան փիլիսոփայութեան կաշկանդումներէն։ Նախկին համակարգուած շարազանոնքը հետզհետէ կը փոխարինուի ասոյթային ոճով, որը ֆրանսիացի բարոյագետներու նախընտրած ձեւն էր եւ Նիցչէի գրչի տակ նոր կերպարանք կը ստանար։ Երկերն են.
  • Մարդկային, չափազանց մարդկային (երկու բաժիններով)։
  • Արշալոյս. Խոհեր բարոյական նախապաշարմունքներու մասին։
  • Զուարթ գիտութիւնը - La gaya scienza։
  • Այսպէս խօսեցաւ Զրադաշտը (1883-1885), որ շատերը կը համարեն Նիցչէի կեդրոնական ստեղծագործութիւնը։ * Ուշ երկերը (1886-1888) (ներառեալ տուրինեան յետմահու ժառանգութիւնը)։-

Այստեղ գաղափարները կ՛ընդլայնուին եւ աւելի սուր բանավէճի կը վերածուին։ Ասոյթներու կողքին կրկին կը սկսի ի յայտ գալ առաջին շրջանի համակարգուած շարազանոնքի ոճը։ Այս շրջանի գործերն են.-

  • Չարէն եւ բարիէն անդին. Նախերգ գալիքի փիլիսոփայութեան։
  • Բարոյականութեան ծննդաբանութեան շուրջ. Բանավիճային երկ։
  • Վակնէր դէպքը եւ Նիցչէն contra Վակնէր բանաքաղութիւնը։
  • Չաստուածներու մթնշաղ կամ ինչպէս փիլիսոփայել մուրճով։
  • ՀակաՔրիստոսը - Նզովք Քրիստոնէութեանը։
  • Ecce homo - Ինչպէս դառնալ՝ ինչ որ կաս։

Իր փիլիսոփայական երկերուն կողքին Նիցչէն հրատարակած է նաեւ բանաստեղծութիւններ, որոնց մէջ եւս անոր փիլիսոփայական միտքը կը թեւածէ։ Անոնց մէկ մասը զետեղուած է տարբեր գիրքերու մէջ եւ ամփոփուած Հովուերգութիւններ Մեսսինայէն (1882) ժողոուածուին մէջ։ Երաժշտութեան մէջ անոր աւանդը զգալի է յատկապէս Lied-ի (երգ) տեսակով։ Երկար ժամանակ բանավէճերի առարկա էր Նիցչէի յետմահու ժառանգութեան հարցը։ Նիցչէ-Արխիւի հրատարակած Երկերի ժողովածուէն ետք ծայր առած բանավէճերու հարցին մէջ զգալի պարզաբանում բերաւ Քարլ Շլեխտայի՝ մեր դարի կէսերէն ետք հրատարակած երկհատորեակը։ Խօսքը կը վերաբերի իրականութեան մէջ գոյութիւն չունեցող կամ սոսկ իբրեւ ստեղծագործական մտայղացում գոյութիւն ունեցող Կամք առ իշխանութիւն երկին եւ բազմաթիւ միջամտութիւններուն եւ աղաւաղումներուն, որոնք կատարուած էին քրոջը կողմէ։- Նիցչէի միտքը կը վերլուծուի եւ կը մեկնաբանուի տարբեր դիրքերէ։ Կեղծարար է ան, որ Նիցչէն կը մեկնաբանէ՝ օգտագործելով ինքնիրմէ կատարուող մէջբերումները։ Այս մտածողի լեռնահանքերուն մէջ իւրաքանչիւր մետաղ կարելի է գտնել։ Նիցչէն ըսած է ամէն ինչ եւ անոր հակառակը (Ճորճիօ Քոլլի)։ Այդ փիլիսոփայութեան որեւէ կանոնական վերարտադրութիւն գրեթէ անհնար է։

