Jump to content

Կապոյտ (գոյն)

Կապոյտ
Գունային կոորդինատներ
Hex եռյակ #0000FF
sRGBB  (rgb) (0, 0, 255)
B: Նորմալիզացված՝ [0–255] (բայթ)
Մասիս
Սեւանայ Լիճ
Թուարէկներու գլխաշորին գոյնն աւանդաբար կապոյտն է

Կապոյտ[1], լոյսի երեք հիմնական գոյներէն (կարմիր, կանաչ, կապոյտ, անգլերէն՝ RGB ) մին: Կը գտնուի տեսանելի լոյսին ալիքներու երկարութեան 440÷520 նանոմեթր տիրոյթին մէջ:

Աշխարհի շուրջ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ապացուցած են, որ կապոյտը մարդոց մեծամասնութեան նախասիրած գոյնն է:

Կապոյտը մաս կը կազմէ հիմնական երեք գոյներու խումբին` դեղինին եւ կարմիրին կողքին: Անիկա շատ սիրուած է եւ կը գործածուի ամէն տեղ` արուեստին մէջ, հագուստներու համար (գործի հագուստներ, ճինզեր…), զարդարանքներու համար:

Անիկա երբեմն կը նշուի սայէն անունով: Գոյութիւն ունին կապոյտի հարիւրաւոր երանգներ` մութ, բաց, կանաչի մօտեցող: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի նաեւ իր յատուկ անունը, երկինքի կապոյտ, թագաւոր կապոյտ, թիւրքուազ, էնտիկօ, փեթրոլ կապոյտ, եւ այլն[2]:

Մարդոց շուրջի կապոյտը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բնութեան մէջ ան լոյսը կազմող գոյներուն մաս կը կազմէ: Ան գոյնն է երկինքին, ծովուն եւ երբեմն նոյնիսկ` սառոյցին:

Գոյութիւն ունին կապոյտ գոյնով անասուններ, քարեր կամ ծաղիկներ:

Կապոյտ գոյնը յաճախ կը կապուի դրական զգացումներու հետ, ինչպէս` վստահութիւնը, խաղաղութիւնը, կայունութիւնը, ծովը եւ երկինքը:

Ան յաճախ կը համարուի իբրեւ ախորժելի գոյնը տեսողութեան համար:

Կապոյտը կրնայ նաեւ ներկայացնել տխրութիւնը, ինչպէս` ԺԹ. դարուն Միացեալ Նահանգներու մէջ ծնած պլուզ երաժշտութիւնը (պլու անգլերէնով կը նշանակէ կապոյտ): Այս եղանակները եւ երգերը կը պատմեն սեւամորթ ստրուկներուն ցաւը եւ ապրած տանջանքը: Նոյն ձեւով, անգլերէնով «Թու ֆիլ պլու»` «Կապոյտ զգալ», կը նշանակէ տխուր եւ մելամաղձոտ ըլլալ:

Ընդհանրապէս կապոյտը զովութեան զգացումը կու տայ նաեւ, մինչ կարմիր գոյնը կը ներկայացնէ տաքութիւնը: Տաք երկիրներուն եւ կղզիներուն մէջ շինութիւններու վրայ (պատուհան, դուռ…) յաճախ կարելի է հանդիպիլ կապոյտ մանրամասնութիւններու:

Սահարայի մէջ բնակող թափառաշրջիկ թուարեկներու ցեղախումբը ճանչցուած է իրենց էնտիկօ կապոյտ գոյնի հագուստներով:

Ճամբաներու նշաններու պաստառներուն վրայ, ոստիկաններուն եւ նաւաստիներուն տարազաներուն վրայ, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ տարբերանշաններու վրայ կարելի է կապոյտ գոյնին հանդիպիլ:

  • Ապակեգործութեան մէջ կապոյտը կը ստացուի կոբաղդ աւելցնելով:
  • «Կապոյտ Մօրուս» (ֆրանսերէն՝ La Barbe bleue)` ֆրանսացի գրող Շարլ Փէրրոյի հեքիաթը, որ հրատարակուած է 1697 թուականին եւ կը պատմէ խանդոտ ամուսինի մը մասին:
  • «Կապոյտ Խաչ» (անգլերէն՝ Blue Cross)` անասնաբոյժներու միաւորում:
  • Կապոյտ կէտը ներկայիս ամէնէն մեծ անասունն է, որուն երկարութիւնը կը հասնի 33 մեթրի, իսկ ծանրութիւնը կ'անցնի 150 թոնը
  • Պաշտօնական փաստաթուղթերուն մէջ ստորագրութիւնները կը կատարուին կապոյտ գրիչով:
  • «Հայկական քարը» (լատ.՝ Lapis armenus, անգլերէն՝ Armenian stone) միջին դարուն Եւրոպայի մէջ յայտնի կապոյտ գոյնի կիսաթանկարժէք հանքանիւթ մըն է:
  • Encyclopedia Perthensis-ը 1816-ին կը նշէ, որ հայկական քարը «հինէն բերուած է Հայաստանէն, սակայն այժմ կայ նաեւ Գերմանիոյ մէջ»:[3]
  • Երկրագունդը ճանչցուած է  իբրեւ «Կապոյտ մոլորակ»:
  • Ծովուն կապոյտ գոյնը կը յառաջանայ, երբ ջուրը կը կլանէ եւ կ'արտացոլացնէ արեւուն լոյսը:
  • Աշխարհի բնակչութեան 8 առ հարիւրը կապոյտ աչքեր ունի:
  • Կապոյտը ակռայի խոզանակներու նախասիրուած գոյնն է:
  • Պլու ճինզ տաբատներու անունը եկած է կերպասին գոյնին անունէն:
  • Կապոյտը երկինքին եւ ծովուն գոյնն է:
  • Կապոյտ է նաեւ շափիւղայ քարը:
  • Գոյներու սփէքթրին մէջ կը գտնուի կանաչին եւ մանիշակագոյնին միջեւ:

Բոյսեր եւ կենդանիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկրամասերու եւ երկիրներու դրօշակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Կապոյտը կարգ մը երկիրներու (նմանապէս՝ Սքոթլանտի, որ Միացեալ Թագաւորութեան մաս կը կազմէ), դրօշակներուն հիմնակական գոյնը կը հանդիսանայ:
  • Կապոյտը՝ կարմիրին եւ ճերմակին հետ միասին կը հանդիսանայ անգլո-սաքսերու գոյն մը: Այդ երեք գոյներով կազմուած են Միացեալ Թագաւորութեան եւ Միացեալ Նահանգներու դրօշները՝

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]