Չնայած բազմաթիւ նախապատմական արտեֆակտներուն, որոնք յայտնաբերուած են ժամանակակից Նանսի քաղաքին մէջ, Մէօրթ գետի ափին գտնուող քաղաքն առաջին անգամ յիշատակուած էր դեռեւս 8-րդ դարուն։ 12-րդ դարէն Նանսի քաղաքն եղած է Լոթարինկեան թագաւորութեան մայրաքաղաքը, այնուհետեւ Լոթարինկիա (Lorraine) նահանգի եւ տարածաշրջանի մայրաքաղաքը։ 1477 թուականին Նանսի քաղաքին մօտ տեղի ունեցած է ճակատամարտ զուիցերա-լոթարինկիական զօրքերու եւ պուրկունտեան դուքս Գարլոս Խիզախի զօրքերուն միջեւ։ Վերջինս զոհուած է այդ ճակատամարտի ժամանակ։ 1766 թուականին Լոթարինկիայի հետ միասին Լիւդովիկոս XV-ի աներոջ լոթարինկիական վերջին դուքսի՝ Ստանիսլավ Լեշինսկիի մահուընէն յետոյ, քաղաքը մտած է Ֆրանսայի կազմին մեջ։ 1870-1871 թուականներուն բրուս-ֆրանսական պատերազմի ժամանակ գրաւուած էր գերմանական զօրքերուն կողմէ, սակայն պատերազմէն յետոյ Ֆրանքֆուրթեան հաշտութեան պայմանագրով մտած է Լոթարինկիայի այն ոչ մեծ տարածքին մէջ, որ չէ անցած Գերմանիային եւ մնացած է Ֆրանսայի կազմին մեջ։ Նանսի քաղաքին մէջ կանգնեցուած է կորսուած նահանգներուն նուիրուած յուշարձան։ 1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Նանսի քաղաքի մօտակայքը կատաղի մարտեր կ'ընթանային։ Հիթլերեան Գերմանիայի կողմէ Ֆրանսայի գրաւումէն յետոյ (1940 թուական) Նանսին դարձած է Դիմադրողական շարժման օճախներէն մէկը։ 1944 թուականի Սեպտեմբերին Նանսին ազատագրուած է։