Գէորգ Փափազեան
Գէորգ Փափազեան | |
---|---|
Ծնած է | 1882 |
Ծննդավայր | Թեքիրտաղ, Ատրիանուպոլսոյ նահանգ (վիլայէթ), Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 10 Նոյեմբեր 1953 |
Մահուան վայր | Աթէնք, Յունաստան |
Մասնագիտութիւն | իրաւաբան |
Գործունէութիւն | Ազգային / հանրային գործիչ, բարեսիրական |
Վարած պաշտօններ | Երեսփոխայ |
Գէորգ Փափազեան 1882, Ռոտոսթօ (Tekirdag), Արեւելեան Թրակիա - 10 Նոյեմբեր 1953, Աթէնք, Յունաստան). Իրաւաբան, ազգային գործիչ, երեսփոխայ (նկարը՝ [1])։
Կրթութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կը յաճախէ Ռոտոսթոյի հայական նախակրթարանը, որուն տնօրէնն էր Թովմաս Աճէմեան։ Կրթութիւնը կը շարունակէ յաջորդաբար՝ Կէլլիպոլի Միջնակարգը ու 1908 Սկիւտարի Պէրպէրեան վարժարանը, ուր կը գերազանցէ գրականութեան, լեզուաբանութեան եւ արուեստի դասերուն մէջ։ Ուսման շրջանը կը բոլորէ աւարտելով Պոլսոյ համալսարանի Իրաւաբանութեան բաժինը։
Կեանքը Ա․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ա․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին, կը ծառայէ Հարպիյէի (Շիշլի) շրջանը, իբրեւեւ ռազմական իրերու պատասխանատու։ Զինուորութենէն կ՛արձակուի ու երբ տուն կը վերադառնայ, կը ձեռբակալուի ուրիշ հայերու հետ «շնորհիւ» կեղծ ամբաստանութիւններու՝ իբրեւեւ թէ հրկիզած են լքուած թրքական տուները։ Բանտարկութենէն ենք, կ՛աքսորուի Դամասկոս, ուր իբրեւ թարգմանիչ կ՛աշխատի գաղթականներուն նպաստող կազմակերպութիւններուն քով։ Կ՛իմանայ թէ ընտանիքը աքսորուած է ու կ՛ապրի հարաւային Սուրիոյ Տումա գիւղաքաղաքը․ կը միանայ անոնց։ Պատերազմի աւարտին, կը հաստատուին Դամասկոս։ Հոն կարգ մը այլ երիտասարդներու հետ կը հիմնէ «Արարատեան եղբայրակցական Միութիւնը» ու կը կարգաւորէ Տէր Զօրէն փրկուած հայերուն համար պատսպարան մը։
Կեանքը՝ Յունաստան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երեսփոխան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1919-ին կը վերադառնայ Ռոտոսթօ։ Կը նշանակուի հայերուն ներկայացուցիչը յառաջացուած պետական յանձնախումբին՝ շրջանին մէջ լքուած հարստութեանց համար։
Կարճ ժամանակի համար Պոլսոյ մէջ կը զբաղի իրաւաբանութեամբ ու երբ արեւելեան Թրակիան Յունաստանին կը միանայ, շրջանի հայկական համայնքները իրաունքը կը ստանան ունենալ ընտրեալ երեսփոխայ մը Յունաստանի Խորհրդարանին մէջ։ Գէորգ Փափազեան կ՛ընտրուի քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ։ Կ՛ըլլայ առաջին հայազգի երեսփոխան Յունաստանի Խորհրդարանին մէջ 1920-էն մինչեւ 1922 ՝ երբ արեւլեան Թրակիան կը վերագրաւուի թուրքերէն։ Այս երկու տարիները շարունակ պայքար մըն են։
