Jump to content

Էտկար Ակնունի

Էտկար Ակնունի
Ծննդեան անուն հայ.՝ Խաչատուր Մալումյան
Խաչատուր Մալումեան
Ծնած է 1863[1][2][3]
Ծննդավայր Մեղրի[4]
Մահացած է 1915[1][2][3]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Ներսիսեան դպրոց
Ժընեւի համալսարան
Մասնագիտութիւն լրագրող, հրապարակախօս, հանրային գործիչ, քաղաքական գործիչ
Աշխատավայր Դրօշակ
Մշակ
Հայ Օգնութեան Միութիւն
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Էտկար Ակնունի (Խաչատուր Մալումեան, 1863[1][2][3], Մեղրի[4] - 1915[1][2][3]), hայ ազատագրական պայքարի գործիչ։

Կեանք եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Մեղրի, Արծրունիի գաղափարներով, կը սկսի գրել «Մշակի» մէջ (հիմնադիրին մահէն ետք, թերթը փոխանցուած է Հ. Առաքելեանի, Քալանթարի յետոյ՝ իրեն): Երկար ժամանակ Փեթերսպուրկ մնալով, կ՚աշխատակցի «Դրօշակ»ի՝ Է. Ակնունի ծածկանունով, գլխաւոր նիւթ ունենալով ռուս կառավարութեան վերաբերումը դէպի Կովկաս եւ կովկասահայերը՝ «Կովկասեան խապրիկներ» խորագրին տակ։

Հայ-թաթարական ընդհարումներէն ետք, կը սկսի գրել «Կովկասեան վէրքեր»ը, ապա առանձին հատոր կազմած եւ ֆրանսերէնի ալ վերածուած։ Անժխտելի են հրապարակագրի եւ բեմբասացի իր արժանիքները։ 1904-ին մասնակցած է Երիտասարդ Թուրքերու եւ հայոց համաժողովին Փարիզի մէջ։

1907Հ.Յ.Դ. Դ. Ընդհանուր ժողովը զինք պատուիրակ կը նշանակէ հայ եւ թուրք դաշնակցութեան խորհուրդին, եւ Ակնունի յաջորդ տարին յաջողութեամբ գլուխ կը հանէ այդ գործը, որուն իբր արդիւնք՝ Օսմանեան Սահմանադրութիւնը կը վերահաստատուի։ Յետոյ, իբր պատասխանատու անդամ իր պատկանած կուսակցութեան՝ կու գայ Պոլիս եւ կը դառնայ ցոյցերու խանդավառող։

1912–ին կը մեկնի Ամերիկա եւ հայ համայնքներու մէջ շրջան մը ընելէ ետք, Պոլիս կը վերադառնայ։

Հրատարակած է ուսումնասիրութիւն մը Գրիգոր Արծրունիի մասին, յետոյ գրած է «Դէպի կռիւ», «Դէպի երկիր» եւ «Մեծ Իտէալիստը»։ Ան կազմած է «Յարգանքի Պսակը» Փորթուգալեանի յոբելեանին եւ «Սգապսակը» գիրքերը։ «Ազատամարտ»ի անստորագիր խմբագրականներէն մէկ մասը Ակնունիի գրիչին կը պատկանին։

Մեծ Եղեռնի զոհերէն եղած է։

Հ․Օ․Մ․ի հիմնադրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քսաներորդ դարուն առաջին տասնամեակին, երկու իրերամերժ կայսրութիւններու միջեւ բաժնուած հայութիւնը, Պոլիսէն Թիֆլիս, կ'ապրէր իր ազգային ինքնագիտակցութեան, մշակութային ու քաղաքական զարթօնքի նորագոյն շրջանը։ Գալիք դէպքերու լոյսին տակ, նախախնամական եղաւ երիտասարդ մտաւորական եւ դաշնակցութիւն կուսակցութեան ակնառու գործիչ՝ Խաչատուր Մալումեան «Է. Ակնունիի» կը հասնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորակազմ համայնքներէն ներս ի մի հաւաքելու եւ կազմակերպելու ազգային վերազարթնումով խանդավառ հայ կանանց անջատաբար գործող զանազան խումբերը։

Միջազգային Կարմիր Խաչի մարդկայնական եւ բարեսիրական սկզբունքներէն ու ծրագիրներէն ներշնչուած, Միացեալ Նահանգներու հայ կանանց փոքրաթիւ այս խումբերը, Ակնունիի խրախուսիչ թելադրանքներով ու ցուցմունքներով, 1910 թուին կը համախմբուէին Նիւ Եորքի մէջ եւ հիմը կը դնէին «Դաշնակցութեան Կարմիր խաչի», որ հետագային, համասփիւռքեան իր տարածուն ցանցով եւ աշխոյժ գործունէութեամբ, ամենուրեք ճանչցուած է իբրեւ Հայ Օգնութեան Միութիւն։

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Swartz A. Open Library — 2007.
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 Հայաստանի գրադարանների համահավաք գրացուցակ
  4. 4,0 4,1 4,2 Deutsche Nationalbibliothek Record #1028909438 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.