Լոլա Սասունի
Լոլա Սասունի | |
---|---|
Ծնած է | 1893 |
Ծննդավայր | Ակն, Պոլիս |
Մահացած է | 2 Հոկտեմբեր, 1969 |
Աշխատավայր | ազգային-հասարակական գործիչ |
Ամուսին | Կարօ Սասունի |
Լոլա Սասունի (Հռիփսիմէ Մեծատուրեան, 1893, Ակն - 1969, Պէյրութ), ազգային-հասարակական գործիչ։
Միսաք Մեծարենցի զարմուհին։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1908-ին ընտանեօք հաստատուած են Կ.Պոլիս։ Կանուխ տարիքէն մաս կազմած է ազգային-հասարակական գործունէութեան՝ ֆետայիներու կողքին զէնք կրելով ու մասնակցելով ինքնապաշտպանական կռիւներուն։
1917-ին ամուսնացած է Կարօ Սասունիին հետ, ապա ընտրելով Լոլա անունը անցած է Թիֆլիս։ Ան միշտ իր մասնակցութիւնը բերած է յետեղեռնեան հայութեան կազմակերպական աշխատանքին՝ գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ[1]։
Եղած է Մուշ, Վան, Խնուս, հոն, ուր գործ եղած է, կազմակերպելով ու խնամելով Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերն ու հիւանդները։
1918-ի Մայիսեան անկախութեան նախօրեակին միացած է Համազասպի խումբին եւ մասնակցած է Սարդարապատի հերոսամարտին։
Առաջին զաւակը ծնած է Երեւանի մէջ։ Խանձարուրի մէջ փաթթուած երեխան միշտ զինուորի մը վիզէն կախուած է, իսկ Լոլա կիներու խումբի մը հետ վիրաւորներ ու հիւանդներ խնամած եւ տարագիր ընտանիքներուն կարիքները հոգացած է։ Դժբախտաբար փոքրիկը մալարիայէ բռնուած՝ մահացած է։
Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք Լոլա նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Կարմիր խաչի կազմակերպումին, եւ երբ 1920-ին ամուսինը Շիրակի նահանգապետ նշանակուած է, ան գործակցած է հայկական որբանոցներու ընդհանուր վարիչին հետ։
1920-ին բանտարկուած է, բախտով ազատած եւ մօտ տաս հազար գործիչներու հետ անցած է Զանգեզուր, անկէ ալ՝ Պարսկաստան։ Ապա պարբերաբար մնացած է՝ Պոլիս, Սոֆիա, Վիեննա, Ժընեւ ու Փարիզ․ Գահիրէի, Հալէպի եւ վերջապէս Պէյրութի մէջ միշտ Հայ Օգնութեան Միութեան աշխատանքները կազմակերպող գործիչ եղած է։
Պէյրութի մէջ ան գործակցած է Լիբանանահայ օգնութեան խաչի հիմնադիրներէն Ջաւօ Շանթին, որուն հետ շարունակած է կազմակերպչական աշխատանքները Լիբանանի մէջ։ Լոլա Սասունի ամբողջ երեք տասնամեակ ԼՕԽ-ի ընկերուհիներու գործակցութեամբ դարմանատուներու ցանց մը ստեղծած է, չքաւորներուն ու որբերուն սնունդին եւ առողջութեան հսկած եւ անոնց կրթական կարիքները հոգացած է․ հայ կնոջ մտաւոր ու ընկերային մակարդակի բարձրացման նպաստած ու օժանդակած է ազգային հաստատութիւններուն։ Ան իր գործակիցներուն հետ նախաձեռնած է «պնակ մը կերակուր»ի երախտաշատ գործին։
Տարիներու ընթացքին անոր առողջութիւնը քայքայուած է։ Կեանքի վերջին տարիներուն իր երազը հայրենիք այցելելը եղած է։ Հակառակ իր ամուսնոյն կամքին` գացած եւ տեսած է Սարդարապատի յաղթանակի կոթողը եւ վերադարձէն տասը օր ետք մահացած է՝ 2 Հոկտեմբերին։
1969-ին իր մահկանացուն կը կնքէ իր տան մէջ: Անոր աճիւնը ամփոփուած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան Պանթէոնին մէջ:
Շքանշան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լոլա Սասունի արժանացած է պետական բարձր գնահատանքի։ Լիբանանի պետութիւնը բարձրօրէն գնահատելով ԼՕԽ-ի դերը եւ Լոլա Սասունիի անձնուէր ծառայութիւնը, 1966-ին «Մայրիներու ազգային կարգ»ի շքանշանով կը պատուէ վաստակաշատ խաչուհին։
Մասնաճիւղը հիմնուած է 1971-ին, Լիբանանի Ֆանարի շրջանին մէջ[2]: