Յակոբ Ջուղայեցի
Յակոբ Ջուղայեցի | |
---|---|
Ծնած է | 1598[1] |
Ծննդավայր | Ջուղա, Central District, Ջուղա շահրեստան, Արեւելեան Ազրպէյճան, Իրան |
Մահացած է | 1 Օգոստոս 1680[1] |
Մահուան վայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մասնագիտութիւն | կաթողիկոս |
Վարած պաշտօններ | Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս |
Յակոբ Դ. Ջուղայեցի (1598 - 1 Օգոստոս, 1680), հայ հոգեւորական, ամենայն հայոց կաթողիկոս 1655-1680 թուականներուն։
Յաջորդած է Փիլիպոս Ա. Աղբակեցի կաթողիկոսին։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Յակոբ Դ. Ջուղայեցին ծնած է 1598-ին, Հին Ջուղայի մէջ։
1604-ին, շահ Աբաս Մեծի կողմէ կազմակերպուած բռնագաղթին հետեւանքով, Ջուղայեցիին ընտանիքը նոյնպէս տեղափոխուած է Իրանի մայրաքաղաք Սպահանի մօտակայքը հաստատուած Նոր Ջուղա գիւղաքաղաքը, ուր Յակոբ ստացած է իր նախնական կրթութիւնը՝ աշակերտելով Նոր Ջուղայի դպրոցի եւ հայկական տպարանի հիմնադիր, Նոր Ջուղայի հոգեւոր թեմի առաջնորդ Խաչատուր Կեսարացիին քով. «Եւ ուսաւ ի նմանէ զամենայն վարս առաքինութեան եւ զամենայն գիտութիւն աստուածային գրոց եւ եղեւ կուսակրօն քահանայ», կը գրէ Զաքարիա պատմիչը։
Այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Ս. Էջմիածինի մէջ, ուր կաթողիկոս Փիլիպոս Ա. Աղբակեցին իրեն վարդապետական իշխանութեան գաւազան տալով՝ «Առաքեաց աշխարհ յունաց ի նուիրակութիւն»։ Փիլիպոս Ա. Աղբակեցիի կաթողիկոսութեան վերջին տարիներուն Յակոբ Դ. Ջուղայեցին եղած է տեղապահ, ուր ծաւալած է շինարարական բեղուն գործունէութիւն։
Հետագայ կեանքը անցած է Նոր Ջուղայի կամ Սպահանի մէջ, ապա Էջմիածինի մէջ աշակերտած է Մելքիսեդեկին եւ Սիմոնին:
Կաթողիկոս ձեռնադրուած է 57 տարեկանին:
Շնորհիւ իր անուրանալի ունակութիւններուն՝ սկիզբը դարձած է կաթողիկոսի տեղապահ:
Ան հռչակ շահած է՝ ձեռնարկելով Դարշամբի Ս. Ստեփանոս Նախաւկայի նորոգութեան: Կաթողիկոսական իր երկարամեայ գործունէութեամբ մեծապէս պայծառացուցած է Հայ Առաքելական Եկեղեցին:
Գահակալական տարիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յակոբին կաթողիկոսութեան սկիզբը տեղի կ'ունենայ Նոր Ջուղայի ընդարձակումը: Հայ գաղթականութիւնը, 1605-էն հաստատուելով Սպահանի մէջ, շարք մը թաղեր կազմած է: Հին ջուղայեցիները առանձին թաղով կը բնակէին Զենտեհրուտ գետի հարաւային կողմը, իսկ միւսները՝ տարբեր թաղերու մէջ՝ մահմետական բնակչութեան հետ խառն: Գողթն գաւառի Դաշտ գիւղին եւ անոր շրջակայքի բնակիչները, որոնք առհասարակ դաշտեցի կը կոչուէին, զետեղուած էին Շամշապատ թաղին մէջ, Երեւանի եւ շրջակայքի բնակիչները՝ Թաղթիխարաջա եւ Պաղաթ թաղերուն մէջ, իսկ Հայաստանի տարբեր մասերէն՝ Տիարպեքիրէն, Բաղէշէն, Մուշէն, Կարինէն, Երզնկայէն եւ այլն, բերուածները հաստատուած էին Շախշապան եւ Թորոսկան թաղերուն մէջ:
