Անտոն Կազէլ
Անտոն Կազէլ | |
---|---|
![]() հրապարակագիր, խմբագիր, բանաստեղծ, արձակագիր եւ քաղաքական գործիչ | |
Ծնած է | 1899 |
Ծննդավայր | Էօտէմիշ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 24 Դեկտեմբեր, 1952 |
Ազգութիւն | Հայ |
Անտոն Կազէլ, 1899 Էօտէմիշ, Օսմանեան Կայսրութիւն – 24 Դեկտեմբեր, 1952, Աթէնք, Յունաստան․ հայազգի հրապարակագիր, խմբագիր, բանաստեղծ, արձակագիր եւ քաղաքական գործիչ։ Եղած է «Նոր Օր» (Աթէնք) թերթի հիմնադիրներէն։
Կենսագրական գիծեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաջին տարիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անտոն Կազէլ ծնած է 1899ին, Էօտէմիշ։ Հայրն է սուրիացի կաթոլիկ՝ Իսկէնտէր Կազէլ եւ մայրը՝ էօտէմիշցի Վասիլուհի Պոյաճեան։
Կրթութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի հայկական նախակրթարանին մէջ։ Ուսումը կը շարունակէ Գոնիայի «Ճէնանեան» վարժարանը։ Բարձրագոյն ուսումը կ՛ առնէ Իզմիրի Բարատիսոյի Ամերիկեան Գոլէճին մէջ (1916)։
Կեանք ու գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իզմիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զինադադարի շրջանին, Իզմիրի մէջ, Անտոն Կազէլ «Հորիզոն» եւ «Գոյամարտ» թերթերու խմբագրութեան կազմերուն մաս կը կազմէ։ Իբրեւ օգնական խմբագիր, սերտօրէն կը գործակցի գրող եւ մտաւորական Սուրէն Պարթեւեանին հետ։ Կը գրէ բանաստեղծութիւններ, որոնք լոյս կը տեսնեն զանազան հայկական հանդէսներէ, ինչպէս օրինակ «Մեր կանչը» («Վերածնունդ» շաբաթաթերթ, Փարիզ, 5 Յունիս 1920) [1]: 1919-20, Մ. Բարթիկեանի հետ կը հրատարակեն «Ատրուշան» կիսամսեայ գրական թերթը [2]:
Փոքր Ասիոյ աղէտէն հազիւ փրկուած, Փարիզ կ՛ անցնի ու քանի մը ամիս ետք Աթէնք կը փոխադրուի։ Աթէնք նոր հասած են տասնեակ հազարներով հայ գաղթականներ։ Ան գործի կը լծուի։
Հրապարակագիրը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գաբրիէլ Լազեանի, Արամ Շիրինեանի եւ Պօղոս Սվաճեանի հետ կը հիմնեն «Նոր Օր» շաբաթաթերթը։ Կը ստանցնէ թերթին խմբագրութիւնը․ առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ 25 Մարտ, 1923-ին։ Յունուար 1924-ին «Նոր Օր»ը օրաթերթի կը վերածուի։ Բ․ Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, թերթը կը վերահրատարակուի «Ազատ Օր» անունով։
Կազէլ միաժամանակ կ՛ աշխատակցի «Հայրենիք» ամսագրին Պոսթըն․ ամսագրին մէջ լոյս կը տեսնեն իր գրական եւ բանաստեղծական գործերը [3] [4]։ 1927 – 1931 կը խմբագրէ «Յունահայ Տարեգիրք»ը։ Անոր գրութեան ոճը պարզ ու սահուն է։ Ան ըսած է․-«Թերթը պէտք է ըլլայ հարազատ հայելին առօրեայ կեանքին, անոր ծուռ ու շիտակ կողմերով»։
Կազէլ թղթակից է նաեւ սփիւռքի ուրիշ հայկական թերթերու[5]։ Բացի խմբագրականներէն, Կազէլ իր յօդուածները կը ստորագրէր բուն անունով, ինչպէս նաեւ՝ Ա. Կարէն, Ա. Կ. Դարեհ Կախարդեան, Արծուիկ, Աթենացի եւ ուրիշ կեղծանուններով։
