Jump to content

Միսաք Մեծարենց

Միսաք Մեծարենց
Ծննդեան անուն հայ.՝ Միսաք Մեծատուրեան
Ծնած է 19 Յունուար 1886(1886-01-19)[1]
Ծննդավայր Բինկեան, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 5 Յուլիս 1908(1908-07-05) (22 տարեկանին)
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Մեսրոպեան Վարժարան
Անաթոլիա Գոլէճ
Ազգային Կեդրոնական Վարժարան
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ

Միսաք Մեծարենց (Մեծատուրեան) (19 Յունուար 1886(1886-01-19)[1], Բինկեան, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 5 Յուլիս 1908(1908-07-05), Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), արեւմտահայ քնարերգակ բանաստեղծ, հայ գրականութեան ամէնէն գեղապաշտ բանաստեղծը։

Ծնած է Ակնի Բինկեան գիւղը։ Տասնվեց տարեկանին կը փոխադրուի Պոլիս, ուր կը յաճախէ տեղւոյն Մեսրոպեան վարժարանը, բայց երեք տարի ետք ստիպուած կ'ըլլայ ձգել դպրոցը՝ հիւանդութեան պատճառով։ 1902-ին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Կ. Պոլիս, մինչեւ 1906-ին յաճախած է Կեդրոնական վարժարանը, խորացած՝ հայագիտութեան մէջ։

Թոքախտը, որ տարիներ առաջ արդէն բոյն դրած էր թոքերուն մէջ, կը քայքայէ իր մարմինը ու Մեծարենց կը մահանայ 22 տարեկանին։

Զինք ճանչցողները կը վկայեն, թէ Մեծարենց եղած է նուրբ ու փափկակազմ պատանի մը, հեզ եւ համակրելի բնաւորութեամբ: Գաւառցի տղու պարզութիւնը եւ հոգիին անկեղծութիւնը զինք սիրելի դարձուցած են բոլորին: Իր յարաբերութիւններուն մէջ եղած է անհամարձակ եւ «աղջկան մը պէս շիկնոտ»:

Պետրոս Դուրեանի նման եւ նոյն հիւանդութեամբ շատ երիտասարդ մահացած արեւմտահայ բանաստեղծներէն մէկն է Մեծարենց:

Գրական նախափորձերը ստորագրած է զանազան ծածկանուններով՝ Շաւասպ, Ծիածան, Օրդ. Սիրանոյշ Պէրպէրեան, Հրաչեայ, եւ այլն:

1903-էն աշխատակցած է «Մասիս», «Հանրագիտակ», «Արեւելեան Մամուլ» եւ այլ պարբերականներու հետ։ Մեծարենց ունի բանաստեղծական երկու հատորներ «Ծիածան» եւ «Նոր Տաղեր», որոնք լոյս տեսած են իր մահէն մէկ տարի առաջ։

Ստեղծագործութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրական յատկանիշներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ինքնատիպ բանաստեղծ մը, որ իր բերած պատկերին, լեզուին ու զգայնութեան նորութիւններով ժամանակին սխալ կը հասկցուի շատերու կողմէ եւ նոյնիսկ բուռն քննադատութեանց կ'ենթարկուի:

Հազիւ 3-4 տարի տեւած է իր գրական գործունէութիւնը, բայց Մեծարենց Գեղապաշտ սերունդին ամէնէն օժտուած եւ մեծ բանաստեղծներէն մէկն է՝ իրագործած արժէքով:

Մեծարենցի բանաստեղծութիւններուն մէջ ամէն բանէ առաջ ուշագրաւ կը դառնայ հեղինակին բնութենապաշտ հոգին: Գաւառը ներկայ է երկու հատորներուն մէջն ալ, իբրեւ գոյն, պատկեր եւ ապրում: Մանկութենէն ստացած տպաւորութիւնները երգի կը վերածուին եւ ապա կը դառնան բանաստեղծութեամբ հիւսուած գեղջկական հմայիչ գեղանկարներ: Այսպէս, Մեծարենցի մշակած գրականութիւնը մեզի կու տայ հարազատ պատկերը դաշտային տեսարաններու: Ճամբու մը եզրին նստած մենաւոր հիւղերու, ջրտուքի, ծառաստաններու, աղբիւրէն դարձող աղջիկներու, եւ այլն:

