Գաբրիէլ Լազեան
Գաբրիէլ Լազեան | |
---|---|
Ծնած է | 1893 |
Ծննդավայր | Երզնկա, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 25 Օգոստոս , 1959 |
Մահուան վայր | Գահիրէ, Եգիպտոս |
Քաղաքացիութիւն | յունական |
Մասնագիտութիւն | պատմաբան, հանրային գործիչ, քաղաքական գործիչ |
Գործունէութիւն | հասարակական-քաղաքական գործիչ, խմբագիր, գրող, պատմաբան |
Կուսակցութիւն | Հ․Յ․Դ․ անդամ |
Գաբրիէլ Լազեան, (1893 Երզնկա, Օսմանեան Կայսրութիւն – 25 Օգոստոս 1959, Գահիրէ, Եգիպտոս)․ հասարակական-քաղաքական գործիչ, խմբագիր, գրող, պատմաբան։ Հ․Յ․Դ․ անդամ։ Մեծ ներդրում ունեցած է յունահայ գաղութի ազգային կեանքի կազմակերպման մէջ։
Կենսագրական գիծեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաջին տարիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գաբրիէլ Լազեան ծնած է 1893-ին, Երզնկա, Գուրգէն Լազեանի եւ Զարուհի Ճիզմէճեանի բազմանդամ եւ բարեկեցիկ ընտանիքին յարկին տակ․ 8 զաւակներէն անդրանիկն է երկուորեակ եղբօրը հետ։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրին մէջ, «Ս. Փրկիչ» եւ «Կեդրոնական» [1] վարժարաններուն մէջ։ 1910ին ան կ՚ աւարտէ «Եզնիկեան» վարժարանը։ Ապա, քննութիւն տալէ ետք, կ՛ ընդունուի Երզնկայի զինուորական վարժարանը։ Կ՛ անդամագրուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։
Թրքական բանակին սպայ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]20 տարեկան հասակին (1913), Պոլիս, կ՛ ուսանի «Հարպիէ» զինուորական բարձրագոյն վարժարանը․ կ՛ աւարտէ տեղակալի աստիճանով 1914-ին։ Կը ղրկուի բանակ․ ուրիշ հայ սպաներու հետ կը փոխադրուի Միխալիցի զօրակայանը, ապա Իզմիրի Մենեմենի շրջանը։ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի սկիզբին, գերմանացի սպաներ կը ստանձնեն թրքական զինուորական վարժարանի հրամանատարութիւնը եւ անոր սպաներուն կրթութիւնը։ Գերմանացի Բայֆէր սպան, շուտով կը նշմարէ հայ սպաներու բարոյական վերաբերմունքը ու աշխատասիրութիւնը եւ իրենց իր անմիջական խնամքին տակ կ՛ առնէ ու կը մերժէ անոնց նաձնումը, երբ պատերազմին ընթացքին իրմէ կ՛ ուզուի արտօնել հայ սպաներու փոխադրութիւնը։
Գաբրիէլ Լազեան կը տեղեկանայ թէ իր ամբողջ գերդաստանը (70 հոգի) Ցեղասպանութեան զոհ գացած է։ Կը փորձէ Եւրոպա անցնիլ, սակայն չի յաջողիր։ 1917-ին, Իզմիր, կը ծանօթանայ հելլենուհի Նաթալիա Իքոնոմիտուին եւ կը նշանուին։
1918-ին, երբ զինադադարը կը կնքուի, Գաբրիէլի ծառայած զինուորական ջոկատը կը փոխադրուի Կէլիպոլ։ Ժամանակ մը ետք Իզմիր կը վերադառնայ եւ ուրիշ սպաներու հետ կը հիմնեն «Իզմիրի հայ սպաներու միութիւնը»։
