Երիկամ

Երիկամները (kidney) կ'ըլլան զոյգ իւրաքաչիւր անձի մէջ, որոնք կը գտնուին ողնաշարի (vertebral column) երկու կողմերը, որովայնի խոռոչին ետեւի պատին վրայ եւ ստոծանիին (diaphragm) տակը: Երիկամները որովայնին մաս չեն կազմեր: Աջ երիկամը կը գտնուի լեարդին ետեւը, իսկ ձախը՝ փայծաղին (spleen) ետեւը: Երիկամները կարմիր սրճագոյն լուբիայի նման, սահուն օրկաններ են: Իւրաքանչիւր երիկամ ունի 10-12 սմ. երկարութիւն, 5 սմ. լայնք, 3 սմ. խորութիւն եւ 120-140 կրամ ծանրութիւն: Անոնք կը շարժին վեր վար ստոծանիի շարժումներուն հետ, շնչառութեան ընթացքին: Երիկամներու վերին պատին փակած են մակերիկամները (adrenal glands):

Իւրաքանչիւր երիկամ պաշտպանուած է պատեանով մը (capsule) եւ կազմուած է երկու շերտերէ՝

  1. Արտաքին շերտ (cortex).
  2. Ներքին շերտ (medulla).
  • Արտագին շերտին մէջ կը գտնուին երիկամի արտաթորումի գործօն միաւորները՝ nephron-ները, որոնք կազմուած են կծիկներէ (glomeruli): Արեան զտումը եւ մէզի կազմութիւնը տեղի կ'ունենայ nephron-ներու կծիկներուն մէջ: Երիկամները կազմուած են 2-2.5 միլիոն nephron-ներէ:
  • Ներքին շերտը ունի 8 կոնաձեւ բաժիններ, որոնք կը կոչուին երիկամային բուրքեր (renal pyramids), որոնք կ'ընդունին nephron-ներուն մէջ կազմուած մէզը եւ կ'ուղղեն զայն դէպի երիկամային պզտիկ սկահակներ (calyces): Երկու-երեք պզտիկ սկահակներ միանալով կը կազմեն երիկամային երկու մեծ սկահակները, որոնք կը բացուին երիկամի աւազանին (renal pelvis) մէջ: Մէզը երիկամի աւազան հասնելէ ետք , կ'ուղղուի դէպի միզափող (ureter):

Երիկամները արտաթորութեան կարեւոր օրկաններ են: Անոնց արտազտիչ գործունէութիւնը մէզի գոյացումն է:

Երիկամները՝ երկուքը միասին, կ'ընդունին օրական մօտաւորապէս 200 լիթր արիւն, որ կը ձերբազատուի իր մէջ կուտակուած թունաւոր արգասիքներէն (waist products), աղերէն եւ ջուրի աւելցուքներէն: Շատ մը արգասիքներ, որոնք կը գոյանան մարմինի ընդհանուր նիւթափոխանակութեան (metabolism) ընթացքին կ'արտաթորուին երիկամներուն մէջ: Անոնք կը պարունակեն բորոկածնային-ազոթային (nitrogenous) արգասիքներ, օրինակ՝ միզանիւթ (urea), որ կը յառաջանայ սպիտակուցներու նիւթափոխանակումէն: Զտուած արիւնը ձգելով երիկամները կը վերադառնայ սիրտ: Իսկ 200 լիթր Արիւնէն գոյացած 2-2.5 լիթր մէզը կը մղուի դէպի միզափող, այնտեղէն միզապարկ (urinary bladder) եւ ապա՝ միզուկ (urethra):

Միզափողի երկարութիւնը 12-13 սմ. է: Կիներուն միզուկը 3.5-4 սմ. է, որ կը բացուի հեշտոցի (vagina) յառաջամասը: Իսկ տղամարդոց մօտ անիկա ունի 20 սմ. երկարութիւն, որուն վերջին բաժինը կը գտնուի առնանդամին (penis) մէջ: Տղամարդոց միզուկը կը կրէ մէզին հետ նաեւ սերմնահեղուկը (semen) շագանագեղձի (prostate gland), սերմնաբշտիկի (seminle vesicle), ամորձիքներու (testicles) եւ սերմնածորանի (vas deferens) հեղուկները:

Երիկամներուն մէջ արտադրուած «Ռենին» (Renin) ներազդակը (hormone) առնչուած է երիկամներու ներզտիչ գործունէութեամբ: Երիկամները ինքնագործ օրկաններ են: Ջուրի եւ աղերու արտածորումը (excretion) կախեալ է արեան աղային բաղադրութենէն:

Երիկամներուն դերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երիկամները վերոյիշեալ շատ կարեւոր երկու դերակատարութիւններէն բացի ունին նաեւ այլ կարեւոր դերակատարութիւններ եւ ներգործութիւններ.

