Jump to content

Ապրելու Համար (գիրք)

Ապրելու Համար
Հեղինակ Համազասպ Տէր Խաչատուրեան
Լեզու Հայերէն
Հրատարակչական թուական
2015
Գիրքի տեսակ Յուշագրութիւն
Էջ 392 էջ

Ապրելու Համար գիրքը կը բովանդակէ տարօնցի Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի (1915-1972) յուշերն ու այլ գրութիւնները, որոնք հեղինակին կողմէ գրի առնուած են 1945-46 տարիներուն, որոշ վերամշակումի ու լրացումներու ենթարկուած՝ 1960-ին. անոր զաւակները լոյս կ՛ընծայեն իրենց հօր գրաւոր ժառանգութիւնը։

Հատորը խմբագրած է Կարօ Յովհաննէսեան, կատարելով խղճամիտ գործ. լոյս տեսած է Պէյրութի «Շիրակ» հրատարակչատունէն:

Բովանդակութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիրքը կը բաղկանայ 392 էջերէ: Ունի ներքին հինգ բաժանումներ, ունի քարտէսներ, պատկերազարդ է ու հարուստ՝ անձնական եւ վաւերագրական արժէք ունեցող լուսանկարներով[1]։

Առաջին էջերուն, կարճ բացատրական մը ունի խմբագիրը, որ կ՛ըսէ, թէ խորագիրը պայմանադրական է ու ձեւով մը կը խտացնէ յուշագրութեան ոգին, մինչդեռ հեղինակը բաւականացած էր «Յուշերս»ով։ Կարճ բացատրական մը ունի նաեւ հեղինակը։

Ամէնէն ծաւալուն բաժինը կը տարածուի 9-314 էջերուն վրայ. ընդամէնը 53 ենթաբաժանումներով, հեղինակը կը վերակենդանացնէ իր, ծնողներուն, ընտանեկան հարազատներուն եւ ժառանգորդներուն կեանքի պատմութիւնը։ Պատումէն առաջ, սակայն, կան ուշագրաւ եւ հազուադէպ էջեր, ուր կը նկարագրուին Մշոյ շրջանի ժողովրդային աւանդութիւնները, կենցաղային դրուագներ, գիւղական աշխատանքներ, բոյսերու եւ ծառերու տեսակները եւ այլն։

Երրորդ բաժինին մէջ վերահրատարակութեան կը տրուին հեղինակին կարգ մը յօդուածները, որոնք ատենին լոյս տեսած են հայկական մամուլի էջերով. լուսաբանութիւններ՝ Գէորգ Չաւուշի մահուան պայմաններուն մասին, ուղղումներ՝ այդ մասին սխալ հրապարակումներու մասին, Տարօնի աւանդութիւններ, հայկական Արաբ Փունարի կեանքին մասին որոշ վաւերագրում եւ Հայաստան այցելութենէն յիշատակներ։

Վերջին գլուխին տակ խմբուած են հեղինակին կողմէ արձանագրուած կենսագրութիւններ։ Այդ հերոսներուն շարքին են Սերոբ Աղբիւր, Սօսէ Մայրիկ, Գոմսա Կորիւն (որ եղած է իր քահանայ ու ֆետայի հօր՝ Տէր Խաչատուրի ընկերն ու գործակիցը), Գէորգ Չաւուշ, Կոտոյի Հաճի, Հրայր, Ռուբէն Տէր Մինասեան, Վարդան վարդապետ, Վահան Փափազեան, Բաբգէն կաթողիկոս, Գասպար Իփէկեան, Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ եւ ուրիշներ։

Ուրբաթ, 11 Մարտ, 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայաշէնի ժողովրդային տան «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի «Ապրելու Համար» գիրքին շնորհահանդէսը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէին:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համբիկ Միսաքեան, որ «Ռոստոմ» կոմիտէին անունով ողջունեց ներկաները, ապա ներկայացուց Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի կենսագրական տուեալները եւ գործունէութիւնը` ըսելով, թէ Տէր Խաչատուրեան եղած է ինքնավստահ ու լայնախոհ եւ օժտուած է առաջնորդելու կարողութեամբ: Ան իր կեանքին ընթացքին կրած է զրկանք ու տառապանք, բայց կառչած մնացած է ազգային արժէքներուն` անձնուրացօրէն ծառայելով ազգին, եկեղեցիին ու կուսակցութեան:

Հ. Միսաքեան նշեց, որ Հ. Տէր Խաչատուրեան մեծ դեր ունեցած է կառուցելու տուն, դպրոց ու եկեղեցի: Խօսքի աւարտին Միսաքեան ըսաւ, որ ի պատիւ Հ. Տէր Խաչատուրեանին Հայաշէնի եկեղեցին կոչուած է Մշոյ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անունով, եւ անոր շնորհիւ այսօր հայութիւնը կը վայելէ Հայաշէնի եկեղեցին ու մանաւանդ ժողովրդային տունը: Ան շնորհաւորեց Տէր Խաչատուրեան ընտանիքի անդամները` մաղթելով անոնց յարատեւ վերելք եւ ապագայ ծրագիրներու յաջողութիւն:

Համազասպ Տէր խաչատուրեանի ծոռը` Ալիք Մեսրոպեան, կարդաց հատուածներ «Ապրելու համար» գիրքէն: Իսկ Վարդան Գարապաճաքեան փունջ մը երգերով իր մասնակցութիւնը բերաւ յայտագիրին:

Ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ Կարօ Յովհաննէսեան, որ հրատարակութեան պատրաստած ու խմբագրած է Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի «Ապրելու համար» գիրքը: Կարօ Յովհաննէսեան ըսաւ, թէ Հ. Տէր Խաչատուրեան իր յուշերը գրի առած է 1945-ին` Արաբ-Բունար գտնուած ժամանակ: Ապա ժամանակ առ ժամանակ մշակած է զանոնք: Կարգ մը հատուածներ հրատարակած է պարբերական մամուլին մէջ, իսկ 1960-ական թուականներուն վերջաւորութեան յուշերը վերջնական ձեւի մէջ դասաւորած:

Ան ըսաւ, թէ Համազասպ Տէր Խաչատուրեան պատանի տարիքէն ճաշակած է կեանքի բոլոր դժուարութիւնները: 1918-ին պատսպարուած է Տիգրանակերտ, ապա 1922-ին տեղահանուած է Հալէպ, եւ վերջապէս` 1929-ին հաստատուած Պէյրութ: Ան տարած է ազգային, հայրենասիրական եռուն գործունէութիւն: Վարած է զանազան պաշտօններ եւ ստանձնած բազմաբնոյթ պարտաւորութիւններ ազգային-հասարակական կեանքին մէջ։ Տունը բաց եղած է բոլորին առջեւ, եւ ականատեսի վկայութիւններով վերածուած է ուխտատեղիի. հոն հիւրընկալուած են Սօսէ մայրիկ, Շահան Նաթալի, Միսաք Թորլաքեան, Կարօ Սասունի, Վահան Փափազեան, Գասպար Իփէկեան եւ շատ ուրիշներ:

Կարօ Յովհաննէսեան յայտնեց, որ Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի զաւակները շարունակած են իրենց հօր ուղին ու առաջնորդուած են անոր սկզբունքներով ու խրատներով, ապա ըսաւ, թէ Տէր Խաչատուրեան ինքնաշխատութեամբ ինքզինք կերտած է: Սորված է լեզուներ: Ուսումնասիրած է հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, Տարօնի պատմութիւնը, անոր առօրեայ կեանքը, բանահիւսութինը: Ան ոչ միայն անյագ ընթերցող եղած է, այլեւ պրպտող ու քննարկող: Ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ եւ թղթակցութիւններ: Ան ունեցած է դիտելու եւ մարդոց հոգիին ու մտքին մէջ թափանցելու կարողութիւն:

Կ. Յովհաննէսեան դիտել տուաւ, թէ Համազասպ Տէր Խաչատուրեան միշտ իրեն հետ պտտցուցած է իր ծննդավայրը, որ իր հոգիի էութիւնը եղած է: Իր բովանդակութեամբ եւ իր պարզութեամբ ու հրապուրիչ լեզուով Տէր Խաչատուրեանի յուշագրութիւնը իբրեւ հում նիւթ կը ծառայէ հայ ժողովուրդի մէկ ժամանակաշրջանը, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի հոգեբանութիւնը ուսումնասիրելու համար: Հատորը եղաւ նաեւ հազուագիւտ հրատարակութիւններէն մէկը, որ լոյս տեսաւ Լիբանանի մէջ Ապրիլեան եղեռնի 100-ամեակին առիթով:

Սրտի խօսք արտասանեց Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան ըսաւ, թէ իր մանկութեան ճանչցած է Համազասպ Տէր խաչատուրեանը, որ բարի եւ հայրական վերաբերմունք կը ցուցաբերէր մանուկներուն եւ պատանիներուն նկատմամբ: Ան յայտնեց, որ գիրքը չի սահմանափակուիր սոսկ ընտանիքի մը պատմութիւնը ըլլալով, այլ ուղղուած է բոլորին եւ կը փոխանցէ սրբազան պատգամ մը, որ ազգային ժառանգութեան տէր կանգնիլն է: Գեղամ արք. Խաչերեան դիտել տուաւ, թէ գիրքը կը կազմէ ազգապահպանման առօրեայ պայքարի մը առանցքը եւ անձնական ու հաւաքական կեանքի փորձառութեան մը ամբողջութիւնն է: Ան ըսաւ, թէ Տէր Խաչատուրեան թէեւ ուսում չէր ստացած, բայց թրծուած եղած է ֆետայիներու շունչով: Սրբազանը նաեւ աւելցուց, որ Համազասպ Տէր Խաչատուրեան իր գործով կը մտնէ հայ ժողովուրդի յաւիտենականներու փաղանգին մէջ:

Տէր Խաչատուրեան ընտանիքին անունով խօսք առաւ Սօսի Տէր Խաչատուրեան-Պալեան: Ան ըսաւ, թէ իր հօրը յուշերը բովանդակող գիրքը հրատարակուած է Եղեռնի 100-ամեակին առիթով, ապա` ակնարկելով հօրը ապրած տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական դժուարութիւններուն, ըսաւ, թէ իր հայրը չէ ընկրկած, այլ դիմագրաւած է դժուարութիւնները վերապրելու կամքով: Ան նշեց, որ իր հայրը կեանքի պայքարը յուշագրութիւններու ճամբով անմահացուցած է եւ ազգին վերադարձուցած է կեանքի դառն պայքարի յիշատակարանը: Սօսի Տէր Խաչատուրեան-Պալեան յայտնեց, որ Եղեռնէն մազապուրծ եղած Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի ու անոր եղբօր ընտանիքը այսօր արդէն բազմանդամ դարձած է եւ կը շարունակէ իր հօր ու մեծ հօր աւանդը պահել: Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած են ձեռնարկի կազմակերպման ու մանաւանդ գիրքի լոյս ընծայման:

Ձեռնարկի աւարտին հարազատ ու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ Կարօ Յովհաննէսեան Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի գիրքերը մակագրեց ներկաներուն` հիւրասիրութեան մը ընթացքին:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Ապրելու Համար», Համազասպ Տէր Խաչատուրեան, 392 էջ, Պէյրութ՝ 2015:

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]