Jump to content

Հայկ Ժամկոչեան

Հայկ Ժամկոչեան
Ծնած է 1911
Ծննդավայր Կեսարիա, Թուրքիա
Մահացած է 7 Մարտ 1999(1999-03-07)
Մահուան վայր Քանատա
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Քանատա
Կարողութիւն «Թորգոմեան» Մատենադարանի մասնակից
Մասնագիտութիւն իրաւաբան, ուսուցիչ, Խմբագիր, հրատարակիչ

Հայկ Ժամկոչեան (1911, Կեսարիա, Թուրքիա - 7 Մարտ 1999(1999-03-07), Քանատա), իրաւաբան, ուսուցիչ, մամուլի աշխատակից, խմբագիր եւ հրատարակիչ:

Հայկ Ժամկոչեան ծնած է Կեսարիա 1911-ին, ուր իր նախակրթութիւնը իր ստացած է Հայ Կաթողիկէ – Կիւմիւշեան Ազգային վարժարաններուն մէջ, իսկ թրքերէն լեզու՝ «Թրքական էմիրէ»ի նախակրթարանին մէջ։ Շարժուն համայնագիտարան մըն էր ան:

Զինադադարին հայրը Կեսարիա վերադառնալով աքսորէն, ընտանիքը Պէյրութ կը փոխադրէ 1923 թուականին, - չորս ամիս ետք՝ Աղեքսանդրիա – Գահիրէ, ուր յաճախելով Գալուստեան Ազգ. Վարժարանը, կ'աւարտէ 1927ին: Իր հայ ուսուցիչներէն կը յիշուին՝ Բ. Վարժապետեան, թուաբանագէտ Ազարիկ Գոլոյեան, գեղագիր-գծագէտ Մարտիկոս Պալայեան, Գրիգոր Կիրակոսեան, Յակոբ Օշական, Գ. Տիւրկէրեան, Լեւոն Թաշճեան, Ա. Քրիսեան, դուրսէն՝ Շահան Պէրպէրեան, Յ. Թ. Գայաեան, եւ Լիպարիտ Նազարեանց եւ Նիկոլ Աղբալեան:

Յաջորդ տարին կը մտնէ ֆրանսական լիսէի առեւտրական ճիւղը, ուրկէ կը վկայուի 1930ին, ապա 1931ին, Ֆրանսական պաքալորէայի ճիւղը: Միաժամանակ՝ երեկոները հետեւեալով «Լէօնարտօ տա Վինչի» իտալական դպրոցի գծագրութեան եւ իտալերէն լեզուի դասընթացքներուն: Միեւնոյն ատեն թղթակցութեամբ, լրագրութեան կը հետեւի Փարիզի «Էքոլ Իւնիվերսել»ի միջոցաւ: Յետոյ կը յաճախէ Պորոմէ գերմանական ուսումնարանի՝ գերմաներէն լեզուի եւ մանկավարժութեան գիշերային դասընթացքներուն:

1931-1933 յաճախած է Գահիրէի իրաւաբանական ֆրանսական ֆաքիւլթէն, զոր աւարտած է, սակայն՝ փաստաբանական ասպարէզը հետաքրքրական չգտնելով, հեռացած է:

1980 թուականին վերջնականապէս հաստատուած է Գանատա, իր զաւակներուն մօտ:

Ուսուցչական ասպարէզ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գահիրէ «Նաւասարդ» սրահին մէջ, 120 նախկին որբերու հայերէն սորվեցուցած է գիշերները: 19291931, Հայկ Դպիրեանի, Լեւոն Դելփեանի, Յարութիւն Էսէկիւլեանի եւ Լեւոն Հէօքէլէկեանի հետ, գիշերային ամենօրեայ վարժարան բանեցուցած է հայ աշխատող աղքատիկ տղոց համար, Գահիրէ « Պէյն-էլ-Սուրէյն» թաղի «Ռաֆֆի» սրահին մէջ։ Հայագիտական նիւթեր դասաւանդած է 1977-էն 1980, Գալուստեան Ազգային վարժարանին մէջ։ Կարճ ժամանակներ՝ ուսուցիչ եղած է Բ. Կէօզիւպէօյիւքեանի «Հայ Կաթողիկէ վարժարան»ին մէջ:

