Ստեփան Մալխասեանց

Ստեփան Մալխասեանց
Ծնած է 25 Հոկտեմբեր (6 Նոյեմբեր) 1857[1]
Ծննդավայր Ախալցխա, Թիֆլիսի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 21 Յուլիս 1947(1947-07-21)[1] (89 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Կարապետյան դպրոց?[1]
Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան[1]
Ս. Փեթերսպուրկ Համալսարանի Արեւելագիտութեան Բաժանմունք[1]
Կոչում ակադեմիկոս[1]
Երկեր/Գլխաւոր գործ Հայաստանի դրօշ
Մասնագիտութիւն բանասէր, լեզուաբան, բառարանագիր, համալսարանի դասախօս
Աշխատավայր Ներսիսեան դպրոց
Մարիամեան–Յովնանեան օրիորդաց դպրոց
Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան
Երեւանի Պետական Համալսարան
Էջմիածին (ամսագիր)
Անդամութիւն Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա[1]
Կուսակցութիւն Ռամկավար ազատական կուսակցութիւն

Ստեփան Մալխասեանց (25 Հոկտեմբեր (6 Նոյեմբեր) 1857[1], Ախալցխա, Թիֆլիսի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1] - 21 Յուլիս 1947(1947-07-21)[1], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1]), ակադեմիկոս՝ հայ ականաւոր հայագէտ, բանասէր ու բառարանագիր է։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ստեփան Սարգիս Մալխասեանց ծնած է 1857-ին Ռուսական Կայսրութեան (ներկայիս՝ Վրաստանի Հանրապետութիւն) Ախալցխա քաղաքին մէջ։ Աւարտելով ծխական դպրոցը, ուսումը շարունակած է Ախալցխայի ռուսական գաւառական դպրոցին մէջ։ 1874-ին ընդունուած է Վաղարշապատի Գէորգեան ճեմարանը։ 1878-էն սորված է Սէն Փեթրսպուրկի կայսերական համալսարանի արեւելագիտութեան հիմնարկին մէջ աշակերտելով Քերովբէ Պատկանեանին, Նիկողայոս Մառին, Նիկողայոս Ադոնցին, Օրբելիին, Կուսիկեանին։ 1889-ին կ'աւարտէ համալսարանը, որպէս հայոց լեզուի, սանսքրիտի եւ վրաց լեզուներու մասնագէտ՝ ստանալով գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան։ 1890-ին Ստեփան Մալխասեան աշխատանքի կ՛անցնի Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցին մէջ, ուր աշխատած է մինչեւ 1910, իսկ 1903-1906-ին որպէս տեսուչ։ Այդ տարիներուն ան կ՛ամուսնանայ Սաթենիկ Պենկլեանի հետ։ Այստեղ ան կը գրէ Ներսիսեան դպրոցի 75-ամեայ գործունէութեան պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ քանի մը դասագիրքեր ու շատ յօդուածներ։

Եղած է Ժողովրդական (հետագային՝ Ռամկավար ազատական) կուսակցութեան ղեկավար դէմքերէն։ 1910-1914-ին Ստեփան Մալխասեան Թիֆլիսի Յովնանեան օրիորդաց դպրոցի տեսուչն էր, իսկ 1914-1915 ուսումնական տարին տեսուչի պաշտօնով աշխատանքի կը հրաւիրուի Գէորգեան ճեմարան, սակայն 1917-ին ճեմարանը փակուելու պատճառով նորէն կը վերադառնայ Թիֆլիս ու տեսուչի պաշտօնով աշխատանքի կ՛անցնի Գայանեան վարժարանին մէջ։

1919-ին Մալխասեանց վերջնականապէս Հայաստան կը վերադառնայ. մէկ տարի կը պաշտօնավարէ Ալեքսանդրուպոլի (ներկայում՝ Գիւմրի) նորաբաց առաջին համալսարանին մէջ։ Ստեփան Մալխասեանցի ելոյթը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին հիմք հանդիսացաւ անկախ Հայաստանի (1918-1921) պետական դրօշի գոյներու ընտրութեանչ. Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ետք նոյն գոյներով դրօշը անգամ մը եւս Հայաստանի Հանրապետութեան պետական խորհրդանիշը դարձաւ։

1 Փետրուար 1920-ին անոր շնորհուած է առաջին հանդիսաւոր դասախօսութիւնը կարդալու պատուաւոր իրաւունքը նորաբաց Երեւանի պետական համալսարանին մէջ։ 1940-ին Ստ. Մալխասեանցին honoris causa (երբ գիտական աստիճանը կը շնորհուի առանց աւարտաճառը կարդալու, սակայն գիտութեան բնագաւառին մէջ մեծ ներդրում կատարելու համար) շնորհուած է գիտութիւններու մասնագէտի պատուաւոր գիտական աստիճան, իսկ 1943-ին ան ընտրուած է նորաբաց Հայկական Գիտութիւններու ակադեմիոյ հիմնադիր կազմի անդամ։ Ակադեմիկոս Ստեփան Մալխասեանց եղած է Սուրբ Էջմիածնի Մայր աթոռի հոգեւոր խորհուրդի անդամ, ինչպէս նաեւ «Էջմիածին» ամսագիրի հիմնադիր անդամ՝ 1944-էն։

