Jump to content

Եղբայր Եմք Մեք

Ագգային միութեան ստեղծումը՝ 19-րդ դարու կիսուն, հայութեան հիմնական խնդիրը եղած է։ Միասնութեան թեման մամուլի եւ գրական գործերու նիւթ դարձուած է՝ յաղթահարելու համար թէ՛ աշխարհագրական ցրուումը, թէ՛ կաթողիկէ եւ բողոքական համայնքներու ստեղծումով ծագած յարանուանական պառակտումները։ Կաթողիկէ ընտանիքի զաւակ՝ Մ. Պէշիկթաշլեան առաջին ու գլխաւոր քարոզիչ–գործիչներէն պիտի ըլլար՝ այս բաժանումներու յաղթահարման ճամբուն վրայ։

«Եղբայր եմք մեք»ը կը ցուցահանէ Մ. Պէշիկթաշլեանի գորովագին հոգին։ Այս իսկական «հաւատամք»ին մէջ, ան բարձրագոյն արժէք ու իտէալ կր յայտարարէ իր նմանին, ազգակիցին սէրը։ Թէեւ օրուան վիպապաշտ ոճով ու շատ ընդհանուր բանաձեւուած, հոն տեղ գտած է նաեւ բանաստեղծին պատկերացումը՝ միութեան ստեղծման կերպին ու բարերար հետեւանքներուն մասին։


Ի բիւր ձայնից բնութեան շքեղ

Թէ երգք թռչին սիրողաբար,
Մատունք կուսին ամենագեղ
Թէ որ զարնեն փափուկ քընար,
Չունին ձայն մի այնքան սիրուն
Քան զանձկալի Եղբայր անուն։

Տո՛ւր ինձ քու ձեռքդ, եղբա՛յր եմք մեք
Որ մրըրկաւ էինք զատուած․
Բախտին ամէն ոխ չար ու նենգ
Ի մի համբոյր ցրուին՝ ի րաց.
Ընդ աստեղօք ին՞չ կայ սիրուն
Քան զանձկայի Եղբայր անուն։

Մէկտեղ յոգնինք, մէկտեղ ցանենք,
Մէկտեղ թափին մեր քրտինքներ.
Ըզհունձ բարեաց յերկինս հանենք,
Որ կեանք առնուն հայոց դաշտեր.
Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն
Քան զանձկալի Եղբայր անուն։

Երբ ալեւոր Մայր Հայաստան
Տեսնէ զորդիս իւր քովէ քով,
Սրտին խորունկ վէրքըն դաժան
Քաղցր արտասուաց բուժին ցօղով
Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն
Քան զանձկալի Եղբայր անուն։

Մէկտեղ լացինք մենք ի հնում...
Եկէք դարձեալ յար անբաժան
Խառնենք զարտօսր եւ ըզխնդում,
Որ բազմածնունդ ըլլայ մեր ջան.
Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն
Քան զանձկալի Եղբայր անուն։

- Եղբայր եմք մեք