Jump to content

Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի

Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի աշխատութիւնը՝ Մովսէս Կաղանկատուացիի, հայկական մատենագրութեան մէջ Զէնոբ Գլակի եւ Յովհան Մամիկոնեանի աշխատութենէն («Պատմութիւն Տարօնոյ») յետոյ, երկրորդը՝ «Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի» գիրքն է, որ կը վերաբերի հայկական մէկ այլ ընդարձակ երկրամասի՝ «Հայոց Արեւելից Կողմանց» պատմութեան։ Ուսումնասիրողները ցոյց կու տան, որ այս աղբիւրը հայ հեղինակներուն թէեւ ծանօթ եղած է Ը. դարէն սկսեալ, սակայն առաջինը որ անոր մասին կը յիշատակէ, Ժ. դարուն Անանիա Ա. Մոկացի Կաթողիկոսն է (946-968թթ.) եւ Ուխտանէսը, առանց աշխատութեան հեղինակին անունը տալու։ Նոյն ձեւով կը վարուի նաեւ ԺԲ. դարուն՝ Մխիթար Անեցի, որ իր ժամանակագրութեան մէջ՝ «Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի» գիրքը կը տեղադրէ Սեբէոսէն յետոյ Է. դար եւ Ղեւոնդէն առաջ Ը. դար։

Առաջին անձնաւորութիւնը որ կը նշէ յիշեալ Պատմութեան հեղինակին անունը՝ Մխիթար Գոշն է։ Ան եւ իր աշակերտը Վանական Վարդապետ՝ «Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի» գիրքի հեղինակ կը համարեն Մովսէս Դասխուրանցի անունով անձնաւորութիւն մը Ժ. դար։ Իսկ նոյն ժամանակներուն՝ Կիրակոս Գանձակեցի Աղուանքի պատմութեան հեղինակին ուղղակի կ՚անուանէ՝ Կաղանկատուացի։ Ուսումնասիրողները արդարացիօրէն կը գտնեն, որ հմուտ պատմիչը այդպէս վարուած է նկատի ունենալով Աղուանից Պատմութեան Բ. գիրքի՝ ԺԱ. գլուխին մէջ, Կաղանկատուք գիւղի վերաբերեալ հեղինակի ըսած խօսքերը՝ «յորմէ եւ ես» ։

Այսպիսով ԺԳ. դարէն սկսեալ, Մովսէս Կաղանկատուացի կը ճանչցուի որպէս՝ «Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի» երկի հեղինակ։

Մովսէս Կաղանկատուացի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնական յօդուած՝ Մովսէս Կաղանկատուացի

Մովսէս Կաղանկատուացի (900, Կաղանկատոյք), 7-րդ դարու հայ պատմիչ։ Ծնած է Կաղանկատոյք գիւղին մէջ[1]։ Կը համարուի «Աղուանից աշխարհի պատմութիւն» գիրքի շարահարողը, որ կազմուած է տարբեր դարերու գրուած կարճ պատմութիւններէ, նամակներէ, իշխաններու եւ սուրբերու կենսագրութիւններէ[2]։ Մովսէս Կաղանկատուացիի աշխատութեան մէջ հարուստ տեղեկութիւններ կան Հայաստանի, յատկապես «արեւելից կողմանց»՝ Արցախի եւ Ուտիքի վաղ միջնադարեան պատմութեան մասին։ Արժէքաւոր են նաեւ անոր յայտնած տեղեկութիւնները Անդրկովկասի, Բիւզանդիոյ եւ Պարսկաստանի մասին։ Գիրքի յետագայ՝ 10-րդ դարու ենթադրեալ շարահարողը Մովսէս Դասխուրանցին է։

«Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի» աշխատութեան եւ հեղինակին մասին բանասիրական տարաձայնութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
«Պատմութիւն Աղուանից աշխարհի» աշխատութեան առաջին հրատարակութիւն, 1860

Այս աշխատութեան եւ անոր հեղինակին մասին մատենագրութեան մէջ պահպանուած ոչ միանման տեղեկութիւններու հետեւանքով, ուսումնասիրողներու շրջանակին մէջ յառաջացած են բանասիրական կարգի տարաձայնութիւններ, որոնք յատկապէս բորբոքած էին հեղինակին ապրած ժամանակաշրջանի հարցը որոշելու կապակցութեամբ։

