Լու Անտրեաս-Սալոմէ

Լու Անտրեաս-Սալոմէ
Ծնած է 12 Փետրուար 1861(1861-02-12)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Սեն Փեթերսպուրկ, Ռուսական Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 5 Փետրուար 1937(1937-02-05)[1][2][3] (75 տարեկանին)
Մահուան վայր Գյոթինգեն, Նացիական Գերմանիա[1]
Քաղաքացիութիւն  Գերմանական ռայխ
Ուսումնավայր Սուրբ Պետրոսի դպրոց?
Ազդուած է Ֆրետերիք Նիցչէ[4], Զիգմունդ Ֆրոյդ?[4] եւ Բենեդիկտ Սպինոզա?[4]
Մասնագիտութիւն գրագէտ, հոգեվերլուծաբան, ակնարկագիր, ինքնակենսագիր, փիլիսոփայ
Ամուսին Ֆրիտրիխ Քարլ Անդրէաս
Ստորագրութիւն

Լու Անտրեաս-Սալոմէ (գերմաներէն՝ Lou Andreas-Salomé բուն անունով՝ Լուիզ Վոն Սալոմէ կամ Լուիզա Կուսթաւովնա Սալոմէ (ռուս.՝ Луиза Густавовна фон Саломе), 12 Փետրուար 1861(1861-02-12)[1][2][3][…], Սեն Փեթերսպուրկ, Ռուսական Կայսրութիւն[1] - 5 Փետրուար 1937(1937-02-05)[1][2][3], Գյոթինգեն, Նացիական Գերմանիա[1])։ Լուն եղած է ռուս հոգեվերլուծող եւ հեղինակ մը[5]։ Անոր տարբեր մտաւորական հետաքրքրութիւնները ընկերութիւններ ստեղծած են շարք մը յատուկ արեւմտեան մտաւորականներու հետ, օրինակ՝ Ֆրիտրիխ Նիցչէ, Սիկմոնտ Ֆրոյտ, Փոլ Ռի եւ Ռէյնըր Մարիա Ռիլք։

Կենսագրություն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վաղ կեանքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լու Սալոմէն ծնած է Սէյնթ Փիթըրսպըրկ, Ռուսիոյ մէջ, 12 Փետրուար, 1861 թուականին։ Անոր հայրը զօրավար մըն էր։ Լուն ունէր 5 եղբայրներ, եւ միակ աղջիկն էր։ Տարիներ ետք ան կը հալածուի Նազիներու կողմէ, որովհետեւ կը կարծէին թէ Լուն Ֆինլանտացի հրեայ մըն էր, սակայն ան իրականութեան մէջ ունէր Ֆրանսական եւ Գերմանական ճիւղեր[6]։

17 տարեկանին ուսում փնտռելով, Լուն կը սկսի հետեւիլ հոլանտացի քարոզիչին՝ Հենտրիք Կիլլոթին, որպէսզի իրեն սորվեցնէ աստուածաբանութիւն, փիլիսոփայութիւն, աշխարհի կրօնքներ եւ Ֆրանսերէն ու գերմաներէն գրականութիւն։ Կիլլոթը սակայն, կը սիրահարուի Սալոմէին հետ եւ կը ծրագրէ ամուսնալուծուիլ իր կինէն եւ ամուսնանալ Լուին։

Ետքը, Լուն եւ իր մայրը կը մեկնին դէպի Զուրիխ, որպէսզի Սալոմէն ստանայ աւելի բարձր ուսում։ Այս ժամանակ արդէն Լուն հիւանդ էր եւ արիւն կը հազար։

Ռի, Նիցչէ եւ յաջորդ կեանքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձախէն աջ՝ Լու Սալոմէ, Փոլ Ռի եւ Ֆրիտիրիխ Նիցչէ (1882):

