Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Արաքսի Պուլղուրճեան Կեդրոն
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի (ԼՕԽ) «Արաքսի Պուլղուլճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը Լիբանանի Պուրճ Համուտի մէջ շրջանի եւ շրջակայքի հայ եւ օտար հասարակութեան ընկերային, առողջապահական եւ բժշկական սպասարկութիւններ մատուցող կառոյց է։ Հիմնուած է 1987-ին:
Հիմնադրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1978-1979-ի ժամանակահատուածին, Լիբանանի Օգնութեան Խաչին մաս կազմող եղբայրներ Սարգիս, Յարութիւն եւ Մելքոն Պուլղուրճեան կը յայտնեն իրենց փափաքը իրենց մահացած մօր յիշատակին կառուցելու մայրանոց մը, որպէսզի նիւթապէս դժուարութիւններ ունեցող մայրերը կարենան ծննդաբերել լաւագոյն պայմաններու մէջ։ Լիբանանի Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը բարերարներուն հետ համակարգումներ կատարելէ ետք, կ’որոշեն իրականացնել ծրագիրը։ Վայրը կը ճշդուի Պուրճ Համուտ շրջանը, որ հայահոծ է։ Այս ծրագիրը գործնականացնելու նպատակով կը կազմուի յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմեն բժիշկներ Յարութիւն Արմէնեան, Վազգէն Տէր Գալուստեան եւ Վարուժան Սահակեան։
Ժողովրդային մթնոլորտի շօշափումէն ետք, յանձնախումբը կը կատարէ ուսումնասիրութիւն մը, որուն միջոցով կը բացայայտուի, թէ ժողովուրդին առաջնահերթ կարիքը բժշկական կեդրոն-դարմանատունն է, երկրորդը՝ ատամնաբուժարան մը, երրորդը՝ ընկերային կարիքներու օժանդակութեան գրասենեակը, չորրորդը՝ մայրանոցը, իսկ հինգերորդը՝ խաղավայրը։ Ուստի, կ’որոշուի հաստատել դարմանատուն մը եւ կ՛առնուի բարերարներուն արտօնութիւնը։ 18 Մայիս 1985-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ․ Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ Լիբանանահայութեան առաջնորդ Արամ եպս․ Քէշիշեանի (այժմու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ Կաթողիկոս) նախագահութեամբ կը կատարուի հիմնարկէքի արարողութիւնը։ Հայաստանէն կը բերուին հող եւ ժայռի կտոր մը, խաչ մը, եռագոյն դրօշ եւ թղթիկի մը վրայ կաթողիկոսին, առաջնորդին, բարերարներուն եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն անունները, ինչպէս նաեւ շինութեան թուականը։ Այս բոլորը կը տեղադրուին փոսին մէջ, ուր Գարեգին Բ․ Կաթողիկոս կը լեցնէ շաղախը։ Լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումով, շէնքին գինը երեք անգամով կ՛աւելնայ, սակայն գործը կը շարունակուի եւ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու ներդրումով, Ալեք Մանուկեանի նուիրատուութեամբ, Յակոբ եւ իր տիկնոջ Պելլա Էսմէրեաններու համոյթի շահոյթի տրամադրումով եւ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան յատկացումով, կ’ամբողջանայ գումարը։ Շինարարական աշխատանքներու ընթացքին, Գարեգին Բ․ Սարգիսեան կաթողիկոսի ջանքերով «Հաց աշխարհին համար» գերմանական եկեղեցական կազմակերպութիւնը կը յատկացնէ յաւելեալ գումար մը, որ ի սպաս կը ծառայէ կեդրոնի աշխատանքներու կահաւորման ու գործիքներու ապահովման։ Նոյն ատեն, Կիրակոս Թնճուքեան կը ստանձնէ կեդրոնի չորրորդ յարկին վրայ նախատեսուող սրահի շինարարական եւ սարքաւորման ամբողջական ծախսերը։ Կեդրոնի հիմնարկէքէն երկու տարի ետք՝ 2 Յունիս 1987-ին կը կատարուի կեդրոնին բացումը։ Բարերարներու փափաքով, ԼՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնը կ’անուանի բարերարներու մօր՝ Արաքսի Պուլղուրճեանի անունով։
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, կեդրոնի կարիքները կը կրկնապատկուին, իսկ պատերազմէն ետք, հետեւանքները այնքան ծանր կ’ըլլան, որ տագնապը կը շարունակուի եւ կեդրոնին կարիքը կը մնայ այժմէական մինչեւ այսօր։