Իր առաջին գրութիւնը՝ «Կատուն» շարադրութիւնը, իր ուսուցիչը՝ Յակոբ Օշական, ղրկած է Պոսթընի «Հայրենիք»ին: Իր քննադատական առաջին յօդուածը՝ «Մտահոգութիւններ», լոյս տեսած է «Յուսաբեր»ի մէջ 1929ին:

Խմբագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկ Ժամկոչեան, փաստօրէն գործակցած է աւանդական երեք կուսակցութիւննրու մամուլներու խմբագրութիւններուն հետ, առաւել՝ Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի եւ «Նիրր Իսթ» հայկական ակումբի պարբերաթերթերու խմբագրութիւններուն, եւ սակայն չէ յարատեւած եւ ոչ մէկ կազմակերպութեան մէջ:

  • Լեւոն Դելփեանի, Ն. Խանճեանի եւ Յարութիւն Էսէկիւլեանի հետ վարած է խմբագրութիւնը «Համասպրամ» ամսագրին:
  • Համբարձում Գարայեանի հետ խմբագրած է Գալուստեան Շրջանաւարտից Միութեան «Արմաւենի» տարեգիրքը 1937 թուականին, ինչպէս նաեւ Արշակ Ալպօյաճեանի «Կեանք եւ Գիր» տարեգիրքը՝ 1947-ին:
  • 1948 թուականին, Արշամ Տատրեանի հետ եւ մասնակցութեամբ խումբ մը մտաւորականներու,հիմնած է «Ջահակիր» շաբաթաթերթը: Երեք տարի կանոնաւորաբար եւ 12 տարի անկանոն կերպով հրատարակելէ ետք 1963 թուականին փոխանցած է ընկեր Սարգիս Պալայեանի անունին (Հնչակեան կուսակցութեան):
  • 1957-1959ին Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի «Տեղեկատու»ն խմբագրած է, իր ատենադպրութեան շրջանին:
  • Գրական եւ հրապարակագրական յօդուածներով աշխատակցած է «Լուսարձակ»ին, «Ովասիս»ին, Փարիզի «Հայ Արի»ին, Աթէնքի «Նոր Օր»ին , «Նոր Շարժում»ին, «Յուսաբեր» օրաթերթին եւ ամսօրեային, «Արեւ»ին: (Խմբագիր Տոքթ. Նուպար Պէրպէրեանի Ամերիկա փոխադրուելէն ետք: 1957-1960 «Արեւ»ին գրած է ամենօրեայ բազմաթիւ յօդուածներ, ուսումնասիրութիւններ):
  • Եղած է հիմնադիր եւ սկզբնական շրջանի խմբագիրը «Նիրր Իսթ» Հայկական Ակումբի «Հոկտեմբեր» ամսաթերթին (1974):
  • 1975-79 չորս տարի հրատարակած է «Իմացարան» պարբերաթերթը: Սահակ Պալըգճեանի հետ խմբագրած է Հայ Գրքի Բարեկամներու ընկերակցութեան հրատարակած «Էջեր Հայ Գրականութիւնէն»ի առաջին հատորը:
  • Օժանդակած է Բենիամին Թաշեանի խմբագրած «Համազգային»ի տարեգիրքին:
  • Աշխատակցած է «Հայ Գիր»ին, Արշակ Ալպօյաճեանի՝ «Ազատ Միտք»ին, Դաւիթ Շահլամեանի՝ «Կեանք եւ Գիր»ին, «Զուարթնոց»ին, Աղէքսանդրիոյ «Մշակ»ին, «Արարատ»ին, «Մասիս»ին, «Լուսաբաց»ին եւ անշուշտ «Ջահակիր»ին:
  • Պատմուածքներով եւ քննադատականներով աշխատակցած է «Նայիրի»ին, «Զարթօնք»ին, «Շիրակ»ին, «Նոր Գիր»ին, Հրաչ Երուանդի «Պայքար» տարեգիրքին, «Ազդարար»ին, «Սփիւռք»ին, «Ճառագայթ»ին, «Մշակոյթ»ին: Պարբերաբար գրած է Սովետական Արուեստ»ին, «Գրական Թերթ»ին «Հայրենիքի Ձայն»ին մէջ:

