Աշրաֆիէ






Աշրաֆիէ, (Արաբերէն: الأشرفية) Պէյրութ, Լիբանանի շատ հին շրջաններէն մէկը: Այդ կը պատկանի խումբ մը Յոյն Լուսաւորչական Քրիստոնեայ Լիբանանցի ընտանիքներու որ իշխած ու կառավարած են այդ շրջանը դարեր ի վեր[1]:
Ընդհանուր տեղեկութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աշրաֆիէն կը գտնուի Պէյրութի արեւելեան բաժինը, գետափին մօտ: Այս շրջանը թէ բնակութեան եւ թէ առեւտրական բաժիններով լեցուն է ու նշանաւորէ իր նեղ հովային թաղերով, փոքրիկ սրճարաններով, հարուստ ու մեծ յարկաբաժիններով եւ գրասենեակներու շէնքերով: Աշրաֆիէն կարեւոր ու առաջնահերթ շրջան մըն է դրամարկութեան եւ զբօսաշրջիկութեան։
Մինչեւ 1930-ական թուականներուն, Աշրաֆիէն կը բաղկանար ագարակներէ որ կը պատկանէին Յոյն Լուսաւորչական Քրիստոնեայ հողագործերու որ կը տիրապետէին երկիրը դարեր ի վեր: Լիբանանեան կառավարութիւնը, որ այն ժամանակ կը գտնուէր Ֆրանսական հովանաւորութեան տակ, բաժնեց այն շրջանը որպէսզի կառուցէ ճամբաներ եւ պողոտաներ ստիպելով այս ընտանիքներուն որ ծախեն մաս մը իրենց հողերէն ու հարստութիւններէն:
Աշրաֆիէն առաջ տիրապատուած էր 7 տնտեսական եւ ընկերային Յոյն Լուսաւորչական Քրիստոնեայ ընտանիքներէ որ կը կազմէին Պէյրութի բարձր դասակարգը: Թրատ, Ֆերնէյն, Արաման, Պուսթրոս, Սուրոսոք, Ֆայյատ եւ Թուէյնի: Սակայն անուններուն ցանկը երբեք չէ ճշդուած:
Շրջանը բաժնուած է քանի մը փոքրիկ շրջակայքերէ: Անոր ամէնէն կարեւորներն են՝ Սասին Կեդրոնը, որ ամէնէն նշանաւոր քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական շրջաններէն մէկն է ամբողջ Լիբանանի մէջ, St Nicolas, ուր կը գտնուին կարեւոր շէնքեր, օրինակ Սուրսոք տունը եւ թանգարանը, Թապարիս, անոր կարեւոր շէնքերը, օրինակ՝ 812 Թապարիս, Աշրաֆիէի աշտարակը, Եարետ շէնքերը, Մեթրոփոլիս, L'Hermitage, Sight II, Պէյրութի բարձրութիւնները, Ֆայյատ շէնքերը, Ֆալ աշտարակները, Jardins de Tabaris:
Լիբանանի քաղաքական պատերազմին ընթացքին, ռումբերն ու հրթիռները ջնջեցին մաս մը Աշրաֆիէի ճարտարապետական հնութիւնները: Պատերզամը վերջացաւ ու ռումբերը կ'եցան, սակայն պատմական ու նշանաւոր շէնքերը մնացին աւերակներու տակ: Ամէն օր Աշրաֆիէի հին շէնքերը կը կործանուին որպէսզի կարուցուին նոր շէնքեր: Երկար աշտարակներ կը փոխարինեն հին շէնքերը: Այս հին շէնքերը ոչ միայն ունին ճարտարապետական արժէք, այլ նաեւ տնտեսական:
Մինչեւ հիմա, ճարտարապետական հնութիւններ կը գտնուին նոր շէնքերու մէջ, սակայն ճարտարապետները անտեսեցին այդ մէկը: Հնութեան գործիչները կը փորձեն իրենց լաւագոյնը պաշտպանելու մնացած հին Լիբանանեան տունիկները Աշրաֆիէի մէջ։ Սակայն, իրենց ճիգերն ու ջանքերը անպէտ են որովհետեւ Լիբանանի մէջ չգտնուիր օրէնքներ որ կը պաշտպանեն ու պահպանեն հին տունիկները:
Լիբանանի քաղաքական պատերազմին ընթացքին, որ սկսած էր 1975 թուականին, Աշրաֆիէն դարձաւ հսկայ ռազմագիտական կեդրոն Քրիստոնեայ ուժերուն: Լիբանանի ուժերէն մեծ թիւ մը կը բնակէին հոն առաջնորդուած Պաշիր Ժեմայէլի կողմէ:
13 Օգոստոս, 2009 թուականին յայտրարուեցաւ թէ Աշրաֆիէին Sodeco թաղամասին մէջ պիտի կառուցուի Լիբանանի ամէնէն երկար աշտարակը՝ «Սամա Պէյրութ», 200 մեթր:
Ուսումնարաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սկզբնական ու եկրորդական վարժարաններ:
- Մեծ եկրորդական Ֆրանսա-Լիբանանեան վարժարան[2]:
- Սաժես դպրոցը:
- Մեծ Աւետարանան Պէյրութի դպրոց[3]:
- Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան:
Համալսարաններ:
Նշանաւոր մարդիկ Աշրաֆիէէն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- Պաշիր Ժեմայէլ, Լիբանանի նախագահներէն մէկը որ սպանուեցաւ Սուրիական ուժերուն կողմէ Աշրաֆիէի մէջ:
- Ժպրան Թուէյնի, նախկին խմբագիր եւ հրատարակողը «Ան-Նահար» օրաթերթիկին: Սպանուեցաւ Սուրիական ուժերուն կողմէ, Մքալլեսի մէջ:
- Նայլա Թուէյնի, խորհրդական ժողովի անդամ եւ հրատարակողը «Ան-Նահար» օրաթերթիկին:
- Ճօ Քուտէիհ, գրագէտ, դերասան եւ բեմադրիչ:
- Նէնսի Աժրամ, երգչուհի:
- Սամիր Ասսաֆ, գլխաւաոր գործադիր պաշտօնեայ HSBC պանքերու:
Նշանաւոր թաղամասեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- Սասին Կեդրոն
- Ժմէյզի
- Կուրաուտ փողոց
- Մոնօ փողոց
- Սիուֆի
- Սուրսոք
- Escalier de l'Art
- Հուվելին փողոց
Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ God has ninety-nine names By Judith Miller, page 246
- ↑ Home page. Grand Lycée Franco-Libanais. Retrieved on December 13, 2016. "Rue Beni Assaf B.P. 165-636 Achrafieh 1100 2060 - Beyrouth"
- ↑ Home page