Բարոյականութեան քննադատութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարդկային, չափազանց մարդկային երկով սկիզբ կ՛առնէ ընդհաանորպէս բարոյականութեան եւ մասնաւորապէս քրիստոնէական բարոյականութեան Նիցչէական քննադատութիւնը։ Ան ուղղուած է ողջ փիլիսոփայութեան եւ գիտութեան դէմ, որոնք, ըստ Նիցչէի, բարոյականութեան ընդունուած եւ տիրող պատկերացումներուն անքննադատաբար կը մօտենան։ Իրօք, ազատ եւ հետախոյզ միտքը պէտք է զանոնք քննարկէ, ինչպէս եւ յայտնի գիրքի վերնագիրը կ՛ըսէ, չարէն եւ բարիէն անդին։ Հակառակը ըրած է եւրոպական միտքը՝ Պղատոնէն մինչեւ Կանտ։ Նիցչէն այստեղ խստօրէն կը բաժնէ մտքի եւ գաղափարի հետազօտութիւնը (սկսած անոր ծննդաբանութիւնէն մինչեւ կիրառումները) նախապաշարումներէն ու կարծրատիպերէն։ Նիցչէի համար արժէքի եւ անոր մասին դատողութեան վաւերականութիւնը մտացածին կամ ենթադրական չէ. Ծննդաբանօրէն ան պէտք է կապուած ըլլայ մտածողի կամ մարդկային որեւէ խումբի կենսաբանական-հոգեբանական կարգին հետ։ Այսպիսով, որեւէ արժէքի խնդիրը ընդհանրապէս որեւէ բարոյական համակարգի խնդիր է։ Պատմագիտական, մշակութաբանական եւ լեզուաբանական ձեւերով այս քննադատութիւնը ի յայտ կը բերէ բազմաթիւ գաղափարներ, որոնք նոր ձեւով կը լուսաբանեն ողջ բարոյագիտութիւնը։

Ահա բարոյագիտութեան քննադատութեան մի քանի կարեւորագոյն գաղափարներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Տէրերու եւ ստրուկներու բարոյականութիւն։- Առաջինը տիրողներու մտածողական եւ, հետեւաբար, հոգեբանական կեցուածքն է։ Տիրողները իրենք են, ովքեր իրենք իրենց եւ իրենց կեանքին եւ արարքներուն կրնան այո ըսել, մինչդեռ այն ամէնը, որ չի համապատասխաներ անոնց, կը տեղադրեն «վատ» դասաւորման մէջ։ Ստրուկներու բարոյականութիւնը, ընդհակառակը, «թշուառներու», խեղճերու, անզօրներու, ստորներու, տառապողներու, զրկուածներու, հիւանդներու, այլանդակներու կեցուածքն է, որոնք նախ եւ առաջ իրենց հակոտնեաներուն՝ երջանիկներուն, տիրողներուն, այո ըսողներուն իբրեւ «չար» կը նկատեն, իսկ իրենց «բարի» հակադրութիւններն կը սարքեն։ Անոնք քանակով շատ են, գործունեայ են եւ հաւաքուելու՝ թոյլերուն յատուկ հակում ունին։ Իրենք կ՛ատեն ուժեղները։ Երբ Նիցչէն կ՛ըսէ՝ «Խփէ՛ թոյլին», այդ մէկը պէտք է հասկանալ իբրեւ «Քաղհանիր մոլախոտը»։ «Պաշտպանենք ուժեղները թոյլերէն»՝ կ՛աղաղակէ Նիցչէն։
  • Ռեսսենտիմենտ։ - Այս ստրուկներու բարոյականութեան հիմնական հակազդեցութիւնն է։ Անյաջողութիւնէն, նախանձէն, տգիտութիւնէն եւ թուլութիւնէն «անյաջողակները» իրենց համար երեւակայական աշխարհ մը կը ստեղծեն, ուր որ իրենք կարող են տիրողներ դառնալ, իրենց ատելութիւնը թափել եւ վրէժ լուծել «ազնիւէն եւ ազնուականէն»։
  • Կարեկցութիւն եւ, եթէ կարելի է Այսպէս ասել, ուրախակցութիւն։- Շոփէնհաուըրեան փիլիսոփայութեան մէջ կարեկցութիւնը, որ անոր կեդրոնական հասկացութիւններէն է, կոչուած է վնասելու կեանքին եւ, ի վերջոյ, ժխտելու զայն։ Նիցչէն կը ծառանայ անոր դէմ։ Որովհետեւ կեանքը պէտք է հաստատուի, հետեւաբար կարեկցութիւնը՝ իբրեւ ժխտման միջոց, մեծ վտանգ է։ Կարեկցելով՝ կը տկարացնես դիմացինիդ (մերձաւորուդ) կեանքը։ Ան աշխարհի մէջ կը բազմապատկէ տառապանքը եւ ուղղուած է արարչագործ կամքի դէմ, որը ո'չ թէ կը ժխտէ կեանքը, այլ կը յաղթահարէ զայն։ Մարդը մարդուն սիրով կը կարեկցի, բայց ահա անոր ուրախութիւններուն չի կրնար սրտանց եւ լիաթոք միանալ։ Գործնական ուրախակցութիւնն է, որ կեանքի հիմնաւոր հաստատմանն կը հասցնէ (amor fati - Այսպէս ասած՝ սէր ճակատագրի հանդէպ) եւ կարեւորագոյն արժէք է։

