Յառաջ (թերթ, Լիբանան)
Յառաջ | |
---|---|
Տեսակ | Շաբաթաթերթ |
Լեզու | հայերէն և Արաբերէն |
Հիմնադրուած է | 1957 |
Երկիր |
![]() |
Յառաջ, ամբողջական անուն՝ «Մեր Նշանաբանն Է Յառաջ», քաղաքական շաբաթերթ։ Լոյս տեսած է 1957-1964 թուականներուն։ Արտօնատէր՝ Նէսիպ Նըմր։ Պատասխանատու տնօրէններ՝ Ապտալոս Հոշէյմի, Գասպար Տէրտէրեան։ Պատասխանատու խմբագիրներ՝ Գառնիկ Աբգարեան, Յովհաննես Աղպաշեան, Յարութիւն Մասեան։
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յառաջ շաբաթաթերթը արտայայտած է Լիբանանի Հանրապետական Կուսակցութեան եւ իր հայ անդամներու տեսակէտները։ Լուսաբանած է արաբական երկիրներու ժողովուրդներու ազգային-ազատագրական պայքարը, Լիբանանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի ուրիշ երկիրներու Հանրապետական կուսակցութիւններու գործունէութիւնը եւ նաեւ միջազգային Հանրապետական շարժումներու հարցերը։ Կարեւորութիւն տուած է յատկապէս Լիբանանի ներքին կացութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններուն։ Ներկայացուցած է խորհրդահայ գրականութեան նուաճումները, տպագրած է սփիւռքահայ գրողներու գործերը եւ բանախօսութիւններ իրենց մասին։
Յառաջ թերթը ծանօթացուցած է նաեւ ռուս դասական ու ժամանակակից գրողները, գեղանկարչութեան, երաժշտութեան ասպարէզի նշանաւոր հայ գործիչները:
1964-ին թուականին ունեցած է «Յառաջ-Գրական» շաբաթական յաւելուածը (խմբագիրներ՝ Գ. Տերայէրեան, Ա. Դարեան, Պ. Մինասեան)[1]։
Ծանօթագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ (հայերեն) Հառաջ (թերթ), 2025-01-03, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%80%D5%A1%D5%BC%D5%A1%D5%BB_(%D5%A9%D5%A5%D6%80%D5%A9), վերցված է 2025-04-11