Jump to content

Դողտենդ

(Վերայղուած է Մալարիա-էն)
Դողտենդ
ՀՄԴ-9 084
ՀՄԴ-10 B50-B54
OMIM 248310
MedlinePlus 000621
eMedicine 1385
MeSHID C03.752.250.552
Disease Ontology 7728

Դողտենդ կամ Մալարիա յունարէն լեզուով կը նշանակէ վատ օդ։ Մալարիան մակաբուծային (parasitic) բորբոքում մըն է, որ կը յատկանշուի հիմնականօրէն դողով եւ տենդով։ Ուստի կարելի է մալարիան հայերէնով կոչել «դողտենդ»: Հայկական բառարաններու մէջ յիշուած է «դողեռոցք-դողայրուցք»`իբրեւ ժողովրդական անուանում մալարիայի: Մալարիան յաճախ հայերէնով կոչուած է նաեւ ճահճատենդ կամ ճահճային տենդ, որովհետեւ անիկա առաւելաբար կը տեսնուի ճահճային վայրերու մէջ:

Դողտենդը կը զարգանայ 4 տեսակ փլազմոտիւմ (plasmodium) կոչուած մակաբոյծերէ (parasite), որոնք կը հարուածեն մարդ արարածը: Անոնք կը կոչուին`

  1. P. Falciparum
  2. P. Vivax
  3. P. Ovale
  4. P. Malarae

Այս մակաբոյծերուն փոխանցումը վարակուած անձէ մը առողջ անձի մը կը կատարուի անոֆիլիս (anopheles) կոչուած մժեղի լորձունքին միջոցով։ Գոյութիւն ունին 20 տարբեր տեսակի անոֆիլիս մժեղներ, որոնք կը խայթեն ընդհանրապէս գիշերուան ընթացքին եւ կ'ապրին խոնաւ ու ճահճային վայրեր։

Դողտենդը կը փոխանցուի նաեւ յղիէն իր սաղմին եւ վարակուած անձի մը արեան փոխներարկումով (transfusion) առողջ անձի մը։

Դողտենդը վարակիչ եւ մտահոգիչ հիւանդութիւն մըն է։ Համաշխարհային Առողջապահական Կազմակերպութեան տեղեկագրութիւններուն համաձայն, ամբողջ աշխարհի տարածքին 300 միլիոնէ աւելի մարդիկ կը վարակուին ամէն տարի եւ 1-2 միլիոն մահեր կը պատահին տարեկան։ Մահացողներուն մեծամասնութիւնը անչափահասներ են։ Անիկա տեղաճարակ (endemic) հիւանդութիւն մըն է Ափրիկէի մէջ, հարաւային Ասիոյ, Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու մէջ[1]:

Երկրագունդի դողտենդի առաւել տարածուած շրջաններուն մէջ ապրող ընդհանուր բնակչութեան թիւը կը կազմէ մօտաւորապէս 2,4 պիլիոն մարդ կամ աշխարհի բնակչութեան գրեթէ 40%-ը։ Դողտենդով ամէն տարի կը վարակուին 350-500 միլիոն մարդ եւ այդ թիւը կ'աւելնայ տարեկան 16%-ով[2], տարուան ընթացքին կը մահանայ մօտաւորապէս 1,3-3 միլիոն մարդ [3]։

Դողտենդը կը հարուածէ ամբողջ մարդկութիւնը, բայց առաւելաբար՝ երեխաները, յղի կիները, տկար դիմադրողականութիւն ունեցողները, մարդկային դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ժահր (HIV) ունեցողները, ընկալուած դիմադրողականութեան անբաւարարութեան համախտանիշ (AIDS) ունեցողները եւ դողտենդի տեղաճարակ վայրեր ճամբորդող առողջ անհատներ։