Յունաստանի մէջ Հայաստանի նորանկախ պետականութիւնը կ՛ունենայ իր պաշտօնական դիւանագիտական ներկայացչութիւնը գլխաւորութեամբ դեսպան Տիգրան Չայեանին*։ Կը պահէ երկու հիւպատոսարաններ․ Սելանիկին մէջ՝ հիւպատոս Գալուստ Ասլանեան** եւ Աթէնքի մէջ՝ հիւպատոս Յարութիւն Գըլըճեան***։ Վերջինս կը պահէ իր պաշտօնը Հ․Հ․ Խորհրդականացումէն ետքն ալ, մինչեւ 1925։ Անմիջական, գործնական եւ սերտ է Փափազեանին գործակցութիւնը Հ․Հ․ դիւանագիտական ներկայացչութեան հետ․ կը շարունակուի՝ 1922-էն ետքն ալ։ Հակառակ թէ կ՛ապրի Սելանիկ, մէկ ոտքը միշտ Աթէնք կ՛ըլլայ․ տասնեակ հազարաւոր հայ գաղթականներու խնամատարութեան, տեղաւորման կամ փոխադրութեան գործերով։ Յանդուգն կեցուածք կ՛ունենայ Յունաստանի Խորհրդարանին մէջ, երբ 1921-ին, Մեծ Ուժերը կը մտադրեն վերանայիլ Սեւրի Դաշնագիրը։ 1921 Փետրուար 15-ին յունական խորհրդարանին նիստին, ի միջի այլոց կը յայտարարէ․- «․․․իբրեւ ընտրեալ ներկայացուցիչ Թրակիոյ հայութեան,․․․․ կը բողոքեմ եւ հակառակութիւնս կը յայտնեմ Սեւրի Դաշնագրի վերաքննման․․․․ յուսամ թէ մարդկութեան խիղճը պիտի գերադասէ ու պիտի համոզուին աշխարհի զօրաւորները թէ այս հողերուն վրայ Թուրքիոյ գերիշխանութեան վերահաստատումը՝ պիտի դառնայ համաշխարհային պատմութեան սեւ էջերէն մին»։
Ազատամիտ ըլլալով հանդերձ, սիրուած է թագաւորականներուն կողմէն։ Անոնք նեցուկ կը կանգնին զանազան հարցերու եւ առաւել գումարներ կը յատկացնեն հայ համայնքներուն։[2]
Այսպէս տնտեսական օգնութիւն կը տրուի հայկական վարժարաններուն եւ Թրակիոյ հայերը մէկ տարուայ համար կը ձերբազատուին հարկ վճարելէ։
*Տիգրան Չայեան․ Ծնած է Պոլիս, 1880-ին․ հանրային գործիչ քաղաքագէտի յատկութիւններով։ Ֆրանսերէնով գրող ձեռնհաս հրապարակագիր։ 1918-ի զինադադարէն ետք կը հրապարակէ «Ռընեսանս»[3] օրաթերթը։ Աթէնք կը ժամանէ 1921 Մայիսին, երկաթուղիով եւ Սելանիկի վրայով։ Աթէնքի կայարանին մէջ կը դիմաւորուի Յունաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան եւ աթենահայ համայնքի ներկայացուցիչներէն։ Բազմաթիւ կապեր կը հաստատէ հելլէն եւ օտար բարձր շրջանակներուն հետ։ Կը յարգուի հելլէն թագաւորական եւ դիւանագիտական շրջանակներէն շնորհիւ իր հմտութեան, ուղղամիտ քաղաքական մտքին եւ կարողութիւններուն համար։ 1923-ի Յուլիսին, հրաժեշտ կ՛առնէ Աթէնքէն ու կը մեկնի Փարիզ։ Կը մահանայ 15 Նոյեմբեր, 1952-ին։
**Գալուստ Ասլանեան․ Ծնած է Վան, 1865-ին․ շրջանաւարտ տեղւոյն Կեդրոնական վարժարանէն, ապա Փարիզի համալսարանէն՝ բժշկական վկայականով։ 1895-էն կը հաստատուի Սելանիկ, ուր կը դառնայ անուանի իր վիրաբուժական կարողութիւններով։ Յարգուած ըլլալով թէ՛ հայ համայնքէն, թէ՛միջազգային շրջանակներէն, Հ․Հ․ կառավարութիւնը զայն կը նշանակէ Սելանիկի պատուակալ հիւպատոս։ Կը մահանայ Սելանիկ, 6 Մարտ, 1932-ին։
***Յարութիւն Գըլըճեան․ Ծնած է Պոլիս 1891-ին, Աթէնք կը փոխադրուի 1896-ի տեղւոյն կոտորածներէն անմիջապէս ետք։ Բազմազաւակ ընտանիքի 4-րդ զաւակն է։ Կը յաճախէ ու կ՛աւարտէ յունական նախակրթարանը, կիմնազիոնը