Այս ելակետերով քննադատութեան կ՛ենթարկուի նաեւ պատմական քրիստոնէութիւնը եւ քրիստոնէական բարոյականութիւնը, իսկ աւելի ուշ ՝ գրեթէ ողջ քաղքենիական բարոյականութիւնը, ինչպէս նաեւ սոցիալիզմը եւ անարխիզմը. այս ամէնը կը դիտարկուին իբրեւ ժամանակակից անկումայնութիւն (de'cadence)։ Ահա թէ ինչու Նիցչէն կ՛արծարծէ բոլոր արժեքներու վերարժեքաւորման հարցը։ Եւ այս ամէնը՝ համեմուած միֆական բազմաթիւ ազդակներով, որոնց մէջ առաջնային են Դիոնիսոսեանը, Առ իշխանութիւն կամքը, Գերմարդը եւ Յաւէրժական վերադարձը։

Աստուած մեռած է - Եւրոպական նիհիլիզմը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աստուած մեռած է հանրայայտ արտայայտութիւնը այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, որ Նիցչէն կը կամենայ Աստծոյ մահը։ Այս մէկը ընդամէնը փաստի արձանագրութիւն է։ Սխալ չըլլար, եթէ ըսենք, որ այս մի ամբողջ դարաշրջանի եւ մտածելակերպի (առաւելապէս՝ մետաֆիզիկական) ախտորոշումն է։ Ան կ՛աղաղակէ անլուր վիճակ մը, որ իր մէջ պիտի առնէ գալիք հարիւրամեակներու պատմութիւնը։ Այս թեմայի հռչակաւոր արծարծումն է Զուարթ գիտութիւնը երկի 125-րդ՝ Խենթը վերնագրեալ ասոյթը։ Այս հատուածը Աստծոյ մահը կ՛ազդարարէ իբրեւ սպառնալից իրադարձութիւն, որու հետ կ՛իջնէ գիշեր եւ աւելի գիշեր։ Քաղաքակրթութիւնը զրկուած է իր հոգեւոր հիմքէն, - թերեւս Այսպէս կարելի ըլլայ ամփոփել ասոյթի գաղափարը։ Ո՞ւր է Աստուած, - գոչեց ան, - ես ձեզ կ՛ըսե'մ։ Մենք իրեն սպանե՜ր ենք՝ դուք եւ ես։ Մենք ամէնքս իրեն սպանողնե՜րն ենք։ Բայց ինչպէ՞ս ըրինք մենք այդ։ Ինչպէ՞ս կարողացանք խմելով դատարկել ծովը։ Ո՞վ մեզ սպունգը տուաւ՝ ջնջելու ողջ հորիզոնը։ Ի՞նչ ըրինք մենք, երբ այս երկիրը արձակեցինք իր արեւին կապող շղթայէն։ Ո՞ւր կ՛երթայ երկիրը հիմա։ Հեռու բոլոր արեւներէ՞ն։ Արդեօք մենք շարունակ ցած չե՞նք գահավիժիր։ Եւ ե'տ, մէկ կո’ղմ, առա'ջ, դէպի բոլոր կողմե'րը։ Կա՞յ դեռեւս վեր ու ներքեւ։ Արդեօ՞ք մենք մոլորուած չենք խարխափիր, անվերջնական ոչինչի մէջ։ …Աստուած մեռա՜ծ է։ Աստուած մեռած ալ կը մնա'յ։ Եւ մենք ենք իրեն սպաներ։ Ինչպէ՞ս սփոփուինք մենք՝ բոլոր մարդասպաններէն ամենամարդասպաններս (թարգմ. Յակոբ Մովսէսի)։ Թերեւս այս