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը, հիմնուած է Լիբանանի Պուրճ Համուտ հայահոծ շրջանին մէջ, 1987-ին:Իր հիմնադրութենէն ի վեր , երկար տարիներու վրայ գործածած է ու կը գործէ Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանին մէջ, եւ շնորհիւ լիբանանահայ գաղութի բարերարներու ազնիւ նուիրատութիւններու նիթական օժանդակութեան եւ աջակցութեան՝ կը տանի ընկերային եւ առողջապահական գործունէութիւն՝ ծառայելով ընդհանրապէս լիբանանցի ժողովուրդին եւ յատկապէս հայ ժողովուրդի զաւակներուն: ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնը բաղկացած է 10 բաժանմունքներէ, որոնք օժտուած են արդիական կազմածներով, սարքերով եւ օրական դրութեամբ անխտիր կ'ընդունի բոլոր խաւերէն իրեն դիմող պարագաները՝ (շուրջ 225-250 պարագաներ), ունին ամբողջական բժշկական, դարմանողական ու ախտորոշման բարձրորակ սպասարկութիւններ: ԱՊԸԲ կեդրոնը տարուէ տարի զարգանալով եւ բարգաւաճելով՝ ընդլայնած է իր սպասարկութիւններուն գործելադաշտը եւ արժանացած է լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութեան բարձր գնահատանքին, ինչպէս նաեւ ճանչցուած է որպէս բարձրորակ մակարդակով եւ նպաստաւոր պայմաններով սպասարկութիւններ մատուցող լիբանանի գերազանց եւ լաւագոյն ընկերաբժշկական կեդրոններէն մէկը: Այսօր ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնը մաս կը կազմէ լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութեան «Նախնական առողջապահական խնամք/հոգատարութիւն» մատուցող կեդրոններու համացանցին (Primary Health Care Center). Այս գծով մեծ աշխատանք տարուած է եւ տակաւին կը տարուի միջազգային չափանիշներն ու արժեչափերը որդեգրելու եւ կեդրոնի սպասարկութիւններուն մակարդակն ու որակը աւելի եւս բարելաւելու եւ իսկական վարաւորման (Accreditation) աշխատանքի երկրորդ հանգրուանի ծրագիրը անցընելու:
Բաժանմունքներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը, հիմնուած է Լիբանանի Պուրճ Համուտ հայահոծ շրջանին մէջ, 1987-ին:Իր հիմնադրութենէն ի վեր , երկար տարիներու վրայ գործածած է ու կը գործէ Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանին մէջ, եւ շնորհիւ լիբանանահայ գաղութի բարերարներու ազնիւ նուիրատութիւններու նիթական օժանդակութեան եւ աջակցութեան՝ կը տանի ընկերային եւ առողջապահական գործունէութիւն՝ ծառայելով ընդհանրապէս լիբանանցի ժողովուրդին եւ յատկապէս հայ ժողովուրդի զաւակներուն: ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնը բաղկացած է 10 բաժանմունքներէ, որոնք օժտուած են արդիական կազմածներով, սարքերով եւ օրական դրութեամբ անխտիր կ'ընդունի բոլոր խաւերէն իրեն դիմող պարագաները՝ (շուրջ 225-250 պարագաներ), ունին ամբողջական բժշկական, դարմանողական ու ախտորոշման բարձրորակ սպասարկութիւններ: ԱՊԸԲ կեդրոնը տարուէ տարի զարգանալով եւ բարգաւաճելով՝ ընդլայնած է իր սպասարկութիւններուն գործելադաշտը եւ արժանացած է լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութեան բարձր գնահատանքին, ինչպէս նաեւ ճանչցուած է որպէս բարձրորակ մակարդակով եւ նպաստաւոր պայմաններով սպասարկութիւններ մատուցող լիբանանի գերազանց եւ լաւագոյն ընկերաբժշկական կեդրոններէն մէկը: Այսօր ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնը մաս կը կազմէ լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութեան «Նախնական առողջապահական խնամք/հոգատարութիւն» մատուցող կեդրոններու համացանցին (Primary Health Care Center). Այս գծով մեծ աշխատանք տարուած է եւ տակաւին կը տարուի միջազգային չափանիշներն ու արժեչափերը որդեգրելու եւ կեդրոնի սպասարկութիւններուն մակարդակն ու որակը աւելի եւս բարելաւելու եւ իսկական վարաւորման (Accreditation) աշխատանքի երկրորդ հանգրուանի ծրագիրը անցընելու:
- Դեղարան
- Շողանկարում
- Շտապ օգնութիւն
- Մարձում
- Հիւանդատար կառքեր
- Ընկերային ծառայութեան գրասենեակ
- Բժշկական դարմանողական սպասարկութիւն
- Ակնաբուժարան
- Ատամնաբուժարան
- Տարրալուծարան
Նախազգուշական եւ Հանրային Առողջապահութեան Բաժանմունք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը կը գործէ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին հետ: Կեդրոնը ունի նաեւ հետեւեալ բաժանմունքները՝
- Ըներային ծառայութեան բաժանմունք
- Շտապ օգնութեան բաժանմունք
- Դեղարան
- Շողանկարումի բաժանմունք
- Հիւանդատար կառքի բաժանմունք
- Բնաբուժութիւն/Մարձումի բաժանմունք
- Բժշկական բաժանմունք
- Ատամնաբուժարանի բաժանմունք
- Տարրալուծարանի բաժանմունք
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Լիբանանի Օգնութեան Խաչի պաշտօնական կայքէջ:
- ԶԳՈՅՇ Առողջապահական-նախազգուշական պարբերաթերթ, Գ. ՏԱՐԻ, ԹԻՒ 1, 2017