Բնութեան պահերէն իր ամէնէն սիրածը իրիկուընէ եւ գիշերը, երբ անդորրութիւն կ'իջնէ մարդոց եւ իրերուն վրայ, երբ գոյները կը մարին եւ ձայները կը մեղմանան: Գիշերը մանաւանդ, իր աստղազարդ երկինքով ու զով շունչով, կը բուժէ կարծես բանաստեղծին հիւանդ հոգին: Ոչ մէկ ուրիշ քերթող այնքան խոր զգացումով եւ հեշտագին գինովութեամբ երգած է գիշերուան քաղցրութիւնը, որքան Մեծարենց:

Բնութեան սէրը Մեծարենցի մօտ կը հասնի երկիւղած պաշտամունքի եւ կը դառնայ տեսակ մը կեանքի արբեցութիւն: Իրեն համար բնութիւնը «ոսկի բաժակ» մըն է, ուրկէ կ'ուզէ ըմպել կեանքը իր յորդուն աւիշներով: Մեծարենցի երազները, բաղձանքները, սիրոյ անորոշ եւ նորազարդ խռովքներով անգամ միախառնուած կը գտնենք բնութեան հետ: Ոչ թէ բնութիւնը պարզ շրջանակ մըն է անոր զգացումներուն, ինչպէս է պարագան յաճախ այլ բանաստեղծներու համար, այլ աղբիւր յուզումներու եւ ցանկութեանց: Աւելին, Մեծարենց բնութեան գեղեցկութիւններուն ընդմէջէն կը հաղորդուի ամբողջ տիեզերքին հետ: Մարդը կը դառնայ բնութեան անբաժանելի մէկ մասնիկը: Տիեզերական մարդկայնութեան մը ապրումներուն հետ Մեծարենցի հոգիին յաւերժացումը կը փնտռէ բնութեան ծոցին մէջ:

Մեծարենց երգած է նաեւ իր ցաւը, մահուան անմիջական շունչը զգացող բանաստեղծ պատանիի ահաւոր ապրումը: Սակայն այդ «ցաւը» չի նմանիր Պետրոս Դուրեանի պոռթկացող տառապանքին, որ կը յանդգնէր երկինքը ցնցել: Մեծարենց խառնուածքով աւելի մեղմ է, վերապահ, ինքնամփոփ: Գիտակից է անշուշտ անբուժելի իր վէրքին եւ զինք հարուածող սեւ ճակատագրին, սակայն այդ բոլորը հազիւ կը զգացնէ ընթերցողին, թելադրական ու քողարկուած տողերով: Լուսաբաղձ հիւանդ մըն է աւելի քան կենսաբաղձ: Հոգիին լոյսերը կը մարին «մաշող խարոյկի մը պէս», իր կեանքը դարձած է «սպասումի գիշեր»: Մահուան «սրսփուք» կը զգայ մարմինին վրայ, բայց չի յուսահատիր, չ'ընդվզիր: Անէծք չունի շրթներուն: Թռչուններ, բոյրեր, վերջալոյսի շողեր, ծաղիկներ եւ ժպիտ մը բաւ են զինք մխիթարելու: Եթէ իրականութենէն յուսահատի՝ մանկութեան յուշերուն կը կառչի: Եւ այսպէս, լոյսով ողողուած եւ գոյներու սիրահար իր հոգին մինչեւ վերջին վայրկեանը կեանքին կապուած կը մնայ: Դարձեալ ու միշտ փրկութիւնն ու մխիթարանքը կը փնտռէ բնութեան մէջ:

Մեծարենցի սիրոյ երգերը, նոյն ամօթխած եւ մրմունջային նակարագիրը ունին: Պտոյտ մը լուսնի լոյսին տակ, ծաղիկ մը ձեռքին, միշտ առանձին բայց հոգիով՝ երազած քաղցր էակին հետ: «Երազներու պերճուհի» մը կ'անցնի օր մը քովէն եւ զինք կը մատնէ խռովայոյզ շփոթութեան: Այս ու նման պահերու նկարագրութեան մէջ խտացած կը գտնենք Մեծարենցի սէրը: Խոստում մը՝ որ կը ծագի բնութեան շռայլ հմայքներուն ընդմէջէն եւ որ կը շփոթուի երբեմն ապրելու խոստումին հետ:

Մեծարենցի արուեստը նուրբ է, բազմերանգ եւ խնամուած: Ձեւի, լեզուի եւ պատկերներու ներդաշնակութիւնը անոր հիմնական յատկութիւնը կը կազմէ:

