Մխիթար Գօշ

Մխիթար Գօշ
Ծնած է 1130[1], 1120[2] կամ 1120-ականներ[3]
Ծննդավայր Գանձակ[3]
Մահացած է 1213[2][3]
Մահուան վայր Գոշավանք[3]
Ազգութիւն Հայ[3]
Մասնագիտութիւն Փիլիսոփայ, իրաւաբան, առակագիր, ուսուցիչ, հասարակական գործիչ, վանական, բանաստեղծ

Մխիթար Գօշ, հայ մտածող–գիտնական, օրէնսդիր, առակագիր, հոգեւորական, մանկավարժ, հասարակական գործիչ։

Մխիթար Գոշի առականերով 12–րդ դարուն հայ գրականութեան մէջ մուտք գործած է ժողովրդական բանարուեստի տեսակը՝ առակը, որ իր հետ բերած է նաեւ ժողովրդական ոգի եւ մտածողութիւն, ազդարարելով գրականութեան աշխարհականացման կարեւոր փուլ մը։

Մ. Գօշի իմաստութեան համբաւը այնքան հռչակուած է, որ շատերը հեռաւոր վայրերէ եկած են աշակերտելու անոր։ Ան մեծ հեղինակութիւն վայելած է ոչ միայն մտաւորականներու, այլեւ ժամանակի քաղաքական եւ պետական գործիչներու շրջանին, եղած է Զաքարէ Երկայնաբազուկի խոստովանահայրն ու խորհրդատուն։ Միջնադարուն անոր մասին պատմուած են աւանդութիւններ, որոնց մէջ ան սրբացուած է։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սկսած է սորվիլ ծննդավայրին մէջ։ Չափահաս դառնալով՝ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ։ Աշակերտած է Յովհաննէս Տաւուշեցիին եւ ստացած է վարդապետի կոչում։ Այնուհետեւ Մ. Գօշը գացած է Կիլիկիա։ Կորսնցնելով վարդապետական աստիճանը, ուսանած է Սեւ լերան երեւելի գիտնականներու մօտ եւ վերստին ստացած է վարդապետի աստիճան։ Վերադառնալով հայրենիք՝ սկիզբը ապրած է Գանձակի մէջ, սակայն ինչ-ինչ տարաձայնութիւններու պատճառով անոր եւ Աղուանէն Ստեփանոս կաթողիկոսի յարաբերութիւնները վատացած են, եւ Մ. Գօշը տեղափոխուած է Հաթերքի իշխան Վախթանգի մօտ Խաչէն, այստեղէն ալ՝ Նոր Գետիկի վանքը։ Որոշ ժամանակ անց երկրաշարժէն աւերուած են վանքն ու շրջակայ գիւղերը։ Ամիրսպասալար Զաքարէ եւ Իվանէ Զաքարեան իշխաններու հովանաւորութեամբ Գետիկէն ոչ հեռու՝ Տանձուտա ձորին մէջ կառուցած են Նոր Գետիկ վանքը եւ հանգրուանած են այնտեղ։ Այնտեղ ան բացած է իր դպրոցը։ 1196-1198 գացած է Երուսաղէմ ուխտագնացութեան։ Մասնակցած է 1205-ի Լոռէի եւ 1207-ի Անիի եկեղեցական ժողովներուն։ Ժամանակակիցներն ու հետագայ սերունդը Մ. Գօշի անունը յիշած են յարգանքով եւ ակնածանքով, անոր մեծարած են՝ «այր իմաստուն ու հեզ», «վարդապետական ուսմամբ հռչակեալ», «մեծ վարդապետ», «հռչակաւորն եւ մեծ իմաստուն գիտութեամբ» պատուանուններով։ Մահացած է 1213 թուականին՝ Նոր Գետակի մէջ (այժմ՝ Հայաստանի Գօշ գիւղին մէջ)։ Մխիթար Գօշի մահէն ետք իր կողմէն հիմնուած Նոր Գետիկի վանքը վերանուանուած է Գօշավանք (Գօշի վանք)։ Վանաձոր քաղաքին մէջ կը գործէ Մխիթար Գօշի անուան հայ-ռուսական միջազգային համալսարանը։

Ստեղծագործական աշխատանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մատենագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մ. Գօշին կը պատկանին մատենագրութեան զանազան ճիւղերուն վերաբերող մօտ մէկ տասնեակ աշխատութիւններ. «Համառօտ մեկնութիւն մարգարէութեանն Երեմիայի», «Ողբք ի վերայ բնութեանս՝ ի դիմաց Ադամայ առ որդիս նորա», «Յայտարարութիւն ուղղափառութեան հաւատոյ ընդդէմ ամենայն հերձուածողաց՝ ի խնդրոյ մեծ զօրավարին Զաքարէի եւ եղբօր իւրոյ», «Թուղթ խրատականք», «Շարք հայրապետացն Աղուանից», աղօթքներ, առակներ։ Ուշագրաւ են «Յայտարարութիւն»–ը, որ Զաքարէին եւ Իվանէին ուղղուած գրութիւն է, որով հեղինակը հորդորած է անոնց մեղմելու հայ եւ վրաց եկեղեցիներու տարբերութիւններու պատճառով եղած բամբասանքներու ազդեցութիւնը այդ երկու ժողովածուներու քաղ. համակեցութեան վրայ, եւ «Շարք հայրապետացն Աղուանից»–ը, միակ աղբիւրը, որտեղ համառօտ շարադրուած է Աղուանքի 11-12 րդ դարու պատմութիւնը։

Օրենսդրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բացառիկ արժէք կը ներկայացնեն Մխիթար Գօշի Դատաստանագիրքը եւ առակներու ժողովածուն։ Մ. Գօշը հասարակական կեանքին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները Դատաստանագիրքին մէջ փորձած է կարգաւորել օրէնսդրական միջոցներով։

Միջնադարուն Դատաստանագիրքը թարգմանուած է լատիներէն, լեհերէն եւ վրացերէն լեզուներով, կիրառուած է հայ գաղթօջախներուն մէջ։

Առակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անոր առակներու նիւթը հիմնականօրէն հասարակական եւ կենցաղային խնդիրներն են, դասակարգերու, դասերու եւ խաւերու, անհատներու փոխյարաբերութեան հարցերը, որոնք նոր էին հայ գրականութեան մէջ։ Այստեղ արտացուլուած է դարաշրջանի հասարակութեան պատկերը բազմազան գիծերով։ Առակագիրը կը շօշափէ խնդիրներ, որով անոր ժողովածուն առանձին կարեւորութիւն կը ստանայ ժամանակի սոցիալ–պատմական իրադրութեան պարզաբանման համար։ Շարք մը առակներուն մէջ կ'երեւի հասարակական շերտաւորումը եւ սոցիալական պայքարի առկայութիւնը։ Մարդիկ կը դատեն եւ կը դատապարտեն իշխանները, կը տրտնջան թագաւորներէն, նոյնիսկ՝ աստուծմէ։ Սակայն հեղինակին կարծիքով, ժողովուրդը պէտք է հնազանդի իշխողներուն, իսկ վերջիններս պարտաւոր են անոր պահպանել օտար կեղեքիչներէն եւ վտանգներէն։ Առակներուն մէջ եւս Մ. Գօշը կեդրոնացած ուժեղ պետականութեան գաղափարը կ'արծածէ։

Մխիթար Գոշի կողմէ հիմնադրուած վանքը՝ Գոշավանքը։

Մ. Գօշը իր ժողովածուն կազմած է ուսուցողական նպատակներով։ Անոր համար առակը հրապարակախօսութեան միջոց է՝ դրուատելու առաքինութիւնները, ծաղրելու պակասութիւնները, յիմարութիւնը եւ տգիտութիւնը, խարազանելու չարիքը։ Ժողովածուն ունի կուռ կառուցուածք. կը պարունակէ 190 առակ, որոնք երեք գլխաւոր բաժիններուն մէջ դասաւորուած են որոշակի կարգով, ըստ գործող անձանց կամ նիւթի՝ երկնային մարմիններ եւ երկիր, ծառեր, բոյսեր եւ ծաղիկներ, միրգեր, լեռ, գետ, աղբիւր, ջրային եւ ցամաքային կենդանիներ, թռչուններ, մարդիկ։ Բարոյականք կոչուած առակներու նիւթը բոյսերու եւ կենդանիներու յատկութիւններն են, բարքը, որ հեղինակը կը դնէ իբրեւ առակի պատմողական մաս եւ ատկէ կը հանէ բարոյախօսական եզրակացութիւն։ Այդ պատճառով ալ այս խումբի առակները մեծ մասամբ սակաւ գործողութեամբ այլաբանական համեմատութիւնն են։ Գործողութիւնը զօրաւոր առասպելական եւ ստեղծական կոչուած առակներուն մէջ, որոնց նիւթը քաղուած է կենդանիներու եւ մարդոց կեանքէ։ Առասպելական, մասամբ եւ ստեղծական առակներուն մէջ Մ. Գօշը կը վերցնէ այնպիսի գործող անձեր, որոնց սոսկ անունները պատրաստի հասկացութիւններ են. աղուէս՝ խորամանկութիւն, նապաստակ՝ վախկոտութիւն, արջ՝ միամտութիւն–յիմարութիւն եւայլն։ Անոր առակներու ժողովածուն առաջին արձակ ստեղծագործութիւնն է հայ գրականութեան մէջ, որ գրուած է իբրեւ գրական–գեղարուեստական երկ։ Այս իմաստով Մ. Գօշը գեղարուեստական արձակի հիմնադիրն է հայ գրականութեան մէջ։

Աշխատութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թարգմանութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. opac.vatlib.it
  2. 2,0 2,1 Չեխիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 Հայկական սովետական հանրագիտարանԵրևան: 1981. — հատոր 7. — է. 630–631.