Jump to content

Աստուածածնայ Վերափոխման Տօն

Աստուածածնայ Վերափոխման Տօն

Տեսակ liturgical day?
Ենթադաս Քրիստոնեական տոն?
Ի յիշատակ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամայր

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը (ծանօթ է նաեւ իբրեւ Խաղողօրհնէքի տօն) Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն չորրորդն է։

Կը նշուի 15 Օգոստոսին ամէնէն մօտիկ Կիրակի օրը (12-18 Օգոստոս)։ Տօնը ունի Շաբաթապահք, Նաւակատիք եւ Մեռելոց։

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի աւարտին, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս.Պատարագ կը մատուցուի։

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ տօնը առանձնայատուկ է անով, որ Օգոստոսի այս շրջանը Հայաստանի հեթանոսական օրերէն եկող՝ հասունցող խաղողի օրհնութեան ծէսով պայմանաւորուած է։ Այսինքն՝ տօնին օրը, Ս. Պատարագէն ետք, կը կատարուի խաղողօրհնէք, որմէ ետք միայն կարելի է խաղող ուտել։ Այդպիսով կ'օրհնուի տարուան ամբողջ բերքն ու բարիքը։ Նոյն օրհնուած խաղողէն օրհնուած գինի կը պատրաստեն, զոր մարդիկ կը պահեն մինչեւ յաջորդ տարուան խաղողօրհնէքը՝ իբրեւ լիառատութեան ապահովման նշան։

Մինչեւ քրիս­տո­նէու­թեան մուտքը Հա­յաս­տան, հայ ժողովուրդը շատ կը սի­րէր Նա­ւասար­դի տօ­նը.նոյ­նիսկ այդ ամի­սը Նա­ւասարդ կ'անուանէր։ Ու­րա­խու­թեամբ, խինդ ու ցնծու­մով կը պա­րէին, կը խա­ղային, կը մրցէին՝ այդպէս ոգե­կոչե­լով մեր նա­հապե­տին յաղ­թա­նակը։

Մայր Անա­հիտ դի­ցու­հիէն մինչեւ Մա­րիամ Ս. Կոյս Աս­տուածա­մայր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նա­ւասար­դի տօ­նակա­տարու­թիւննե­րուն մեծ ու կա­րեւոր տեղ յատ­կաց­ուած է հա­յոց ամէնէն սի­րելի դի­ցու­հիին՝ մայր Անա­հիտին։ Անոր մայ­րա­կան ջեր­մութիւնն ու անսպառ զօ­րու­թիւնը կը հայ­ցէին բոլորը։ Նո­րահար­սը մայ­րա­կան բերկրան­քը զգա­լու եր­ջանկու­թիւնը կը հայ­ցէր, մար­տի­կը՝ զօ­րու­թիւն ու յաղ­թութիւն, մշա­կը՝ առատ բերք ու բա­րեբեր անձրեւ­ներ, հի­ւան­դը՝ ապա­քինում:

Խաղողօրհնէք

Ս. Աստուածածինը Հայ Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքին մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քրիս­տո­նէութեան ընդունումէն ետ­ք, հա­յերը Անա­հիտ դի­ցու­հիին վե­րագ­րուող հաւա­տա­լիք­ներն ու աղօթքնե­րը կ'ուղղէին դէ­պի Ս. Աս­տուածա­մայ­րը: Եւ որովհետեւ նա­ւասար­դեան տօ­նակա­տարու­թիւննե­րը Անա­հիտ դի­ցու­հիին նուիրուած մե­հեան­նե­րու մէջ կը կա­տարուէին, այդ մե­հեան­նե­րը կը քան­դուին եւ անոնց փոխարէն կը կառուցուին Ս. Աս­տուածա­մօր նուիրուած եկե­ղեցի­ներ։ Մէկ խօսքով, մար­դիկ ուխտի կ'երթային դէ­պի նոյն վայ­րե­րը, բայց ոչ թէ իբրեւ Անա­հիտի նուիրուած ուխտավայր, այլ՝ Աս­տուածա­մօր, կը նշէին ոչ թէ Նա­ւասար­դը, այլ՝ Ս.կոյս Մա­րիամ Աս­տուածածնայ Վե­րափոխ­ման տօ­նը։

