Jump to content

Վրացական Թագաւորութիւն

Վրացական Թագաւորութիւն
Վրաստանի դրօշը Զինանշանը


Պետական լեզու Վրացերէն
Մայրաքաղաք Թիֆլիս
Ազգաբնակչութիւն 5.00.000
Հիմնադրուած է 1008 թ.

Վրացական թագաւորութիւն (վրաց.՝ საქართველოს სამეფო՝ սաքարթվելոս սամեփօ), միջնադարեան պետութիւն Կովկասի եւ Հայկական լեռնաշխարհի մէջ 1008-1490 թուականներուն։ Հիմնադրած է Աբխազիոյ արքայ Բագրատ III1008 թուականին։ Երկիրը կառավարած է Բագրատունիներու թագաւորական տոհմը[1]։ Տարածքը կազմած է առաւելագոյնը 380 000 քառ. քմ՝ Թամար թագուհիի օրով (1184-1213

Առաջին շրջանին մայրաքաղաքն էր Քութայիսը։ 1122 թուականէն Դաւիթ Շինարարը մայրաքաղաքը կը տեղափոխէ վրացական մշակութային, քաղաքական ու տնտեսական կեդրոն՝ Թիֆլիս։ Հզօրութեան շրջանին, երբ Բիւզանդական կայսրութիւնը անկում կ'ապրէր եւ Սելճուքեան սուլթանութիւնը, իր մէջ ներառած էր բազմաթիւ հարեւան եւ հեռաւոր երկրներ։ Ան իր մէջ կը նեռարէր Կովկասեան լեռները, Հայկական լեռնաշխարհի մեծագոյն մասը եւ Կուր-Արաքսեան դաշտավայրը՝ տարածուելով Սեւ եւ Կասպից ծովերու միջեւ։

13-րդ դարուն Վրաստանը կը վերածուի Մոնկոլական կայսրութեան մարզի[2]։ Անոր տարածքին մէջ կ'առաջանան բազմաթիւ իշխանութիւններ։ 14-րդ դարուն պետութիւնը կը միաւորուի ու կ'անկախանայ։ Լենկ-Թիմուրի արշաւանքէն ետք Վրացական թագաւորութիւնը կը թուլանայ։ 1490 թուականին կը բաժնուի 3 ինքնիշխան թագաւորութիւններու՝ Իմերէթ, Քարթլի եւ Կախեթ։

Վրացական թագաւորութիւնը քրիստոնեայ արեւելքի հզօրագոյն թագաւորութիւնն էր, որ իր շուրջ կը համախմբէր հայերը, աբխազները, օսերին, ասիաբնակ յոյները եւ աղուանները[3]:

Ժամանակակից Վրաստանի տարածքին հիմնադրուած առաջին պետութիւնը Վիրքն էր կամ Իբերիան։ Ան հիմնադրուած էր մ.թ.ա. 4-րդ դարուն։ Թագաւորութեան անուանումէն ալ կու գայ հայկական անունը՝ Վրաց (Իբերաց) պետութիւն կամ Վիրք։ Ան ունեցած է 3 մայրաքաղաք՝ Մցխէթ, Արմազ, Տփղիս։

Միհրան III, առաջին քրիստոնեայ թագաւոր
Վախթանգ I, Թիֆլիսի հիմնադիր

Վիրքի հիմնադիր արքայատոհմը եղած է Փառնաւազեաններու դինաստիան, որուն յաջորդած են վրաց Արշակունիները: Երուանդունիներու թագաւորութեան թուլացման շրջանին՝ մ.թ.ա. 3-րդ դարուն, Վիրքին անցած էր հայկական Գուգարք նահանգը։ Մ.թ.ա. 180-ական թուականներուն Մեծ Հայքի թագաւոր Արտաշէս Բարեպաշտը (մ.թ.ա. 189-160) Վիրքէն կ'ազատագրէ Գուգարք նահանգը եւ կը միացնէ իր պետութեան։ Տիգրան Մեծի ժամանակ Վիրքը եղած է հայոց թագաւորութեան գերիշխանութեան տակ, իսկ մ.թ.ա. 66 թուականի Արտաշատի պայմանագրով դուրս եկած է հայկական գերիշխանութենէն։

337 թուականին՝ Միհրան III-ի (284-361) թագաւորութեան շրջանին, քրիստոնէութիւնը յայտարարուեցաւ պետական կրօն։ 387 թուականին Մեծ Հայքի բաժանումէն ետք Գուգարք նահանգը կցուած է Վիրքին եւ ստեղծուած է Վրացական մարզպանութիւնը։ Վրաց թագաւորներէն՝ Վախթանգ Գորգասալը 479 թուականին կը հիմնադրրէ Վրաստանի ներկայիս մայրաքաղաք Թիֆլիսը (վրաց.՝ თბილისი) կամ Տփղիսը[4]։

5-րդ դարուն Վրաստանը յայտնուեցաւ պարսկա-բիւզանդական գերիշխանութեան տակ։ Վրացական մարզպանութիւնը վերջնականապէս վերացուեցաւ, երբ տարածաշրջանը նուաճուեցաւ արաբներուն կողմէ։ 642 թուականի Նեհաւենդի ճակատամարտէն ետք, կործանուեցաւ Սասանեան Պարսկաստանը, իսկ 652 թուականին հայոց սպարապետ Թէոդորոս Ռշտունիին կողմէ կնքուած Դամասկոսի պայմանագիրէն ետք Վրաստանը ամբողջութեամբ անցաւ Արաբական խալիֆայութեան ներքեւ։ Աւելի ուշ ստեղծուեցաւ Թիֆլիսի ամիրայութիւնը՝ որպէս Արմինիա կուսակալութեան մաս։