Դողտենդի Յառաջացում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անոֆիլիս մժեղը կը խայթէ դողտենդէ վարակուած անձ մը եւ կը ծծէ անոր արիւնը, որ կը պարունակէ փլազմոտիում մակաբոյծերը։ Յաջորդ մէկ երկու շաբաթներու ընթացքին մակաբոյծերը կը բազմապատկուին մժեղին մէջ եւ կ'արտադրեն վարակիչ փլազմոտիում բջիջները։ Երբ այս մժեղը առողջ անհատ մը կը խայթէ, իր մէջ ունեցած վարակիչ փլազմոտիում բջիջները կը փոխանցէ անոր։ Վարակիչ բջիջները կը մտնեն առողջ մարդուն արեան շրջագայութեան մէջ եւ կը հասնին լեարդ ու կը վարակեն լեարդին առողջ բջիջները։ Վարակիչ բջիջները լեարդին մէջ կը հասուննան, կը ծաւալին եւ կ'արտադրեն հազարաւոր նոր բջիջներ, որոնք 2-3 շաբաթներու ընթացքին ետ կը մտնեն առողջ մարդուն արեան շրջագայութեան մէջ, ուր կը հարուածեն կարմիր գնդիկները եւ կը ներխուժեն անոնց մէջ։ Հոն փոփոխութիւններու կ'ենթարկուին եւ կը մեծնան։ 48 ժամ ետք կարմիր գնդիկները կը բացուին եւ փոփոխութեան ենթարկուած մակաբոյծերը ազատօրէն կը շրջագային արեան մէջ ու կը յարձակին ուրիշ առողջ կարմիր գնդիկներու վրայ։ Այս հանգրուանին կը սկսին դողտենդի ախտանշանները։ Վարակող բջիջներէն մաս մը կ'ապրի լեարդին մէջ ամիսներ եւ տարիներ՝ առանց դողտենդի յայտնաբերումին։

Խայթոց.

Առաջին վարակումէն ետք անհատը կ'ունենայ մասնակի եւ ժամանակաւոր դիմադրողականութիւն։ Տեղաճարակ շրջաններէ վերադարձողներ քանի մը ամիսներ կ'ունենան որոշ դիմադրողականութիւն։

Դողտենդը կը բնորոշուի հետեւեալ ախտանշաններով.

  1. Պարբերական, կրկնովի եւ զօրաւոր տենդային նոպաներ,
  2. Դող եւ քրտինք,
  3. Հետզհետէ աճող արիւնալուծային սակաւարիւնութիւն (hemolytic anemia),
  4. Փայծաղի (spleen) ծաւալում,
  5. Լեարդի ախտահարում եւ դեղնախտ (jaundice):
Դողտենդի ախտանշանները անգլերէնով.

Դողը եւ ջերմը կը պատահին այն հանգրուանին, երբ վարակուած կարմիր գնդիկներէն դուրս կու գան վարակիչ փլազմոտիում բջիջները։ Նոպայական ջերմը կը հասնի մինչեւ 40 աստիճանի, որուն առընթեռ՝ յոգնածութիւն, ուժասպառութիւն, մկանային ցաւ, գլխացաւ, սիրտի արագ զարկ եւ նողկանք։ Ջերմը կը մեղմանայ 4-6 ժամ ետք առատ քրտինքով[4]:

  • falciparum մակաբոյծի թխսումը կը տեւէ 9-16 օր, այսինքն՝ ախտանշանները կը սկսին խայթուելէ 9-16 օրեր ետք։ Անիկա ընդհանրապէս կը յառաջացնէ ամէնօրեայ նոպա։ Այս մակաբոյծով յառաջացած դողտենդը յաճախ կոչուած է արեւադարձային կամ տաք գօտիի (tropical) դողեռոցք։ P. Falciparum մակաբոյծը կը յառաջացնէ մանրանօթային (capillaries) խցում, տեղայնական անարիւնութիւն (ischemia) եւ բջիջներու փճացում, որոնք առաւելաբար կը պատահին ուղեղի, երիկամներու, թոքերու եւ ստամոքսա-աղիքային համակարգին մէջ։ Այս օրկաններու ախտահարումով կրնան յայտնուիլ հետեւեալ ախտանշանները՝ մարմնական ցնցումներ, ջղագրգռութիւն, պրկումներ եւ երիկամի ձախողանք, արեան շաքարի նուազում եւ մահաքունանման վիճակ։ Յղի կիներ կրնան ունենալ վիժում եւ մեռելածին զաւակներ (stillborn):
  • Vivax մակաբոյծին թխսումը կը տեւէ 7-21 օր, եւ ան կը յառաջացնէ նոպաներ, որոնք կը կրկնուին ամէն երեք օր անգամ մը եւ այս պատճառով դողտենդը կոչուած է եռօրեայ դողտենդ։
  • Malarae մակաբոյծի թխսումը կը տեւէ 21-45 օր, եւ ան կը յառաջացնէ նոպաներ, որոնք կը կրկնուին ամէն չորս օր անգամ մը եւ այս պատճառով դողտենդը կոչուած է քառօրեայ դողտենդ։
  • Vivax, P. ovale եւ P. Malarae վարակումները աւելի մեղմ են, քան՝ P. falciparum վարակումը։ Անոնք ընդհանրապէս ուղեղին եւ երիկամները չեն վնասեր։

Դողտենդի ախտաճանաչումը կը կատարուի արեան յատուկ քննութեամբ մը, որմով կը հաստատուի փլազմոտիում մակաբոյծի գոյութիւնը։

Դողտենդէ Վարակուողը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առողջ մարդ մը դողտենդի տեղաճարակ շրջանէ մը վերադառնալէ ամիսներ ետք կրնայ բացայայտ դողտենդ ունենալը, որովհետեւ ան խայթուելէ ետք վարակուած մժեղի մը կողմէ, իր լեարդին մէջ կուտակուած վարակիչ փլազմոտիում բջիջները յանկարծ կրնան արեան շրջագայութեան անցնիլ եւ յարձակիլ կարմիր գնդիկներուն վրայ։

  • Դողտենդը կը դարմանուի յատուկ դեղերով եւ պաշտպանողական միջոցառումներով։ Փլազմոտիում մանրէներու տարբեր խմբաւորումներ ունին իրենց յատուկ հակամանրէական ազդու դեղերը եւ գործածութեան ձեւերը։ Հակադողտենդի դեղերը կը գործածուին նաեւ իբրեւ կանխարգելիչ միջոցառում։
  • Դողտենդէ վարակուած անհատը կրնայ բարդութիւններու մատնուիլ։ Յաճախակիօրէն տեսնուած բարդութիւնները հետեւեալներն են.
  1. արիւնալուծային անարիւնութիւն,
  2. երիկամներու եւ լեարդի աշխատանքի վատթարացում,
  3. ուղեղատապ,
  4. ուղեղապատեանի բորբոքում,
  5. փայծաղի ծաւալում եւ պայթում՝ մեծածաւալ արիւնահոսումով միասին։

Դողտենդը կանխարգիլելի հիւանդութիւն մըն է։ Հետեւեալ միջոցառումներով կրնանք կանխարգիլել այս համատարած հիւանդութիւնը.

  • Շուտով յայտնաբերել դողտենդէ վարակուող անձերը եւ տեղաճարակ շրջանները,
  • Պայքարիլ մակաբոյծերը փոխադրող մժեղներու դէմ՝ ոչնչացնելով մժեղները միջատասպան դեղերով եւ մժեղ վանող (repelent) միջոցներ կիրարկելով ու պաշտպանակներ (screens) ու ցանցեր (nets) գործածելով,
  • Ինքնապաշտպանութեան դիմել՝ պատուհանները գոց պահելով, երկար թեւերով շապիկ եւ բաց գոյն հագուստ հագնելով,
  • Հակադողտենդի դեղեր գործածել։

Այն անձերը, որոնք դողտենդի տարաճարակ երկիրներ կը ճամբորդեն, այս դեղերը պէտք է առնեն ճամբորդութիւնէն գոնէ 10 օր առաջ։

Մինչեւ օրս մալարիայի դէմ պատուաստ (vaccine) չէ գտնուած, սակայն շատ մը ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին համաշխարհային գետնի վրայ այս առնչութեամբ։

  • Մալարիա, Ե., 1950։ Մաթեւոսեան Շ. Մ.
  • Գասպարեան Տ. Ս «Պարազիտ Նախակենդանիներ եւ Որդեր» Ե., 1959:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Joy D, Feng X, Mu J, Furuya T, Chotivanich K, Krettli A, Ho M, Wang A, White N, Suh E, Beerli P, Su X Early origin and recent expansion of Plasmodium falciparum. // Science — 2003—300 (5617) — 318-21
  2. «Malaria Site»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-03-17-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-17 
  3. Campbell, Neil A. et al. «Biology» Seventh edition. Menlo Park, CA: Addison Wesley Longman, Inc. 2005
  4. «Malaria Fact sheet N°94»։ WHO։ մարտ 2014։ արտագրուած է՝ 28 օգոստոս 2014