Ղեւոնդ (պատմիչ)
Ղեւոնդ | |
---|---|
Ծնած է | 8-րդ դար |
Մասնագիտութիւն | պատմաբան |
Ղեւոնդ (8-րդ դար), 8-րդ դարու հայ պատմիչ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ղեւոնդ Պատմիչի մասին կենսագրական քիչ տեղեկութիւններ կան։ Ծննդեան եւ մահուան թուականները անյայտ են։ Ուսումը առած է Դուինի հայրապետանոցին մէջ։ Եղած է եկեղեցական՝ հաւանաբար քահանայ, որովհետեւ կարգ մը ձեռագիրներու մէջ իրեն տրուած է ՂԵՒՈՆԴ ԵՐԷՑ յորջորջումը։ Իր պատմութիւնը գրած է Շապուհ Բագրատունիի խնդրանքով։ Ուրեմն համակիր էր Բագրատունի տան, ընդդէմ՝ Մամիկոնեանց, որոնք մասնաւորաբար Ը. դարուն մրցակից էին եւ իրարու յակոտնեայ քաղաքականութիւն կը վարէին։ Մամիկոնեանները արաբատեաց եւ աւելի յունասէր էին, իսկ Բագրատունիք աւելի արաբասէր։
Գործեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ղեւոնդ Պատմիչ կը շարունակէ Սեբէոսի գործը։ Ան շարադրած է Հայաստանի պատմութիւնը 640 թուականէն 788։ Անոր պատմագրութիւնը կը սկսի Մուհամմէտի մահով այսինքն՝ 632 թուականով եւ կը հասնի մինչեւ 788 թուականը։ Ուրեմն մէկ ու կէս դարու պատմիչ մըն է Ղեւոնդ։ Լայնօրէն կը պատմագրէ Մուավեաններու եւ Ապպասեաններու շրջաններու դէպքերը (664-750) եւ (750-1258)։
Պատմութեան բովանդակութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ա.- Առաջին երեք խալիֆաներու Ապուպաքրի, Օմարի եւ Օսմանի աշխարհակալութիւնները, երբ անոնք իրենց տիրակալութեան տակ կ'ունենան Պաղեստինը, Ասորիքը եւ Պարսկաստանը։ Ղեւոնդ այս առթիւ կը նկարագրէ արաբական երեք արշաւանքները Հայաստանի վրայ եւ գրաւումը՝ Դուին մայրաքաղաքին։ Յոյներ անկարող կ'ըլլան իրենց ենթակայ Հայաստանը պաշտպանելու։
Բ.- Մուավիէի հիմնադիր Մուավեան կամ Օմայեան հարստութեան։
Գ.- Հայաստանի աւերումները։
Դ.- Խազիրներու արշաւանքը։
Ե.- Ժողովրդային ապստամբութիւնները Օմաուիներու դէմ։
Զ.- Օմար խալիֆային եւ յունաց Գ. կայսեր ընդարձակ թղթակցութիւնը։
Է.- Հայաստան արաբներու տիրապետութեան տակ։
Ը.– Ը. Դարը հայոց պատմութեան մէջ նշանաւոր է ապստամբութիւններով, որովհետեւ արաբական լուծը շատ ծանր էր եւ Ղեւոնդ՝ պատմիչն էր ապստամբութեանց։
1.- Արաբական արշաւանքներ եւ անոնց նկարագրութիւնը Ղեւոնդի մօտ։ Խիստ են արաբները·–Մուհամմէտ անոնց պատուիրած է, ըստ Ղեւոնդի՝ «Ելէք ի վերայ աշխարհաց. նուաճեցէք զնոսա ընդձեռամբ ձեռոց զի մեզ տուեալ է ի վայելս զպարտութիւն երկրի. կերայք զմիս ընկելոց երկրի եւ արբէք զարիւն զօրաւորաց»։
Արաբներու արշաւանքը Հայաստանի վրայ 640 թուին, Դուինի գրաւումը 642-ին։
Սահակ կաթողիկոս եւ Մուհամմէտ։ Նախիջեւանի եկեղեցիին մէջ ժողովուրդին կոտորածը։
Արաբական հալածանքները իրենց գագաթնակէտին կը հասնին, սակայն Ապպասներու տիրապետութեան տակ, որոնք չափազանցեալ ձեւով կը ձեռնարկեն հարկահանութեան։
2.- Հայաստանի քաղաքական կուսակցութիւնները եւ անոնց արտայայտութիւնները Ղեւոնդի մօտ·– Մամիկոնեանները ի գին ամէն զոհողութեանց կ'ուզէին կռուիլ արաբներու դէմ, իսկ Բագրատունիք խոհական դիւանագիտութեամբ կ'ուզէին յարաբերութիւն մշակել արաբներու հետ։
3.- Հայկական խիզախ ապստամբութիւնները անոնց տնտեսական, կրօնական, քաղաքական շարժառիթները, այդ ապստամբութեանց եզակի եւ օրինակելի գիծերը եւ անոնց հետեւանքները: Ասոնց բոլորին նկարագրութիւնը կայ Ղեւոնդի մօտ։ Թէոթորոս Ռշտունիի ապստամբութիւնը, Վարդանակերտի կռիւը։ Արճէշի եւ Բագրեւանդի մեծ ապստամբութիւնները 772 թուին։
Ղեւոնդի արժէքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1.- Կը փրկէ հայոց պատմութեան կարեւորագոյն մէկ ապստամբութեան վաւերական էջերը։
2.- Արաբներու, յոյներու եւ խազիրներու մասին կու տայ առատ եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ։
3.- Ունի ժուժկալ լեզու մը, որ քնարական զեղումներու եւ պատկերներ յօրինելու փոխարէն կը միտի նիւթ եւ ատաղձ հաւաքելու։ Ուրեմն խորապէս բովանդակալից պատմագիրի լեզու մը ունի։
4.- Քաղաքական կուսակցութիւններու մասին ալ տեղեկութիւններ կու տայ։
5.- Ղեւոնդ Պատմիչ ունի սուր դիտողութիւն։ Անոր աչքերէն չեն վրիպած բազմաթիւ դէպքեր։ Ան կարողացած է մեզի հայթայթել նոր ու ինքնատիպ բազմաթիւ դէպքեր։
6.- Ղեւոնդի գործը հայոց պատմութեան կարեւորագոյն մէկ շրջանը կառուցանելու տեսակէն անհրաժեշտ գործ մըն է։ Առանց իրեն առնուազն մէկ դարու պատմութիւնը մենք պիտի չունենայինք։
Իր գործը առաջին անգամ հրատարակուած է ֆրանսերէնով 1856-ին, ապա տպագրուած է հայերէն բնագրով՝ 1857-ին եւ ռուսերէնով՝ 1862-ին։
Ղեւոնդ երէց եւ Խորենացի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1930-ին Հայր Ներսէս Ակինեան բաւական ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը գրած եւ փորձած է նոյնացնել Ղեւոնդ Պատմիչն ու Խորենացին իբրեւ միեւնոյն անձը։ Ղեւոնդի անունով ծանօթ գործը, ըստ Ակինեանի, գրուած է նոյն այդ անձի երիտասարդութեան շրջանին։ Իսկ Խորենացիի անունով ծանօթ պատմութիւնը միեւնոյն այդ հեղինակի կամ անձի ծերութեան շրջանին։ Նախքան Ակինեանը՝ Խալաթեանց նմանութիւններ տեսած էր Ղեւոնդի եւ Խորենացիի միջեւ եւ զանոնք փաստ կը համարէր Խորենացիի Ղեւոնդէն օգտուած ըլլալու իրողութեան։ Ակինեան ըսաւ Խալաթեանցի համար, թէ նշմարած է ճշմարտութիւնը միայն, զայն չէ կրցած լաւ տեսնել։ Ակինեանի փաստերը շատ թոյլ են եւ ծիծաղելի։ Ոչ մէկ հայ բանասէր համամիտ գտնուեցաւ Ակինեանի այս տեսակէտին։ Բոլորն ալ անվարան վրիպած նկատեցին զայն։ Չոպանեան սրամիտ դիտողութիւն մը ըրաւ ըսելով. «Խորենացիի մեծութիւնը չի կարելի սեղմեցնել Ղեւոնդի շրջանակին մէջ»։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Գրկ. Ակինեան Ն., Ղեւոնդ Երէց պատմագիր, Մատենագրական հետազօտութիւններ, հատոր 3, Վնն., 1930։ Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, հատոր 7 էջ 38։