Jump to content

Հայերէն երգարաններ

Հայոց լեզուով առաջին երգարանի ստեղծումը կը վերաբերի դեռ 1513 թուականին. այդ Յակոբ Մեղապարտի հրատարակած հինգ գիրքերէն մեկն էրՙ «Տաղարանը», տպագրուած` Վենետիկի մէջ: Ընդհանուր առմամբ, hայերէն երգարանները ունին լայն աշխարհագրութիւնՙ Վենետիկ, Կալկաթա, Կոստանդնուպոլիս, Մարզուան, Վառնա, Երուսաղէմ, Թիֆլիս, Ախալցխա, Պէյրութ, Մոսկուա, Սենթ Փեթերսպուրկ, Տոնի Ռոստով, Երեւան, Պոսթըն, Նիւ Եորք, Լոնտոն եւ այլուր:[1]

Հանրայայտ տպագրուած երգարաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Կալկաթայի մէջ 1830 թուականին տպագրուած է «Սիրակարկաջ որ է հանդիսարան հայերէն, պարսկերէն եւ հնդստանցերէն երգոց» երգարանը, ուր պարսկերէն երգերը, ըստ բանասէր Ջանի Միրզաբէկեանի, կը պատկանին պարսիկ բանաստեղծ Հաֆեզի գրիչին: Կալկաթայի մէջ 1846-ին տպագրուած է նաեւ «Նուագարան զբօսանաց» երգարանը: Այս երկու երգարաններն ալ կը պարունակեն սիրոյ, պանդխտութեան, խրախճանքի եւ ամուսնութեան երգեր:
  • Վենետիկի մէջ լոյս տեսած են Յակոբ Մեղապարտի վերոնշեալ «Տաղարանը» (1513) եւ հայր Ղեւոնդ Ալիշանի «Հայոց Երգք Ռամկականք» (1852) ժողովածուն: Թրիեսթի Մխիթարեան Միաբանութեան տպարանին մէջ լոյս տեսած է «Հանդիսական հոգեւոր երգք եւ մաղթանք» հատորը (1777):
  • Կոստանդնուպոլսոյ մէջ տպագրուած առաջին ուշագրաւ երգարաններէն են՝ «Փոքրիկ Գանձարանը» (1739), «Երգարան ազգային երգոց» (1861), «Թանգարան ազգային երգոց» (1862), «Երգարան՝ ի յիշատակ Գաբրիէլ Երանեան»ի (1863), որոնց մէջ երեւելի են ժամանակի հանրայայտ մտաւորականներու (Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Գէորգ Ապտուլլահ, Ռափայէլ Պատկանեան, Նահապետ Ռուսինեան եւ այլք) ստեղծագործութիւնները: Յաջորդող թուականներուն լոյս տեսած են «Քնար հայրենի»ն (1864), «Հայկական քաղցր երգեր»ը (1908), Բարսեղ Կանաչեանի «Ձայնագրուած հայկական երգարան»ը (1909), Հմայակ Արամեանցի «Հայուն երգարան»ը եւ «Դայլայլիկ»ը (1911, 1912), Ահարոն Մսրլեանի «Պատկերազարդ ձայնագրուած հայկական երգարան»ը (1919, 1921), որոնց մէջ ընդգրկուած են ազատագրական, հայրենասիրական, ազգային սահմանադրութեան ընդունման ձօնուած տարբեր յայտնի եւ անյայտ հեղինակներու երգեր: Երգարաններէն շատերը հարուստ են նաեւ ժամանակի մտաւորականներու հազուագիւտ լուսանկարներով, ընդգրկած են Հ. Յ. Դաշնակցութեան, Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան, յեղափոխական տարբեր ձեռնարկներու նուիրուած երգեր:
  • 1870-1880-ական թթ. Կ. Պոլսոյ մէջ տպագրուած երգարաններուն մէջ առկայ են երկու թատերական երգարան՝ «Երգարան թատերական» եւ «Երգարան թատերական, ազգային եւ սիրահարական կամ Քնար հայկական»: Ատոնք ընդգրկած են թատերական ներկայացումներու համար գրուած երգերու բանաստեղծական բնագրեր («Արքայն զբօսնու», «Ջաղացպան», «Գիւղին սիրահարեալները», «Ռոպերթ աւազակապետ» թատերգութեան): Այդ երգարանները շռայլ են նաեւ պարերգերու ընդգրկման տեսանկիւնէն՝ «Պարերգ ափրիկեան», «Պարերգ գեղջկուհեաց», «Պարերգ բոլոնիական», «Պար վենետիկեան» եւ այլն:
  • Առանձին ուշադրութեան արժանի են մանկական երգարանները, որոնցմէ են դարձեալ Պոլսոյ մէջ տպագրուած «Երգեր ու եղանակներ տղայոց համար Կիրակի եւ ուրիշ օրերու դպրոցներու մէջ գործածելու համար թէ՛ հայերէն ու թէ՛ տաճկերէն լեզուով» (1868), Յովնան Փալագաշեանի կազմած «Պզտիկներուն երգարանը» (1903), որ գործածուեր է որպէս «Դասագիրք ընթերցանութեան մանկապարտէզներու, ծաղկոցներու, նախապատրաստական կարգերու եւ տարրական դասընթացի համար»:
  • Յատուկ ուշադրութեան արժանի է 1911-ին Կոմիտաս վարդապետի խմբագրութեամբ լոյս տեսած «Ձեռաց տետրակ հայ գեղջուկ համերգի, որ ղեկավարութեամբ Կոմիտաս վարդապետի եւ սիրայօժար մասնակցութեամբ իր 300 երկսեռ երգիչներու, Կիրակի,Մարտ 30-12 Ապրիլ 1911, Բերա Իւնիօն ֆրանսէզի սրահ», «Ի նպաստ հիմնելի հայ երաժշտանոցի» երգարանը, որ նոյն թուականին լոյս տեսած է նաեւ Աղեքսանդրիոյ մէջ:

