Շահան Նաթալի

Շահան Նաթալի
Ծննդեան անուն Հակոբ Տեր-Հակոբեան
Ծնած է 14 Յուլիս 1884(1884-07-14)
Ծննդավայր Հիւսէյնիկ, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 18 Ապրիլ 1983(1983-04-18)[1] (98 տարեկանին)
Մահուան վայր Ուոթերթաուն, Մասսաչուսէթս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ազգութիւն Հայ[2]
Ուսումնավայր Եփրատ Գոլէճ
Պէրպէրեան Վարժարան
Պոսթընի համալսարան
Մասնագիտութիւն գրագէտ, թատերագիր, ակտիվիստ
Աշխատավայր Ազատամարտ
Հայրենիք
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Շահան Նաթալի (Յակոբ Տէր Յակոբեան (կեղծանունը՝ Նեմեսիս), 14 Յուլիս 1884(1884-07-14), Հիւսէյնիկ, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 18 Ապրիլ 1983(1983-04-18)[1], Ուոթերթաուն, Մասսաչուսէթս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ հասարակական-քաղաքական գործիչ, գրող եւ փիլիսոփայ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շահան Նաթալի ծնած է 1884 թուականի Արեւմտեան Հայաստանի Խարբերդ նահանգի Հիւսէյնիկ գիւղին մէջ։ Որբացած է սուլթանական Թուրքիոյ մէջ իրականացուած հայկական կոտորածներու ժամանակ: Փոքր տարիքէն ուխտած է ուղղել իր ընտանիքին եւ իր ժողովուրդին հանդէպ կատարուած մեծ անիրաւութիւնը: Ուսանած է Կ. Պոլսի Պէրպէրեան Վարժարանէն ներս, բախտ ունենալով աշակերտելու ժամանակի լաւագոյն մանկավարժներէն Ռեթէոս Պէրպէրէանին: 1904 թուականին մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուսանած «Boston University College of Liberal Arts»էն ներս ուսումնասիրած է՝ օրէնք եւ իրաւունք եւ այսպէս գրած.

Օրէնքները անբարոյութեան ծնողն են, անբարոյութիինն իսկ են[3]:
- Շահան Նաթալի


Շահան Նաթալին մահացած է 1983 թուականի Ապրիլ 18-ին, Պոսթըն:

Գրական Կեանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրող, պատմաբան ու վերլուծաբան, Նաթալի 1904-1914 թուականներուն հրատարակած է շարք մը գործեր «Շանթեր», «Ամպեր», «Սիրոյ Եւ Ատելութեան Երգեր», «Քաւութեան երգեր», «Վրէժի Աւետարան», եղած է խմբագիր ու աշխատակցած բազմաթիւ հանդէսներու, ինչպէս «Պայքար», «Փիւնիկ», «Շանթ», «Արծիւ», «Հայրենիք» եւ այլն:

Ազգային-քաղաքական Գործունէութիւն եւ Գործեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մաս կազմած Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան, անդամակցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, մասնակցած է «Նեմեսիս» (յունական դիցաբանութեան մէջ Հատուցման եւ Արդարութեան աստուածուհի, Ցեղասպանութեան հեղինակները ահաբեկելու ծրագիր) գործողութեան[4][5]:

Հայ ժողովուրդի մեծ ողբերգութենէն ծնած, հայութեան վերապրումի ուղիներու անհանգիստ որոնող, Շահան Նաթալի հաստատած է, թէ հայ ազգը ո՛չ միայն խօսքով, այլ մանաւանդ գործով պէտք է տիրանայ ապրելու իր իրաւունքին: Իր աշխատութիւններով, «Թուրքիզմը Անկարայէն Պաքու Եւ Թուրքական Օրիանթասիոն», «Թուրքերը Եւ Մենք»[6], հարստացրած է հայ քաղաքական միտքի պատմութիւնը:

Գործերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Թուրքիզմը Անգորայէն Բագու եւ Թրքական Օրիէնթասիոն» Աթէնք Նոր Օր, 1928 172 էջ:
  • «Թուրքերը եւ Մենք» Աթէնք Նոր Օր, 1928. 70 էջ։ Երկրորդ հրատարակութիւն՝ Պոսթըն, 1931, 93 էջ։ Երրորդ հրատարակութիւն՝ Երեւան, 1992:
  • «Ալեքսանդրապօլի Դաշնագրէն 1930-ի Կովկասեան Ապստամբութիւնները» 2 հատոր, Մարսէլ, Արաբեան Հրատարակչութիւն, 1934-1935:
  • «Երեւանի Համաձայնագիրը» Պոսթըն, 1941, 112 էջ:
  • «Գիրք Մատուցման եւ Հատուցման» Պէյրութ Օնիպար Հրատարակչութիւն, 1949, 134 էջ:
  1. «Այսպէս Սպաննեցինք»
  2. Յաւելուած, Պատկերազարդումներ
  • «Վերստին Յաւելուած -- Ալեքսանդրապօլի Դաշնագրի «Ինչպէ՞սն ու ինչո՞ւն» Պոսթըն, Պայքար, 1955, 144 էջ:
  • Natalie Shahan (2002) [1928]։ The Turks and Us (English)։ Արցախ: Փյունիկ հրատարակչություն 

Ստեղծագործութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Օրէնքի Եւ Ընկերութեան Զոհերէն» (կարճ պատմուածքներ), Պոսթըն, 1909. 63 էջ:
  • «Ամպեր» Պոսթըն, 1909:
  • «Սիրոյ Եւ Ատելութեան Երգեր» Պոսթըն, 1915, 165 էջ:
  • «Քաւութեան Երգեր» Պոսթըն, Հայրենիք 1915, 31 էջ (չափածոյ):
  • «Վրէժի Աւետարան», Նյու Յորք, 1918, 39 էջ:
  • «Ասլան Բէկ» Պոսթըն, Հայրենիք, 1918, 62 էջ (ողբերգութիւն երեք արարով):
  • «Քեզի» Պոսթըն, 1920, 116 էջ. սկսած է գրել 1904 թուականին (չափածոյ):

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]