ու ապա երկու տարուայ համար կը հետեւի Աթէնքի համալսարանի իրաւաբանական ճիւղը։ Կը մտնէ առեւտրական ասպարէզ, եղբայրներուն մօտ։ Միաժամանակ կը սկսի իր հանրային գործունէութիւնը։ Նախ՝ փոքրաթիւ հայ համայնքին, ապա յունահայ հոծ գաղութին․․։ Քաջ յունագէտ, լայն կապեր կը հաստատէ պետական բոլոր շրջանակներուն հետ, լաւագոյնս կ՛օգտագործէ ի օգուտ հայ գաղութին թէ՛ Հ․Հ․ հիւպատոս նշանակուելէն առաջ, թէ՛ ետքը։
1922
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1922թ․ կը կազմուին՝
- Հելլէն եւ Հայ բարեկամական լիկան։ Հայերուն կողմէն կ՛անդամակցին զօրավար Թորգոմ եւ Գաբրիէլ Լազեան։ Յոյներուն կողմէն՝ նախարար Ֆիլիփոս Տրաղումիս, փաստաբան Տիմիդրիոս Տամասկինոս։ Կը կատարեն հայանպաստ ձեռնարկներ եւ կ՛օգնեն զանազան հարցերու հետապնդման։ Շուրջերնին կը բոլորուին ուրիշներ ալ։
- Յունական բանակին կից Հայկական Լէգէոնը, զօրավար Թորգոմին հրամանատարութեամբ։ Սպաներէ եւ զինուորներէ կամաւորագրեալներու հոսք մը կ՛առաջանայ մանաւանդ Պոլսէն, Նիքոմիտիոյ եւ Հաճընի շրջաններէն։ Շուտող Լէգէոնը Իզմիր կը փոխադրուի։ Կը ձուլուի 1927-ին։
Փափազեան կը գործակցի հետերնին, կը յաջողի դիւրացնել եւ լուծել զանազան փաստագրման հարցեր։
Փոքր Ասիոյ աղէտը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յունական բանակին նահանջը հետեւանք կ՛ունենայ հարիւր հազարաւոր յոյներ եւ 80․000-100․000 հայեր Իզմիրէն եւ արեւելեան Թրակիայէն հասնին Յունաստան։ Փափազեան, Սելանիկ կը հաստատուի ու անմիջապէս գաղթականներուն ի նպաստ աշխատանքին կը լծուի։ Հայերուն եւ յունական կառավարութեան միջեւ գլխաւոր կապն է։
1923-ին կը հրատարակէ Սելանիկի առաջին հայկական լրագիրը՝ «Ալիք»ը[4], Լեւոն Մոզեանի խմբագրութեամբ․ անխաբան կը հրատարակուի մինչեւ 1927։ Կ՛աշխատակցի նաեւ Պոլսոյ հայական օրաթերթերու հետ եւ կը զբաղի համայնքին գործերով։
Բ․ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բ․ Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին, կնոջ Սիրային եւ աղջկան՝ Ռիթային (հետաքային տիկին Հայկ Զաքեան) հետ կը հաստատուի Աթէնք։ Կը գործակցի «Ազատ Օր»[5] օրաթերթին հետ․ յօդուածներ կը գրէ, կը թարգմանէ նաեւ՝ ֆրանսական թերթերէ։
1948-1950 Յունաստանի «Համազգային»ի ատենապետութիւնը կը ստանձնէ։
Կը մահանայ 1953 Նոյեմբեր 10-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։ Թաղման արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ Աթէնքի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ու մարմինը կ՛ամփոփուի Քոքինիոյ 3-րդ գերեզմանատան մէջ;
Ծանoթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «ԱՄԷՆՈՒՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔԸ», 1960 Կարօ Գէորգեան
- «Արմենիքա» պարբերաթերթ, Յունուար-Մարտ 2014,թիւ՝80,(յօդ/գիր՝Մ․Չիլինկիրեան)
- Կարօ Մինասեանի Արխիւ