Անձնական կեանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կ՛ ամուսնանայ Իզմիր ճանչցած Քաթրինին հետ։
Գրական ասպարէզ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անտոլ Կազէլի գրական գործերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Սիրոյ եւ վիշտի մեղեդիներ» քերթուածներու հաւաքածոյ,
- «Խաչի ճամբան» արձակ բանաստեղծութիւններ,
- «Ուրուագիծ յունահայ գաղութի պատմութեան» ստուար աշխատասիրութիւն,
- «Պօղոս Առաքեալի հետքերուն վրայ» վէպ,
- «Գրական Տետրակներ»,
- «Այգեստան» գրական պարբերաթերթ,
- «Առձեռն Հանրագիտակ»ներու պրակներ եւ ընդարձակ օրագրութիւն մը։
Անոնք հրապարակուած են մամուլի էջերէն եւ կամ անտիպ մնացած ձեռագիր վիճակի մէջ են։
Նմուշ մը Կազէլի բանաստեղծութիւններէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հօր մը նըման՝ որ ցաւով եւ անձկութեամբ կը խորհի
Զաւակներուն անառակ, յաճախ ես ալ, ակամայ
Կը մըտածեմ կիրքերուս, մոլութիւններուս վըրայ,
Որոնք կ՚աճին, կը մեծնան ամէն օր քիչ մ՚աւելի:
Ի՜նչ փոյթ՝ թէ չհամակրին ինծի՝ անոնց պատճառաւ,
Նողկանքով ինձ մօտենան բարեկամներ մերձաւոր,
Չի՛ կրնար հայր մը լըքել զաւակներն իր ախտաւոր,
Հոգիին մէջ որքա՜ն ալ ունենայ անոնց դէմ ցաւ…
Խօսքեր իր ձգած անտիպ ձեռագիրներէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Լռութեան մէջ ինքնամփոփուելու սովորութիւնս, ինծի կը թուի աղիտաւոր թերութիւն մը, որուն իմս ըլլալը կ՛ ընդունիմ: Շուրջիններս բնաւ չնշմարեցին այս շեշտուած թերութիւնս, բայց խոշորացոյցով դիտեցին անմեղ քմայքներս»:
«Հոգեկան աշխարհին պակասը, մարդուն մեծագոյն ողբերգութիւնն է: Ամէն ազնիւ զգացում, ամէն բարձր մտածում՝ սնունդը կը ստանայ հոգիէն: Երբ չկայ հոգին, ոչ մէկ բան կայ աշխարհի մէջ: Ոչ իսկ ճշմարտութիւն»
«Լռութիւնը՝ հոգիի զմայելի պահ մըն է: Բայց ոչ միշտ: Ինչո՞ւ չեմ խօսիր կամ չեմ կրնար խօսիլ, երբ ստուերին մէջ կամ գորշ վարագոյրներու ետին, անկարեւոր ըլլալու աստիճան պզտիկ եսեր կ՚ուզեն ինքզինքնին պարտադրել: Եթէ պէտք է ընդունիմ՝ որ ընկերութիւնը փտած ու նեխած է, անվարան պէտք է ընդունիմ նաեւ որ իմ մէջս ալ փտած ու նեխած բան մը կայ ու ես աւելի չեմ արժեր՝ քան միւսները, որոնք իրենց հտպիտային ծամածռութիւններով կը պահեն օրուան մարդու համբաւը:
«Միտքը թմրեցնող եւ հոգին տեւապէս հիւանդագին վիճակի մէջ պահող աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն դէմ խիզախելու բաւարար ուժի պակասը զիս կը նետէ տրտմութեան գիրկը: Կը նախընտրեմ լռութիւնը, որուն մէջ կը գտնեմ մեծագոյն մխիթարանքը: Սոսկալի է, երբ մարդ կը տեսնէ ցաւը եւ չի կրնար զայն կանխել կամ մեղմացնել»:
Քաղաքական – հասարակական գործիչը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երիտասարդ, կ՛ անդամագրուի Հ․Յ․Դաշնակցութեան եւ Իզմիրի ու Աթէնքի մէջ կը վարէ պատասխանատու պաշտօններ։ Աթէնքի Հայ Կարմիր Խաչի (հետագային Հայ Կապոյտ Խաչ) հիմնադիրներէն կ՛ ըլլայ։