Թիֆլիսի ամիրայութեան իշխանութիւնը կը տարածուէր գլխաւորաբար կեդրոնական Վրաստանի վրայ։ Արաբական տիրապետութեան ժամանակ, պատմական Վրաստանի տարածքին մէջ առաջացած էին ինքնիշխան կամ ինքնուրոյն պետութիւններ, որոնցմէ առաւել ազդեցիկ էր արեւելքի մէջ դեռ 637 թուականին հիմնադրուած Կախէթի թագաւորութիւնը։ Այն սերտ յարաբերութիւններ կը պահպանէր դրացի Աղուանքի, ինչպէս նաեւ հայկական իշխանութիւններէն Սիւնիքի ու Արցախի (Խաչէն) հետ։

Վրաստանի արեւմուտքի շրջանին մէջ հռոմէահպատակ Լազիկէ պետութեան փոխարինելու եկած էր Աբխազիոյ թագաւորութիւնը, որ 767 թուականին անկախ հռչակած էր Լեւոն II թագաւորը (767-811

Տայքի կիւրոպաղատութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վրաց արքայատոհմի եւ թագաւորութեան հիմքին մէջ կ'իյնայ նաեւ Տայքի մէջ առաջացած իշխանութիւնը, զոր կը ղեկավարէին հայ Բագրատունիները դեռեւս Արշակունիներու թագաւորութեան ժամանակ։ Աւատատիրութեան հաստատման ժամանակաշրջանին Տրդատ Գ. Մեծ թագաւորը (287-330) Սմբատ Ա Բագրատունիին կը եանձնէ Բարձր Հայքի գաւառներէն Սպերը եւ անոր կու տայ թագադիր ասպետի կոչում։

Աշոտ I Կիւրոպաղատ

7-րդ դարուն՝ արաբական տիրապետութեան շրջանին, Վարազ-Տիրոց Բ. Բագրատունին, որ դարձած էր հայոց մարզպան (628-634), իր տարածքներուն կը միացնէ նախկին Մեծ Հայքի Տայք նահանգը։ Աւելի ուշ Բագրատունիներուն կ'անցնին Գուգարքի գաւառներէն Կղարջքը, իսկ հայոց իշխան Աշոտ Մսակեր Բագրատունիի (790-826) օրով՝ Այրարատի գաւառներէն Շիրակը, Արագածոտնը, Տուրուբերանի գաւառներէն՝ Տարօնը եւ այլն։ Բագրատունիները հոն կը հիմնեն առանձին իշխանութիւններ։

Տայք-Կղարջքի իշխանութիւնը (վրաց.՝ ტაო-კლარჯეთის სამეფო՝ Տաօ-Կլարջեթի իշխանութիւն) հիմնադրած է Աշոտ I Կիւրոպաղատը (813-830), որ պայմանագիր կնքած է Բիւզանդիոնի հետ, արաբական տիրապետութենէն Վրաստանը ազատելու համար եւ ընդունած է կիւրոպաղատի տիտղոսը։ Իշխանութեան մայրաքաղաքը դարձած է Աշոտին կողմէ ամրացուած Արտանուջ քաղաքը, որ յաջող դիրք կը գրաւէ Մետաքսէ մեծ ճանապարհի երկարութեամբ։ Ան սերտ կապեր կը հաստատէ հայ Բագրատունիներու հետ՝ հայոց իշխաններ Աշոտ Մսակեր (790-826) եւ Բագրատ Ա. Բագրատունիի (826-851) գլխաւորութեամբ[5]։

Աշոտի մահէն ետք իշխանութիւնը կ'անցնի իր որդիներուն՝ Բագրատին, Ատրներսեհին եւ Գուարամին։ Անոր դուստրը կ'ամուսնանայ Աբխազիոյ թագաւոր Թէոդոսիուս II-ի հետ։ 876 թուականին գահը կը ժառանքէ Դաւիթ կիւրոպաղատը (876-881), ապա՝ եւս քանի մը իշխաններ։ 1001 թուականին՝ Դաւիթ իշխանի մահէն ետք, Տայքը կը բռնակցուի Բիւզանդիոնի։

Աբխազիոյ թագաւորութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վրաց թագաւորութիւնը հիմնադրած է Աբխազիոյ արքայ Բագրատ III-ը՝ 1008 թուականին։ Ան միաւորած է վրացական գրեթէ բոլոր տարածքները մէկ պետութեան մէջ՝ Բագրատունիներու վերահսկողութեան ներքեւ։ Զինակցած է հայոց շահնշահ Գագիկ Ա-ին (990-1020

Բագրատ III

Հիմնական յօդուած՝ Դաւիթ Շինարար

Վրացական թագաւորութեան «ոսկեդարու» (վրաց.՝ საქართველოს ოქროს ხანა) սկիզբը կը կապուի Թիֆլիսի ազատագրման հետ, որ կը դառնայ միացեալ Վրաստանի մայրաքաղաքը։ Այդ տեղի կ'ունենայ Դաւիթ IV Շինարար (վրաց.՝ დავით IV აღმაშენებელი` Դաւիթ Աղմաշենեբելի) թագաւորի օրօք (1089-1125)։ Ան գահ կը բարձրանայ Սելճուկեան սուլթանութեան եւ Բիւզանդական կայսրութեան թուլացման ժամանակաշրջանին, երբ Մերձաւոր Արեւեի մէջ կը սկսի Խաչակրաց առաջին արշաւանքը, որու արդիւնքով Միջերկրական ծովի արեւելեան ափին կ'առաջանան Եդեսիայի ու Թրիբոլիի կոմսութիւնները, Անտիոքի դքսութիւնը եւ Երուսաղէմի թագաւորութիւնը։

12-րդ դարը եւ 13-րդ դարու սկիզբը աւատատիրական Վրաստանի քաղաքական հզօրութեան ու տնտեսութեան ծաղկման շրջանն է։ 16 տարեկանին ժառանգելով գահը՝ Դաւիթ IV-ը ստեղծած է կանոնաւոր բանակ, որ կրնար դիմադրել սելճուկներու հարուածներուն։ 1099 թուականէն սկսեալ վրաց արքան դադրեցաւ անոնց հարկ վճարել, իսկ յետոյ կրցաւ ետ գրաւել վրացական տարածքներու մեծ մասը, բացի Թիֆլիսէն ու Հերեթրն։ 1103 թուականին ան վերակազմաւորեց Վրաց ուղղափառ եկեղեցին եւ նշանակեց անոր պատրիարքը։

1103-1105 թուականներուն ազատագրուած է Հերեթը, իսկ 1110-1118 թուականներու ընթացքին` Ստորին Քարթլին ու Հայաստանի քանի մը գաւառներ, այսպիսով Թիֆլիսն մնալով սելճուկներու ղեկավարութեան տակ, շրջապատուեցաւ Վրաստանով բոլոր կողմերէն։ 1118-1119 թուականներուն թուրքերու լքած տարածքներու վերաբնակեցման համար հրաւիրած է 40000 ղփչաղներ։ Դաւիթը կ'ողջունէր նաեւ ռուս եւ եւրոպացի (գերմանացի, իտալացի եւ սկանտինաւցի՝ բոլորը յայտնի որպէս «ֆրանկներ») առեւտրականներու բնակեցումը։

1121 թուականին Դաւիթը կրցաւ Դիդգորի ճակատամարտին դիմակայել հզօր սելճուկեան բանակի յարձակումը, որմէ յետոյ գրաւեց Թիֆլիսի ամիրայութիւնը։ Թիֆլիսն դարձաւ Վրաստանի մայրաքաղաքը։ Երեք տարի յետոյ Վրաստանին միացուց արեւմտեան Շիրվանն ու հիւսիսային Հայաստանը՝ միաւորելով գրեթէ ամբողջ Հարաւային Կովկասը։

Հայաստանի մէջ սելճուկեան ամիրայութիւնները յաճախակի պատերազմներ կը վարէին միմիանց դէմ, որմէ առաջին հերթին կը տուժէր հայ բնակչութիւնը։ 1124 թուականին անեցիները յատուկ պատգամաւորութիւն ուղարկեցին Դաւիթ Շինարարի մօտ եւ յայտնեցին քաղաքը անոր յանձնելու իրենց որոշման մասին։ Անեցիներու օգնութեամբ վրացական բանակն արագօրէն գրաւեց Անին եւ ձերբակալեց քաղաքի Շատտատեան կառավարիչը, սակայն յաղթանակը երկար չտեւեց։ Անիի կառավարիչի որդին զինական օժանդակութիւն ստացաւ հարեւան ամիրայութիւններէն եւ պաշարեց քաղաքը։ Անիի պաշտպանական մարտերուն կը մասնակցէին վրացական զօրքը եւ անեցի աշխարհազօրայինները, որոնց կազմին մէջ կային նոյնիսկ կանայք։ Անոնցմէ Այծեմնիկը, արհամարհելով նետերէն ստացած վէրքերը, պարիսպին վրայէն քարեր կը նետէր թշնամիի զինուորներուն վրայ։ Միայն երկու տարի անց, երբ քաղաքին մէջ սով սկսաւ, անեցիները համաձայնեցան վերստին ենթարկուիլ Շատտատեաններուն։ Յաջորդ տասնամեակներու ընթացքին՝ մինչեւ 12-րդ դարու աւարտը, Շատտատեանները եւս երկու անգամ արտաքսուեցան Անիէն։ Սակայն հարեւան ամիրայութիւններն անմիջապէս օգնութեան կը հասնէին եւ կը վերականգնէին անոնց իշխանութիւնը։

1125 թուականին Դաւիթ Շինարարը մահացաւ՝ ձգելով Վրաստանը շրջանի հզօրագոյն տէրութիւններէն մէկուն կարգավիճակին մէջ։ Անոր յաջորդները (Դեմետրէ I, Դաւիթ V եւ Գէորգի III) շարունակեցին հզօրացնել ու ընդլայնել Վրաստանի տարածքները՝ հիւսիսային Կովկասի լեռնային ժողովուրդներու հաշւոյն։

Հիմնական յօդուած՝ Թամար թագուհի

Դաւիթ Շինարարի ծոռնուհի Թամարի (1184-1213) գահակալութեան շրջանը Վրաստանի պատմութեան՝ ազդեցութեան տարածման ամէնաերկար շրջանը։ Թամարի հայրը՝ Գէորգի III-ը (1156–1184), զինք գահակից նշանակած էր դեռ 1178 թուականէն։ 1194-1204 թուականներուն Թամարի բանակը կրցաւ դիմադրել թրքական յարձակումներուն հարաւի եւ հարաւ-արեւելքի մէջ, մտաւ հարաւային Հայաստան, որ լեցուած էր թուրքերով։ Վերջինիս մեծ մասը չէր մտներ Վրաց թագաւորութեան մէջ (Կարին, Երզնկա, Վան) եւ կը գտնուէր տեղի հայ իշխաններու ղեկավարութեան տակ։

Հայ-վրացական դարաւոր բարեկամութեան որպէս արդիւնք, վրացական վերնախաւը որոշեց օժանդակել հայ իշխանական տուներուն եւ ազատագրել Հայաստանը օտար տիրապետութենէն։ Արքունի ընտանիքի հետ սերտ յարաբերութիւններ ունեցող հայ ազնուականներէն աչքի զարնող սպարապետ Սարգիս Զաքարեանի որդիները՝ Զաքարէն եւ Իւանէն, վրացական զօրքերու գլուխ անցած, կը մտնեն Հայաստան։ Զաքարեանները ուղղափառ հայեր էին, որոնք յայտնի էին նաեւ «Մխարգրձելի» (Երկայնաբազուկ) անուամբ։ Նախկին Բագրատունիներու թագաւորութեան գրեթէ բոլոր հիւսիսային տիրոյթները՝ Այրարատը, Սիւնիքը եւ Արցախը, քանի մը տարուայ մէջ ազատագրուեցան սելճուկեան զօրքերէն։ Այնտեղ վերականգնուեցան տեղացի իշխաններու իրաւունքները, ասպարէզ իջան նոր իշխանական տուներ (Օրբէլեաններ, Պռոշեաններ, Դոփեաններ, Հասան-Ճալալեաններ, Վաչուտեաններ եւ այլք)։ Ազատագրուած հայկական հողերը միաւորուեցան վարչական մէկ կառոյցի՝ Զաքարեան իշխանապետութեան կազմին մէջ։ Հայաստանի հարաւը՝ Տուրուբերանի եւ Վասպուրականի մէջ հաստատուած Շահ-Արմէններու ամիրայութիւնը ընդունեց Բագրատունիներու գերագահութիւնը, սակայն անոնց տիրութեան մէջ չմտաւ։

1204 թուականին Կոստանդնուպոլսի անկումէն յետոյ, Վրաստանը ճանապարհ բացաւ դէպի Սեւ ծովի հարաւարեւելեան ափերը։ Այս տարածքը բնակեցուած էր ո՛չ միայն յոյներով, այլ նաեւ հայերով, վրացական ծագում ունեցող ազգերով (լազեր)։ Վրացական զօրքը գրաւեց ծովափնեայ քաղաքները՝ Տրապիզոնը, Լիմնիան, Սամսունը, Սինոպը, Հիրասունտը, Կոտիորուն ու Հերակլեան։ Ձեւաւորուեցաւ Տրապիզոնի կայսրութիւնը՝ Վրաստանի մէջ դաստիարակուած Կոմնենոսներու տան ներկայացուցիչ Ալեքսէյի գլխաւորութեամբ։ Տրապիզոնի երկիրը կը գտնուէր Վրաստանի ազդեցութեան տակ։

1210 թուականին Զաքարէ Մխարգրձելին առաջարկեց արշաւել դէպի Իրան։ Արշաւը յաջողութեան հասաւ. վրացիները գրաւեցին շարք մը քաղաքներ՝ Մարանդը, Թաւրիզը, Միանէն, Զենջանն ու Ղազվինը։ Վրացական զօրքը հասաւ մինչեւ Ռոմ-Հուրա, որ կը գտնուէր Իրանի կեդրոնը եւ հարուստ աւարով վերադարձաւ հայրենիք։

12-րդ դարուն հաստատուեցան տնտեսական եւ քաղաքական յարաբերութիւններ ուղղափառ քիեւեան Ռուսիայի հետ. Քիեւ-Պեչորեան մայրավանքի գլխաւոր եկեղեցւոյ խճանկարի նախշազարդման կը մասնակցէին վրացի գեղանկարիչներ, ռուսերու ու վրացիներու նախարարական տուներու միջեւ սկսան ամուսնական կապեր ստեղծուիլ։ Եթէ մինչ այդ Բագրատունիները կապուած էին ալանաց ու աբխազաց արքայատոհմին, ինչպէս նաեւ Մամիկոնեաններու, Արծրունիներու, Բագրատունիներու ու Զաքարեաններու, ապա վրաց ազնուականութիւնը բարեկամական կապեր հաստատեց ռուսական ուղղափառ ընտանիքներու հետ։ 1185 թուականին՝ գահակալութեան երկրորդ տարին, վրաց թագուհին ամուսնացաւ Վլատիմիր-Սուզդալի իշխան Անտրեյ Բոգոլյուբսկու որդիին՝ Եուրիի հետ։

Երկրի քաղաքական հզօրութիւնը կը հիմնուէր զարգացած գիւղատնտեսութեան, առեւտուրի ու արհեստներու վրայ։ Բարձր մակարդակի հասած էր մշակոյթը, փիլիսոփայութիւնը, պատմագրութիւնը, գրականութիւնը, արուեստը։

Թագաւորութեան անկում[7]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մոնկոլական տիրապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վրացական ոսկեդարը (վրաց.՝ საქართველოს ოქროს ხანა) կ'աւարտի1236 թուականին, երբ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կը հաստատուի Մոնկոլական կայսրութեան գերիշխանութիւնը։ Դեռ 10-11-րդ դարերուն մոնկոլական ցեղերը, որոնք յայտնի էին նաեւ թաթար անուանումով, քոչուորական կեանք վարած են ներկայիս Մոնկոլիայի տարածքին եւ Արեւելեան Սիպիրի հարաւային շրջաններուն մէջ։ Միմիանց դէմ կռուող ցեղերը միաւորողն ու Մոնկոլական կայսրութեան հիմնադիրը Ճինկիզ խանն էր (1155-1227)։ Անոր ստեղծած տէրութիւնը ներառած է Մոնկոլիան, Սիպիրի հարաւը, Չինաստանի հիւսիսը, Միջին Ասիան։ 1220 թուականին 20 հազարնոց մոնկոլական առաջապահ հեծեալ բանակը մտաւ Հայաստան։ Մոնկոլներն արդէն կը մօտենային վրաց մայրաքաղաք Թիֆլիսի մատոյցներուն, երբ անոնց դէմ ելան հայ-վրացական զօրքերը՝ վրաց թագաւոր Գէորգի Լաշայի (1191-1223) եւ Իվանէ աթաբէկի գլխաւորութեամբ։ Մոնկոլները շրջապատեցին հայ-վրացական բանակը եւ յաղթանակ տարած՝ յետ վերադարձան։ Վրաց թագաւորի վերահսկողութենէն դուրս կու գան Արեւմտեան Շիրվանը (Աղուանք) եւ Արաքս գետի հարաւային հոսանքը (Նախիջեւան)։ Կովկասեան եւ առաջաւոր ասիական ենթակայ պետութիւնները կը դառնան Մոնկոլական պետութեան մաս, իսկ Վրացական թագաւորութիւնը կայսրութենէն կը վերածուի հպատակ միապետութեան։

1236 թուականին մոնկոլական 150 հազարնոց բանակը, Չինգիզ խանի թոռ՝ Բաթու խանի գլխաւորութեամբ, ներխուժած է Կամա-Վոլգայի Պուլկարիա, նուաճած զայն, 1237 թուականին կռուած՝ ալաններու, ղփչաղներու եւ Վոլգայի միջին հոսանքի շրջանի ժողովուրդներուն դէմ, 1237-40 թուականներուն նուաճած է Ռուսիայի իշխանութիւնները։ Միեւնոյն ժամանակ մոնկոլները կ'արշաւեն Առաջաւոր Ասիա եւ քանի մը տարուայ մէջ կը նուաճեն զայն։ Մոնկոլական նուաճումները աւարտած են 1300 թուականին Բիրմա կատարած արշաւանքով։ Ատոնք ուղեկցուած էին բնակչութեան զանգուածային կոտորածներով, աւարառութեամբ, քաղաքներու ու գիւղերու ամայացմամբ, մշակութային արժէքներու ոչնչացմամբ։ 1368 թուականին մոնկոլները վտարուած են Չինաստանէն։ 14-րդ դարու երկրորդ կիսուն վերացուած է մոնկոլական տիրապետութիւնը Իրանի, Այսրկովկասի եւ Միջին Ասիոյ մէջ։ 14-րդ դարու վերջին քառորդին Մոնկոլական կայսրութիւնը դադրած է գոյութիւն ունենալէ։

Մոնկոլական տիրապետութեան ընթացքին տեղի ունեցած կռիւներու ժամանակ կը սպաննուի Արղուն Խանի առաջին վեզիր Բուղան։ Սպանութեան մէջ կասկածելի համարուող Տեմետրե II-ին խանը կը հրաւիրէ իր պալատը՝ բանակցութիւններու, սակայն կը գլխատէ զինք։ Մոնկոլական արշաւանքներու հետեւանքով միացեալ Վրացական թագաւորութիւնը քայքայուած է եւ առաջացած են Արեւմտավրացական ու Արեւելավրացական թագաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ Սամցխէ-Սաաթաբագօ իշխանութիւնը։ Աւատատիրական մասնատուածութեան եւ ազնուականութեան հզօրութեան աճի պատճառով Իմերեթի թագաւորութիւնը կորսնցուցած է վերահսկողութիւնը Մեգրելիայի եւ Գուրիայի իշխանութիւններուն ու Աբխազիայի նկատմամբ։

Մոնկոլական տիրապետութիւնը կ'աւարտի 14-րդ դարու առաջին կիսուն. վրաց թագաւոր Գէորգի V-ը (1299-1302, 1314-1346) 1327 թուականին կը հրաժարի ճանչնալ մոնկոլներու գերիշխանութիւնը եւ կը վերամիաւորէ Վրաստանը Բագրատունիներու գերիշխանութեան ներքեւ։ Անոր որդին՝ Դաւիթ IX-ը (1346-1360), կը դառնայ ազատագրուած ու միաւորուած Վրաստանի առաջին թագաւորը։

Մասնատում եւ անկում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1360 թուականին Թիֆլիսի մէջ գահ կը բարձրանայ Դաւիթ IX-ի որդի Բագրատ V Մեծը (վրաց.՝ ბაგრატ V დიდი, 1360-1393)։ Անոր իշխանութեան տարիներուն հայկական լեռնաշխարհի հարաւային գաւառներուն մէջ կը հաստատուին թուրքմէնական Աք-Քոյունլու եւ Քարա-Քոյունլու (համապատասխանաբար՝ սպիտակ եւ սեւ ոչխար արածեցնողներ) ցեղերը։

Բագրատ Մեծի կառավարման վերջին տարիներուն՝ 1386 թուականին, Միջին Ասիայէն քոչուոր ցեղերու նոր զօրքեր՝ Լենկթեմուրի հրամանատարութեամբ, կը յարձակին Վրաց թագաւորութեան վրայ։ Արքան ետ կը մղէ անոնց յարձակումը բուն Վրաստանի տարածքէն, սակայն կը զրկուի Սիւնիքէն եւ Արցախէն։ Այրարատի մէկ փոքր հատուածը՝ Վանանդ գաւառը, ինչպէս նաեւ Գուգարքը եւ Տայքը, կը շարունակէին մնալ թագաւորութեան կազմին մէջ, որպէս վրաց իշխաններու կողմէ կառավարուող տարածքներ։

Բագրատի որդի Գէորգի VII-ի (1393-1407) օրօք Լենկթեմուրը կրկին կ'ասպատակէ Առաջաւոր Ասիան։ Վրաց արքան կը կարողանայ կասեցնել անոր յառաջխաղացքը եւ Լենկթեմուրի մահէն յետոյ (1405) կը կարողանայ մաքրել Վրաստանը թշնամիի զօրքերէն։ 1407 թուականին ան կը զոհուի Քարա-Քոյունլուներու դէմ ճակատամարտերէն մէկուն ընթացքին եւ զինք փոխարինելու կու գայ որդին՝ Կոստանդին I-ը։ Բագրատունիները կը կարողանան իրենց իշխանութիւնը պահպանել մինչեւ 1490 թուականը՝ որպէս միացեալ Վրաստանի թագաւորներ։ Վերջին արքան՝ Կոստանդին II-ը, կը կորսնցնէ իր իշխանութիւնը Իմերեթի ու Կախեթի վրայ, որոնք կը վերածուին առանձին թագաւորութիւններու։ Իր իշխանութիւնը կը պահպանուի Վրաստանի կեդրոնը եւ ան այդպիսով կը հիմնէ Քարթլիի թագաւորութիւնը։ Անոր մէջ կը մտնէին նաեւ հայկական գաւառներէն Լոռի-Փամբակը եւ Ղազախ-Շամշադինը։

Վրացական թագաւորութիւնը, այսպիսով, անկում կ'ապրի։ Անոր տարածքին մէջ առաջացած պետութիւնները ի վիճակի չէին երկար գոյատեւել։ Դեռ 14-րդ դարուն Միջերկրական ծովի արեւելեան ափին առաջացած խաչակրաց պետութիւնները (Անտիոքի դքսութիւն, Թրիպոլիի կոմսութիւն, Երուսաղէմի թագաւորութիւն), ինչպէս նաեւ Կիլիկիայի հայկական թագաւորութիւնը, նոյնպէս մտած էին իսլամադաւան պետութիւններու կազմին մէջ եւ կորսնցուցած անկախութիւնը։ 1453 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ անկումէն ու Բիւզանդիոյ կործանումէն յետոյ մեծ թափ առած էր նորաստեղծ Օսմանեան կայսրութիւնը։ Միւս կողմէն՝ Իրանական լեռնաշխարհի Ատրպատական նահանգին մէջ կը ձեւաւորուէր նոր աշխարհակալ պետութիւն՝ Սեֆեան Իրանը։ 16-րդ դարուն այս երկու պետութիւնները կը սկսին երկդարեայ պայքար՝ Մերձաւոր Արեւելքի բաժանման համար։ Վրաստանի արեւմուտքը (Իմերեթ եւ Աբխազիա), կ'անցնի Թուրքիային, իսկ արեւելքը (Քարթլի եւ Կախեթ)՝ Պարսկաստանին։ Թուրք-պարսկական պատերազմներու արդիւնքով Առաջաւոր Ասիոյ վերջին քրիստոնեայ պետութեան՝ Վրաց թագաւորութեան բեկորները աւելի կը թուլանան։ Տարածաշրջանը ամբողջութեամբ կը յայտնուի իսլամադաւան պետութիւններու գերիշխանութեան տակ։

Ճարտարապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վրաց թագաւորութեան հիմնադրումը նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծէ վրացական մշակոյթի զարգացման համար։ Մեծ զարգացման կը հասնի ճարտարապետութիւնը։ Անիկա կ'արտայայտուէր եկեղեցիներու շինարարութեամբ ու կերպարուեստով։ Դաւիթ Գարեջայի վանքային համալիրին, Աթենի Սիոն եկեղեցւոյ, Գելաթի վանքի Բագրատի տաճարին մէջ եւ այլուր վրացի քանդակագործները, որոնք ուսանած էին կերպարուեստի Բիւզանդական դպրոցին մէջ, կը ստեղծեն պատկերագրութեան եւ ոճի ինքնատպութեան մանրանկարներ ու որմնանկարներ։ Վրացական արուեստին մէջ կ'առանձնանան քանի մը տեղական դպրոցներ (տաոկլարջեթեան, գարեջիական, սվանոռաճեան)։

որմնանկար Աթենի Սիոն տաճարում

Վրացական ճարտարապետութեան գլուխգործոցներէն է Բագրատի տաճարը (վրաց.՝ ბაგრატის ტაძარი) Քութայիս քաղաքին մէջ։ Թագաւորութեան հիմնադիր Բագրատ III-ը նպատակ ունէր նոր տաճար կառուցել արքայանիստ քաղաքին մէջ։ 1003 թուականին, իր հօր՝ Գուրգեն II-ի կենդանութեան ժամանակ, երբ Բագրատը դեռ Աբխազիայի թագաւոր էր, կ'աւարտէ տաճարի շինարարութիւնը։ 1089 թուականին այստեղ կը թագադրուի Բագրատի ժառանգներէն Դաւիթ Շինարարը, որ կը կարողանայ միաւորել ամբողջ Վրաստանը եւ մայրաքաղաքը Քութայիսէն կը տեղափոխէ Թիֆլիս։ Անիկա կառուցուած է Տայքի մէջ (Տաո-Կլարջեթ) գոյութիւն ունեցող Օշկվանքի (սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ) նմանութեամբ[9]։

1106 թուականին Դաւիթ Շինարարը կը կառուցէ Գելաթի Աստուածամօր վանքը։ Համալիրի կառուցումը կ'աւարտի 1125 թուականին, երբ կը մահանայ վրաց թագաւորը։ Անիկա կը դառնայ արքայի դամբարանը։ Եւս 5 տարի՝ մինչեւ 1130 թուականը, համալիրը կը զարդարուի մանրանկարներով ու որմնանկարներով, իսկ յետագային կը դառնայ ուսումնական ու հոգեւոր խոշոր կեդրոն, կ'ունենայ սեփական մատենադարանը։ Այստեղ կը բացուի Գելաթի ակադեմիան՝ վրացական առաջին բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն մէկը, ուր կ'ուսանէին փիլիսոփայութիւն, աստղագիտութիւն, գրականութիւն եւ ժամանակի այլ գիտութիւններ ու արուեստներ։

Ճարտարապետական ու քանդակագործական նոր լուծումներով կը հարստանայ Դաւիթ Գարեջայի վանքային համալիրը, որ հիմնադրուած էր դեռ 6-7-րդ դարերուն, նոր շունչ կը ստանան Ջվարի վանքը, Աթենի Սիոնը եւ այլ կառոյցներ։ 1122 թուականի Թիֆլիսի ազատագրումը նոր էջ կը բանայ վրաց թագաւորութեան համար։ Դառնալով ամբողջ Կովկասի մայրաքաղաքը՝ քրիստոնէական Թիֆլիսը կը զարդարուի նորանոր եկեղեցիներով, կ'ամրացուի քաղաքի միջնաբերդը՝ Նարիղալան։ Միջնաբերդին մէջ կը կառուցուի սուրբ Նիկոլայ եկեղեցին։ Վրացական ամրոցներէն նշանաւոր են Ածղուրիը, Բիրթվիսի, Գրեմի, Կեսելոյի բերդերը, ինչպէս նաեւ՝ Թմկաբերդը (Թմոգվի)՝ Ջաւախքի մէջ։

Վրաց գրականութեան զարգացման սկիզբը դրուած էր դեռ վաղ միջնադարուն, երբ ստեղծուած էր վրացերէնի այբուբենը։ Մինչայդ վրացիները կը գրէին եւ ծէսեր կը կատարէին յունարէնով եւ ասորերէնով։ Վրացական թարգմանական գրականութիւնը, անոր զուգահեռ նաեւ՝ գիտութեան զարգացումը կը զուգակցուի կրօնական բնոյթի ստեղծագործութիւններով։

Շոթա Ռուսթավելի

Վրացական թագաւորութեան հիմնադրումը նոր էջ կը բանայ վրաց գրականութեան եւ վրացերէնի զարգացման համար։ 12-րդ դարու վերջը եւ 13-րդ դարու սկիզբը ստեղծուած է «Ամիրան-Դարեջանիանի» դիւցազնավէպը։ Վրացական բանահիւսութեան գոհարներէն է Էթերիանի չափածոյ դիւցազնավէպը։ Աշխարհիկ գրականութիւնը նշանաւոր եղած է Չախրուխաձեի «Թամարիանի» եւ Շավթելու «Աբդուլմեսիանի» ներբողական երկերով։ 11-րդ դարէն մեզի հասած է «Վախթանգ Գորգասարի վարքը», Քարթլիս Ցխովրեբա պատմագրական աշխատութիւնը։ Իրաւագիտութեան մէջ ուրոյն տեղ կը գրաւէ Դաւիթ Շինարարի օրէնսգիրքը։

Վրացի բանաստեղծ Շոթա Ռուսթավելին (12-րդ դար) գրած է «Ընձենաւորը» (վրաց.՝ ვეფხისტყაოსანი, վեփխիստկղաոսանի) պոէմը՝ վրաց ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի բարձրագոյն արտայայտութիւններէն մէկը։ Բանաստեղծը Թամար թագուհիի իշխանութեան տարիներուն եղած է արքունի գանձապահ, իսկ կեանքի վերջին տարիները անցուցած է Երուսաղէմի մէջ, ուր ալ կատարուած է իր դիմանկարը։ Ռուսթավելին իր աշխատութիւնը գրած է 1189-1207 թուականներուն եւ նուիրած է վրաց թագուհիին ու անոր ամուսնոյն՝ ալանաց արքայորդի Դաւիթ Սոսլանին։ Նկարագրուող դէպքերն ու իրադարձութիւնները տեղի կ'ունենան Հնդկաստանի, Պարսկաստանի, նաեւ մտացածին երկիրներու մէջ[10]։