Ս. Աստուածածինը Հայ Եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ առանցքային տեղ ունի։ Մեր եկեղեցւոյ մտածողութեան ու վկայութեան եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ Ս. Աստուածածինը եղած է մնայուն ներկայութիւն եւ աղբիւր հոգեւոր կեանքի վերանորոգման։ Մեր ժողովուրդը յատուկ երկիւղածութեամբ մօտեցած է Ս. Աստուածածինին՝ անոր անունով եկեղեցիներ եւ ուխտավայրեր կանգնեցուցած եւ ուխտագնացութիւններ կազմակերպած է։

Օրե­րով կը պատ­րաստուէին ուխտագնա­ցու­թիւննե­րուն. ազ­գա­կան­նե­րով, ըն­կերներով, բա­րեկամ­նե­րով ճա­մբայ կ'իյնային նա­խապէս ընտրուած ուխտա­տեղին, կը քալէին ամ­բողջ գի­շեր մը եւ արե­ւածա­գը կը դի­մաւո­րէին ուխտա­վայ­րէն, ուր կը սարքուէին սե­ղան­նե­րը, կը զո­հաբե­րուէին պտուղնե­րը, մա­տաղ­ներ կը մատուցուէին, երի­տասարդնե­րը խումբ-խումբ կը պա­րէին, լախ­տի, տեղի կ'ունենար ըմբշա­մարտ եւ տօ­նը կը շա­րու­նա­կուէր խինդ ու ցնծուն զուար­ճանքնե­րով. «մա­տաղ­նե­րը կ'օրհնուէին ու կը զի­նուէին, աւան­դա­կան հա­րիսա­յի պղինձնե­րը կը շա­րուէին ծա­ռին տակ, կրա­կարան­նե­րուն վրայ։ Թթ­ենիերուն տակ ուխտա­ւոր­նե­րը կը բա­նային իրենց սե­ղան­նե­րը, կը փչէին զուռնան, կը թնդար թմբու­կը, ու մին­չեւ լոյս շուրջպա­րը կը դառ­նար։ Կիրակի առա­ւօտ տե­ղի կ'ու­նե­նար հան­դի­սաւոր պա­տարագ։ Պա­տարա­գիչ սրբա­զանը կ'օրհնէր հե­րիսան, որ կը բա­ժնուէր ուխտա­ւոր­նե­րուն։ Խնճոյ­քը, կե­րու­խումը, զուռնան ու պա­րը կը տե­ւէին մին­չեւ երե­կոյ»։

Խա­ղողօրհնէ­քին կը յի­շէին նաեւ Թուխ ու Մուխ մա­նուկնե­րը, որոնք, ան­շուշտ, շատ հի­նէն կու գան. առա­տու­թեան ու բեր­քա­տուու­թեան, բնու­թիւնը բու­ժող ու կե­նարար, կեանք պար­գե­ւող դի­ցային ոգի­ներ կամ դի­ցեր էին։ Ալաշ­կերտի մէջ, Ս. Աս­տուածած­նայ Վե­րափոխ­ման օրը կը հա­ւաքուէին Թուխ Մա­նուկ սրբա­վայ­րին մէջ եւ կը կո­խկռտէին «այն վայ­րե­րը, ուր Թուխ մա­նուկներ քա­լած են»։ Համ­զա­շեխ գիւ­ղին մօտիկ «Թուխ Մա­նու­կի ուխտագ­նա­ցու­թիւնը կը պա­տահի Օգոս­տո­սին՝ Ս. Աս­տուածած­նայ տօ­նին»։ «Խաս­տուրա Ս. Աս­տուածած­նայ վան­քը ուխտի եկող հա­սարա­կու­թիւնը Թուխ մա­նուկ եւս պէտք էր երթար, որ իր ուխտը կա­տարեալ հա­մարուէր»։