Հայաստան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1919-ին, Նաթալիային հետ ամուսնութենէն քանի մը ամիս ետք «Պոլսոյ հայ սպաներու միութեան» կողմէ կ՛ իմանայ թէ նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կոչ կ՚ ուղղէ փորձառու սպաներուն միանալ հայոց բանակին։ Կնոջ հետ կ՛անցնին Հայաստան։ Իբրեւ ենթասպայ կը ծառայէ 4-րդ զօրաբանակի մեքենագիտական ջոկատին մէջ։
2 Դեկտեմբեր 1920ին, Հայաստանի կառավարութիւնը երկիրը կը յանձնէ հայ համայնավարներուն եւ Հայաստան կը դառնայ սովետական տարածք։
Համայնավարներուն կողմէ նախկին հայկական կառավարութեան անդամներուն եւ բանակի սպաներու դէմ հալածանքները կը սկսին։
Նաթալիին արկածալի փախուստը դէպի Իզմիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գաբրիէլ, կը յաջողի յատուկ հրաման ձեռք բերել Նաթալիին համար։ Վերջինս 16 անձերու հետ՝ պոլսեցիներ եւ իզմիրցիներ, կը ճամբորդէ դէպի Վրաստանի նաւահանգիստը՝ Պաթում։ Նոյն շոգեկառքով կը ճամբորդէ նաեւ նորակազմ սովետական հայկական կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Բէկզատեան։ Այս պատճառով յատուկ միջոցներ առնուած են։ Երբ շոգեկառքը Սանահին կը հասնի (այդ ժամանակին յայտարարուած է իբրեւ չէզոք գօտի), կ՛ արգիլուի անոր ճամբորդութիւնը եւ բոլոր ճամբորդները, որպէսզի չստիպուին մէկ ամսուան համար մնալ իրենց տեղը, կ՚ որոշեն ոտքով քալել դէպի Թիֆլիս։ Շաբաթ մը քալելէ ետք, կը հասնին քաղաք, սակայն կը ձերբակալուին եւ բանտ կը տարուին․ վրացիները, այդ տակնապալի օրերուն, վերապահ են բոլոր օտարներուն հանդէպ։
Թիֆլիսի բանտէն ազատագրում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բանտին մէջ վրացի սպայ մը կը լսէ Նաթալիին յունարէն խօսակցութիւնը եւ կը յայտնէ թէ շուտով իրեն ազատ պիտի արձակեն։ Նաթալին կը պատասխանէ թէ՝ «…Բոլորս ալ քիչ թէ շատ յոյներ ենք, չե՞ս լսեր թէ իրարու միջեւ յունարէն կը խօսինք»։ Այսպէս, բոլորը միասին ազատ կ՛ արձակուին, կը կարողանան հասնիլ Պաթում ու անկէ ետք՝ Իզմիր։
Գաբրիէլի ոդիսականը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գաբրիէլ կը ձերբակալուի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երեւանի մէջ, հազարէ աւելի հայ սպաներ կը ձերբակալուին եւ ձիւներուն մէջ քալելով կը տարուին դէպի հիւսիսային Ատրպէյճան՝ Ակսթաֆա (Ակսթեւ) քաղաքը, ապա անկէ շոգեկառքով դէպի Պաքու։ Իրենց մէջ կը գտնուի նաեւ Գաբրիէլ Լազեան։ Ան իր բարեկամին՝ Մկրտիչ Մկրեանի հետ, կը կարողանան փախուստ տալ եւ հասնիլ Ռոստով։
Վերադարձ Երեւան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խորհրդային կառավարութեան ընդհանուր ներման յայտարարութենէն ետք, Գաբրիէլ կը վերադառնայ Երեւան։ Սակայն կը հասկնայ թէ քաղաքական որեւէ գրգռութեան պարագային, ան պիտի ըլլայ առաջին զոհերէն մէկը։ Կը փախչի դէպի Պաթում, ապա Պոլիս ու վերջապէս կը հասնի Իզմիր, ուր կը միանայ Նաթալիին։
Իզմիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իզմիր, իբրեւ սպայ՝ փոխ-գնդապետ, կը զինուորագրուի յունական բանակին։ Զօրավար Թորգոմին եւ Գէորգ Փափազեանին հետ կ՛ անդամակցին «Հելլէն եւ Հայ բարեկամական լիկա»յին։ 1922-ին Օգոստոսին, յունական զօրքերուն նահանջով, կնոջ հետ Յունաստան կը մեկնին եւ կը հասնին Փիրէայի նաւահանգիստը։ Աթէնք, Էւրիփիտու ճամբուն վրայ գտնուող հիւրանոցին մէջ սենեակ մը կը վարձեն։
Կեանքը եւ գործունէութիւնը Աթէնք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1922-ի Սեպտեմբերին, Փոքր Ասիոյ աղէտին իբրեւ հետեւանք, Յունաստան կ՛ ողողուի միլիոնէ աւելի գաղթականներով, որոնցմէ 100 000 հայ գաղթականներ եւ որբեր են։
Նաթալի Լազեան յունախօս ըլլալով մեծապէս կը նպաստէ գաղթականներու հաստատման եւ անոնց կորսուած հարազատները գտնելու հարցին մէջ։ Ան նամակատան ճամբով Պոլսոյ «Ճակատամարտ» թերթը կը հասցնէ Յունաստանի տարածքին սփռած հայ գաղթականներուն (վերապրողներու եւ կորուսեալներու մասին անհամար ծանուցումներ լոյս կը տեսնեն թերթին մէջ)։
7 Դեկտեմբեր 1922ին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան անդամներ ժողով մը կը գումարեն Աթէնքի Գումունտուրու հրապարակի վրայ գտնուող սրճարանի մը մէջ եւ կ՚ որոշեն դաշնակցական կազմակերպական միաւորներ ստեղծել Ատիկէի հայկական գաղթակայաններէն ներս։ Հիմնադիր հանդիպումին, որ կը գլխաւորէ Գաբրիէլ Լազեան, ներկայ են Անտոն Կազէլ, Գարեգին Մարգարեան, Արամ Շիրինեան եւ պատուելի Յարութիւն Աճէմեան։
«Նոր Օր» օրաթերթը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1923-ին, Լազեանի նախաձեռնութեամբ եւ Անտոն Կազէլի, Արամ Շիրինեանի ու Պօղոս Սվաճեանի գործակցութեամբ հիմը կը դրուի «Նոր Օր» օրաթերթին։ Թերթի արտօնութեան թղթածրարի պարտականութիւնը յունական պետական մարմիններուն մօտ կը ստանձնէ Նաթալի Լազեան։
Թերթի արտօնատէրը կը դառնայ Գաբրիէլ Լազեան, որ ըստ օրէնքի, պէտք է յունական հպատակութիւն ունենայ։ Նաթալին կ՛ օգնէ եւ քանի մը յոյն սպայ բարեկամներու միջամտութեամբ, Գաբրիէլ յունական հպատակութիւնը կը ձեռք բերէ։
Հ․Յ․Դ․ կազմակերպումը Յունաստանի տարածքին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գաբրիէլ Լազեան իր գործակիցներուն հետ կը տարածէ ու կ՛ ամրապնդէ Հ․Յ․Դ․ ցանցը գաղութին մէջ։ 1939-ի սկիզբները, ընտանիօք Գահիրէ կը փոխադրուին։
Գործունէութիւնը Գահիրէի մէջ, Եգիպտոս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1938-ին, Եգիպտոսի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 13-րդ Ընդհանուր Ժողովին աւարտին Գաբրիէլ Լազեան կ՛ ընտրուի Բիւրոյի անդամ․ կը շարունակէ վերընտրուիլ մինչեւ իր մահը։