Այստեղ կը զուգորդուին Ավթանդիլի ու Թինաթինի (արաբական) եւ Տարիէլի ու Նեստան-Դարեջանի (հնդկական) սիւժեթային գիծերը։ Ռուսթավելիի քաղաքական իտէալը թագաւորական՝ կեդրոնացուած իշխանութիւնն է ու կառավարման միապետական ձեւը։ Ըստ անոր՝ միապետը պէտք է ըլլայ հզօր, լուսաւորեալ, օրինապաշտ ու արդարադատ, ինչպիսիք պոէմին մէջ իր սիրելի արքաներն ու թագաժառանգներն են։ Ան դատապարտած է միջպետական երկպառակութիւնները, դաւաճանութիւնը, շահամոլութիւնը, իսկ սիրոյ, բարեկամութեան, հայրենասիրութեան ու մարդասիրութեան գաղափարները վեր դասած է ամէն ինչէն։ Սէրը համարած է երկրային եւ ազնուազարմ պարգեւ, կարեւորած է նաեւ անհատի հոգեւոր ազատութիւնը։ «Ընձենաւորը» աչքի կ'իյնայ բանաստեղծական խօսքի գունեղ պատկերներով ու համեմատութիւններով, բանահիւսական պատկերաւոր տարրերով, ասոյթներով, ռիթմով, որոնք պոէմը կը դարձնեն աւելի գրաւիչ ու դիւրին ընթերցուող[11]։

13-14-րդ դարերուն թաթար-մոնկոլական հորդաներու, իսկ 16-րդ դարէն՝ թուրքերու ու պարսիկներու արշաւանքներու հետեւանքով քայքայուած է երկրի տնտեսութիւնը, կասեցուած է գրականութեան առաջընթացը։

Որմնանկար Բագրատի տաճարի մուտքի մոտ

Ճարտարապետութիւնը կը նպաստէ քանդակագործութեան, որմնանկարչութեան ու մանրանկարչութեան զարգացման։ Դեկորաթիվութիւնը գերակշիռ տեղ կը գրաւէ նաեւ 12-13-րդ դարերու դրուագումներուն մէջ։ Գծանկարով ու ինքնատպութեամբ հիանալի են նկարիչներ Տեւդորէի (11-12-րդ դարեր) եւ Միքայէլ Մաղլակելիի (1140) արտայայտիչ որմնանկարները, Գելաթիի գլխաւոր տաճարի, Վարձիայի, Բեթանիայի, Ղինծվիսիի, Տիմոթեսուբանիի, Բերթուբանիի նուրբ խճանկարները, որոնց մօտ են երփնագիր սրբապատկերները։

Մանրանկարներուն մէջ միաւորուած են Բիւզանդական կամ արեւելեան արուեստի նուաճումներն ու որոշակիօրէն ազգային կերպաւորումը («Ջրուչի աւետարան», 12-րդ դար, «Աստղագիտական տրակտատ», 1188, «Գրիգոր Աստուածաբանի ճառը», 13-րդ դար եւայլն)։ Կերպարուեստի ճիւղերէն կիրառական արուեստը նոյնպէս կը զարգանայ. աչքի կը զարնեն միջնորմաւոր արծնապակեայ կերտուածքները։

13-րդ դարու երկրորդ կէսէն նկատելի են ճարտարապետութեան ճգնաժամի նշաններ՝ ամբողջ յօրինուածքի անօրգանականութիւն, 14-րդ դարուն՝ փրոֆեսիոնալ վարպետութեան անկում։ 15-րդ դարուն կատարուած է Լենկթեմուրի աւերած կառոյցներու վերականգնում, սակայն 16-17-րդ դարերու վերելքի շրջանին ալ ճարտարապետութիւնը (գլխաւորաբար աղիւսէ) էկլեկտիկ է, շարք մը յուշարձաններու մէջ ուժեղ կերպով արտայայտուած է իսլամական արուեստի ազդեցութիւնը։ 14-15-րդ դարերու գեղանկարչութիւնը մօտ է այսպէս կոչուած «պալէոլոգեան» ոճին (Ուբիսի, Նաբախթեւի, 15-րդ դարու սկիզբ)։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Энциклопедический словарь Брокгауза и Ефрона, Багратионы
  2. Chapter Two Armenia and the Turco-Mongol Invasions (continued)
  3. The Chautauquan, Volume 22, Theodore L. Flood, Frank Chapin Bray, 1895, p698
  4. Rapp, Stephen H. (2003), Studies in Medieval Georgian Historiography: Early Texts And Eurasian Contexts, p. 320. Peeters Publishers, ISBN 90-429-1318-5
  5. Armenia and Georgia by Cyril Toumanoff
  6. (հայերեն) Վրաց թագավորություն, 2025-06-15, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%8E%D6%80%D5%A1%D6%81_%D5%A9%D5%A1%D5%A3%D5%A1%D5%BE%D5%B8%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6&oldid=10353902, վերցված է 2025-09-19
  7. (հայերեն) Վրաց թագավորություն, 2025-06-15, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%8E%D6%80%D5%A1%D6%81_%D5%A9%D5%A1%D5%A3%D5%A1%D5%BE%D5%B8%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6&oldid=10353902, վերցված է 2025-09-19
  8. (հայերեն) Վրաց թագավորություն, 2025-06-15, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%8E%D6%80%D5%A1%D6%81_%D5%A9%D5%A1%D5%A3%D5%A1%D5%BE%D5%B8%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6&oldid=10353902, վերցված է 2025-09-19
  9. Georgia, Armenia & Azerbaijan. Ediz. Inglese
  10. Тамара, Энциклопедический словарь Брокгауза и Ефрона
  11. Գրանիշ - Գրական ակումբ, ՇՈԹԱ ՌՈՒՍԹԱՎԵԼԻ | Ընձենավորը
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։