Ամբերդ (ամրոց)
Ամբերդ, Ամպիր, Անբերդ, Համբերդ, Հանբերդ, Ղըզղալայ[1]։ 11-13-րդ դարերուն, Արագած լեռան հարաւային լանջին կառուցուած Ամբերդ ամրոցը կը գտնուի ծովի մակերեւոյթէն 2300մ բարձրութեան վրայ՝ Արքաշէն եւ Ամբերդ գետերու միացման տեղը։
Ամբերդի տարածքին կան կիկլոպեան շինութիւններու մնացորդներ, իսկ մօտակայքը՝ վիշապաձուկերու քարակոթողներ։ Պրոնզի դարուն կառուցուած է ուրարտական բերդաքաղաք, հաւանաբար տեղանքի բնական ամրութեան պատճառով։ Որպէս բերդ-ամրոց անիկա յատկապէս յայտնի էր հելլենիստական ժամանակաշրջանին եւ Քրիստոսի ծնունդէն ետք։
Անուանում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամբերդ անունը ծագած է աղաւաղման հետեւանքով, նախնական անունը եղած է Անբերդ[2]։ Ամբերդ անունը կը բացատրուի իբրեւ ամպի բարձրութեան բերդ, կից-բերդ․ Անբերդի այլ տարբերակ մը նաեւ՝ անառիկ, անմատչելի բերդ։ Կոչուած է նաեւ Հանբերդ, Համբերդ, Ղըզղալայ անուններով։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]11-րդ դարու 70-ական թուականներուն Ամբերդը գրաւուած է սելճուկ-թուրքերու կողմէ եւ վերածուած է զօրակայանի։ 1196 թուականին Զաքարէ եւ Իւանէ Զաքարեանները, ջшխջшխելով Գանձակի ամիրայութեան ռազմական ուժերը, ազատագրած են Ամբերդը եւ զայն յանձնած են իրենց զօրավարներէն մէկուն՝ Վաչէ Վաչուտեանին, որ զայն կը դարձնէ իր իշխանանիստը։
Ամբերդը վերջնականապէս կործանած է Լենկթիմուրի արշաւանքներու ժամանակ՝ 14-րդ դարու վերջը եւ այլեւս չէ վերականգնուած։