Jump to content

Սիմոն Սիմոնեան

Սիմոն Սիմոնեան
Ծնած է 24 Մարտ 1914
Ծննդավայր Այնթապ
Մահացած է 11 Մարտ 1986 (72 տարեկան հասակին)
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն Կաղապար:Country data Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ուսումնավայր Կրթասիրաց վարժարան?
Ազդած է Հայ ժողովուրդը
Մասնագիտութիւն գրագէտ, ուսուցիչ, հրապարակախօս
Աշխատավայր Հայկազեան Ազգային Վարժարան
Կյուլլապի Կյուլպենկյան վարժարան?
Դարուհի Հակոբյան վարժարան?
Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարան
Սփիւռք?

Սիմոն Սիմոնեան( 24 Մարտ 1914, Այնթապ - 11 Մարտ 1986, Պէյրութ ), հայ գրագէտ: «Սփիւռք» շաբաթաթերթի եւ «Սեւան» տպագրատան ու հրատարակչատան (Պէյրութ) հիմնադիրն է։

Ծնած է Այնթապ: Անդրանիկ որդին է սասունցի ծնողներու։

Նախակրթութիւնը ստացած է Այնթապ, մինչեւ 1921։ Այդ թուականին ընտանեօք բռնագաղթած ըլլալով, ուսումը շարունակած է Հալէպի Հայկազեան, Կիլիկեան գաղթականաց, Լատիններու, Ֆրէր Մարիսթներու վարժարաններուն մէջ։ 1926-1930 յաճախած է Հալէպի Կրթասիրացը։ Այնուհետեւ առաջին ուսանողը կը հանդիսանայ Անթիլիասի մէջ եւ առաջին շրջանաւարտը՝ 1935-ին, դասընկերակցութեամբ Երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի եւ այլոց։

1954–ին կ'ուղարկուի Սովետական Հայաստան, Գէորգ Զ. Կաթողիկոսի յուղարկաւորութեան, որպէս անդամ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի պատուիրակութեան։

1955-ին հրաժարելով Կիլիկեան Կաթողիկոսարանի իր բոլոր պաշտօններէն, կը հիմնէ իր սեփական տպարանը եւ «Սեւան» հրատարակչատունը։ Կ'ամուսնանայ Մարի Աճէմեանի հետ եւ կը բախտաւորուին 5 զաւակներով ու թոռներով։

Պաշտօններ վարած է Հալէպի Հայկազեան եւ Կիւլպէնկեան վարժարաններուն մէջ որպէս հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ։ Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ աւանդած է գրաբար եւ հայ մատենագիտութիւն։ Նաեւ պաշտօնավարած է Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան եւ Դարուհի Յակոբեան վարժարաններուն մէջ։

Սիմոնեան "բարեւ"ի փոխարէն "ողջոյն" բառը կը գործածէր։ Ուրեմն՝ մեծատառով Սիմոնեանական ՈՂՋՈՅՆ քեզի։


Հեղինակն է հայոց պատմութեան եւ մայրենի լեզուի դասագիրքերու։ Կատարած է բանասիրական աշխատանքներ։ Խմբագրած է կաթողիկոսարանի «Հասկ» պաշտօնաթերթը։

1965-ին հրատարակած է «Արեւելահայ Գրականութիւն» մեծածաւալ հատորը, ինչպէս նաեւ «Հին Հայ Մատենագրութիւն»ը որպէս ենթահող արդի գրականութեան (1975), Նորայայտ Տաղասաց մը, Ստեփանոս Դաշտեցի (1981)։

Գրել սկսած է ուսանողական գրասեղաններէն, աշխատակցելով պարբերական մամուլին։

Իր հրատարակած գրական գործերն են.

  • «Հայոց Երգիծական Պատմութիւն» (1965),
  • «Խմբապետ Ասլանի Աղջիկը եւ Սիփանայ Քաջեր» (1967),
  • «Լեռնականներու Վերջալոյսը»(1968),
  • «Սիփանայ Քաջեր, Բ. հատոր» (1970),
  • «Լեռ եւ Ճակատագիր»,
  • «Սիփանայ Քաջերու եւ Լեռնականներու Վերջալոյսը»-ի վերամշակուած հատընտիր երկերու Ժողովածոյ (1972),
  • «Անդամադրոս», վէպ (1981)։

Ունի նաեւ «Կը Խնդրուի… Խաչաձեւել» խորագրեալ իր ստորագրութիւնը կրող անդրանիկ գիրքը: Այս գիրքը գեղարուեստական ստեղծագործութիւն մըն է: Թուական` 1965: Նոյն տարին պիտի հրատարակուէր նաեւ իր հաստափոր «Արեւելահայ Գրականութիւն»-ը, որ բանասիրական աշխատասիրութիւն մըն էր[1]:

Սիմոն Սիմոնեանի պատմուածքները ինքնատիպ են իրենց նրբախոհութեամբ եւ ազնուականութեամբ։ Հեղինակը կ'առինքնէ ընթերցողը իր ժողովրդականութեամբ, վառ երեւակայութեամբ եւ գունագեղ ոճով։

Ի գիտութիւն հայ նոր սերունդին, նշենք նաեւ որ Սիմոն Սիմոնեան իր “Սփիւռք” շաբաթաթերթին մէջ, տարիներ շարունակ խմբագրականներով եւ յօդուածներով անդրադարձած է հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն վերաբերող հարցերուն, համահայկական կեդրոնական մարմին մը գոյացնելու անհրաժեշտութեան, Արցախի եւ Նախիջեւանի նկատմամբ առնուած անարդար որոշումներուն եւ բազմաթիւ այլ կարեւոր հարցերու։ Անկախ, անկուսակցական Սիմոն Սիմոնեանը հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն “մունետիկ”ը եղաւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Սիմոն Սիմոնեանի ոգին իր մահէն տարիներ ետք ալ կ’ապրի իր հազարաւոր աշակերտներու եւ պատրաստած բազմաթիւ մտաւորականնրու մտքին ու հոգիին մէջ։
- Ասատուր Կիւզէլեան Լոնտոն, Հոկտեմբեր, 2020


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]