Երբ Լուն 21 տարեկան էր, անոր մօր հետ կը ճամբորդէ դէպի Ռոմ՝ ուր կը ծանօթանայ Փոլ Ռիին, որ հեղինակ մըն էր եւ անոնք 2 ամիս ետք կը դառնան աշխատակիցներ։ 13 Մայիս, 1882 թուականին Ֆրիտրիխ Նիցչէն կը միանայ անոնց խումբին։ Տարիներ ետք, 1894 թուականին, Լու Սալոմէն կը գրէ գիրք մը Նիցչէին կեանքին եւ անձնաւորութեան մասին[7]։

3 աշխատակիցները, Սալոմէին մօր հետ կը ճամբորդեն դէպի Իտալիա, եւ ետքը կ'անցնին Գերմանիա, ուր հարցեր կը ստեղծուին աշխատակիցներուն միջեւ եւ Նիցչէն կը բաժնուի խումբէն որովհետեւ Սալոմէն կը հաւատար թէ Ֆրիտիրիխը սիրահարուած էր իր հետ։

1884 թուականին, Սալոմէն կ'ընկերանայ Հելեն Վոն Տրուսքոուիթսին հետ։ Հելենը երկրորդ կինն էր Զուրիխի մէջ որ ստացած էր բարձրագոյն տիտղոս փիլիոսոփայութեան ճիւղին մէջ։ Եւ այդ տարիներուն նաեւ տարաձայնութիւններ կը ստեղծուին թէ Լու Սալոմէն սիրային յարաբերութիւն մը ունէր Սիկմոնտ Ֆրոյտին հետ[8]։

Ամուսնութիւն եւ յարաբերութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սալոմէն եւ Ռին կ'անցնին դէպի Պերլին եւ կը բնակին միասին, եւ քանի մը տարի ետք Սալոմէն կ'ամուսնանայ[9] լեզուաբան գիտնականի՝ Քարլ Անտրեասի հետ։ Հակառակ Լուին ընդդիմութիւն ամուսնութեան եւ իր յարաբերութիւնները ուրիշ մարդոց հետ, Սալոմէն եւ Անտրեասը կը մնան միասին 1887 թուականէն մինչեւ Քարլին մահը 1930 թուական։

Այս ամուսնութեան պատճառով տագնապ կը ստեղծուի Սալոմէին եւ Ռիին միջեւ ու ան կ'անհետանայ Լուին կեանքէն։ Իր ամուսնութեան կեանքին ընթացքին, ան յարաբերութիւններ կ'ունենայ Գերմանացի թղթակից եւ քաղաքագէտ՝ Ճորճ Լետպուր եւ Գերմանացի բանաստեղծ՝ Ռէյնըր Մարիա Ռիլք, որոնց մասին ան գրած է վերլուծական յիշատակագիրեր[10]։ Ինչպէս նաեւ յարաբերութիւն ունեցած է հոգեվերլուծող Սիկմոնտ Ֆրոյտին եւ Վիքթոր Թաուսքին հետ։ Այս բոլորը գրուած են իր «Lebensrückblick» վէպին մէջ։ Սակայն Լուն կ'ըսէ թէ իր յարաբերութիւնը Ֆրոյտին հետ մտաւորական էր, հակառակ տարաձայնութիւնները անոնց սիրային յարաբերութեան նկատմամբ։ Նամակի մը մէջ Լուին մասին, Ֆրոյտ գրած է թէ ան կը քաջալերէ Սալոմէին խորունկ հասկացողութիւնը մարդոց հանդէպ եւ նոյնիսկ ըսած է թէ Լուն մարդոց ներքին աշխարհը աւելի լաւ կը հասկնայ ու կը ճանչնայ քան այդ նոյն անձերը[11]։ Երկուքը միշտ նամակներ կը փոխարինէին իրար հետ։

Լուին յարաբերութիւնը Ռիլքին հետ մտերիմ էր։ Անոնք ծանօթացած էին երբ Ռիլքը 21 տարեկան էր եւ մնացած են սիրահարներ եւ աշխատակիցներ մինչեւ Ռիլքին մահը։ Սալոմէն էր որ անոր սկսաւ կոչել «Ռէյնըր» փոխանակ «Ռենէ» անունը, եւ այդպէս ալ կը ճանչցուի մինչեւ մահը։ Լուն անոր սորվեցուցած է Ռուսերէն որպէսզի կարդայ Լէօ Թոլսոյին գիրքերը (որուն ետքը անձնապէս կը ծանօթանայ)։ Սալոմէն նաեւ անոր ներկայացուցած է կարեւոր դէմքերու արուեստի մէջ, ըլլալով անոր խորհրդրակիցը եւ մտերմուհին իր երիտասարդ կեանքին ընթացքին[9]։