գաղափարէն է որ աւելի ուշ սկիզբ կ՛առնէ Գերմարդու գաղափարը, որ մի ասոյթի մը մէջ հետեւեալ մեկնութիւնը կը ստանայ. Գերմարդու յայտնութիւնը գերՔրիստոնէութեան յայտնութիւն է։ Հետեւաբար՝ գերմարդու երեւոյթը Քրիստոնէութեան վերակենդանացման երեւոյթը չէ՞։ Միւս կողմէն՝ ողջ բարոյականութեան քննադատութիւնը կը դառնայ աւելի առողջ բարոյականութեան մը կանխատեսում եւ կանչ։ «Չաստուածներու մթնշաղ» գրքին մէջ ան կը գրէ. «Մենք՝ ապաբարոյապաշտներս, առաքինութեանը արդեօ՞ք վնաս կը հասցնենք։ - Նոյնքան քիչ, որքան անարքիստները՝ թագաւորներուն։ Միայն այն ժամանակունէ, երբ անոնց սկսան կրակել, իրենք դարձեալ ամուր նստած են իրենց գահերուն վրայ։ Առակս զինչ ցուցանէ՝ հարկաւոր է կրակել բարոյականութեան վրայ»։ Ահա թէ ինչու Նիցչէն իրեն կը կնքէ անբարոյականութեան սահմաններէն այնքան հեռու ինկած եզրով մը - ապաբարոյապաշտ։ Այս տեսակետիէն յատուկ ուշադրութեան է արժանի է նաեւ Նիցչէի ոչնչապաշտութեան՝ նիհիլիզմի հարցը. Ան անոր մէջ կը տեսնէ ո'չ թէ անոր միջնորդին եւ հաստատողին, այլ ոչնչապաշտութիւնը կը համարուի հետքրիստոնէական բարոյականութեան հնարաւորութիւնը, թերեւս նաեւ պատմական անհրաժեշտութիւնը։ Նիցչէական Այսպէս ասած աթեիզմը ո'չ թէ անհաւատութիւն է, այլ համաշխարհային նորագոյն պատմութեան մէջ Աստծոյ բացակայութեան հաւաստում, որու հետեւանքը նաեւ այդ ոչնչապաշտութիւնն է։

Արուեստ եւ գիտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ՙԱպոլլոնեան-դիոնիսոսեան զոյգ հասկացութիւնները, որոնք Նիցչէն կը մտցնէ արուեստի փիլիսոփայութեան մէջ, թոյլ կու տան նոր գեղագիտական-մետաֆիզիկական դասակարգումներ ներառել այնտեղ։ Յունական երկու աստուածութիւններու՝ Դիոնիսոսի եւ Ապոլլոնի անուններով Նիցչէն իր երախայրիքէն՝ Ողբերգութեան ծնունդը երաժշտութեան ոգիէն գրքէն կը բնութագրէ գեղագիտութեան երկու հակադիր սկզբունքները։ Ըստ այդմ՝ ապոլլոնեանը երազն է, գեղեցիկ պատրանքը, պայծառը, լուսաւորը, ցնծունը, տեսիլքը, վսեմութիւնը։ Դիոնիսոսեանը արբեցումն է, սարսափ առաջացնող մոլ(եգն) ութիւնը, խաւարտչին նախազօրութեան ժայթքը։ Աթթիկական ողբերգութեան մէջ, ըստ Նիցչէի, այս երկու ուժերը կրելի եղած է միաւորել։ Ըստ այդմ Նախա-

Մին (Ur-Eine) բանաստեղծին կը բացուի դիոնիսոսեան երաժշտութեան ձեւով եւ ապոլլոնեան երազի միջոցով պատկերի կը վերածուի։ Յունական ողբերգութիւնը Եվրիպիդեսով եւ Սոկրատեսի ազդեցութեամբ կը կործանուի։ Արուեստը ի սպաս կը դրուի գիտելիքին։ Միայն Վակնէրեան երաժշտական տրամայի մէջ է, որ վերոյիշեալ հակառակ սկզբունքները կրկին երեւան կու գան։ Յետագայ գրութիւններուն մէջ Նիցչէն ետ կը քաշուի Վակնէրեան սկզբունքներէն եւ երկերուն մէջ արուեստը պարզորոշ տեղը կը զիջի գիտութեան։

Կրօնի, մետաֆիզիկայի եւ ճանաչողութեան տեսութեան քննադատութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բարոյականութեան քննադատութեան հետ կապուած է մինչայժմեան ողջ փիլիսոփայութեան քննադատութիւնը։ Մետաֆիզիկական եւ կրօնական յղացքներու հանդէպ Նիցչէն հիմնաւորապէս թերահաւատ է։

Քրիստոնէութեան քննադատութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քրիստոնէութեան քննադատութեան նուիրուած իր գլխաւոր աշխատութիւնը Նիցչէն անուանած է «ՀակաՔրիստոս. Նզովք Քրիստոնէութեանը»։ ՀակաՔրիստոսն աշխարհընկալման քրիստոնէական ըմբռնումով Յիսուս Քրիստոսի հակառակորդն է կամ կեղծ Յիսուսը։ Կ՛ենթադրուի, որ ան անխուսափելիօրէն կը պարտուի այն բանէն ետք, երբ երկրային ժամանակի աւարտին կ՛ըմբոստանայ Յիսուսի դէմ։ Քրիստոնէութեան վաղ շրջանին այդ կրօնի տարբեր ազդեցիկ թշնամիները կ՛ըմբռնուէին որպէս ՀակաՔրիստոս։ Սակայն ըստ առաւել լայն եւ ընդգրկուն մեկնաբանութիւններու ՀակաՔրիստոսը մեղքի մարդն է, որ կը հակադրուի եւ ինքն իրեն աւելի բարձր կը դասէ այն ամէնէն, ինչ կը կոչուի Աստուած։ Նոր Կտակարանին մէջ, իււրաքանչիւր անձ, որ չ՛ ընդունիր այս աշխարհի մէջ Աստծոյ մարմնացումը, հանդէս կու գայ որպէս ՀակաՔրիստոս։ Քրիստոնէութեան քննադատութեան մէջ Նիցչէն կ՛առաջնորդուի հետեւեալ մեթոտաբանութեամբ.

  • Ան կ՛առանձնացնէ Յիսուսին Աւետարաններէն եւ Եկեղեցիէն. ան կը բաժանէ հիմնադրը իր «հիմնադածէն» ապացուցելու համար, որ անոր ուսմունքը աղաւաղած են։
  • Ան կը քննադատէ Պօղոս առաքեալը՝ զայն համարելով Յիսուսի իրական ուսմունքի կեղծարարն ու կործանիչը։
  • Ան Քրիստոնէութիւնը կը համեմատէ այլ կրօններու, մասնաւորապէս՝ պուտտիզմի հետ։ Նախ Նիցչէն կը քննադատէ թէ՛ քիրստոնեութիւնը, եւ թէ պուտտիզմը որովհետեւ ըստ իրեն, անոնք կը պատկանին, Այսպէս կոչուած, նիհիլիստական կրօններու շարքին՝ միաժամանակ անոնց մէջ լուրջ տարբերութիւններ տեսնելով։ Ըստ իրեն ամենակարեւորը այն է, որ պուտտիզմը փոխարինեց «մեղքերու դէմ պայքարը» «տառապանքներու դէմ պայքարով»։ Ան կ՛ըսէ, որ իրական քրիստոնէութիւնը, Քրիստոսի քրիստոնէութիւնը կրնայ դառնալ, Այսպէս ասած, Եւրոպական պուտտիզմ։
  • Նա կ՛ապացուցէ, որ Քրիստոնէութիւնը կը ծագի վրէժի զգացումէն, իր բառով՝ ressentiment-էն։ Ressentiment-ը ֆր. «վրէժխնդրութիւն» բառը, ինչպէս «Բարոյականութեան ծագումնաբանութիւնը» գիրքին մէջ, ուր ան ունի մեթոտաբանական նշանակութիւն, այնպէս ալ Նիցչէի հետագայ ստեղծագործութեան մէջ, կըքննարկուի է որպէս լուրջ պատմա-հոգեբանական հիմնախնդիր։
  • Ան կը քննադատէ Քրիստոնէութեան բարոյական համակարգը։ Ըստ Նիցչէի, այդ բարոյական արժեհամակարգը իրեն կը ներկայացնէ «մարդու աղքատ, կիսայաջողակ կամ ամբողջութեամբ անյաջողակ տիպի պահպանութեան պայմաններու գումար»։