Մահը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]24 Դեկտեմբեր 1952-ին, վաղահաս՝ կը մահանայ սրտի խցումի հետեւանքով։
Մահէն ետք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կազէլի մահէն ետք, «Ազատ Օր»ի խմբագիր Վազգէն Եսայեան եւ յօդուածագիր Ահարոն Ստեփանեան 1953-ին կը հրատարակեն անոր «Սիրոյ եւ վշտի մեղեդիներ» գիրքը․ նախաբանը կը ստորագրէ Ահարոն Ստեփանեան։
Սիրոյ եւ վշտի մեղեդիներ․ Նախաբանը
«Բանաստեղծութիւններու ներկայ հրատարակութեան առիթով գրուած այս քանի մը էջերը՝ ո՛չ նպատակ ունին եւ ո՛ չ կրնան տալ ամբողջական դիմագիծը Անտոն Կազէլի, որ, անվարանօրէն կարելի է ըսել, ունեցաւ իր արժանի տեղը՝ ընդհանրապէս Հայկական Սփիւռքի եւ մասնաւորապէս յունահայ գաղութի երեսուն տարուայ պատմութեան մէջ, իբր վարժ խմբագիր, նրբազգած բանաստեղծ, հաւատաւոր դաշնակցական ղեկավար եւ հանրային-հասարակական անխոնջ գործիչ:
Աղօտ դիմաստուերում մը միայն՝ մէկու մը կողմէ՝ որ զինքը ճանչցաւ փոքր հասակէն եւ անոր հետ գործակցեցաւ երեսուն տարի, շունչ-շունչի, հայ մամուլի տատասկոտ ասպարէզին մէջ:
Ուրիշ ոչինչ:
Մնացեալը գործն է անոնց՝ որոնք պիտի փորձեն հետագային գրել սփիւռքահայ կեանքի եւ հայ մամուլի պատմութիւնը:»
Ահարոն Ստեփանեան, Աթէնք, 1953
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Ազատ Օր» օրաթերթ - Անտոն Կազէլի յիշատակին․ «Խմբագիրն ու իր արուեստը», Սօս Վանի, Կիրակի 8 Փետրուար, 1953, էջ 2
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Վերածնունդ շաբաթաթերթ․ Փարիզ, 5 Յունիս 1920 – «Մեր Կանչը» Անտոլ Կազէլի մէկ բանաստեղծութիւնը, Էջ 7
- ↑ Ատրուշան ամսագիր, Իզմիր
- ↑ «Հայրենիք» ամսաթերթ, թիւ 4942, Հինգշաբթի 2 Օգոստոս 1928, էջ 1, 4-րդ եւ 5-րդ սիւնակ, էջ 2՝ 5-րդ սիւնակ
- ↑ Հայրենիք ամսագիր, Պոսթըն․ Յուլիս 1928․ Անտոն Կազէլ՝ ամսագրին գործակից
- ↑ Արեւ օրաթերթ - ԺԹ․ տարի, թիւ 4851, Հինգշաբթի 20 Դեկտեմբեր 1934, Գահիրէ, էջ 1, «Մազլըմեան Եպիսկոպոսին դէմ դաւադրութեան խնդիրը․ Աթենական թերթի մը քննութեան անդիւնքը» 2-րդ սիւնակ, Անտոլ Կազէլի թղթակցութիւնը
- ↑ Ազատ Օր - Անտոլ Կազէլի մահուան 68-ամեակին առիթով․ Անտոլ Կազէլի «Սիրոյ եւ վշտի մեղեդիներ» գիրքին նախաբանը
- ↑ Հայրենիք շաբաթաթերթ․ Անտոն Կազէլ (1899-1952).- «Ազատ Օր»ի Վաստակաշատ Խմբագիրն Ու Դաշնակցական Պատգամախօսը, 24 Դեկտեմբեր 2018
- ↑ Յուսաբեր –Անտոն Կազէլ 1899-1952, թիւ 162, Շաբաթ 29 Դեկտեմբեր 2018, էջ 4
- ↑ «Հայկական թերթերու եւ պարբերաթերթերու ցուցակ․ Գոյամարտ, Վերածնունդ,․ էջ 8»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-09-30-ին։ արտագրուած է՝ 2021-04-17
- ↑ Հայկական գանձարան․ Անտոն Կազէլի ձեռագիրը՝ 28.02.1927