Ֆայէզ Ալ Ղուսէյն
Ֆայէզ Ալ Ղուսէյն արաբերէն՝ فايز الغصين | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1883[1][2] |
Ծննդավայր | Lajat, Սուրիա |
Մահացած է | 1968[1][2] |
Քաղաքացիութիւն |
Սիրիա պետություն (1925—1930) Սիրիայի Երկրորդ Հանրապետություն Արաբական Միացեալ Հանրապետութիւն Սուրիա |
Կրօնք | Իսլամութիւն |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | Ջարդերը Հայաստանում? |
Մասնագիտութիւն | փաստաբան, Դատաւոր, յուշագրող, քաղաքական գործիչ |
Ֆայէզ Ալ Ղուսէյն (1883[1][2], Lajat, Սուրիա - 1968[1][2]), արաբ ցեղապետի որդի՝ Հաուրանէն, թուրքահպատակ, վարած է Խարբերդի գաւառապետի տեղեկալի պաշտօնը[3][4], այնուհետեւ Դամասկոսի մէջ աշխատած է որպէս փաստաբան: Ան ականատես եղած է տիրող իրականութեան՝ 20–րդ դարու ամենամեծ եղեռնագործութեան: Ականատես դարձած է հայ ժողովուրդին գաղթին ու կոտորածին[5][6][7]:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախ կը յաճախածէ Դամասկոսի տարրական դպրոցը, ապա ուսումը կը շարունակէ Պոլսոյ ցեղային դպրոցը եւ Թագաւորական Գոլէճը: Մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմ, կարճ ժամանակ աշխատած է Դամասկոսի նահանգապետի գրասենեակէն ներս[8], որմէ ետք վարած է Խարբերդի գաւառապետի տեղեկալի պաշտօնը: Խարբերդի գաւարապետի պաշտօնը երեք ու կէս տարի վարելէ ետք, Դամասկոսի մէջ կը սկսի փաստաբանական աշխատանքին:
Ֆայէզ Ալ Ղուսէյն անձամբ տեսնելով Օսմանեան պետութեան խտրական քաղաքականութիւնը արաբներու, հայերու եւ այլ հպատակ ազգերու նկատմամբ՝ կը հիասթափուի Թուրք իշխանաւորներէն: Թուրք գերիշխանութեան դէմ պայքարելու համար, ան կը մասնակցի լեռնային Լիբանանի մէջ կազմուած արաբական ազատագրական կազմակերպութիւններուն: Երիտասարդ արաբները կը ձերբակալուին եւ կը նետուին Տիգրանակերտի բանտը: Ան կ՛ազատի բանտէն ռուսերու յարձակման եւ թուրքերու պարտութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրադաձութիւններու ժամանակ: Ապրելով Տիգրանակերտի մէջ, ան ականատես եղած է հայերուն դէմ կատարուած խժդժութիւններուն, գրի առած է շատ դէպքեր:
Ան, որ խորապէս ըմբռնելով Օսմանեան Կայսրութեան Հայերուն նկատմամբ կատարած բռնութիւններն ու ոչնչացման քաղաքականութիւնը, եւ իր մաշկին վրայ կրելով բռնատիրութեան գործած չարիքը կը գրէ այդ բոլորին մասին: 1916 թուկանին արաբական «Մուկատամ» թերթին մէջ լոյս կը տեսնէ յօդուած մը, Ֆայէզ Էլ Ղուսէյնի «Հերոսական Հայութեան Անցեալէն» գիրքին մասին: Յօդուածէն ընդարձակ քաղուածքներ ռուսերէն թարգմանութեամբ կը հրատարակուին Մոսկուայի պարբերաթերթերու մէջ:
«Հերոսական Հայութեան Անցեալէն» գիրքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ղուսէյնի ականատեսի վկայութիւնները լոյս կը տեսնէ առաջին անգամ 1917 թուականին մի քանի լեզուներով՝ «Հերոսական Հայութեան Անցեալէն» գիրքին մէջ, որուն երկրորդ վերնագիրն է՝ «Ջարդերը Հայաստանի Մէջ», «Ականատեսի Վկայութիւններ»:
«Հերոսական Հայութեան Անցեալէն» գիրքը սկիզբը լոյս կը տեսնէ ֆրանսերէն՝ Պոմպէյ, 1917 թուականին ապա անգլերէն[9]: Յաջորդ տարին, եւ այնուհետեւ 1922-ին որոշ լրացումներով կը հրատարակուի գերմաներէն:
1960-ին գիրքը լոյս կը տեսնէ հայերէն, Գահիրէի մէջ, թարգմանութիւնը ֆրանսերէնէն, ծանօթագրութիւնը կատարած է Գ. Պասմաճեան: 1965-ին երկրորդ անգամ կ՛արտատպուի ֆրանսերէն, Պէյրութ:
Գիրքը գրելու դրդապատճառները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքին բովանդակութիւնը հիմնուած է իր տեսած ու գրի առած դէպքերուն, թուրք իշխանութիւններու հակահայկական ընթացքին որ կը հետապնդէր ստրկացնել հայ ժողովուրդը, խեղդել Արեւմտահայութեան վերելք ապրող ազգային ազատագրական պայքարը. ինչպէս նաեւ պաշտօնատար անձերու, զինուորական գործիչներու հաղորդած տեղեկութիւններուն ու պաշտօնական փաստաթուղթերու վրայ:
Գիրքէն վերնագիրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Հերոսական Հայութեան Անցեալէն» հրատարակուած եւ վերահրատակուած աշխատութենէն վերնագիրներ՝ «Ջարդերու Տարբեր Ձեւերը», «Զինուորականներու Եւ Ցեղախումբերու Բարբարոսութիւնները», «Պատանիներ, Որոնք Կը Մեռնին Սովէն Եւ Ծարաւէն», «Թրքացած Հայուհիներ», «Կանանց Քարավանը», «Մէկ Գիշերուայ Հիւրընկալութիւնը 50 Ոսկի», «Ոճրագործ Դատաւորը», «Վիճակագրութիւն Հայկական Ջարդերու»:
Անձնական վկայութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ֆայէզ Ալ Ղուսէյն անդրադառնալով թուրքերուն գործադրած բարբարոսական արարքներուն, ան արաբ ականատեսի մը վկայութիւնը մէջբերելով կը նկարագրէ՝ թէ ինչպէս թուրքերը օրը ցերեկով կը յարձակէին աքսորի քաշուող կանանց վրայ, կը կողոպտէին, կը հանէին իրենց հագուստները, լրիւ կը մերկացնէին: Իսկ անոնք՝
մահը ամօթէն գերադասելով, իրենք զիրենք կը նետէին Եփրատի ջուրերուն մէջ: |
Հայ Կանայք այնպիսի հրոսութիւն եւ կամքի այնպիսի վեհութիւն ունէին, որով օժտուած չեն շատ տղամարդիկ: - կ՛եզրակացնէ ականատեսը
|
Հայերը ոչնչացնելու թուրքերուն կիրառած սարսափելի արարքներուն մասին, թէ ինչպէս կը գործադրուէին հայկական ջարդերն ու կոտորածները, արաբ գրողը կը պատմէ.
Կառավարութիւնը Հալէպէն օգնական բանակ կը պահանջէ, եւ Ֆախրի Փաշա, հրաման կը ստանայ Սուրիոյ տխրալիօրէն հանրածանօթ Ճեմալ Փաշայէն, զսպելու ըմբոստները: Ան աճապարեց երթալու Ուրֆա, ուր թնդանօթի հարուածներով հիմնայատակ կործանեց հայկական թաղերը՝ կոտորելով այր մարդիկ, երախաները եւ կիները, առանց խտրութեան, բացի անոնցմէ որոնք զինուորներուն յանձնուեցան:Ֆախրի Փաշան անոնցմէ ամէնէն գեղեցիկները զատեց իրեն ու իր սպաներուն: Եւ միւսները տարագրուեցան յանձնուելու համար կամ զինուորականութեան կամ մահուան: |
Անդրադառնալով հայ մտաւորականութեան սպանութիւններուն, ան կը պատմէ, թէ թուրքերը հրամայած էին զիրենք «սպաննել ճանապարհին», յետոյ լուր կը տարածեն, իբրեւ թէ « ելուզակները սպանեցին»:
Իսկ ինչ կը վերաբերի վիճակագրական տուեալներուն, իր բերած փաստարկներուն հիման վրայ, ան կը հերքէ Թուրքական պաշտօնական հաղորդագրութիւնները, մասնաւորապէս Թալէադի յայտարարութիւնները հայերու զոհերու քանակի մասին ապացուցելով, որ՝
Կոտորածի, աքսորի, սովի մատնուած հայերուն թիւը եղած է 1. 200. 000: Իսկ Հալէպ, Մուսուլ, Դամասկոս եւ Տէր Զօրի մօտ բռնագաղթուած հայերու թիւը կը կազմէր 492 . 000 մարդ: |
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 (not translated to mul) Գուտենբերգ նախագիծ — Project Gutenberg Literary Archive Foundation, 1971.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ Facing History and Ourselves (2004)։ Crimes Against Humanity and Civilization: The Genocide of the Armenians։ Facing History and Ourselves։ ISBN 0-9754125-0-7(անգլերէն)
- ↑ T. E. Lawrence։ Seven Pillars of Wisdom։ ISBN 0954641809(անգլերէն)
- ↑ Ara Ashjian, Book review of "Al-Qusara Fee Nakabat Al-Nasara" (The Uttermost Peak of the Christian’s Calamities)
- ↑ El-Ghusein Fâ’iz (1917)։ Martyred Armenia։ C. Arthur Pearson, Ltd.(անգլերէն)
- ↑ The Armenian Genocide: Wartime Radicalization Or Premeditated Continuum, edited by Richard Hovannisian. p.270 ISBN 0765803674 Transaction Publishers, 2006(անգլերէն)
- ↑ فائز الغصين(արաբ.)
- ↑ ARAB EYEWITNESS FAYEZ ALGHUSSEIN ABOUT THE ARMENIAN GENOCIDE(անգլերէն)
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ա. Ն. Մնացականեան, «Հայ Ժողովուրդի Ողբերգութիւնը», էջ 154:
- Ծ. Աղ., « Հայ Ժողովուրդի Ազադագրական Պայքարի Պատմութիւն, էջ 476 - 477 - 481 - 482:
|