Ամփոփելով հարկ է նշել, որ Քրիստոնէութեան Նիցչէական քննադատութիւնը աննախադէպ է համաշխարհային մտքի պատմութեան մէջ։

Յաւէրժական վերադարձ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին անգամ Զուարթ գիտութիւնը երկին մէջ եւ այնուհետեւ Զրադաշտին՝ Նիցչէն մէջտեղ կը հանէ գաղափար մը, որ կը համարէ իր ամենախոր միտքը եւ իր փիլիսոփայութեան ծանրութեան կեդրոնը։ Ըստ այդ մտքին՝ ամէն եղած բան արդէն անհաշիւ անգամներ եղած է եւ անսահմանօրէն վերադառնալու է։ Եւ պէտք է այնպէս ապրիլ, որ յուրաքանչիւր ակնթարթի մշտատեւ կրկնութիւնը ո'չ միայն ապրուի, այլեւ ողջունուի։ Յաւէրժական վերադարձի հետ սերտ կապի մէջ է amor fati-ն՝ սէրը ճակատագրի հանդէպ։

Մարդու կամ ընդհանրապէս աշխարհի պատմութեան առաջընթացին Նիցչէն չի հաւատար։ Հետեւաբար անոր համար մարդկութեան նպատակը ոչ թէ անոր լաւագուն սոցիալական կամ կենսաբանական մակարդակներն են, այլ այդտեղ մշտապէս հանդէս եկող բարձրագոյն անհատները, գերմարդիկ։ Մարդկային ցեղը՝ իբրեւ ամբողջութիւն, Նիցչէն կը համարէ սոսկ փորձ, որու նպատակը արարողներ արարելն է, որոնք խիստ եւ անկարեկից են այլոց եւ առաջին հերթին իրենք իրենց հանդէպ՝ մարդկութիւնէն եւ իրենք իրենցմէ արժեքաւոր բան մը ստանալու համար։ Գերմարդը քաղաքական ո'չ մէկ նշանակութիւն չունի։ Իշխանութիւն կամքը ո'չ թէ ուրիշներու վրայ իշխելու կամքն է, այլ ինքնահաղթահարման կամքը։

Կամք առ իշխանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կամք առ իշխանութիւնը (Wille zur Macht) Նիցչէի փիլիսոփայութեան կեդրոնական հասկացութիւններէն է, որը մինչեւ օրս նշանակալի ազդեցութիւն ունեցած է - եւ կը շարունակէ ունենալ - 20-րդ դարու փիլիսոփայական մտքի վրայ։ Ան շարունակ ենթարկուած է աննախադէպ գռեհկացման, զեղծուած է եւ գաղափարախօսականացուած։

Ամէն ձեռնարկ կը սկսուի քննադատութեամբ։ Նիցչէն իր քննադատութիւնը կ՛ազդարարէ իբրեւ «բոլոր արժեքներու վերարժեքաւորում»։ Նիցչէն հարցականի տակ կը դնէ ոչ միայն «հիւանդ», «անկանող» աշխարհի «կեղծ» արժեքները, այլ նաեւ «վերջին մարդկանց» այդ աշխարհի կենցաղային հիմունքները։

