Ալեքսանտր Մանթաշեանց

Ալեքսանտր Մանթաշեանց
Ծնած է 3 Մարտ 1842(1842-03-03)
Ծննդավայր Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 19 Ապրիլ 1911(1911-04-19) (69 տարեկանին)
Մահուան վայր Սեն Փեթերսպուրկ, Ռուսական Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Մասնագիտութիւն ելեւմտագէտ, ձեռնարկատէր
Ծնողներ Յովհաննէս Մանթաշեան
Երեխաներ Anna Mantashev?[2]

Ալեքսանդր Մանթաշեանց (ռուս.՝ Александр Иванович Манташев, 3 Մարտ 1842(1842-03-03), Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն - 19 Ապրիլ 1911(1911-04-19), Սեն Փեթերսպուրկ, Ռուսական Կայսրութիւն), հայ նշանաւոր մեծահարուստ գործարար եւ բարեգործ։ Զբաղած է քարիւղի արտահանմամբ եւ ստացած է «քարիւղի արքայ» անունը։ Իր ժամանակի ամէնէն հարուստ մարդոցմէն մէկը համարուած է։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ալեքսանդր Մանթաշեանցը ծնած է Թիֆլիս, 1842 թուականի Մարտ 3-ին։ Հայրը եղած է բամպակի եւ հիւսուածեղէնի վաճառական։ Ուսանած է Թիֆլիսի Գալուստ Վարդապետ Փափազեանցի մասնաւոր դպրոցը։ Տիրապետած է քանի մը լեզուներու՝ հայերէն, ռուսերէն, վրացերէն, անգլերէն։ 1868 թուականին հօր՝ Յովհաննէս Մանթաշեանցի հետ կը շրջագայէ Եւրոպայի մէջ՝ առետրական կապեր հաստատելու նպատակով: Թեհրան վերադառնալէ ետք, Յովհաննէսը 1878 թուականին իր առեւտուրը կը տեղափոխէ Թիֆլիս: Հօր մահէն ետք ստացած 200 հազար ռուբլիի ժառանգութեամբ Ալեքսանտր Մանթաշեանցը կը տեղափոխուի Պաքու եւ կը սկսի զբաղիլ քարիւղի արդիւնահանումով, տարածելով իր առեւտրական տուները աշխարհով մէկ: Այդ շրջանին Մանթաշեանցի դրամագլուխը կանխիկ դրամով հասած էր մօտ 30 միլիոն ռուբլիի։ Ան ուներ հանքեր, գործատուներ, կալուածքներ, տուներ, հիւրանոցներ, ամառանոցներ ու շոգենաւեր։

Առեւտրական Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մանթաշեանցի ընկերութեան 100 ռուպլի ներկայացնողի բաժնետոմս, Ս.Փիթրսպուրկ, 1913 թուական:

Քարիւղ արդիւնահանելու նպատակով, Մանթաշեանց ձեռք բերած է Պաքուի հանքահորերը: Քարիւղի մշակման համար շինած է քերոսինի եւ քսաիւղերու գործատուն մը: Շուտով հորերը սկսան բերել վիթխարի եկամուտներ։ Մանթաշեանցը Անգլիայէն ձեռք բերաւ երկու բեռնանաւ, որոնցմով քարիւղ կ՚արտահանէր դէպի Հնդկաստան, Չինաստան, Ճափոն, նաեւ միջերկրածովեան երկիրներ:

1899 թուականին Մանթաշեանցը ստեղծած է «Ալեքսանդր Մանթաշեւ եւ Ընկ.» (ռուս.՝ Манташев и К°) ընկերութիւնը, որ 20րդ դարու սկիզբին կ'արդիւնահանէր Պաքուի քարիւղի կէսէն աւելին։ Ընկերութիւնը ֆինանսաւորած է Պաքու-Պաթում նաւթատարի շինարարութիւնը։ Շուտով Մանթաշեանցը ձեռք բերաւ քանի մը համաշխարհային քարիւղի ընկերութիւններ, որոնցմէ մեկը Նոպէլ եղբայրներու ընկերութիւնն էր։ Իր ընկերութեան մէջ կը կեդրոնանար Կասպիական ծովու քարիւղի պաշարներու 66 առ հարիւրը[3]։