1939-ին, ընտանիօք կը հաստատուին Գահիրէ, ուր Գաբրիէլ կը ստանձնէ «Յուսաբեր» օրաթերթի հրատարակչական վարչական պատասխանատւութիւնն ու խմբագիրի պաշտօնը, որ կը վարէ մինչեւ իր անակնկալ մահը։
Հրատարակութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Յուսաբեր» օրաթերթի խմբագիրի պաշտօնին զուգահեռ, կը հրատարակէ չորս գիրքեր․
- Հայաստան եւ հայ դատը ըստ դաշնագրերու, Գահիրէ, 1941, 264 էջ։
- Յեղափոխական դէմքեր (մտաւորականներ եւ հայդուկներ), Գահիրէ, 1945, 413 էջ։
- Հայաստան եւ հայ դատը (վաւերագրեր), Գահիրէ, 1946, 392 էջ։
- Հայաստան եւ Հայ դատը հայ եւ ռուս յարաբերութիււններու լոյսին տակ, Գահիրէ, 1957, 442 էջ, 2-րդ հրատ., Թեհրան, 1985, 440 էջ, 3-րդ հրատ., Երեւան, 1991, 435 էջ։
Ինչպէս նաեւ, կը հրատարակէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան լուսանկարչական փաստագրական ալպոմը, Գահիրէ, 1953:
Ընտանիք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1919-ին, Իզմիր, կ՛ ամուսնանայ յունազգի Նաթալիա Իքոնոմիտուին հետ եւ 1924-ին կը ծնի իրենց միակ աղջիկը՝ Այտան։ Նաթալի Լազեան, ամուսնոյն մահէն ետք, դուստրին հետ կը տեղափոխուին Յունաստան եւ կը հաստատուին Աթէնքի արուարձան Նէա Զմիռնի քաղաքը։
Մահը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գաբրիէլ Լազեան կը մահանայ 25 Օգոստոս 1959-ին, յետ կարճատեւ սակայն մահացու մորթային բորբոքումէ մը, որ 24 ժամուան ընթացքին կը թունաւորէ իր մարմինը։
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամէնուն Տարեգիրք, Կարօ Գէորգեան, 1960 տարի, Մահագրութիւն
Նաթալի Լազեանի վկայութիւններ (1996)․ Հայկանուշ Մինասեանի արխիւ
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Յուշամատեան․ նկար՝ Երզնկայի Կեդրոնական վարժարանի
- ↑ Ազատ Օր․ պատմական անդրադարձ, նկարներ
- ↑ Գաբրիէլ Լազեան 1893 – 1959 (նկարներ), 26-8-2019, Մայք Չիլինկիրեան, (Յունարէնէ թարգմանեց` Ք.Է.)
- ↑ «Հայաստան եւ Հայ Դատ», Գ․ Լազեան
- ↑ Գաբրիէլ Լազեան
- ↑ «Դէմքեր հայ ազատագրական շարժումէն», Գաբրիէլ Լազեան
- ↑ Հայրենիք․ «Գաբրիէլ Լազեան» Մ․ Օզանեան, 61րդ տարի, 5-9-1959
- ↑ «Ասպարէզ․ Պատմական Ալպոմ Մը Կը Յանձնուի ՀՅԴ Երեւանի Պատմութեան Թանգարանին, 27-9-2018»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-06-11-ին։ արտագրուած է՝ 2021-06-11
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Կաղապարներում կրկնվող արգումենտներով էջեր
- Pages with citations having redundant parameters
- Գահիրէ մահացածներ
- Անձինք այբբենական կարգով
- Հայ Գրողներ
- Հայ հասարակական-քաղաքական գործիչներ
- Հայ հասարակական գործիչներ
- Հայ զինուորականներ
- Հայ խմբագիրներ
- Հայ մամուլի հիմնադիրներ
- 1893 ծնունդներ
- 25 Օգոստոսի մահեր
- 1959 մահեր
- Գահիրէ մահեր
- Հայ հրատարակիչներ
- Հայ պատմաբաններ
- Հայ պատմագէտներ