Հիմնադրական գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եղած է կազմակերպիչներէն՝ Արշակ Չօպանեանի, Արշակ Ալպօյաճեանի, Աշոտ Պատմագրեանի յոբելեաններուն: Նաեւ 1964-էն եղած է Գալուստեանի Ծնողք-Ուսուցիչ միութեան հիմնադիրներէն: Հրանդ Նասիպեանի օրով՝ մասնակցած է«Թորգոմեան» Մատենադարանի հիմնադրութեան:

Հիմնադիրներէն է Հայ Արիներու Ընկերակցութեան (1927), Հայ Եղբայրակցութեան Ուխտին (1929), Հայկազնեան Միութեան «Ռաֆֆի» սրահին (1929-1932), Արշակ Ալպօյաճեանի «Մտաւորական Սպասարկութեան Գրասենեակ»ին: Շրջան մը եղած է Հայ. Ազգ. Հիմնադրամի մատենաշարին խմբագիրը՝ Վարդգէս Գարտաշեանի Լիբանան մեկնելէն ետք:

Հրատարակութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հրատարակած է »Անդաստան Հայ Մտքին», երեք պրակ, «Նոր Խիկար» երգիծաթերթը, երեք թիւ, «Զօհրապ Հրապարակագիր» ուսումնասիրութիւնը, Գրիգոր Զօհրապի «Մեր կեանքէն» հատորը, «Թլկատինցին եւ իր քրոնիկները», «Ճամբուն մէջ որ Հռոմ կը տանի»՝ պատմուածքներու հատորը: Ա. Արմէնեանի «Յաւիտենական Երուսաղէմը» հատորը: Սիմոն Սիմոնեան, Պէյրութ, իր «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած Ժամկոչեանի քառասուն գրադատականները հրատարակած է, զանոնք ամփոփելով հատորի մը մէջ՝ «Արժէքներու Որոնում»: 1971-ին՝ «Համառօտ պատմութիւն Եգիպտահայոց» գրքույկը:

Ունի անտիպ աշխատութիւններ, կիսաւարտ ուսումնասիրութիւններ (Խրիմեան, Դանիէլ Վարուժան, Վահան Տէրեան, Արշակ Ալպօյաճեան), վիպակներ, ճամբորդական նոթեր, գրականութեան, պատմութեան եւ հայոց պատմութեան դասագիրքերու ծրագիրներ եւ հայերէնէ արաբերէն բառարանի կիսաւարտ ձեռնարկ մը նաեւ՝ «Վերապրողի Յուշեր»:

Գրական ասուլիսներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1957-1959 շրջանին, Հայ Գեղարուեստասիրած Միութեան եւ Կոկանեան սրահին մէջ, օժանդակութեամբ Աւետիս Եափուճեանի, կազմակերպած է ամսօրեայ գրական ասուլիսներ, որոնց բոլորին ալ իր մասնակցութիւնը բերած է:

Գործակցած է Գ. Մխիթարեանին՝ «Համազգային»ի Մշակութային Խորհուրդի 11 « Գրական Ասուլիսներ»ուն՝ Բ. Թաշեանի, Ե. Խաթանասեանի հետ:

ՀԲԸՄ վեթերան անդամ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եղած է ՀԲԸՄ-ի 50-ամեայ վեթերան անդամ, այլ մշակութային միութիւններու գործօն անդամ: