Միսաք Թորլաքեան
Միսաք Թորլաքեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1889[1] |
Ծննդավայր | Կիւշանա, Yomra, Տրապիզոնի մարզ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 12 Նոյեմբեր 1968[2] |
Մահուան վայր | Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[2] |
Մասնագիտութիւն | քաղաքական գործիչ, զինուորական |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
Միսաք Թորլաքեան (1888, Կիւշանա (Տրապիզոնի նահանգ) - 1968, Գալիֆորնիա), հայ ժողովրդական վրիժառու, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուսանած է ծննդավայրի դպրոցը։ 8 տարեկան էր 1896-ին, երբ Տրապիզոնի հայութեան դէմ Համիտ շարժման մէջ դրաւ թուրք եւ քիւրտ խուժանը՝ հայ յեղափոխականները պատժելու պատրուակով հազարաւոր անզէն հայերու կոտորածը հրահանգելով[3]: Մանուկ տարիքի ընդվզումը Թորլաքեանի մէջ յանգեցաւ ծառացումի եւ ըմբոստացման 1904-ին, երբ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան առիթով Համիտ վերստին փորձեց կործանել Արեւմտահայաստանը։ Ան կը զինուորագրուի Տրապիզոնի հայ ապստամբ երիտասարդներու հրոսակախումբերուն, գիւղէ գիւղ շրջելով զէնք ու զինամթերք կը հայթայթէ։
1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութենէն եւ հայերու բանակ մուտքի արտօնութենէն ետք, Թորլաքեան կարճ ժամանակով զինուորական ծառայութեան մէջ մտաւ, բայց տեսնելով իթթիհատական իշխանութեան կողմէ շարունակուող հայատեաց խտրականութիւնն ու իրաւազրկումները՝ հեռացաւ բանակէն, միացաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ, Ռոստոմի անմիջական ղեկավարութեան տակ ծաւալած ինքնապաշտպանութեան աշխատանքներուն մասնակից դառնալով, լծուեցաւ Տրապիզոնի եւ Կովկասի միջեւ զէնքի փոխադրութեան ու թրքական անօրինութիւնները զինու զօրութեամբ սանձելու գործին։
1915-ին, Թորլաքեան միացաւ Հայ Կամաւորական Շարժումին եւ եղաւ առաջիններէն, որոնք ռուսական զօրքին հետ Արեւմտահայաստան մուտք գործեցին եւ անմիջապէս լծուեցան թրքական ցեղասպանութենէն վերապրող հայութիւնը հաւաքելու, պատսպարելու եւ պաշտպանելու փրկարար աշխատանքին։ Եւ երբ Լենինեան յեղաշրջման հետեւանքով ռուսական զօրքերը արագօրէն լքեցին ռազմաճակատները եւ «տուն» շտապեցին, Թորլաքեան իր մասնակցութիւնը բերաւ վերապրող արեւմտահայութիւնը թրքական զօրքի ներխուժման դէմ պաշտպանելու եւ անոր կազմակերպ նահանջը ապահովելու 1918-ի առաջին ամիսներու կռիւներուն – յատկապէս Կարսի ճակատին վրայ։ Այնուհետեւ, երբ արդէն նահանջի ճանապարհ չկար եւ ողջ հայութիւնը մէկ մարդու պէս ծառացաւ ցեղասպանական իր ծրագիրը ամբողջացնելու եկող թրքական բանակին դէմ, Թորլաքեան Բաշ Աբարանի ճակատին վրայ կռուեցաւ Դրոյի յաղթական գունդին մէջ։
1919-ին Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 9րդ Ընդհանուր Ժողովէն ետք, թուրք ջարդարարները պատժելու Նեմեսիս Գործողութեան որդեգրումէն ետք, Թորլաքեան կուսակցական որոշումով 1920-ին անցաւ Պոլիս։ Լծուեցաւ կազմակերպական աշխատանքներու՝ յատկապէս ՀՅԴ մարտական կառոյցի վերակենդանացումին։ Այդ շրջանին էր, 1921-ին, որ Նեմեսիս Գործողութեան Պատասխանատու Մարմնին կողմէ Թորլաքեանի յանձնարարուեցաւ Պոլիս հաստատուած, մուսաւաթական Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար եղած եւ 1918-ին Պաքուի հայ–թաթարական ընդհարումներու ժամանակ անզէն հայութեան կոտորածը կազմակերպած Պէյպուտ խան Ճիվանշիրի ահաբեկումը։ Երուանդ Ֆնտքեան եւ Յարութիւն Յարութիւնեան նշանակուած էին իր օգնականները։ Թորլաքեան Ճիվանշիրի ահաբեկման դաշնակցական որոշումը գործադրեց 18 Յուլիս 1921-ին, եւ կը սպանէ Պաքուի հայերու ջարդերու կազմակերպիչ։ Ահաբեկման ականատես ֆրանսացի զինուորներ յարձակեցան Թորլաքեանի վրայ եւ, ծեծի տակ ձերբակալելով զինք, յանձնեցին Պոլսոյ մէջ Դաշնակից Ուժերու ներկայացուցիչ անգլիական հոգատար իշխանութեան։ Անգլիական զինուորական դատարան մը կազմուեցաւ։ Թորլաքեանի դատին պաշտպանութիւնը կատարեց Խոսրով Ներսէսեան, որ կուռ եւ հիմնաւոր փաստարկումներով դատարանին առջեւ մերկացուց Ճիվանշիրի ծանրագոյն յանցագործութիւնը։ Դատարանը թէեւ յանցանք նկատեց գործուած ահաբեկչութիւնը, բայց արդարացուց Թորլաքեանը՝ նկատի ունենալով անոր հոգեկան եւ մտային հաւասարակշռութեան հասցուած հարուածը Ճիվանշիրի կողմէ։ Միսաք Թորլաքեան անպարտ արձակուեցաւ 22 Նոյեմբերին, անցաւ Յունաստան եւ հոնկէ ալ Ռումանիա։
Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին, Գարեգին Նժդեհի եւ Դրոյի կողքին, Թորլաքեան կարեւոր ներդրում ունեցաւ Պալքաններու հայութեան անվտանգութիւնը ապահովելու դժուարին գործին մէջ։ Իսկ Աշխարհամարտի աւարտին, Թորլաքեան պատասխանատու մասնակցութիւն բերաւ Դրոյի նախաձեռնած հայ ռազմագերիները փրկելու աշխատանքներուն։
1952-ին Թորլաքեան անցաւ Մ. Նահանգներ եւ հաստատուեցաւ Քալիֆորնիա, ուր կուսակցական գործերը շարունակեց մինչեւ իր վերջին տարիները, երբ հիւանդութեան պատճառով կը մահանայ 1968-ին։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 2,0 2,1 https://www.radioyan.com/%D5%B4%D5%AB%D5%BD%D5%A1%D6%84-%D5%A9%D5%B8%D6%80%D5%AC%D5%A1%D6%84%D5%A5%D5%A1%D5%B6-1888-1968-%D5%A1%D6%80%D5%A4%D5%A1%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%A5%D5%A1%D5%B6-%D5%B4%D5%A1%D6%80%D5%BF%D5%AB/
- ↑ Միսաք Թորլաքեան (1888-1968). Արդարութեան Մարտիկը – Հայոց «Նեմեսիս»-ին Հատու Հարուածը