Իր արուեստին տիրական հարստութիւնը նկարչական շնորհն է անկասկած: Գիտէ կառուցել գունագեղ պատկերներ, օգտագործելով ծիածանի եօթը երանգներն ու թանկարժէք քարերու բոլոր բիւրեղները: Վերացական գաղափարներն անգամ տեսանելի կը դարձնէ նման նկարներով՝ «Ձիւնեղէն դիւթանքներ», «բոսոր իղձ», «բուստէ համբոյր», «կապոյտ յուզումներ», եւ այլն: Ինտրային հետ Մեծարենց մեր ամէնէն աւելի նկարիչ զգացում ունեցող հեղինակն է՝ Ճիշդ այդ պատճառով ալ քննադատներ իր մէջ ուզեցին տեսնել խորհրդապաշտ դպրոցին հետեւող մը:

Մեծարենցի քերթուածներուն երկրորդ ուշագրաւ յատկանիշն է երաժշտականութիւնը: Ունի բանաստեղծութիւններ, որոնք երգի պէս են՝ բառերուն եւ տողերուն ներդաշնակ հնչականութեամբ: Արեւմտահայ գրականութեան առաջին բանաստեղծն է որ նուրբ ճաշակով հետամտած է երաժշտական մասնայատուկ հիւսուածք մը տալու իր բառերուն, անկախ չափի եւ յանգերու ընթացիկ կշռոյթէն:

Երկերու մատենագիտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ծիածան (քերթուածներ), Կ. Պոլիս, 1907, 64 էջ:
  • Նոր տաղեր, Կ. Պոլիս, 1907, 64 էջ:
  • Ծիածան եւ նոր տաղեր, Կ. Պոլիս, 1924, 151 էջ:
  • Ոսկի արիշին տակ (արձակ երկերու հաւաքածոյ), Կ. Պոլիս, 1934, 182 էջ:
  • Երկերի լիակատար ժողովածու, Երեւան, 1934, 376 էջ:
  • Ծիածան, Նոր տաղեր եւ քերթուածներ, Պէյրութ, 1954, 137 էջ:
  • Երկերի ժողովածու, Երեւան, 1956, 388 էջ:
  • Բանաստեղծութիւններ (Ծիածան, Նոր տաղեր), Վենետիկ, 1959, 116 էջ:
  • Քերթուածներ, Վենետիկ, 1960, 112 էջ:
  • Իրիկուան ձայներ, Երեւան, 1974, 58 էջ:
  • Երկերի լիակատար ժողովածու, Երեւան, 1981, 456 էջ:
  • Ամբողջական երկեր, Անթիլիաս, 1986, 316 էջ:
  • Երկեր, Տաղեր, Արձակ էջեր, Յօդուածներ, Նամակներ, Թարգմանութիւններ եւ փոխադրութիւններ, Երեւան, 1986, 256 էջ:
  • Հատընտիրներ (բանաստեղծութիւններ), Իսթանպուլ, 1994, 128 էջ:
  • Ինչ արբեցութեամբ (բանաստեղծութիւններ), ա. տ., 2006, 48 էջ:
  • Թրթռուն ձայներիզ (բանաստեղծութիւններ), Երեւան, 2009, 112 էջ:
  • Ընտրանի, Երեւան, 2012, 112 էջ:
  • Ստեղծագործութիւնների ժողովածու, Երեւան, 2013, 192 էջ:
  • Միսաք Մեծարենցի քնարական բանաստեղծութիւններու ամբողջական հաւաքածոյ («Misak Medzarents: The Complete Lyric Poems»)` անգլերէնի թարգմանուած դոկտ. Ճէյմզ Ռասըլի կողմէ։ Հրատարակութիւն՝ Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրի հրատարակչատան «Հայկական շարք», 2021[2]։

Աղբիւրներ եւ գրականութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ալեքսան Աթթարեան, «Տիր», Հալէպ, 1995:
  • Մուշեղ Իշխան, Արդի Հայ Գրականութիւն, Գեղապաշտ շրջան, 1900 - 1915, Պէյրութ, 2001:
  • Անուշաւան Մակարեան, Մ. Մեծարենցի ստեղծագործութիւնը, Երեւան, Երեւանի հեռակայ մանկավարժական հիմնարկի հրատարակութիւն, 1968, 61 էջ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]