Շահ-Աբաս Բ.-ի օրով շահական հրամանով բռնագաղթողները կը կեդրոնանան Նոր Ջուղայի մէջ, որ կը կատարուի բռնի ուժով:
Յակոբ կաթողիկոսին աթոռակալութեան սկիզբը կ'աւարտի զանգակատան կառուցումը, որուն շինարարութիւնը կը սկսի Փիլիպոս կաթողիկոսը: Զանգակատան կառուցման մինչեւ վերջ հակառակ էր Մահմատղուլի խանը՝ միշտ սպառնալով քանդել զայն: Զանգակատունը կը կառուցուի, իսկ խանը, որուն ախոյեանները ամէնէն մռայլ գոյներով ներկայացուցած էին շահը, պաշտօնանկ կ'ըլլայ, եւ անոր յաջորդ կը նշանակուի Նաջաֆղուլի բէկը, որուն հետ բարեկամական յարաբերութիւններ կը հաստատէ Յակոբ կաթողիկոսը: Ան, չխնայելով արծաթն ու ոսկին, կը յաջողի Փիլիպոսին մահէն երկու տարի ետք՝ 1657-ին, զանգակատունը աւարտելու թոյլտուութեան հրաման ստանալ: Մէկ տարուան ընթացքին զանգակատան կառուցումը կ'աւարտի: Անիկա զարդարուած էր զանազան գեղեցիկ քանդակներով: Մէջտեղը սեղան կը կանգնեցնէ, եւ կ'անուանէ Սուրբ Հրեշտակապետ: 1658-ին՝ Խաչվերացի օրը, այսինքն՝ 12 Սեպտեմբերին կ'օրհնէ զանգակատան խաչը եւ կը քանդէ շինութեան համար շինած տախտակէ կառոյցները[2]:
Տպագրութեան բերած ներդրումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յակոբ կաթողիկոսը մեծ նպաստ կը բերէ հայ տպագրութեան: Սկիզբը հայերը տպագրութիւնը կը կատարէին գլխաւորապէս Իտալիոյ մէջ: Արեւելքի մէջ առաջին փորձերը կը կատարուին Խաչատուր Կեսարացիին կողմէ՝ 1640-ին, սակայն արդիւնքը գոհացուցիչ չէր: Կաթողիկոսը կը փափաքէր կատարելագործել տպագրութեան գործը: Երբ 1637-ին Յովհաննէս Անկիւրացին Եւրոպա կը մեկնէր՝ տպագրութեան գործը Իտալիոյ մէջ ծաւալելու համար, հայոց կաթողիկոսը կը ձգտէր զայն զարգացնել Հայաստանի մէջ: Այդ նպատակով ան իր աթոռակալութեան սկիզբին Եւրոպա կ'ուղարկէ Մատթէոս Ծարեցի սարկաւագին: Վերջինս Վենետիկ կը հասնի 1656-ին, սակայն ստիպուած էր 14 ամիս անօգուտ դեգերիլ: Յետոյ ան կ'անցնի Հռոմ, ուր կը մնայ 8 ամիս, սակայն իշխանական արգելքներու պատճառով յաջողութիւն չի գտներ: Ան չ'ընկճուիր եւ 1658-ին կը մեկնի Հոլանտայի Ամսթերտամ քաղաքը: Հոն ան պատրաստել կու տայ հայկական տառերու նոր կաղապարներ, սակայն առանձին օգնութիւն չ'ստանար, բացի երեւանցի վաճառական աւետիս Ղլջենիէն, որ իրեն կ'օգնէ դրամով եւ խորհուրդներով, եւ 1660-ին կը հրատարակեն «Յիսուսի Որդի»ն, սակայն գործը չաւարտած՝ 22 Յունուար 1661-ին Ծարեցի կը մահանայ, եւ զայն կը շարունակէ աւետիսը: Ան կ'աւարտէ տպագրութիւնը եւ կը հրատարակէ այլ գործեր եւս՝ ընկերակցութեամբ Կարապետ Անդրիանեցի վարդապետին, որ ուղարկուած էր Եւրոպա՝ Ծարեցիին մահէն ետք: Աւետիս կը խնդրէ կաթողիկոսէն, որ իր եղբայր Ոսկան Երեւանցին, որ նորոգած էր Ուշիի Ս. Սարգիսը, անցնի տպագրութեան գործին գլուխը: Իսկ վերջինս իր աշակերտ Կարապետ վարդապետին կը քաջալերէ Եւրոպա մեկնել: Ան այդ ընթացքին զանազան վայրերու մէջ նպաստած էր հանգանակութիւն հաւաքելու գործին: Այդ գործը մշտապէս կը հովանաւորէր Յակոբ կաթողիկոսը, որուն նպատակն էր Աստուածաշունչ հրատարակելը:
Բարեկարգումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յակոբ կաթողիկոս կը նորոգէ երեք վկայարան՝ Դարաշամբի կամ Շամբիձորի Ս. Ստեփանոս Նախավկային վանքը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր այլ կառոյցներ: Ան իր հոգածութեան գլխաւոր առարկան կը դարձնէ աթոռապատկան գիւղերու վերադարձը եւ անոնց տիրոյթներուն ընդարձակումը: Գահակալութեան սկիզբին ան կ'երթայ Սպահան եւ շահին կողմէ կ'արժանանայ փառաշուք ընդունելութեան, նոյնիսկ քրիստոնէութեան խորհուրդները ազատօրէն կը բացատրէ շահին: Ան արքունի հրովարտակով կ'ապահովէ Էջմիածին գիւղի տասանորդի յանձնումը վանքին: Շահէն սիրուած ըլլալով՝ կը յաջողի հրովարտակով հաստատել տալ Ս. Աթոռին իրաւունքները: Անոր օրով վանապատկան գիւղերու թիւին կ'աւելնան Ամիրին՝ Գեղարքունի գաւառին մէջ, Եայջին՝ Ծաղկունի գաւառին մէջ, Բոխենիսը՝ Ամբերդի մերձակայքին, Ղարաղոյունլուն՝ Արագածի լանջերուն, Մելիք գիւղը՝ Ապարանի գաւառին մէջ, Օշականը՝ Արագածի փէշերուն, Նորագիւղը՝ Երեւանի մօտակայքը: Զաքարիան կը յիշէ նաեւ Քասախը, Թեղենեացը, Սանդօն, Սեւաւերը, Բաղռինճը եւ Բիւրականը: Կաթողիկոսը ջրանցքներ կը կառուցէ եւ կ'ոռոգէ Նորագիւղի արտերը, ինչպէս նաեւ կը բաւարարէ Մայր Աթոռին ներքին կարիքները: Անոնց վրայ ջրաղացներ կը կառուցուին, եւ հարեւանութեամբ ծառեր կը տնկուին: Ան երեք ջրամբար կը շինէ՝ Մոլլատուրան գիւղին մէջ, Ղռի այգիին մէջ եւ Մանկասար ագարակին մէջ, որոնք նոյնպէս կը լուծէին այգիներն ու արտերը ջրելու հարցը:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Զաքարիա Սարկաւագ, Պատմագրութիւն, Վաղարշապատ, 1870։
- Յովհաննիսեան Ա., Դրուագներ հայ ազատագրական միտքի պատմութեան, հտ. 2, Եր., 1959։
- Սիմէոն կաթողիկոս Երեւանցի, Ջամբռ, Վաղարշապատ, 1873։
- Թէրզեան Մեսրոպ, Յակոբ Դ. Ջուղայեցի (1655-1680), Պէյրութ, 1956։
- Քիւրտեան Յարութիւն, Յակոբ Կաթողիկոս Ջուղայեցի, Անթիլիաս, 1965։
- Սիմէոն կաթողիկոս Երեւանցի, Ջամբռ, Եր., 2003։
- Casimiro Roszko T. O. P., Il Katholikos Giacomo IV Patriarca degli Armeni e i Medici nel XVII secolo. Tre lettere armene del Katholicos Giacomo IV,- "Archivio Storico Italiano", 1967, (disp. I), Firenze, anno CXXV, pp.365–372.
- Հրաչիկ Միրզոյեան, Արդեօ՞ք եղած են հակայակոբեան ժողովներ (հնատիպ սկզբնաղբիւրների քննական վերլուծութիւն),- «Բանբեր Երեւանի համալսարանի», հայագիտութիւն, 2013, 138.1, էջ 14-45։ Archived 2013-11-07 at the Wayback Machine.
- Քրիստոնեայ Հայաստան հանրագիտարան, Եր., 2002։
- Վարազդատ Յարութիւնեան, Ս. Էջմիածինի շինարար գահակալները, Ս. Էջմիածին, 1996։