Jump to content

Միքայէլ Վարանդեան

Միքայէլ Վարանդեան
Ծննդեան անուն հայ.՝ Միքայել Հովհաննիսյան
Ծնած է 1872[1]
Ծննդավայր Շուշիի գաւառ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 22 Ապրիլ 1934(1934-04-22)[1]
Մահուան վայր Մարսէյլ
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն և  Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
Ազգութիւն Հայ[2]
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Ուսումնավայր Շուշիի Realni ուսումնարան և Ժընեւի համալսարան
Մասնագիտութիւն պատմաբան, հրապարակախօս, փիլիսոփայ և քաղաքական գործիչ
Աշխատավայր Դրօշակ, Հորիզոն, Մուրճ և Մշակ
Վարած պաշտօններ Հայաստանի դեսպան
Անդամութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւն
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ստորագրութիւն

Միքայէլ Վարանդեան (1872[1], Շուշիի գաւառ, Ռուսական Կայսրութիւն - 22 Ապրիլ 1934(1934-04-22)[1], Մարսէյլ), գործիչ, խմբագիր եւ ղեկավար:

Բուն անունով Միքայէլ Յովհաննէսեան, ծնած է 1872-ին Ղարաբաղ, Վարանդա գաւառի Քեաթուկ գիւղը: Նիւթապէս ապահով ընտանիքի զաւակ էր ու բերուած էր Ղարաբաղի մայրաքաղաքը Շուշի, ուր աւարտած էր պետական երկրորդական վարժարանը: Բարձրագոյն կրթութիւնը ստանալու համար, կ'անցնի Ժընեւ, 1892-ին, նիւթական աջակցութեամբ իր մօրեղբօր՝ կովկասահայ յայտնի հարուստ Արամեանցի:

Շուտով կ'ազդուի այդ շրջանի գաղափարական շարժումերէն. Ժընեւի կը գտնուէին այտ ատենները Յովնան Դաւթեան, Վահան Տոտոմեանց, Սիմոն Շխեան եւ Ռոստոմ, իբրեւ Դրօշակի խմբագիր, նաեւ ուրիշներ: Վարանդեան յաճախ Գերմանեիա կ'երթար, լսելու համար իր սիրած բրոֆէսորներու դասախօսութիւնները: Ան սկսած էր գրել, Ego ծածկանունով, Մշակի եւ մուրճի մէջ:

1897-ին կ'աւարտէ համալսարանական շրջանը ու Վռամեանի առաջարկով, որ այդ ատեն Պուլկարիա կը գտնուէր, կ'երթայ Պալքան իբրեւ գործիչ: Չի կրնար հոն երկալ մնալ, մատնութեան հետեւանքով ռումէն կառավարութեան կողմէ կը հեռացուի երկիրէն:

1898 Մարտին, Վարանդեան կը ստանձնէ Դրօշակի խմբագրութիւնը, երբ Ռոստոմ եւ Վռամեան կը մեկնին Կովկաս, Դաշնակցութեան 2-րդ ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար: Այնուհետեւ, կարճ ընդհատումներով, ան կը մնայ Դրօշակի մէջ, մինչեւ առաջին համաշխարhային պատերազմը, իր հետ ունենալով ուրիշներ (Քրիստափոր, Ակնունի, Յովնան եւ այլն) ու երբեմն ալ մինակ: 1906-ին եւ 1915-ին, ոչ երկար ժամանակով, կ'անցնի Թիֆլիս, կը գտնուի Յառաջի եւ Հորիզոնի խմբագրութեան մէջ։ Իր կեանքի մէծ մասը կ'անցընէ արտասահմանի մէջ, իբրեւ գործիչ խմբագիր եւ ղեկավար:

Վարանդեան կը մասնակցի Հ.Յ.Դ Վիեննայի եւ ուրիշ ընդհանուր ժողովներու: Դրօշակի խմբագրի հանգամանքով՝ կ'անդամակցի Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Բիւրոյին: 1907էն սկսեալ դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէ Ընկերվարական Միջազգայնականին մէջ, բարեկամական սերտ կապեր կը հաստատէ Ժոռէսի, Փրէսասէի, Ռնոտելի, կաուցկիի, Պէպէլի, Վանտերվելտի եւ ուրիշ եւրոպացի առաջաւոր դէմքերու հետ:

«Pro Armenia» պարբերականի ձեռնարկին մէջ, Վարանդեան կ'ըլլայ Քրիստափորի աջ բազուկը ու հայ դատի պաշտպանութեան կը լուծուի Ժոռէս, Վիքտոր Պէռար, Քլէմանսօ, Պերնշտայն, Պրանտէս եւ այլն: Վերջինները մամուլի էջերէն, խորհրդարաններու եւ հանրային բեմերէն արձագանգ կ'ըլլան հայկական հարցին: Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին կը մասնակցի Փարիզի պատուիրակութեան, կը գործակցի Պոլիս Նուպարի, որուն հանդէպ յարգանք ունէր: Կ'ընտրուի Հայաստանի խորհրդարանի անդամ ու կը նշանակուի դիւանագիտական ներկայացուցիղ Հռոմի մէջ:

Քաղաքական պայմաններու փոփոխութեամբ, հայ դատի հանդէպ անտարբեր վերաբերմունք ցոյց տուին ընկերվարական պարագլուխներ, որոնք իշխանութիւններու գլուխ անցած էին եւ Վարանդեանի ծանօթ բարեկամները եղած էին: Այս պարագային խորապէս կ'ազդէ իտէալիստ Վարանդեանին վրայ:

Վերջին տարիները բոլորովին տկարացած էր իր առողջութիւնը: Կը շարունակէր միշտ իր աշխատակցութիւնը դաշնակցական մամուլին: Իր մտերիմ ընկերոջ՝ Ահարոնեանի կաթուածը խորապէս կը ցնցէ Վարանդեանը: Ինք հրաւիրած էր Ահարոնեանը խօսելու Մարսէյլի Մշակոյթի օրուան հանդէսին եւ աչքին առջեւ կ'իյնայ ան, դեռ ճառը չաւարտած: Հարուածը ծանր կ'ըլլայ, հազիւ երկու ամիս վերջ ինքը եւս 1934 Ապրիլ 22-ին, երբ Մարսէյլ բարեկամի մը տունը ճաշի էր, կաթուած կ'ունենայ:

  1. Հ.Յ.Դ Պատմութիւն, 536 էջ:
  2. Հայկական շարժման նախապատմութիւն, Ա. հատոր, Ժընեւ, 320 էջ:
  3. Հայկական շարժման նախապատմութիւն, Բ. հատոր, Ժընեւ, 288 էջ
  4. Մուրատ (Սեբաստացի ռազմիկին կեանքն ու գործը), Պոսթըն, 1931, 348 էջ:
  • Յեղափոխական Դէմքեր Մտաւորականներ ու Հայդուկներ, Գաբրիէլ Լազեանի, 1990 Հալէպ:
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 https://armenianweekly.com/2016/02/12/mikael-varantian/
  2. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 587. — ISBN 978-2-905686-93-0