Խաղողօրհնէքի Սովորութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախապէս բեր­քի օհ­նութեան ու նուիրա­բերու­թեան ծէս կար։ Հա­սու­նցած առա­ջին պտուղնե­րը եւ բեր­քը պէտք էր զո­հաբե­րել ուխտա­վայ­րե­րուն մէջ կամ պաշ­տա­մունքի տունե­րուն մէջ, որմէ ետք միայն կա­րելի էր ճա­շակել այդ պտու­ղը։ Այս սո­վորու­թիւնը չէ վե­րցուած քրիս­տո­նէու­թեան մուտքով, այլ շա­րու­նա­կուած է: Ամա­նորին կը զո­հաբե­րուէին զա­նազան հա­տե­ղէն, փո­խինդ, աղանձ, Տեառնընդա­ռաջին՝ թարմ ու չոր միրգեր, Ս. Զա­տիկին՝ հաւկիթ, Համ­բարձման օրը՝ կաթ­ով, Վար­դա­վառին՝ հաս­կեր ու խնձոր, իսկ ահա Ս. Աս­տուածա­մօր Վե­րափոխ­ման օրը խա­ղող կ'օրհնէին։

Խա­ղողօրհնէ­քի օրը քա­հանան կ'օրհնէր խա­ղողի առա­ջին ող­կոյզնե­րը, որոնք կը տա­րուէին եկե­ղեցի։ Սա­կայն աւե­լի յա­ճախ քա­հանա­ները իրենք կ'այ­ցե­լէին խա­ղողի այ­գի­ները, մկրա­տով ող­կոյզ մը կը կտրէին, կը բարձրաց­նէին զայն դէ­պի արե­ւը եւ կ'ըսէին. «Երկինքի լոյս Թուխ Մա­նուկնե­րէն ցօ­ղուած են մեր այս այ­գիին ող­կոյզնե­րը»։

Աս­տուած օրհնած է մեր այ­գի­ները Նո­յեան տա­պանով, Մով­սէ­սի տա­պանա­կով, Քրիս­տո­սի Ս. Խա­չով, Աս­տուածածնայ ար­ցունքով, Լու­սա­ւոր­իչի լոյս հա­ւատքով.«Հաց ու գի­նի, Տէր կեն­դա­նի, մեր այ­գի­ներն ալ միշտ դա­լար պիտի ըլլան, ող­կոյզնե­րը՝ միշտ անսպառ» ըսե­լով՝ կ'օրհնէին բեր­քը։

Օրհնուած խա­ղողի ող­կոյզնե­րէն այ­նուհե­տեւ կը տա­րուէին լու­սաղբիւրնե­րու ակունքնե­րը եւ ուխտա­վայ­րե­րուն վրայ կը դրուէին, որպէսզի թռչուններն ալ ան­մասն չմնան երկիրի բա­րեբե­րու­թե­նէն։ Օրհնուած խա­ղողին մէկ մաս­ն ալ կը պա­հէին մինչեւ յա­ջորդ խա­ղողօրհնէք։ Նոյն օրհնուած խա­ղողէն կը պատ­րաստէին անուշ գի­նի։

Քե­սապի մէջ, Կի­րակի օրը, ան­պայման, սմբու­կով ու սի­սեռով ճաշ կ'եփէին։ Քա­նի որ սմբու­կը սո­վորա­բար տա­րուան առա­ջին բերքը կ'ըլլար, այս ճա­շատե­սակէն այնքան շատ կը պատ­րաստէին, որ սմբու­կի բուրմունքը կը տա­րածուէր մինչեւ հա­րեւան թուրքե­րը, որոնք Աս­տուածած­նայ տօ­նը «պա­տըն­ճան պայ­րամ» (սմբու­կի տօն) կ'անուանէին։

Ս. Աստուածածնայ վերափոխման պատմութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ս.Աստուածածնայ վերափոխման դէպքը չէ պատմուած աւետարաններուն մէջ, այլ եկեղեցական աւանդութեան հետ կապուած է եւ կարելի է զայն գտնել հետագային յօրինուած պարականոն աւետարաններուն մէջ: Պարականոն բառը կը գործածենք այն աւետարաններուն համար, որոնք եկեղեցական կանոնէն չեն ընդունուած իբրեւ վաւերական աւետարան։ Եւրոպական լեզուով զանոնք կը կոչենք Apocryphe։ 1950-ին, Պիոս ԺԲ. Պապը կը հաստատէ, թէ Աստուածածնայ Վերափոխումը մաս կը կազմէ քրիստոնէական հաւատոյ դաւանանքին։ Սակայն հին դարերէ ի վեր արդէն ժողովուրդը ընդունած էր այս ճշմարտութիւնը իբրեւ վաւերական։

Ըստ հայկական եկեղեցւոյ, երբ Մարիամ կը մահանայ, Բարդողիմէոս առաքեալ ներկայ չէր եղած թաղման. Երբ կը վերադառնայ Երուսաղէմ, կ'ուզէ գէթ տեսնել Յիսուսի մօր երեսը. կը բանան դագաղը եւ կը տեսնեն, որ մարմինը չկայ։ Ահա այս սուրբ աւանդութիւնը բերած է Բարդողիմէոս, երբ Հայաստան եկած է քարոզութեան։

Վերափոխման յաջորդող օրը, երկուշաբթի, օր մեռելոց է, ինչպէս ամէն տաղաւարի յաջորդ օրը։ Իսկ Վերափոխումէն ետք՝ հայ եկեղեցին ինը օր կը տօնէ Ս. Կոյս Մարիամին տօնը. նախապէս երեք օր էր տօնը. Ս. Ներսէս Շնորհալի կը բարձրացնէ զայն երեք անգամ երեքի, այսինքն ինը օրուան: Տրուած ըլլալով, որ նախապէս չէին սահմանուած ընթերցումներ եւ աւետարաններ մնացեալ վեց օրերուն համար, նոյն երեք օրուան ընթերցումները կը կրկնուին յաջորդող վեց օրերուն։

Այս երեք աւետարաններն են նախ՝ Քրիստոսի Ծննդեան աւետարանը, ապա՝ Հրեշտակի աւետման աւետարանը եւ երրորդ՝ Եղիսաբէթի այցելութեան աւետարանը։ Այս վերջին աւետարանին մէջ է, որ Մարիամ կը հռչակէ իր նշանաւոր Մեծացուսցէն, ուր կը յայտնէ թէ Տէրը մեծամեծ շնորհքներ պարգեւած է իրեն։

Յիշենք այդ շնորհքներէն ոմանք. Անարատ յղութիւնը, կուսութիւնը, աստուածամայրութիւնը եւ ի վերջոյ՝ վերափոխումը, որմով ան հոգիով եւ մարմինով երկինք կը վերափոխուի իր մահէն ետք։

Այս Տօնին նշուող անուններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Աստուածածնայ վերափոխման տօնին տօնելի են՝ Մարիամ, Մարօ, Մարի, Մարիանուշ, Տիրուհի, Իսկուհի, Սրբուհի, Մաքրուհի, Թագուհի, Լուսիկ, Լուսածին, Լուսաբեր, Լուսամայր, Արփենիկ, Երանեակ, Երանուհի, Արեգ, Արեւիկ, Լուսնթագ, Աղաւնի, Մարգարիտ, Նազիկ, Նազելի, Տենչելի, Դշխօ, Բերկրուհի, Պերճուհի, Անթառամ, Արուսեակ, Կուսինէ, Վերգինէ, Վերժին, Արշալոյս, Գեղանոյշ, Գեղանիկ եւ Երջանիկ անունները։

  • Րաֆֆի օրացոյց, Թեհրան, 2011։
  • Ռատիօ Վատիկան, Օգոստոս, 14-21, 2016:
  • armchurch.info