Ստեփան Մալխասեանցը մահացած է Երեւանի մէջ 21 Յուլիս 1947-ին։

Լրագրողական Գործունէութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայագիտութեան բնագաւառին մէջ Մալխասեանց հիմնականօրէն չորս կարեւոր ուղղութիւններով զբաղած է՝ բանասիրութիւն, լեզուաբանութիւն, թարգմանութիւն, բառարանագրութիւն։ Ասոնց զուգահեռ ան նաեւ յայտնի լրագրող էր։ Ստեփան Մալխասեանցի առաջին երկու յօդուածները տպագրուած են «Արարատ» ամսագիրի 1878-ի 4-րդ եւ 5-րդ համարներուն մէջ՝ Թոմաս Էտիսոնի պատրաստած առաջին ձայնագրիչ հնագիծի եւ Փարիզի Սէնի ափին կազմակերպուած հայկական ձեռագիրներու ու հնատիպ գիրքերու ցուցահանդէսի մասին։ Անոր համագործակցութիւնը «Արարատ» ամսագիրի հետ շարունակուած է մինչեւ «Արարատի» փակումը 1919-ին։ Յունուար 1944-էն, երբ լոյս տեսած է «Էջմիածին» հանդէսի առաջին համարը, Մալխասեանց եղած է նաեւ անոր մշտական թղթակիցը։ Ան բազմաթիւ յօդուածներով հանդէս եկած է շարք մը այլ հանդէսներու ու լրագիրներու մէջ, որոնցմէ են՝ «Մշակ», «Հանդէս ամսօրեայ», «Մարտակոչ», ԳԱ «Տեղեկագիր»։ Ինչպէս կը գրէ բանասիրական գիտութիւններու մասնագէտ, դասախօս Խաչիկ Բադիկեան՝ «Պէտք է յատուկ ընդգծել, որ Մալխասեանցի՝ մամուլին մէջ հրատարակուած յօդուածները միայն տեղակատուական բնոյթ չեն կրեր. անոր յօդուածները աւելի շատ տեսական եւ բանավիճային բնոյթի են եւ շատ կարեւոր արժէք կը ներկայացնեն»։

Գործունէութիւնը Բանասիրութեան եւ Թարգմանութեան Ոլորտին Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թերեւս Սեն Փեթերսպուրկի մէջ սորվուած տարիներուն Ստեփան Մալխասեանց պատրաստեց առաջին լուրջ ուսումնասիրութիւնը՝ Ստեփանոս Տարօնեցիի (Ասողիկ) «Պատմութիւն տիեզերական» գիտական բնագիրը ու ծանօթագրութիւնները, որ հրատարակած է 1885-ին: Այս մէկուն յաջորդեցին Ղազար Փարպեցիի «Պատմութիւն հայոց», «Թուղթ առ Վահան Մամիկոնեան», ապա՝ Սեբէոսի եւ Ամիրտովլաթ Ամասիացիի աշխատութիւնները՝ ծանօթագրութիւններով ու մեկնաբանութիւններով։ Հետագային լոյս տեսած են անոր «Գրիգոր Լուսաւորիչ», «Մաշտոցի ծագման ժամանակը», «Երբ հայերը ընդունած են քրիստոնէութիւնը», «Խորենացիի անձը եւ գործը» եւ այլ աշխատութիւնները։ Ստեփան Մալխասեանց աշխարհաբարի թարգմանեց Մովսէս Խորենացիի եւ Փաւստոս Բիւզանդի «Պատմութիւն հայոց» աշխատութիւնները։ 1880-ական թուականներէն ան կը թարգմանէր Վիքթոր Հիւկոյի բանաստեղծութիւններէն, որմէ ետք աւելի մեծ գործերու անցաւ. թարգմանեց Ուիլիըմ Շէյքսփիրի «Արքայ Լիր», «Մակպեթը», Գ. Էբերսի «Մարդ եմ» գործերը, ապա ռուսերէն թարգմանեց Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսի «Ջամբռը», ինչպէս նաեւ Սեբէոսի «Հայոց պատմութիւնը» եւ ուրիշ հեղինակներու գործեր։