Այդ պատճառով ոմանք Մովսէս Կաղանկատուացին համարած են Ժ. դարու, ոմանք ալ Է. դարու հեղինակ։ Այժմ բաւական հիմնաւոր կերպով կը գերիշխէ այն կարծիքը, որ հայ պատմիչ Մովսէս Կաղանկատուացի ապրած ու իր գիրքը գրած է Է. դարուն, իսկ Ժ. դարուն՝ զայն լրացուցած, խմբագրած ու վերջնական ձեւի բերած է Մովսէս Դասխուրանցին։ Հարկ է նշել, որ այսպիսի եզրայանգման համար բաւական հաստատուն տուեալներ մենք կը գտնենք նոյնինքն Պատմութեան մէջ։

Այսպէս, գիրքի երկրորդ հատորի ‏ԺԴ. գլուխին մէջ, հեղինակը հանգամանօրէն շարադրելով 628 թուականին Շաթի՝ Աղուանքի մէջ կատարած ասպատակութիւններուն եւ Աղուանից Կաթողիկոս Վիրոյի՝ այդ բռնակալին զօրակայանը երթալու մանրամասնութիւնները, կ՚օգտագործէ՝ «Այն օրերը այսպէս վրայ հասան մեզ», «մեր երկրի վերաբնակիչներէն», «այնտեղ տեսանք», «մեզ կը վերաբերէին ինչպէս սիրելի եղբայրներու», եւ նմանօրինակ արտայայտութիւններ, զորս կրնային ըլլալ միա՛յն եւ միա՛յն ժամանակակիցին եւ Վիրոյի հետ բանակցութիւններուն մասնակցած անձնաւորութեան մը կողմէ։

Հեղինակը ժամանակակիցի ու ականատեսի նոյնանման նկարագրութիւններ ունի նաեւ նշուած հատորի ԺԸ. գլուխին մէջ։ Այն հանգամանքը, որ Մովսէս Կաղանկատուացի մօտիկ յարաբերութիւններու մէջ եղած է «Հայոց Արեւելից Կողմանքի» հոգեւոր եւ աշխարհիկ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ (Կաթողիկոս Վիրօ, մեծ իշխան Ճիւանշիր), թերեւս հնարաւորութիւն տայ ենթադրելու, որ այդպիսի պատիւի ան կրնար արժանանալ իր գիտելիքներուն, մեծ հեղինակութեան եւ հաւանաբար նաեւ կրօնական բարձր տիտղոս ունենալուն համար։

Ահա այն սուղ կենսագրական տուեալները, որոնք յայտնի են Աղուանից պատմութեան հեղինակին մասին։

Մովսէս Կաղանկատուացիի «Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի» աշխատութեան մասերը որպէս պատմագրական սկզբնաղբիւր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս աշխատութիւնը հայկական միւս պատմագրական երկերուն պէս, մշտապէս գրաւած է ընթերցողներու ուշադրութիւնը։ Այդ պատճառով ալ յետագային տարբեր անձնաւորութիւններ անոր կցած են՝ հայ Կաթողիկոսներու ցուցակը եւ զայն ամբողջացուցած են Արցախի եւ Ուտիքի պատմութիւններով, եւայլն։

«Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի» աշխատութիւնը բաղկացած է երեք մասերէ, զորս հեղինակը կ՚անուանէ՝ Առաջին, Երկրորդ եւ Երրորդ Հատորներ։ Համապատասխանաբար այդ հատորները կը բաժնուին՝ 30, 52 եւ 24 գլուխներու, որոնք բոլորն ալ ունին իմաստաւորուած վերնագրեր։

Առաջին եւ Երկրորդ Հատորները գլխաւորաբար կը վերաբերին Է. դարու իրադարձութիւններուն, որոնց մէկ մասին Մովսէս Կաղանկատուացիին ականատես ըլլալը զգալիօրէն կը բարձրացնէ գիրքի այդ բաժիններուն արժանահաւատութիւնը, որպէս պատմագրական սկզբնաղբիւր։