Յատկանշական են հոգեւոր երգերով տարբեր քաղաքներու մէջ լոյս տեսած տաղարանները, գանձարանները, որոնց մեջ կան Կ. Պոլսոյ, Էջմիածինի, Մատրասի, Մոսկուայի մէջ լոյս տեսած ինչպէս քանի մը հեղինակներու, այնպէս ալ մէկ հեղինակի երգերու խօսքեր պարունակող ժողովածուներ՝ կազմուած Ղազար Ճահկեցիի, Պաղտասար Դպիրի, Սիմէոն Երեւանցիի, Գրիգոր Գապասաքալեանի հոգեւոր ստեղծագործութիւններէն:

  • Թիֆլիսի մէջ լոյս տեսած հայերէն երգարաններէն աչքի կ'իյնան «Նոր երգարան-ժողովածու գործածական երգերի» հատորը (1864), ուր ընդգրկուած են մեծ մասամբ Ռափայէլ Պատկանեանի, Սայաթ-Նովայի, Պետրոս Ղափանցիի, Մ. Թաղիադեանցի, Ղեւոնդ Ալիշանի, Յովհաննէս Միրզա Վանանդեցիի եւ այլոց ստեղծագործութիւններու հիման վրայ ստեղծուած հոգեւոր բնոյթի, Հայաստանին նուիրուած, մայրենի լեզուն ու բարբառը գովերգող երգեր: Այստեղ ընդգրկուած է Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Եղբայր եմք մեք» երգը (երաժշտութեան հեղինակ՝ Քարլօ Ֆոսքինի), որ յետագային, ըստ երաժշտագէտ Աննա Ասատրեանի, դարձած է հայ մասոններու օրհներգը, քանի որ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը անդամակցած է Կ.Պոլսոյ հայ մասոններու «Սէր» օթեակին:

Այս շարքին մէջ պէտք է նշել նաեւ Ներսիսեան ազգային հոգեւոր դպրոցի ձայնագրութեան ուսուցիչ՝ Եզնիկ քահանայ Երզնկեանցի «Մանկական երգարանը» (1879), «Մուզայք Հայաստանին» (1880) ժողովածուները, Աղեքսանդր Մխիթարեանցի «Տաղեր եւ խաղերը» (1900)՝ բաղկացած Մովսէս Խորենացիի, Գրիգոր Պահլաւունիի, Սահակ Պարթեւի, Ներսէս Շնորհալիի շարականներէն ու տաղերէն, Կամսար Տէր-Դաւթեանցի «Ծոցի երգարանը» (1903), ամենատարածուած ընտիր երգերու «Ծաղկեփունջ» ժողովածուն (1907), «Չը մրսես, բարաշկա ջան» (հին եւ նոր աշուղներու երգեր, 1910), «Ազատութեան երգեր» (1917) երգարանները:

