Արսէն Պալեան
Արսէն Պալեան | |
---|---|
Ծնած է | 1889 |
Ծննդավայր | Սպարթա, Փոքր Ասիա, Թուրքիա |
Մահացած է | 6 Յունուար 1944 |
Ազգութիւն | Հայ |
Մասնագիտութիւն | Կրթական մշակ, յօդուածագիր եւ ազգային գործիչ |
Արսէն Պալեան (1889 Սպարթա՝ Փոքր Ասիա (Ըսպարտա), - 6 Յունուար 1944, Քոքինիա՝ Փիրէա, Յունաստան), կրթական մշակ, յօդուածագիր, ազգային գործիչ։
Կեանքն ու գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աւարտած է Պէրպէրեան վարժարանը 1911-ին։ Տարի մը յաճախած է Սորպոն համալսարանը եւ մտած է ուսուցչական ասպարէզ, նախ Տրապիզոն, ապա՝ Պէրպէրեան վարժարանը 1913-1914։
1915-1919 Ցեղասպանութեան տարիներուն, կը պահուըտի զանազան տեղեր, ու զինադադարէն ետք 1919-1922 թուականներուն կը ստանձնէ Իզմիրի ազգային վարժարանին փոխ տեսուչի պաշտօնը։ Փոքր Ասիոյ մէջ յունական բանակին պարտութեամբ, կ'անցնի Միտիլլի եւ հոնկէ Գավալա, Տրամա եւ Սերեսի շրջանները, իբր Ամերիկեան Նպաստամատոյցի որբանոցներուն գործիչ։ Այսպէս, 1930-ին, 500-ի մօտ հայ որբերու հետ կը փոխադրուի Եգիպտոս որպէս անոնց դաստիարակն ու հսկիչը։ Հոգիով ու սրտով կը նուիրուի երկսեռ որբերուն դաստիարակութեան ու կրթութեան․ ոչ միայն նստարաններուն վրայ, այլ անոնց դուրսի կեանքին մէջ։ 1936-ին կը վերադառնայ Յունաստան, ուր Տէտէաղաճի եւ Տրամայի հայկական դպրոցներուն մէջ կը պարապի ուսուցչութեամբ․ Սեպտեմբեր 1936-ին կը ստանձնէ Քոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանի տնօրէնութիւնը․ նոյն տենդով ու նուիրումով, հայրական հոգածութեամբ՝ հանգիստն ու առողջութիւնը զոհելով։
Բ․ համաշխարհային Պատերազմի տարիներուն, 1942-ին վերջերը, Սելանիկ կը հրաւիրուի իբրեւեւ Կիւլլապի Կիւլպէնկեան վարժարանի տնօրէն։ Սակայն, ձիւն-ձմրան մէջ եւ պատերազմի այն օրերուն, կ՛ունենայ տաժանելի ճամբորդութիւն մը հանրակառքով եւ Սելանիկ հասնելուն պէս անկողին կ՛իյնայ թոքախտով, որ արագօրէն կը զարգանայ ու անբուժելի կը դառնայ։ Այս ծանր վիճակով, 1943-ի աշնան զայն Քոքինիա կը փոխադրեն, դարմանումի ակնկալութեամբ։ Աչքերը կը փակէ 6 Յունուար 1944-ին եւ կը թաղուի Քոքինիոյ գերեզմանատունը։
Մեծ եղաւ անոր ծառայութիւնը կրթական ասպարէզին մէջ։ Ուղղադատ միտք, անկաշառ խիղճ, վճռականութիւն․ երեք եզակի ազգային գործիչի յատկութիւններ, որոնք զայն սիրելի ու յարգելի դարձուցին բոլորին։ Երեւութապէս՝ հանդարտ ու պաղարիւն կը թուէր, սակայն աշխատանքին ընթացքին՝ հոգին կը բռնկէր, կրակ ու բոց կը դառնար։ Յետ մահու, Քոքինիոյ Երիտասարդականի խումբը կ'անուանակոչուի «Արսէն Պալեան»։
Յունաստան, կրթական ծառայութեան առընթեր, աշխատակցեցաւ «Նոր Օր» օրաթերթին․ գրութիւնները կը ստորագրէր Ա․Գեղակ գրչանունով։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ամենուն տարեգիրքը 1957, Կարօ Գէորգեան
- Կարօ Մինասեանի արխիւ
Տես նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Անտոն Կազէլ
- Կարապետ Ղազարեան
- Օննիկ Զաքարեան
- Սօս Վանի
- Քոքինիոյ հայկական գաղութը
- Քերքիրայի հայերը
- Սելանիկ
- Կորնթոս
- Սիրոս