Մովսէս Կաղանկատուացիի «Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի» աշխատութեան բովանդակութիւնը, որպէս պատմագրական սկզբնաղբիւր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աշխատութեան Առաջին Հատորը կը սկսի Ադամէն մինչեւ Նոյը՝ ծննդաբանական համառօտ ակնարկով եւ յետոյ կ՚անցնի հիմնական նիւթի շարադրանքին՝ Դ.-Ե. դարերու կրօնական ու քաղաքական դէպքերուն, զորս տեղի ունեցած էին գլխաւորաբար Հայաստանի ու անոր հարեւան եւ նոյնիսկ հեռաւոր երկիրներու մէջ։ Աղուանքի Պատմութեան ուշադիր քննութիւնը ցոյց կու տայ, որ հեղինակին՝ Մովսէս Կաղանկատուացիի ուսումնասիրած հիմնական աղբիւրները՝ մայրենի հայերէն լեզուով արդէն գոյութիւն ունեցող բաւական հարուստ պատմագիտական գրականութիւն է։ Հեղինակը իր գիրքին համար յատկապէս մեծ չափով օգտագործած է Փաւստոս Բիւզանդի, Ագաթանգեղոսի, Եղիշէի, Մովսէս Խորենացիի երկերը, «Գիրք Թղթոց» Ժողովածուն, Յայսմաւուրքը եւ հայկական այլ աղբիւրներ։

Մովսէս Կաղանկատուացիի գիրքին մէջ շատ մեծ տեղ յատկացուած է նաեւ կրօնական առասպելներուն, հրաշապատումներուն, նահատակութիւններուն ու տեսիլքներուն, որոնց միջոցաւ հեղինակը կ՚աշխատի բարձրացնել «Արեւելից Կողմանքի» եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը եւ ցոյց կու տայ որ անիկա կը կազմէ Հայ Եկեղեցւոյ ամբողջական եւ անբաժանելի մասը։

Պահպանելով իր նախորդներուն եւ ընդհանրապէս հայկական մատենագրութեան աւանդական սկզբունքը, Մովսէս Կաղանկատուացի գիրքին ամբողջ շարադրանքին մէջ, իր այս կամ այն միտքը կը հաստատէ Աստուածաշունչէն կամ եկեղեցական հեղինակներու գործերէն առատօրէն կատարած մէջբերումներով։ Այս հանգամանքը կրնայ անգամ մը եւս ենթադրել տալ թէ՝ Մովսէս Կաղանկատուացի ստացած էր իր ժամանակի անհրաժեշտ կրթութիւնը եւ ունեցած էր կրօնական աստիճան։

«Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի» աշխատութեան վրայ նախորդ հեղինակներու ազդեցութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մովսէս Կաղանկատուացիի Պատմութեան՝ յատկապէս սկիզբի մասերուն մէջ, այնքան ուժեղ է նախորդ հեղինակներու ազդեցութիւնը, որ որոշ ուսումնասիրողներ Առաջին եւ Երկրորդ Հատորները կը համարեն այլեւայլ նիւթերու հաւաքածոյ մը, որ հազուագիւտ է այսպիսի հետեւողական շարադրանքով՝ ամբողջական պատմագիտական աշխատութեան մը պարագային։ Առանձին նախարարութիւններու կամ աւատատիրական ինքնամփոփ երկրամասերու պատմութիւնը գրող հայ միւս հեղինակներուն նման, Մովսէս Կաղանկատուացի նոյնպէս իր հայրենիքին՝ «Հայոց Արեւելից Կողմանց»ի ու անոր ակնառու գործիչներուն գովերգողն է։

Եւ այդ զգացողութեան բուռն ազդեցութեան տակ, պատմիչը երբեմն մեղանչելով ճշմարտութեան եւ առարկայականութեան դէմ, առանձին անհատներ կը ներկայացնէ օրինակելի գոյներով, անոնց մօտ չնկատելով բացասական ոչ մէկ գիծ։ Օրինակ՝ Ճիւանշիրը քաջ ու խիզախ էր, անոր առաջ գլուխ կը խոնարհէին նոյնիսկ թագաւորները, որոնք յարգանք ու պատիւ կը մատուցէին անոր։

Այս թերութիւններով հանդերձ, Աղուանքի Պատմութիւնը ունի այն առաւելութիւնը, որ այստեղ Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան ընդարձակ երկրամասի մը պատմութիւնը, ոչ թէ կը ներկայացուի առանձին ու շրջապատէն կտրուած վիճակով, այլ ընդհակառակը, Մովսէս Կաղանկատուացի Ուտիքի, Արցախի եւ ընդհանրապէս «Հայոց Արեւելից Կողմանց» պատմութիւնը կը շարադրէ բուն Հայաստանի պատմութեան հետ շաղկապուած ու միահիւսուած ձեւով, հանգամանք մը, որ հեղինակին եւ անոր գիրքին արժանիքը պէտք է նկատել։ Կարելի է աւելին ըսել, Մովսէս Կաղանկատուացի Հայաստանի ընդհանուր պատմութիւնը նոյնպէս կը կապէ շրջակայ երկիրներու եւ ժողովուրդներու պատմութեան հետ։