Կեանքը ինքը Նիցչէի համար հասանելի է գոյաւորման հասկացութեան շնորհիւ։ Կեանքի գոյաւորումը անընդհատական եւ մշտական առաջմղում է։ Գոյութիւն ունենալու համար հարակւոր է շարունակ գոյաւորուել։ Գոյաւորումը մշտապէս ջանք կը պահանջէ։ Որովհետեւ այն ամէնը, ինչ որ կ՛ուզէ ապրիլ, պէտք է նաեւ ինչ-որ ձգտում, մղում, ունենայ, որպէսզի ելլէ, կանգնի եւ դիմանա։

«Չարէն եւ բարիէն անդին» երկին մէջ (19-րդ ասոյթ) Նիցչէն ցոյց կուտայ, որ կամքը, բաղկացած է եօթը կարեւորագոյն պահերէ.

  • «վիճակի զգացումը, որմէ մենք կը ձգտինք ազատիլ եւ… որուն մենք կը ձգտինք հասնիլ…», -
  • «Իւրաքանչիւր կամային ակտի մէջ գոյութիւն ունի կարգադրիչ-հրամայիչ միտք. կամքը «հրամանի աֆֆեկտ»ն է.
  • Կամքի մէջ կարեւոր է, «այն ուղիղ հայացքը, որ կ՛որշէ, «այժմ հարկաւոր է այսինչ բանը եւ ուրիշ ոչինչ»։
  • «քանի որ մենք միաժամանակ հրամայողը եւ ենթարկուողն ենք, ապա Ես համադրական հասկացութեան օգնութեամբ … կամեցողը ենթադրում է, թե կամքը եւ գործողութիւնը ինչ-որ կերպ նոյն բանը կը կազմեն».
  • «կամեցողը» իր՝ կամքին կը վերագրէ նաեւ յաջողութիւնը
  • Նիցչէն կը գրէ. «Ընդհանրապէս կամենալ – նոյնն է, ինչ որ կամենալ ուժեղ դառնալ, կամենալ աճիլ - եւ այս ամէնուն համար դեռ նաեւ միջոցներ կամենալ»։
  • Նիցչէն իբրեւ կամքի էութիւն ենթադրելով իշխանութեան անոր ուղղուածութիւնը, իսկ կամք առ իշխանութիւնը հասկանալով իբրեւ ամենայն գոյաւորու հիմնաւոր մղումը՝ իր մտքով մտածում է այն նոյնը, ինչ դեռեւս Արիստոտելը կոչում էր էնտելեխիա, որը իբրեւ ինչ-որ ուժ (energia)

Եւ այժմ մենք պարտաւոր ենք, կ՛ուզենք եւ կրնանք հարցնել. ի՞նչ բան է գոյաւորը՝ ըստ առ իշխանութիւն կամքի միջոցի. ի՞նչ բան է անոր առկայութիւնը. ինչպիսի՞ն են անոր առկայութեամբ գոյաւորուող գոյութեան սահմանները։ Նիցչէն մեզի սովորեցուցած է. «Դուն կ՛ուզես ուղեկցի՞լ։ Թէ՞ հետեւիլ։ Թէ՞ երթալ, դուն քեզի համար։ Պէտք է իմանաս, թէ ինչ կ՛ուզես եւ որ՝ կ՛ուզես»։ Ողբերգութեան ծնունդը երաժշտութեան ոգիէն[խմբագրել]

Լոյս տեսած է 1872-ին։ Ան 27-ամեայ փիլիսոփային առաջին նշանակալից երկն է։ Գիրքը ձօնուած է Ռիչըրտ Վակնըրին։

