Ժան Ժաք Ռուսօ

Ժան Ժաք Ռուսօ
ֆրանսերէն՝ Jean-Jacques Rousseau
Ծնած է 28 Յունիս 1712(1712-06-28)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Ժընեւ, Ժընեւի Հանրապետութիւն[4][5]
Մահացած է 2 Յուլիս 1778(1778-07-02)[1][2][3][…] (66 տարեկանին)
Մահուան վայր Էրմենոնվիլ, Picardy, Ֆրանսայի Թագաւորութիւն[4]
Քաղաքացիութիւն Ժընեւի Հանրապետութիւն
Մայրենի լեզու Ֆրանսերէն
Կրօնք Բողոքականութիւն, Կաթոլիկութիւն եւ Բողոքականութիւն
Երկեր/Գլխաւոր գործ «Էմիլ կամ դաստիարակութեան մասին», «Հասարակական դաշինք», Յուլիա կամ Նոր Էլոիզ? եւ Confessions?
Մասնագիտութիւն փիլիսոփայ, բուսաբան, երգահան, պարուսոյց, գրագէտ, երաժշտագէտ, գրականագետ, վիպասան, ինքնակենսագիր, երաժշտության տեսաբան, մանկավարժ, բնագէտ, թատերագիր, հանրագիտական, Նամակագրութեան հեղինակ, քաղաքագէտ, ակնարկագիր, երաժշտական քննադատ
Ամուսին Թէրէզ Լեվասէօր
Ծնողներ հայր՝ Այզաք Ռուսօ
Ստորագրութիւն

Ժան-Ժաք Ռուսօ (ֆրանսերէն՝ Jean-Jacques Rousseau, Լուսաւորութեան դարաշրջանի ֆրանսացի նշանաւոր փիլիսոփայ, մանկավարժ, երաժշտահան եւ գրող։

ֆրանսական լուսաւորութեան ամէնէն ազդեցիկ գործիչներէն մէկն է։ Ծնած է աղքատ ժամագործի մը ընտանիքին մէջ։ Փոքր տարիքէն զրկուած է ծնողներէն, իսկ հարազատները չեն մտահոգուած անոր կրթութեան ու դաստիարակութեան հարցերով։ Ռուսօ թափառաշրջիկ կեանք մը վարած է, շրջագայած՝ Զուիցերիոյ քաղաքներն ու գիւղերը, հարուստ ընտանիքի մը քով աշխատած է իբրեւ սպասաւոր, որոշ ժամանակ մը ուսած է դպրեվանքի մը եւ աշխատած՝ երաժշտական դպրոցի մը մէջ։

Թափառաշրջիկ կեանքը Ռուսոյին հնարաւորութիւն տուած է մօտէն ծանօթանալու ժողովուրդին իրաւազուրկ վիճակին, անձամբ տեսնելու եւ զգալու աւատատիրական դասին մէջ իշխող ընկերային անհաւասարութիւններն ու անարդարութիւնները, ինչ որ ատելութիւն յառաջացուցած է իր մէջ՝ ազնուականութեան ու հոգեւոր դասին նկատմամբ։

Ռուսոյի հասարակական եւ քաղաքաիրաւական հայեացքները շարադրուած են «Դատողութիւն գիտութիւններու եւ արուեստներու մասին» (1750), «Դատողութիւններ մարդոց միջեւ անհաւասարութեան ծագման մասին» (1755), «Հասարակական դաշինք» (1762), «Էմիլ կամ դաստիարակութեան մասին» (1762), «Դատողութիւններ յաւերժական աշխարհի մասին» (առաջին անգամ հրատարակուած է մահէն ետք, 1782) երկերուն մէջ։

Ռուսօ մեծ ճանաչում գտած է «Դատողութիւն գիտութիւններու եւ արուեստներու մասին» գործը, որ արժանացած է Տիժոնի կաճարի մրցանակին։ Այս գործին մէջ քննադատելով իր ժամանակի հասարակական կարգերը՝ Ռուսօ կը ձգտի ապացուցել, որ քաղաքականութիւնը, գիտութիւններն ու արուեստները ոչ թէ կը ծառայեն հասարակութեան յառաջընթաց զարգացման, այլ կը ստրկացնեն մարդը։ Ան, քննադատելով քաղաքակրթութիւնը, առաջին հերթին կը քննադատէ զայն կրողները, այն քաղաքակրթութիւնը, որուն քօղին տակ ազնուականութիւնը կը թաքցէ այլասերուած բարքերը։ Ռուսօ կը քննադատէ աւատատիրական դասակարգին կեղծ քաղաքակրթութիւնն ու մշակոյթը։