  • Գրիգոր քահանայ Գրիգորեանցի «Սոխակ» լիակատար երգարանը 1888-1902-ին հրատարակուեր է Սենթ Փեթերսպուրկի, Մոսկուայի եւ Պաքուի մէջ: Մինչ օրս փնտռուած երգարան է «Արեան ձայները» (1904, Փեթերսպուրկ), որ կազմուած է հայրենասիրական եւ ազատագրական երգերէ: Թիֆլիսի եւ Փեթերսպուրկի մէջ հրատարակուեր են հայ երգահաններու՝ Անուշաւան Տէր-Ղեւոնդեանի խմբերգերը, երկձայն մանկական երգերը (1914) եւ այլ ստեղծագործութիւններ, բոլորը հաւանութեան արժանացած Փեթերսպուրկի երաժշտանոցի գեղարուեստական խորհուրդի կողմէ, ինչպէս նաեւ Ազատ Մանուկեանի (1915) եւ Դանիէլ Ղազարեանի (1917) մանկական երգերը: Պաքուի մէջ 1874-1912 թթ. վեց անգամ հրատարակուեր է «Սոխակ Հայաստանի» լիակատար երգարանը, 1908-ինՙ երգահան Անտոն Մայիլեանի «Գարուն եւ Լօ Լօ» երգերու ժողովածուն դաշնամուրի նուագակցութեամբ, իսկ 1910-ին՝ անոր «Մանկական երգերը» դաշնամուրի նուագակցութեամբ՝ որպէս «Թատրոն եւ երաժշտութիւն» հանդէսի յաւելուած:
  • Բուն Հայաստանի մէջ առաջին անգամ երգարան հրատարակուած է Վաղարշապատի մէջ, 1891-ին՝ հոգեւոր երգասացութեան ժողովածու, իսկ 1903-1905 թուականներուն Կոմիտաս Վարդապետը եւ Մանուկ Աբեղեանը լոյս ընծայած են հանրայայտ «Հազար ու մի խաղ» ժողովրդական երգարանը, որու վերահրատարակութիւնները լրացուած են տարբեր երգերով: Ալեքսանդրապոլի մէջ Արշակ Բրուտեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած է «Ռամկական մրմունջներ. ժողովրդական երգեր եւ պարերգեր» ժողովածուն (1895), որ վերահրատարակուած է նաեւ 1901 եւ 1904 թթ.: Յետագային Բրուտեանի թոռնուհին՝ Երեւանի երաժշտանոցի փրոֆեսոր, արուեստագիտութեան թեկնածու Մարգարիտ Բրուտեան, խմբագրած եւ հրատարակած է մեծ հօր աշխատութիւնը ամբողջութեամբ՝ «Ռամկական մրմունջներ (ձայնագրեալ ժողովրդական երգեր, պարերգեր եւ պարեղանակներ)» ընդհանուր խորագրով (մաս 1, 1985, մաս 2, 2002): Ախալցխայի մէջ 1906 թուականին լոյս տեսած է «Ազգային քնար» երգարանը՝ երգի վերածուած Յովհաննէս Թումանեանի, Ֆահրատի, Աւետիք Իսահակեանի, Շերամի, Ռափայէլ Պատկանեանի բանաստեղծութիւններով, նաեւ այլեւայլ հայրենասիրական երգերով: Իսկ 1907-ին «Արիւնի երգը» անուանումով երգարան լոյս տեսած է նաեւ Երեւանի մէջՙ նմանապես պարունակելով ազատագրական պայքարիՙ ժամանակի հանրայայտ երգերը:
  • Երգարաններ հրատարակուեր են նաեւ հայկական այլեւայլ գաղթավայրերու մէջ: Վառնայի մէջ (Պուլկարիա) 1897-ին լոյս տեսած են Յակոբ Սիսակի «Երգարան մանկապարտէզի. ի պէտս փոքրիկ տղայոց» երգարանը (որոնց մէջ մեծ ուշադրութեամբ եւ հետեւողականութեամբ ներկայացուած են մանուկներու առօրեային բնորոշ երգերու խօսքեր, հոգեւոր բնոյթ ունեցող ստեղծագործութիւններ), «Նոր քնար հայկական կամ հաւաքածոյ հին եւ նոր ազգային երգերու», «Նոր երգարան կամ Մրմունջք հայկական» երգարանները: 1905 եւ 1906 թթ. Լոնտոնի մէջ լոյս տեսած է «Ազգային երգարան գրպանի» (մաս Ա եւ Բ), 1914-ին Գահիրէի մէջՙ «Երգարան կրօնական եւ ազգային», 1915-ին՝ Բոստոնում «Ըմբոստ երգեր» ժողովածուները, 1917-1918 թթ.՝ «Հայ-ամերիկեան ազգային նոր երգարանը», 1919-ին՝ «Ընդարձակ գրպանի երգարանը»:

