Jump to content

Մասիս (օրաթերթ)

«Մասիս»-ը հիմնուած է 1852-ին, Կարապետ Իւթիւճեանի կողմէ:

(շաբաթաթերթ՝ 1852-1862); (շաբաթ 3-6 անգամ՝ 1862-1878); (ամէնօրեայ՝ 1879-1884); (ամսաթերթ, երբեմն շաբաթաթերթ՝ 1884էն ետք):

Անոր առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ 2 Փետրուար 1852-ին եւ կը դառնայ Պոլիս հրատարակուող առաջին արեւմտահայ թերթը: Իրմէ առաջ այնտեղ կար «Լրոյ գիր...» կոչուածը, որ Սուլթանի արքունի թրքերէն պաշտօնաթերթին հայերէն թարգմանութիւնն էր եւ կը հրատարակուէր կայսրութեան նախաձեռնութեամբ ու ծախսերով[1][2]:

Կարապետ Իւթիւճեան իր շուրջ ունէր մտաւորական կոկիկ կորիզ մը, ուր կը գտնուէին Գրիգոր Օտեանը, Նահապետ Ռուսինեանը, բժ. Սերվիչենը եւ ուրիշներ, որոնք բոլորն ալ տարուած էին աշխարհաբար լեզուն կոկելու, կանոնաւորելու եւ համազգային լեզուի մը վերածելու մարմաջով, հակառակ իրենց շատ խոր կապուածութեան՝ գրաբարին:

Կարապետ Իւթիւճեան ամբողջ 32 տարի մեծ կորովով ու նուիրումով պայքարեցաւ իր այս իտէալին համար եւ մեր բարբառը շատ բան կը պարտի իրեն եւ իր հիմնած աւանդոյթին: Իրմէ ետք թերթը 1886-ին ստանձնեցին օրուան լաւագոյն ուժերը, որոնցմէ էԱրփիար Արփիարեանը, որ արդէն մաս կը կազմէր անոր անձնակազմին եւ զայն վերածեցին ազգային տոկուն բեմի մը, որ իր յատուկ տեղը եւ վարկը ունէր արեւմտահայ իրականութեան մէջ: Անոր կ’աշխատակցէին օրուան անուանի մտաւորականներէն Յակոբ Պարոնեանը, Լեւոն Բաշալեանը, Երուանդ Օտեանը, Արշակ Չօպանեանը, Արտաշէս Տէր Յարութիւնեանը, Եղիա Տեմիրճիպաշեանը, Գրիգոր Զօհրապը, Սիպիլը, Հրանդ Ասատուրը եւ ուրիշներ:

Այստեղ է, օրինակ, որ 1888-ին իբրեւ թերթօն հրատարակուեցաւ 27-ամեայ Գրիգոր Զօհրապի առաջին վէպը՝ «Անհետացած սերունդ մը», իսկ տարի մը ետք՝ «Ուղեւորութիւն մը յիշատակներէս ներս»-ը:

Գրիգոր Զօհրապ «Մասիս» օրաթերթի տէրն ու տնօրէնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1892-ին զայն ձեռք կ’անցընէ Գրիգոր Զօհրապ, որ կը դառնայ անոր տէրն ու տնօրէնը, իրեն հետ ունենալով Հրանդ Ասատուրը եւ Տիգրան Կամսարականը: Թերթը լոյս կը տեսնէ նոյն տարուան Յունուարին՝ իբրեւ երեքշաբաթեայ եւ կը գործէ ամենայն կանոնաւորութեամբ, յաջորդաբար լոյս ընծայելով 17 թիւ եւ գտնելով մեծ ընդունելութիւն:

Այս յաջողութենէն քաջալերուած ու խանդավառ՝ Զօհրապ 1893-ին «Մասիս»-ը կը վերածէ շաբաթաթերթի՝ հակառակ Հրանդ Ասատուրի բազմաթիւ զգուշացումներուն, քանի այս վերջինը շատ աւելի տեղեակ էր թերթի խոհանոցային հաշիւներուն ու մանրուքներուն եւ կը գիտակցէր, որ կարելի չէր ապրեցնել զայն իբրեւ շաբաթաթերթ: Եւ իրօք ալ, հազիւ եօթը ամսուան կեանք մը կ’ունենայ շաբաթաթերթը, սպառելով խմբագրական անձնակազմին բոլոր ուժերը, յատկապէս Զօհրապի, որ ա՛լ ժամանակ չէր գտներ զբաղելու անով:

Սակայն Զօհրապի արիւնին մէջ էր հրապարակագրութիւնը: Ան հետամուտ կ'ըլլայ վերստին տիրանալու «Մասիս»-ին եւ կը յաջողի, իր հետ ունենալով Սիպիլը եւ Հրանդ Ասատուրը: Եւ ան լոյս կը տեսնէ իբրեւ օրաթերթ: Գրիգոր Զօհրապ, որ արդէն ծանրաբեռնուած էր իր ասպարէզով եւ ազգային երեսփոխանի տաղտուկներով, հիմա կը մտնէ նոր հեւքի մը մէջ՝ ամէնօրեայ խմբագրականներով ու ազգային հարցերու նուիրուած յօդուածներով, որոնք կը հիւծէին զինք: Այսպէս կը տոկայ հազիւ տարի մը ու կը քաշուի անկէ:

«Մասիս»-ը անկէ ետք կը շարունակէ լոյս տեսնել մինչեւ1908-ի սահմանադրութիւնը, երբ նոր դէմքեր, նոր հոսանքներ ու նոր արժէքներ հրապարակ կու գան, վերջ դնելով անոր 56-ամեայ գոյութեան, ուր ան փոքր ընդմիջումներով արեւմտահայութեան եւ արեւմտահայերէնին բաբախող սիրտը եղաւ, իր մէջ ներառելով օրուան լաւագոյն մտաւորականները եւ իրը դարձնելով ազգը յուզող բոլոր հարցերն ու մտահոգութիւնները:

Անոր վերջին տնօրէնը կ'ըլլայ Ենովք Արմէնը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։