Մահը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լու Անտրեաս-Սալոմէին գերեզմանատունը, Կոթինկըն, Գերմանիա:

74 տարեկանին, Լու Անտրեաս-Սալոմէն դադրեցաւ իր աշխատանքէն որպէս հոգեվերլուծող։ Ան սկսաւ ունենալ սրտի հարցեր եւ բազմաթիւ անգամներ կը մնար հիւանդանոցներու մէջ։ Անոր ամուսինը, որ արդէն հիւանդ էր, կ'այցելէր Լուին ամէն օր։ 40 տարուայ ամուսնութենէ ետք, թէ Լուն եւ թէ Քարլը հիւանդանալով, աւելի մտերիմ կը դառնան։ Սիկմոնտ Ֆրոյտը այս մէկը նկատելով, կը գրէ՝ «Այս կը փաստէ կայունութիւնը իրենց իսկական յարաբերութեան:»։

Ֆրիտիրխ Քարլ Անտրեասը կը մահանայ քաղցկեղ հիւանդութենէ 1930 թուականին, իսկ Լուն 1935 թուականին կ'ենթարկուի ծանր քաղցկեղի գործողութիւններու։

5 Փետրուար, 1937 թուականի գիշերը, Լու Անտրեաս-Սալոմէն կը մահանայ արեան թունաւորումի պատճառով իր քունին մէջ, Կոթինկըն, Գերմանիա։ Անոր մարմինը կը զետեղուի իր ամուսինին մարմինին քով, Կոթինկընի գերեզմանատան մէջ։ Լու Սալոմէին յիշատակի տախտակը կը պարունակէ անոր տան հասցէն եւ անոր հոգեվերլուծումի հաստատութեան անունը։ Քանի մը օր առաջ Լուին մահէն, գերմանական քաղաքական գաղտնի ոստիկանութիւնը (կեշտափո-ն) գրաւած էր Սալոմէին գրադարանը որովհետեւ ըլլալով Ֆրոյտին աշխատակիցը, ան ունէր հրեական գիտական գիրքեր եւ հրեայ հեղինակներու վէպեր։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 Roux P. d. Nouveau Dictionnaire des œuvres de tous les temps et tous les pays — 2 — Éditions Robert Laffont, 1994. — Vol. 1. — P. 95. — ISBN 978-2-221-06888-5
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Discogs — 2000.
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 Բրոքհաուզի հանրագիտարան / Hrsg.: Bibliographisches Institut & F. A. Brockhaus, Wissen Media Verlag
  4. 4,0 4,1 4,2 Collinson D. Biographical Dictionary of Twentieth-Century Philosophers — 1996. — ISBN 978-0-415-06043-1
  5. «Lou Andreas-Salome biography»։ Encyclopædia Britannica 
  6. Powell Anthony (1994)։ Under Review: Further Writings on Writers, 1946–1990։ University of Chicago Press։ էջ 440։ ISBN 0-226-67712-5 
  7. Salomé, 2001
  8. Borossa Julia, Rooney Caroline։ «Suffering, Transience and Immortal Longings Salome Between Neitzsche and Freud»։ The Gale Group։ Sage Publications։ արտագրուած է՝ 1 December 2016 
  9. 9,0 9,1 Mark M. Anderson, "The Poet and the Muse", The Nation, 3 July 2006, pp. 40–41.
  10. Andreas-Salomé, 2003
  11. Borossa Julia, Rooney Caroline։ «Suffering, Transience and Immortal Longings Salome Between Nietsche and Freud»։ The Gale Group։ Sage Publications։ արտագրուած է՝ 1 December 2016