  • Paul Mitzschke։ Friedrich Nietzsches Herkunft und Vorväter, in։ Mitteilungen des Roland, 5. Jg., 1920, Nr. 6/7 u. Nr. 8/9
  • Charles Andler։ Nietzsche, sa vie et sa pensée. Brossard, Paris 1920–1931 (6 Bände), spätere Auflagen (3 Bände, jeweils zwei zusammengefasst) bei Gallimard, ISBN 2-07-020127-9, ISBN 2-07-020128-7, ISBN 2-07-020129-5. (Detaillierte Gesamtdarstellung, Rezeptionsgrundlage vieler französischer Autoren.)
  • Ivo Frenzel։ Friedrich Nietzsche in Selbstzeugnissen und Bilddokumenten. Rowohlt, Reinbek bei Hamburg, Neuausgabe 2000, ISBN 3-499-50634-3.
  • Curt Paul Janz։ Friedrich Nietzsche. Biographie. 3 Bände, Hanser Verlag, München 1978-1979, ISBN 3-423-04383-0 (Standardwerk zu Nietzsches Leben; Band 1 ist die überarbeitete Fassung der Nietzschebiograpie von Richard Blunck aus dem Jahr 1953; zahlreiche Neuauflagen und Übersetzungen.)
  • Christian Niemeyer (Hrsg.)։ Nietzsche-Lexikon. Wissenschaftliche Buchgesellschaft, Darmstadt 2009, ISBN 3-534-20844-7.
  • Henning Ottmann (Hrsg.)։ Nietzsche-Handbuch։ Leben – Werk – Wirkung. Metzler, Stuttgart/Weimar 2000. ISBN 3-476-01330-8
  • Werner Ross։ Der ängstliche Adler. 1980, ISBN 3-423-30736-6 und
  • Werner Ross։ Der wilde Nietzsche oder Die Rückkehr des Dionysos. dva, Stuttgart 1994, ISBN 3-421-06668-X (Zwei antithetische Akzentuierungen von Nietzsches Charakter aus der Sicht eines Literaturwissenschaftlers)
  • Hermann Josef Schmidt, Nietzsche absconditus oder Spurenlesen bei Nietzsche (4 Bände), Berlin/Aschaffenburg 1991–1994, ISBN 3-922601-23-5 (akribische psychologische Studie über Nietzsches Kindheit und Jugend)
  • Stiftung Weimarer Klassik, Raymond J. Benders u.a. (Hrsg.)։ Friedrich Nietzsche։ Chronik in Bildern und Texten. dtv, München 2000, ISBN 3-423-30771-4
  • Pia Daniela Volz։ Nietzsche im Labyrinth seiner Krankheit. Königshausen und Neumann, Würzburg 1990, ISBN 3-88479-402-7 (Standardwerk zu Nietzsches Krankengeschichte)

Փիլիսոփայության շուրջ

  • Günter Abel։ Nietzsche. Die Dynamik der Willen zur Macht und die ewige Wiederkehr. de Gruyter, Berlin und New York 1998 (2., erw. Auflage), ISBN 3-11-015191-X. (Versuch der Klärung des häufig missverstandenen Begriffes.)
  • Keith Ansell Pearson (Hrsg.)։ A Companion to Nietzsche. Oxford / Malden։ Blackwell 2006, ISBN 1-4051-1622-6.
  • Maudemarie Clark։ Nietzsche on Truth and Philosophy, Cambridge 1990, ISBN 0-521-34850-1.
  • Gilles Deleuze։ Nietzsche und die Philosophie. Europäische Verlagsanstalt/eva, Hamburg 1976, ISBN 3-434-46183-3. (Klassiker der französischen Nietzsche-Rezeption.)

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. 2,0 2,1 RKDartists
  3. 3,0 3,1 Itaú Cultural Enciclopédia Itaú CulturalSão Paulo: Itaú Cultural, 2001. — ISBN 978-85-7979-060-7
  4. 4,0 4,1 Ницше Фридрих // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохорова — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
  5. 5,0 5,1 Գերմանիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
  6. https://www.e-periodica.ch/digbib/view?pid=bzg-002:1941:40::163#168
  7. Nietzsche F. Götzen-Dämmerung oder wie man mit dem Hammer philosophirt — 2000.
  8. 8,0 8,1 8,2 8,3 http://anthropology.ru/ru/text/percev-av/fnicshe-dela-semeynye
  9. 9,0 9,1 9,2 9,3 http://www.nietzsche.ru/biograf/litera/niet-gercen/
  10. 10,0 10,1 10,2 10,3 http://virlib.eunnet.net/sofia/06-2003/text/0613.html
  11. Burschenschafter-Stammrolle: Verzeichnis der Mitglieder der Deutschen Burschenschaft nach dem Stande vom Sommer-Semester 1934B: Willy Nolte, 1934.

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]