Թերթելով տարբեր հայ գաղթօճախներու մէջ հրատարակուած երգարաններու այս ցանկը՝ կը նկատենք, որ բազմաթիւ երգեր հանրայայտ եղած են եւ տարբեր տարիներուն շրջանառուած են երգարաններուն մէջ՝ միաւորելով օտարութեան մէջ ապրող հայի հայրենասիրական, կարօտի, սիրոյ եւ ուրախութեան զգացումները: Այդպիսի հանրայայտ երգերէն են «Կիլիկիան», «Երգ մեռանող հայրենասէրի», «Երգ Ազատութեան» (ներկայիս ՀՀ ազգային օրհներգը), «Ծիծեռնակ», «Տալվորիկի կտրիճ» եւ այլ հանրայայտ երգեր:

Մատենագիտութեան բաժինները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մատենագիտութեան առանձին բաժինները կը ներառեն նաեւ հայատառ թրքերենով յայտնի եւ անյայտ երգերու խօսքեր պարունակող ժողովածուներ, մէկ հեղինակի երգերէն կազմուած ժողովածուներու մասին տեղեկութիւններ, որոնց մեջ կը հանդիպինք ինչպէս հոգեւոր բանաստեղծութեան ներկայացուցիչներու (Պաղտասար Դպիր, Պետրոս Ղափանցի, Գրիգոր Գապասաքալեան, Ղունկիանոս Կարնեցի, Մխիթար Սեբաստացի), այնպէս ալ աշուղական արուեստի ներկայացուցիչներու (Սայեաթ-Նովա, Շիրին, Շերամ, Ջիւանի, Ֆիզահի) երգերը:

Առանձին բաժիններու մէջ ընդգրկուած են նաեւ թերի տուեալներ պարունակող հրատարակութիւններ, երաժշտութեան դասագրքեր, մէկ ստեղծագործութեան տպագութիւններ, օրինակ՝ Ահարոն Մսրլեանի «Դասընթացք ձայնական երաժշտութեան դիւրուսոյց եղանակով» (1911, Կ.Պոլիս), Սպիրիդոն Մելիքեանի «Դասագիրք երգեցողութեան» (1912, Թիֆլիս), Ռոմանոս Մելիքեանի եւ Ազատ Մանուկեանի «Երաժշտական այբբենարան» (1913, Փեթերսպուրկ) հրատարակութիւններուն, իսկ երաժշտական պարբերականներու ցանկը կ'ընդգրկէ ժամանակի հանրայայտ ամսագրերն ու թերթերը («Քնար Հայկական», «Քնար արեւելեան», «Նուագք օսմանեան», «Քնար Արարատեան» եւ այլն):

Մէկական երգեր պարունակող հրատարակութիւններու բաժնին մէջ կը հանդիպինք հայ եւ օտարազգի երաժիշտներու ստեղծագործութիւններու հրատարակութիւններու, որոնց մէջ կան նաեւ հազուագիւտ տեղեկութիւններ. օրինակ, իտալացի Քառլօ Ֆոսքինիի՝ Գաբրիէլ Երանեանի յիշատակին նուիրուած երգը եւ ուրիշ հետաքրքրական փաստեր եւ տեղեկութիւններ:

Մատենագիտութեան ժամանակագրութիւնը կ'աւարտի 1921 թուականով, կապուած՝ խորհրդային կարգերու հաստատման հետ, երբ արդէն երգարաններու բովանդակութիւնը միանգամայն այլ բնոյթ ու երանգ ստացեր է եւ ընթացեր է պատմական այլ հանգամանքներու մէջ:

Ուսումնասիրելով մօտ չորսուկէս դարու ժամանակահատուածի մէջ հայերէն երգարաններու պատմական ուղին, կրկին կը համոզուինք, որ գտնուելով նոյնիսկ հասարակական-քաղաքական ամէնադժուար, ծանր պայմաններու մէջ, անցնելով կոտորածներու եւ եղեռնի միջով, երգը միշտ ուղեկից եղեր է հայուն, սփոփեր, ոգեւորեր, հանդարտեցուցեր է անոր եւ օգներ է պահպանելու ապրելու ոգին, սէրը՝ դէպի արուեստն ու մշակոյթը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]