Անշուշտ, հարուստ գիտելիքներու եւ օտար երկիրներու պատմութեանց տեղեակ ըլլալուն շնորհիւ է որ ան կրնայ իր հայրենիքի պատմութեան առանձին դրուագներն ու դէպքերը կապել Հռոմի, Բիւզանդիայի, Պարսկաստանի, Արաբական Խալիֆայութեան եւ միւս երկիրներու պատմութեանց համանման իրադրութիւններուն հետ, երբեմն ալ կատարել ճիշդ ու համոզիչ եզրակացութիւններ։

Մովսէս Կաղանկատուացիի «Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի» աշխատութեան գեղարուեստական արժէքը որպէս պատմագրական սկզբնաղբիւր եւ հրատարակութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մովսէս Խորենացին, Եղիշէն եւ միւսները շատ կարեւոր դեր խաղցած են Մովսէս Կաղանկատուացիի նման՝ գեղարուեստական խօսքի եւ ճաշակի ձեւաւորման գործին մէջ. այս առումով, այնքան պարզ, բնական ու գունագեղ է, օրինակ՝ Ճիւանշիրի մօտ հեղինակին տեսած փիղի ու թութակի նկարագրութիւնները։

Աղուանից Պատմութեան մէջ առանձնապէս արժեքաւոր են ա՛յն հատուածները, որոնք կը վերաբերին քրիստոնէութեան տարածման պատմութեան, Մեսրոպ Մաշտոցի ունեցած կարեւոր դերին՝ բուն աղուանական գիրերու ստեղծման պարագային, եւայլն։ Արդարեւ մանրամասնութեամբ նկարագրուած են նաեւ Է. դարու սկիզբները տեղի ունեցած պարսկա-բիւզանդական կռիւները։

Գիրքին շարունակութեան մէջ, որ ինչպէս ըսուեցաւ, կատարած է Մովսէս Դասխուրանցին, ուշադրութեան արժանի են 914 թուականին (ոմանց կարծիքով՝ 944թ.) ռուսական զօրաջոկատի մը կողմէ՝ Պարտաւ քաղաքի (ազրպէյճանական քաղաք մը) գրաւման նկարագրութիւնը եւ ռուսերուն,  որպէս քաջ ու խիզախ ռազմիկներու, հասցէին ըսուած դրուատիքի խօսքերը, «Հայոց Արեւելից Կողմանց» իշխաններու եւ Կաթողիկոսներու ցուցակները, եւայլն։

Մովսէս Կաղանկատուացիի «Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի» գիրքը հրատարակուած է քանի մը անգամ։ Քննական բնագիրը՝ Յառաջաբանով եւ Ծանօթագրութիւններով լոյս տեսած է Երեւան, 1983 թուականին։ Գիրքին աշխարհաբար թարգմանութիւնը հրատարակուած է 1969ին եւ ռուսերէնը՝ 1984ին, Երեւան։

Գիրքը թարգմանուած եւ հրատարակուած է նաեւ՝ ռուսերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով։

  • Զարբհանալեան Գ., Հայկական հին դպրութեան պատմութիւն, Վնտ., 1886։
  • Մնացականեան Ա., Աղուանից աշխարհի գրականութեան հարցերի շուրջ, Երեւան, 1966։
  • Պողարեան Ն., Հայ գրողներ, Երուսաղէմ, 1971, էջ 171–173։
  • Սվազեան Հ., Մովսէս Կաղանկատվացու «Աղուանից աշխարհի պատմութեան» աղբիւրները, ՊԲՀ, 1972, դ 3։
  • «Քրիստոնեայ Հայաստան» հանրագիտարան, Երեւան 2002։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յովհաննէս Նալթակեան «Հայոց Ուտիք–Գարդման աշխարհը և Առանշահիկ իշխաններն ու թագաւորները», Երեւան 2013 թ․։
  2. Սվազեան, Հ. Մովսէս Կաղանկատվացի. Հայկական սովետական հանրագիտարան. vol. viii. Երեւան, Սովետական Հայաստան, 1982, էջ 41-42