Jump to content

Սաղմոսավանք

Սաղմոսավանք

Սաղմոսավանք, Հայկական առաքելական վանական համալիր Հայաստանի Արագածոտնի մարզի Սաղմոսաւան գիւղին մէջ[1]։ Սաղմոսավանքի վանական համալիրը միջնադարեան ամենահարուստ եւ նշանաւոր հոգեւոր կեդրոններէն մէկն է: Այն կառուցուած է 13-րդ դարուն Այրարատեան կողմնակալութեան կողմնակալ Վաչէ Ա. Վաչուտեանի եւ իր իշխանական ընտանիքին կողմէ։Սաղմոսավանքի վանական համալիրը կը գտնուի Հայաստանի Արագածոտնի մարզի Սաղմոսաւան գիւղի, Քասախ գետի ձախ, բարձրադիր գեղատեսիլ հատուածին, Երեւանէն 37 քմ. հեռաւորութեան վրայ:

Սաղմոսավանք բառի հիմքը սաղմոսն է: Սաղմոսը հոգեւոր երգն է: Աշխարհի մէջ միակ վանքն է, ուր հնչած սաղմոսներուն անունով Սաղմոսավանք կոչուած է:

Սաղմոսավանքի դիրքը քարտեզի վրա

Աւանդութեան համաձայն հայոց առաջին կաթողիկոս Գրիգոր Լուսաւորիչը 4-րդ դարուն Արագածի գագաթէն նկատելով այս վայրը՝ եկեղեցի կառուցած է այստեղ:  Այնուհետեւ, նոյն տեղի հոգեւորականները հաւաքելով, անոնց սաղմոսներ սորվեցուցած է:

Գրաւոր աղբիւրներուն մէջ Սաղմոսավանքը կը յիշատակուի 12-րդ դարուի 2-րդ կէսին, երբ Յովհաննէս Մունջ վարդապետը վերանորոգած է զայն եւ հիմնած է դպրոց, որ յետագային դարձած է նշանաւոր գրչութեան կեդրոն:

13-րդ դարուն Զաքարեան իշխաններու կողմէ Արեւելեան Հայաստանը ազատագրելէ ետք այստեղ կը հաստատուի Վաչուտեան իշխանական տոհմը: Վաչուտեանները եկած էին Լոռիէն, բայց իրենց գործունէութիւնը կապուած էր Արագածոտնի հետ, որուն տէրերն էին: Վաչէ Վաչուտեան իշխանը տոհմի առաւել ակնառու ներկայացուցիչներէն մէկն էր: Ան աչքի ինկած է իր տարած բազմաթիւ յաղթական պատերազմներու ընթացքին եւ իր շինարարական գործունէութեամբ: Վաչէ Վաչուտեանը կառուցած է Սանահինի բաց գաւիթը, Կեչառիսի Սուրբ Նշան եկեղեցին, Մակարավանքի գաւիթը, Հոռոմոսի գրատունը, իջեւանատներ, աշխարհիկ եւ հոգեւոր այլ շինութիւններ:

Սուրբ Սիոն եկեղեցւոյ արեւմտեան մուտքի ճակատին գրուած արձանագրութեան համաձայն 1215 թուականին Վաչէ Վաչուտեան իր կնոջ Մամախաթունի հետ կառուցած է եկեղեցին՝ ի յիշատակ ամիրսպասալար Զաքարէ Մեծի եւ ի պահպանութիւն կենաց անոր որդի Շահնշահ Զաքարեանի։Եկեղեցին արտաքին տեսքով ուղղանկիւն է, ներսէն խաչաձեւ եւ կեդրոնագմբեթ եւ բոլոր անկիւնները տեղադրուած են երկյարկ աւանդատներ: Սուրբ Սիոն եկեղեցւոյ ճարտարապետին անունը Մոմիկ էր:

Սաղմոսավանքի գաւիթը կառուցուած է 13-րդ դարու առաջին քարորդին դարձեալ Վաչէ Վաչուտեանի կողմէ: Ինքնատիպ են գաւիթի հարաւային ճակատի զոյգ խոշոր լուսամուտները եւ երդիկի վրայ բարձրացող վեց սիւներով ռոտոնդան:

Սուրբ Սիոն եկեղեցւոյ հարաւային կողմը Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին է՝ կառուցուած Վաչէ Վաչուտեան իշխանի որդի՝ Քուրտ Վաչուտեանի կողմէ 1235 թուականին: Կառոյցը ունի ուղղանկիւն յատակագիծ, իսկ արեւելեան մասը խորանով թաղիքածածկ շինութիւն է: Պատին վրայ պատկերուած են ծագող արեւի եւ ճառագայթներու հարթաքանդակը, հրեշտակը եւ իշխանական զինանշանը՝ գառանը ճանկած արծիւը: Ճարտարապետը օգտագործած է նաեւ գունաւոր ձեւաւորում: Որոշ մասերը կարմիր եւ սեւ քարերով շարուած են եւ ներկուած սպիտակ, դեղին եւ կարմիր ներկերով, որ շքեղութիւն տուած է շինութեան:


1255 թուականին Վաչէի որդին՝ իշխան Քուրտ Վաչուտեանը եւ անոր տիկինը՝ Խորիշահը կառուցած են Սաղմոսավանքի գրատունը, որուն հարաւային պատի շինարարական արձանագրութեան համաձայն՝ նուիրած են իրենց վաղամեռիկ դստեր յիշատակին եւ անոր արեւմտեան ճակատին խաչքարեր կը գտնուին։13-րդ դարուն այս գրատան մէջ 120 ձեռագիր մատեան պահուած է:

1890 թուականին՝ Մկրտիչ Խրիմեան, վանքը նորոգել տուած է։ Սակայն խորհրդային տարիներուն Ս․ Սիոն եկեղեցին դադրած է գործածութենէ։ Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա․ Հայրապետի հոգածութեամբ՝ Սաղմոսավանքը հիմնովին նորոգուած է 2001 թուականին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]