Բաբգէն Սիւնի
Բաբգէն Սիւնի | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | Պետրոս Փարեան |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Բաբգէն Սիւնի եւ Papken Siuni |
Ծնած է | 1873 |
Ծննդավայր | Ակն, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 26 Օգոստոս 1896 |
Մահուան վայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Ազգութիւն | Հայ[1] |
Մասնագիտութիւն | ակտիվիստ, Յեղափոխական |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
Պետրոս Բարեան (1873, Ակն, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 26 Օգոստոս 1896, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), ճանչցուած է իր պատերազմական անունով Բաբգէն Սիւնի։ Ան կարեւոր գործիչ եղած է հայ ազգային շարժման մէջ, որպէս ՀՅԴ-ի անդամ եւ նախագահ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ան ծնած է 1873 թուականին Ակն գիւղին մէջ՝ ուր ծնած էր Սիամանթօ։ Կանուխ տարիքէն կը փոխադրուի Պոլիս, ուր կը շարունակէ ուսումը։ Պոլիսի մէջ ան կւ սկսի հետաքրքրուիլ յեղափոխական շարժումներով։ Ան կը միանայ Ծովային ընկերութեան, ուր կը գտնէ համակրելի ու խեղճ երիտասարդներ որոնց հետ կը կազմէ Սիւնիք ազգային խումբը, յետագային անոնք կը միանան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հետ։
ՀՅԴ-ի հետ անդամակցելէ ետք, ան ճանչցուեցաւ իր լաւ կարողութեամբ ու հետախուզութեամբ առանց կասկած մը արթնցնելու ուրիշին մէջ։ Հետագային ան դարձաւ անհրաժեշտ անդամ ազգային շարժման մէջ։
Համիտեան ջարդերու ընթացքին ան կորսնցուց իր ծնողքը։ ՀՅԴ նշանակեց Բաբգէն Սիւնիի իրենց առաջնորդը։ Օգոստոս 26 1896-ին Բաբգէն Սիւնին Գարեգին Փաստրմաճեանի եւ այլ Ֆետայիններու հետ յարձակեցան Օսմանեան պանքը, ան առաջին 5 հարձակողներէն էր, բայց առաջ որ նոյնիսկ կրնար պանք մտնել կապար մը մտաւ իր կծքին որ իր սպաննութեան պատճառը եղաւ։ Թէեւ իր կարճ կեանքին ան միշդ մեծ գործ կատարած է Հայոց Ազգային շարժման մէջ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'hui — Maisons-Alfort: 2021. — P. 462. — ISBN 978-2-905686-93-0
- ARF Lebanon page Archived 2007-10-09 at the Wayback Machine.
- From the Armenian։ Mihran Kurdoghlian, Badmoutioun Hayots, C. hador [Armenian History, volume III], Athens, Greece, 1996, pg. 44.