1755-ին լոյս տեսած «Դատողութիւնը հասարակական անհաւասարութեան մասին» գործին մէջ նոյնպէս Ռուսօ կը քննադատէ մշակոյթը եւ քաղաքակրթութիւնը, կը ձգտի ապացուցել, որ ժամանակակից քաղաքակրթութիւնը կը փճացնէ մարդը։ Ան այս գործին մէջ կը փորձէ գտնել քաղաքակրթութեան բարոյալքող ազդեցութեան եւ ընկերային չարիքներու սկզբնապատճառը։

1761-ի սկիզբը լոյս տեսած «Եուլիա կամ Նոր Էլոիզ» գեղարուեստական վէպը, որ ֆրանսական զգացապաշտ գրականութեան առաջին լաւագոյն գործերէն մէկն էր։ Անիկա թարգմանուած եւ տարածուած է Եւրոպայի բոլոր երկիրներուն մէջ։ Իր վէպին մէջ Ռուսօ երկու սիրահարներու ողբերգական սիրոյ մասին խօսելու ատեն կը պաշտպանէ ազատ, դասային սահմանազատում չճանչցող սիրոյ գաղափարը։

1762-ին Ռուսօ կը հրատարակէ իր հռչակաւոր «Հասարակական դաշինք» գործը, ուր ան կ'ապացուցէր, որ անհաւասարութիւնը աճած է քաղաքակրթութեան հետ միասին։

Ռուսոյի միւս հանճարեղ ստեղծագործութիւնը «Էմիլ կամ դաստիարակութեան մասին» ճառախօսութիւն-վէպն է, ուր շարադրուած են հեղինակին մանկավարժական գաղափարները։ Ռուսօ առաջիններէն էր, որ երեխայի զարգացման եւ դաստիարակութեան համար կ'առաջարկէ ուսուցման նոր ձեւեր։

Ռուսօ համակարգուած կրթութիւն երբեք չէ ստացած, կրթութիւն չէ տուած նոյնիսկ իր զաւակներուն, սակայն մինչեւ այսօր անոր գաղափարները ամբողջ աշխարհին կը սորվեցնեն, թէ ինչպէս պէտք է դաստիարակել երեխաները։

Կեանքին վերջին տարիները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կեանքին վերջին տասնամեակին Ռուսօ կը գրէ իր նշանաւոր «Խոստովանութիւն» մեծածաւալ գործը եւ անոր շարունակութիւնը հանդիսացող «Երկխօսութիւն՝ Ռուսօն կը դատէ Ժան-Ժաքը» եւ «Մենակեաց երազողին զբօսանքները» գործերը։

«Խոստովանութեան» մէջ Ռուսօ կը նկարագրէ ոչ միայն իր կեանքին պատմութիւնը, այլեւ՝ իր հասարակական, քաղաքական եւ փիլիսոփայական հայեացքները, Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ ընկերային ու մշակութային կեանքը, հասարակական տարբեր խաւերու կենցաղն ու բարքերը։ Անգերազանցելի ուղղամտութեամբ եւ անկեղծութեամբ հեղինակը կը նկարագրէ իր ներաշխարհը, վերապրումները, տրամադրութիւնները, խոհերն ու զգացումները, հանգամանք մը, որ այդ երկը արժէքաւոր կը դարձնէ նաեւ հոգեբանութեան տեսակէտէն։

Ռուսօ մահացած է 3 Յուլիս 1778-ին։ Թաղուած է Էրմենովիլի մէջ՝ գեղեցիկ լիճի մը մէջ գտնուող «Բարտիներու կղզիին մէջ»։ 1794-ին Ռուսոյի աճիւնը տեղափոխուած է Փարիզի պանթէոնը։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]