Jump to content

Պոսթընի Հայերը

Պոսթընի Հայերը, Պոսթընի հայերը բնակութիւն հաստատեր են 1880-ական թթ.։ Մինչ այդ կը յիշուի, որ 1682-ին այստեղ հաստատուած է հունգարահայ Ստեփան Զադորին։ 1890 թուականին Սարգիս Շաղլեանը Պոսթընի մէջ հիմներ է շաքարեղէգի գործարան (մասնաճիւղեր ունեցեր է Գալիֆորնիայի մէջ)։ 2003 թուականին Պոսթընի եւ շրջակայքի մէջ ապրեր է 60 հազարէ աւելի հայ՝ մտաւորականներ, բանուորներ, արհեստաւորներ, առեւտրականներ։ 2013-ի տուեալներով, Պոսթընի մէջ ապրած է մօտաւորապէս 80.000 հայ։

Առաջին հայկական եկեղեցին կը գործէ 1923 թուականէն։ Այնտեղ կը գտնուի ԱՄՆ-ի Հայ կաթողիկէ եկեղեցիին կեդրոնը՝ Սուրբ Խաչ եկեղեցին։ Կան նաեւ աւետարանական եկեղեցիներ։ Եկեղեցիին կողքին կը գործէ ամէնօրեայ միօրեայ դպրոցներ։ Համայնքի ազգային կիանքը կը կազմակերպէ ՀՅԴ-ի, ՌԱԿ-ի տեղական կազմակերպութիւնները՝ իրենց մշակութային, մարզական, երիտասարդական կառոյցներով, ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղը, հայրենակցական (այնթապցիներ, խարբերդցիներ, արաբկիրցիներ, մարաշցիներ, սեբաստացիներ, համավասպուրականցիներ) միութիւններուն մասնաճիւղերը։

Պոսթընի մէջ Է ՌԱԿ-ի Արեւելեան շրջանային վարչութեան գրասենեակը։ Կը գործեն բազմաբնոյթ մասնագիտական կազմակերպութիւններ: Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու ազգային ընկերակցութիւնը (NAASR), Ժամանակակից հայագիտական ուսումնասիրութիւններու եւ փաստագրման Զօրեան հիմնարկութիւնը (կը գտնուի Քեմպրիճ քաղաքին մէջ՝ Պոսթընի մերձակայքը), Հայ դերասաններ, Հայ բժիշկներ ընկերութիւնները, Ամերիկայի հայկական գրադարանները եւ թանգարաններու միութիւնը (ALMA)։

Կը գործեն նաեւ Համազգային մշակութային միութեան թատերախումբը եւ «Համաստեղ» գրադարանը։

Լոյս կը տեսնեն «Հայրենիք», «Հայ սիրտ» պարբերականները, ("The Armenian Review") եւ ("The Armenian Spectator Mirror") շաբաթաթերթերը։ Պոսթընի մէջ լոյս կը տեսէն նաեւ «Պայքար» օրաթերթը, «Հայրենիք» ամսագիրը։

Կը գործեն հայկական ռատիօ-հեռատեսիլային ծրագրեր հայերէն եւ անգլերէն: Հարվըրտի համալսարանը ունի հայագիտական ամպիոն[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Հայ սփյուռք հանրագիտարան, Երեւան, 2003