  • Կը պահեն արեան նատրիումը (Na) եւ կալլիումը (K) ինչպէս նաեւ մարմինի հեղուկներու հաւասարակշռութիւնը.
  • Կը հսկեն մարմինի զարկերակային ճնշումին վրայ.
  • Կը ներծծեն արեան ճամբով իրեն հասած ջուրը եւ շաքարը.
  • Կը նպաստեն D կենսանիւթի արտադրութեան.
  • Կ'արտադրեն ներազդակ մը, որ կը գրգռէ ոսկրածուծը արտադրելու համար արեան կարմիր գնդիկներ.
  • Կ'արտադրեն ներազդակ Renin-ը որ կ'առնչուի արեան ճնշումի կանոնաւորման հետ.
  • Կը հսկեն արտաբջիջային եւ ներբջիջային նիւթերու փոխանակումին ինչպէս նաեւ արտաբջիջային հեղուկի ծաւալին եւ բաղադրութեան վրայ:

Երիկամներու վերոյիշեալ աշխատանքներու եւ դերակատարութիւններու իրականացումը կախեալ է անոնց առողջական վիճակէն: Ոեւէ անհատ մէկ երիկամով կրնայ ապրիլ բնական ձեւով եւ առանց որեւէ մէկ դժուարութեան: Երիկամներն ալ մարմինի այլ օրկաններուն նման կրնան վատառողջ վիճակ ունենալ եւ չկարենալ գործել բնական ձեւով:

Երիկամներուն հիւանդութիւնները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երիկամներու անբնական երեւոյթները եւ հիւանդութիւնները ունին երկու խմբաւորումներ՝

  1. Ժառանգական-ընդոծին
  2. Ընկալուած (acquired)

Ժառանգական եւ ընդոծին (congenital) հիւանդութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Երիկամի երակա-զարկերակային անբնական հանգուցաւորում (a-v aneurism): Այս անբնական կապակցութիւններով, զարկերակները, ճնշումի տակ կը վնասուին եւ կը բացուին ու տեղի կ'ունենայ արիւնահոսում,
  • Ընդոծին երիկամի ջրակալում (hydronephrosis), ուր երիկամը կը ծաւալի եւ կը կ'որսնցնէ իր բնական աշխատանքին թափը,
  • Զոյգ երիկամներ (double kidney), ուր երիկամները կրնան գործել բնական կամ անբնական ձեւով,
  • Պայտանման երիկամ (horseshoe kidney). այս պարագային երիկամը ընդհանրապէս կը գործէ բնական ձեւով,
  • Բազմապարկ երիկամ (polycystic kidney)՝ երիկամային աշխատանքը կրնայ անբնական ըլլալ:

Ընկալուած հիւանդութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Կծիկա-երիկամաբորբ (glomerulonephritis).

Անիկա յաճախակիօրէն տեսնուած հիւանդութիւն մըն է եւ ընդհանրապէս կը պատահի կոկորդի ցպկային բորբոքումներէ ետք: Երկու երիկամները միաժամանակ կ'ախտահարուին այս հիւանդութեամբ: Կծիկա-երիկամաբորբի ախտածնունդը հիմնուած է դիմադրողականութեան խանգարումներով եւ հակամարմիններու յառաջացումով որոշ մանրէներու դէմ: Այս բոլորը կը գործեն երիկամներու կծիկներուն վրայ եւ տեղի կ'ունենայ երիկամներու ամբողջական բորբոքում:

Կծիկա-երիկամաբորբը կը յատկանշուի մէզի մէջ յայտնուած արեան կարմիր գնդիկներով եւ սպիտակուցներով: Անիկա ընդհանրապէս անակնկալ եւ սուր բորբոքում մըն է, որ կ'ունենայ արագ զարգացումի ընթացք:

Երիկամներու այս բորբոքումը կրնայ մնայուն բորբոքումի վերածուիլ: Այս պարագային բորբոքումը կ'ըլլայ դանդաղ եւ յառաջընթաց: Մնայուն բորբոքումով տեղի կ'ունենայ երիկամային անբաւարարութիւն (renal failure), երբ մարմինին մէջ կը կուտակուին թունաւոր նիւթեր: Երիկամի անբաւարարութեան պարագային հիւանդը կը կարօտի արհեստական երիկամի դարմանամիջոցին՝ արեան տրամալուծումին (hemodialysis): Իսկ այս դարմանամիջոցի ձախողութեան պարագային միակ փրկութիւնը այլ անձի մը երիկամի փոխպատուաստումն է (kidney transplant):