1907 թուականին Մանթաշեանցի ֆինանսաւորումով կը կառուցուի Պաքու-Պաթում 835 քիլոմեթրանոց նաւթամուղը: Շնորհիւ անոր, գործարարը ստացաւ «Քարիւղի արքայ» անունը: 1899էն մինչեւ 1909 իր ընկերութիւնը 20 մլն. ռուպլի դրամագլուխով կը համարուէր ռուսական արդիւնաբերութեան պատմութեան ամենամեծը:

Մարդասիրական Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ալեքսանտր Մանթաշեանի յուշարձան (Երեւան)

Իր առեւտուրային գործունէութիւնը Ալեքսանտր Մանթաշեանը կը զուգակցեր հասարակական եւ բարեգործական գործունէութեան հետ։ Մինչեւ 1895 թուականը Թիփղիսի բարեգործական ընկերութեան փոխնախագահը եղած է, այնուհետեւ ցմահ անոր պատուաւոր նախագահը դառած է։ Ան հովանաւորած է Կովկասի ամենախոշոր որբանոցը, անոր միջոցներով շէնքեր եւ հայկական եկեղեցիներ շինուած են Թիփղիսին մէջ, Երեւանին մէջ, Պաքուին, Մոսկուային, Փիթըրսպուրկին մէջ եւ Փարիզին մէջ։

Երբ ցարական կառավարութիւնը որոշում մը արձակեցաւ հայկական եկեղեցական ունեցուածքի առգրաւման մասին, ատորով իսկ նիւթական աջակցութիւնէ զրկելով հայկական դպրոցները, կիմնազիաները եւ մշակութային-լուսաւորական միւս օճախները, Մանթաշեանը ֆինանսաւորեցաւ Թիփղիսի Ներսիսեան հոգեւոր ճեմարանի նոր շէնքի կառուցումը։ Անոր նուիրական իղձը եղած էր՝ խոշոր նուիրաբերում մը կատարել Էջմիածինին։ Անոր առաջարկով կը կազմուէ նոր վեհարանի մը նախագիծ՝ ընդարձակ սրահներով եւ ընդունարաններով։ Այդ աշխատանքներուն համար Մանթաշեանցը տրամադրած է 250 000 ռուպլ։

Յաճախակի Փարիզ ըլլալով՝ անոր մէջ յղացած է հոն հայկական եկեղեցի մը կառուցելու միտքը։ Ատոր համար 450 000 ֆրանքով տարածք մը է գնած Փարիզի կեդրոնը։ Այնուհետեւ եկեղեցիի շինարարութեան համար տրամադրած է 1 540 000 ֆրանք, որը կառուցուելէն ետք կը նուիրաբերէ է հայ գաղութին՝ լրացուցիչ վճարելով 120 000 ֆրանք նոտարական ծախս։

Ալեքսանտր Մանթաշեանը նաեւ եղած է հայ մշակոյթի, գիտութեան, արուեստի եւ գրականութեան մեծ նուիրեալ եւ հովանաւոր։ Իմանալով, որ հայ մեծ երգահան Կոմիտասը չունէ սեպհական դաշնակ, ան կարգադրած է, որ Գերմանիայէն անոր համար բերուի այդ երաժշտական գործիքը։ Մանթաշեանի միջոցներով են Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի լաւագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն ներս սորված երկու հարիւրէն աւելի հայ պատանիներ եւ աղջիկներ, որոնցմէ շատերը յետագային դարձած են գիտութեան, մշակոյթի, արուեստի եւ գրականութեան յայտնի գործիչներ[4]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]