Ներդրումը Լեզուաբանութեան Ոլորտին Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեծ է Ստեփան Մալխասեանցի ներդրումը հին հայերէնի, հայոց լեզուի պատմութեան, համեմատական քերականութեան, ինչպէս նաեւ ժամանակակից հայերէնի քանի մը կնճռոտ ու բանավէճային հարցերու ուսումնասիրութեան մէջ։ Ան իր ծանրակշիռ խօսքը ըսած է հայոց լեզուի ցեղակցութեան, հայերէնի տաղաչափութեան եւ բազմաթիւ այլ հարցերու վերաբերեալ։ Անոր «Գրաբարի հոլովումը, խոնարհումը եւ նախդիրները» (Թիֆլիս, 1891 եւ 1910) եւ «Գրաբարի համաձայնութիւնը» (1892) գրաբարի հետագայ ուսումնասիրողներուն համար ուղեցոյց դարձած են։ Ընդունելով նախալեզուի գոյութիւնը՝ Ստեփան Մալխասեանց գրաբարէն առաջ հայ բարբառներու գոյութեան վարկածը կ'ընդունէր։ Յայտնի է, որ 10-ական թուականներուն բանավէճ ծաւալեցաւ աշխարհաբարի հոլովներու վերաբերեալ. բանավէճելով Մանուկ Աբեղեանի հետ՝ ան երկու յօդուած գրեց՝ ի պաշտպանութիւն հայցական հոլովի («Հայցական հոլովը աշխարհաբարի մէջ» եւ «Դարձեալ հայկական հոլովը») (Նոր դպրոց, 1908 եւ 1909)։ Նոյն թուականներուն հսկայական բանավէճ ծաւալած էր նաեւ հայերէնի ուղղագրութեան վերաբերեալ, որուն պարագլուխը նոյնպէս Մալխասեանցն էր, որ տարբեր պարբերականներու մէջ հանդէս եկաւ բազմաթիւ յօդուածներով՝ «Մէկ հնչիւնին մէկ գիր» նշանաբանով։ Բանավէճը տասը տարիէ աւելի տեւեց, ան միշտ մնաց Մանուկ Աբեղեանին հակառակորդը[2]։

Ներդրումը Բառարանագրութեան Ոլորտին Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ստեփան Մալխասեանցը 1940-ական թուականներուն

Ստեփան Մալխասեանցի ստեղծագործութիւններու գլուխ գործոցը կը հանդիսանայ քառահատոր «Հայերէն բացատրական բառարանը», որ դարերու պատմութիւն ունեցող հայ հարուստ բառարանագրութեան մէջ նախորդը չունեցող կոթողային աշխատանք է։ Բառարանը, ըստ Մալխասեանցի, ազգի քաղաքակրթութեան վկայութիւնն է։ Մինչեւ իր քառահատորը կազմելը, ան բառարանագրութեան փորձ ունէր արդէն. թերեւս Թիֆլիսի մէջ աշխատած տարիներուն ան ռուսերէն-հայերէն իրաւաբանական առձեռն բառարանի կազմութեան աշխատանքներուն կը մասնակցէր, հեղինակակից եղած է նաեւ ռազմական, բժշկական, շինարարական, երկաթուղային, տնտեսագիտական եւ այլ մասնագիտական բառարաններու կազմութեան:

Խաչիկ Բադիկեան, Ստեփան Մալխասեանցին նուիրած իր յօդուածին մէջ բարձր գնահատած է ականաւոր հայագէտի կատարած աշխատանքը՝

Ճիշդ է, մինչեւ Մալխասեանցի քառահատորը հայ բառարանագրութիւնը հարուստ փորձ ունէր («Նոր Հայկազեան», Հ. Աճառեան, Ջախջախեան, Նորայր Բիւզանդացի), բայց եղածները ընդգրկուն չէին, մինչդեռ այս քառահատորը իր տեսակի մէջ առաջինն էր. ընդգրկում է գրաբարի, միջին հայերէնի, նոր գրական լեզուի (արեւելահայ եւ արեւմտահայ տարբերակներով), հին ու նոր փոխառեալ, ինչպէս նաեւ բարբառային շատ բառեր, չեն անտեսուել մինչեւ 1940-ը գործածուած նորաբանութիւնները։ 2380 տպագիր եռասիւն էջերէ բաղկացած քառահատորը մեր 1500 տարուայ բառապաշարի ընդգրկումն է՝ 120 հազար բառայօդուածով եւ դարձուածային միաւորներով։ Բառերու քերականական նշումների ու բացատրութիւնների հետ միաժամանակ բերւում են տուեալ բառերի հոմանիշներն ու հականիշները՝ վկայուած օրինակներով։ Ինչպէս այս բառարանի համար հիմք հանդիսացան «Նոր Հայկազեանը» եւ եղած միւս բառարանները, այնպէս ալ այս քառահատորը հիմք հանդիսացաւ իրենից յետոյ կազմուած բառարանների (ԳԱ լեզուի հիմնարկ, Էդ. Աղաեան եւ միւսները)։


Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին Յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]