Անիկա ընդհանրապէս ցպկային բորբոքում մըն է եւ կը պատահի առաւելաբար չափահասներու մօտ: Բորբոքումը հետեւանքն է ընդհանրապէս միզապարկի երկարատեւ եւ կամ չդարմանուած բորբոքումին: Անոր ախտանշաններն են՝ ջերմ, դող, քրտինք, գլխացաւ, թարախոտ մէզ, որ կը պարունակէ նաեւ արեան կարմիր գնդիկներ եւ սպիտակուց.

  • Երիկամի երակին արիւնախիցքաւորում (renal vein thrombosis): Արիւնախիցերու ճնշումով երակը կը վնասուի, կը բացուի եւ արիւնահոսում տեղի կ'ունենայ .
  • Երիկամի զարկերակի խցում, որ կը յառաջացնէ երիկամի քայքայում եւ նոյնիսկ երիկամի մահ:

Երիկամային քարեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երիկամի մէջ կազմուած քարերը կ'ունենան զանազան բաղադրութիւններ եւ տարբեր-տարբեր չափեր ու ձեւաւորումներ: Երիկամային քարերը կրնան մնալ առանց որեւէ մէկ ախտանշանի երկար տարիներ: Անոնք կրնան երկար ժամանակ մնալ անշարժ եւ կամ շարժիլ ու ուղղուիլ դէպի միզափող եւ յառաջացնել միզափողի զանազան աստիճանի խցում, որ պայմանաւորուած է քարերու չափէն: Պզտիկ քարերը անցնելով միզափողէն կը հասնին միզապարկ, իսկ մեծ քարերը կը մնան նստակեաց միզափողին մէջ եւ կը խցեն զայն՝ մասնակի կամ ամբողջովին:

Երիկամային քարերու հիւանդութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնական յօդուած՝ Երիկամներու Քարերը

Երիկամային քարերը կը յառաջացնեն զանազան ախտանշաններ եւ հիւանդութիւններ, օրինակ.

  1. Միզային համակարգի բորբոքում՝ միզափողի, միզապարկի եւ միզուկի բորբոքումներ,
  2. Երիկամներու ծաւալում (hypertrophy),
  3. Երիկամաջրակալում,
  4. Կողի եւ փորի ցաւ,
  5. Միզարգելութիւն եւ միզելու դժուարութիւն,
  6. Արիւնամիզութիւն (hematuria):

Երիկամային բնասպիտի առատ արտաթորում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Nephrotic syndrome, երբ տեղի կ'ունենայ երիկամային բնասպիտի (protein) առատ արտաթորում: Անոր ախտանշաններն են՝ սպիտակուցներու առատ ներկայութիւն մէզին մէջ, սրունքներու չրակուտակում եւ երիկամներու մնայուն վնաս:

Երիկամի աշխատանքի սուր եւ անակնկալ ձախողութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երիկամի աշխատանքի սուր եւ անակնկալ ձախողութիւնը (acute renal failure) կը յառաջանայ երիկամներու անակնկալ-սուր բորբոքումներէ եւ վնասէ ետք, շագանակագեղձի ծաւալումով, միզափողի քարային խցումով, մարմնական ընդհանուր սուր ջրանուազումով, սրտանօթային հիւանդութիւններով. շաքարախտի եւ զարկերակային բարձր ճնշումով:

Սուր եւ անակնկալ ձախողութիւնը կ'ունենայ շատ արագ զարգացում, որ կանխելի է շտապ դարմանումով:

Երիկամի մնայուն ձախողութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անիկա հետեւանքն է երկարատեւ մնայուն շաքարախտի եւ զարկերակային բարձր ճնշումի ինչպէս նաեւ երիկամներու ընդհանուր բջիջային բորբոքումի: Անիկա կը յատկանշուի երիկամներու մնայուն մասնակի կորուստով եւ փճացումով: Մնայուն ձախողութիւնը կ'ունենայ երկար ընթացք, որ կը տեւէ ամիսներ եւ տարիներ:

Շաքարախտային երիկամատապ (diabetic nephropathy)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անիկա կը յատկանշուի երիկամներու ախտաբանական մնայուն փոփոխութիւններով, առատ շաքարի ներկայութեամբ մէզին մէջ եւ երիկամներու մնայուն ձախողութեամբ:

Զարկերակային գերճնշումի երիկամատապ (hypertensive neuropathy)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անիկա շաքարախտի նման կը յատկանշուի երիկամային ախտաբանական մնայուն փոփոխութիւններով, սպիտակուցներու առատ ներկայութեամբ մէզին մէջ եւ երիկամային մնայուն ձախողութեամբ: Շաքարախտի եւ զարկերակային մնայուն գերճնշումի ախտաբանական վնասները վերջնական են եւ անդարմանելի:

Արիւնամիզութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս մէկը կը յայտնուի երեք ձեւերով.

  1. Տեսանելի մեծ տարողութեամբ արիւնամիզութիւն, երբ մէզը կազմուած կ'ըլլայ մեծամասնութեամբ արիւնով,
  2. Տեսանելի քիչ տարողութեամբ արիւնամիզութիւն, երբ մէզը կ'ըլլայ վարդագոյն-կարմրագոյն,
  3. Անտեսանելի արիւնամիզութիւն, երբ մէզը գրեթէ կ'ունենայ բնական գունաւորում, բայց արիւնահոսումը կը փաստուի մէզի մանրադիտակի (microscopic) քննութեամբ:

Արիւանամիզութեան պատճառները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արիւնամիզութիւն տեղի կ'ունենայ հետեւեալ հիւանդութիւններուն պատճառով.

Երիկամային քարեր, երիկամի ընդոծին առատներ, կծիկա-երիկամաբորբ, բազմապարկային երիկամ, շագանակագեղձի ծաւալում եւ բորբոքում, երիկամային, միզափողային եւ միզապարկային խլիրդ եւ երիկամի անօթային անբնական երեւոյթներ:

Սննդարար Ուտելիքներու Անբաւարար Օգտագործման Եւ Երիկամներու Քրոնիք Հիւանդութեան Միջեւ Կապը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարբեր պտուղներու եւ բանջարեղէնի օգտագործումը սովորական թելադրանք է, սակայն կարգ մը ամերիկացիներ քիչ կ'օգտագործեն այդ սննդարար ուտելիքները, ըսուած է Journal of Renal Nutritionին մէջ հրապարակուած նոր հետազօտութեան մէջ: Այս մէկը յատկապէս կը վերաբերի երիկամներու քրոնիք հիւանդութիւն ունեցող չափահաս անձերու, որոնք կ'ուտեն քիչ քանակութեամբ պտուղներ եւ բանջարեղէն, քան այդ հիւանդութիւնը չունեցող նման մարդիկ, յայտնած են Վըրճինիայի համալսարանի բժշկական դպրոցի գիտնականները: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնի տուեալներուն համաձայն՝ մօտաւորապէս 37 միլիոն չափահաս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ունին երիկամներու քրոնիք հիւանդութիւն: Այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ, երբ երիկամները չեն կրնար արդիւնաւէտ ձեւով զտել մարդու արեան թափոնները: Այս վիճակը կրնայ յանգեցնել արեան բարձր ճնշման, սիրտի հիւանդութիւններու եւ կաթուածի: Հետազօտութեան համար գիտնականները վերլուծած են 1988-2018 թուականներուն առողջութեան եւ սնունդի վերաբերեալ ազգային հարցումներու տուեալները:

Հետազօտողները յայտնաբերած են, որ 1988-1994 թուականներուն երիկամներու քրոնիք հիւանդութիւն ունեցողներու 52 առ հարիւրը շատ քիչ քանակութեամբ պտուղներ եւ բանջարեղէն օգտագործած է՝ բաղդատելով այդ հիւանդութիւնը չունեցող մարդոց 48 առ հարիւրին հետ: 2003-2010 թուականներուն, երիկամներու քրոնիք հիւանդութիւն ունեցողներու 46 առ հարիւրը շատ քիչ պտուղներ եւ բանջարեղէն օգտագործած է՝ բաղդատելով մնացեալ 41 առ հարիւրին հետ։ Իսկ 2011-2018 թուականներուն, երիկամներու քրոնիք հիւանդութիւն ունեցողներու 48 առ հարիւրն է, որ շատ քիչ պտուղներ եւ բանջարեղէն օգտագործած է՝ մնացեալ 46 առ հարիւրին հետ բաղդատելով:

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Asbarez» օրաթերթ, Յոդուածներ, Դկտ. Կարպիս Հարպոյեան, 7 Յունիս 2013
  • «Asbarez» օրաթերթ, Յոդուածներ, Դկտ. Կարպիս Հարպոյեան, 14 Յունիս 2013