Jump to content

Մեհմեթ Թալէաթ փաշա

(Վերայղուած է Թալէաթ Մեհմեթ Փաշա-էն)
Մեհմեթ Թալէաթ փաշա
օսման.՝ مُحمَّد طلعت پاشا
Ծնած է 1 Սեպտեմբեր 1874(1874-09-01)[1]
Ծննդավայր Կիրջալի, Օսմանեան Կայսրութիւն[2]
Մահացած է 15 Մարտ 1921(1921-03-15)[1] (46 տարեկանին)
Մահուան վայր Պերլին, Պրուսիայի ազատ պետություն[2]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Կրօնք Իսլամութիւն
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ
Վարած պաշտօններ Օսմանյան կայսրության մեծ վեզիր? եւ Ministry of the Interior of the Ottoman Empire?
Կուսակցութիւն Միութիւն Եւ Յառաջադիմութիւն

Թալէաթ Փաշա (1 Սեպտեմբեր 1874(1874-09-01)[1], Կիրջալի, Օսմանեան Կայսրութիւն[2] - 15 Մարտ 1921(1921-03-15)[1], Պերլին, Պրուսիայի ազատ պետություն[2]), թուրք պետական գործիչ։ Երիտթուրքական «Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն» (օսման.` اتحاد وترقي جمعيتى, արաբերէն՝ الاتّحاد والتّرقّي‎ حزب) կուսակցութեան պարագլուխներէն։ 1913-1918 թուականներուն ստանցնած է Օսմանեան Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը։

Թալէաթը Հայոց Մեծ Եղեռնի գլխաւոր կազմակերպիչներէն մէկն է։ Եղած է հայերու տեղահանումն ու ցեղասպանութիւնը կազմակերպող «եռապետութեան» (Թալէաթ, Էնուէր, Ճեմալ) անդամ։

15 Մարտ 1921-ին՝ Պերլինի մէջ, գնդակահարուած է Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ՝ Նեմեսիս գործողութեան շրջանակներուն մէջ։

Թալէաթ Փաշա ծնած է 1874 թուականին Ատրիանուպոլիս Ատրիանուպոլիս (Էտիրնէ) նահանգի Քրճալի քաղաքին մէջ (այժմ՝ Պուլկարիոյ Քրճալիի մարզ)՝ հետաքննիչի ընտանիքի մէջ։ Թուխ մաշկ ունենալուն պատճառով քաղաքական հակառակորդներն երբեմն անոր Թալէաթ գնչու կ'անուանէին[3]։ Աւարտած է Ատրիանուպոլիսոյ բարձրագոյն դպրոցը։ Աշխատանքային գործունէութիւնն սկսած է որպէս ծառայող Հեռագրատան մէջ[4], ուր որպէս ապտուլհամիտեան բռնապետութեան դէմ պայքարի ապագայ մասնակից՝ միացաւ երիտթուրքերուն։ 1893 թուականին ձերբակալուեցաւ քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալելուն համար։ Երկու տարի ետք ազատ արձակուեցաւ եւ աքսորուեցաւ Սալոնիկ, ուր կը ղեկավարէր երիտթուրքերու կուսակցութեան տեղի բաժանմունքը եւ մտաւ Էմանուէլ Քարասոյի հիմնած «Ռիզորտ Մակեդոնիա» մասոնական ժողովարան։ 1898-1908 թուականներուն Սալոնիկի մէջ կ'աշխատէր նամակատար՝ հետագային դառնալով տեղի Նամակատարութեան ծառայութեան ղեկավարը։

1908 թուականի երիտթրքական յեղափոխութենէն ետք, Թալէաթ ընտրուեցաւ Օսմանեան խորհրդարանի՝ Մեճլիսի պատգամաւոր։ 1909 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ (Իսթամպուլ) մէջ հիմնեց «Հիւր վէ Քապուլ Էտիլմիշ» մասոնական ժողովարանը եւ երկու տարի կը ստանցնէ Մեծ մագիստրոսի պաշտօն[5]։

1909-1912 թուականին Թալէաթ Օսմանեան կայսրութեան Ներքին գործոոց նախարարն էր։ 1910 թուականին սմանեան խորհրդարանին մէջ չեղարկեց «Ընկերակցութեան օրէնքը» եւ արգիլեց ըստ ազգային պատկանելութեան ընկերակցութեանց հիմնումը։ Ողջ կայսրութեան տարածքով մէկ փակուեցան բոլոր ազգային ակումբները, իսկ Մանասթրի նահանգին մէջ տեղի սատրապ Շեւքեթ Թուրկութ փաշան զինաթափման հրէշային գործողութիւն կազմակերպեց[6]։ Խաղաղ բնաակչութիւնը ծաղրանքի կ'ենթարկուէր, պուլկարական սահմանադրական ակումբներու միութեան ղեկավարներուն մէկ մասը բանտարկուեցաւ Փոքր Ասիոյ բանտերուն մէջ, իսկ միւսները՝ սպաննուեցան։

1911 թուականին Թալէաթ կը դառնայ «Միաբանութիւն եւ Յառաջադիմութիւն» կուսակցութեան անդամ։ Յետագային՝ 1912 թուականին, կը ստանցնէ է Նամակատարութեան եւ հեռագրութեան նախարարի պաշտօնը, Պալքանեան պատերազմներու ժամանակ (1912-1913) կը ծառայէր բանակին մէջ։

Թալէաթ 23 Յունուար 1913-ի պետական յեղաշրջման գլխաւոր կազմակերպիչներէն էր, երբ Էնուէր փաշան անձամբ գնդակահարեց ռազմական նախարար Նազմ փաշան, որպէսզի մէկ տարի ետք ստանցնէ անոր պաշտօնը, իսկ Թալէաթ փաշա երկրորդ անգամ ստանցնեց Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը՝ միաժամանակ ըլլալով երիտթուրքերու կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի նախագահ։ Թալէաթ փաշա կեանքի կը կոչէր օսմանականութեան քաղաքական գաղափարախօսութիւնը՝ կայսրութեան ոչ-թուրք ժողովուրդներու բռնի թրքացումը․ համիսլամական եւ աւելի շատ համաթուրանական մոլեգին հետեւորդ էր։ Ունենալով հեռուն գացող նկրտումներ Կովկասի, Ղրիմի եւ Թուրքիստանի հաշուով, Թալէաթ մասնակցեցաւ «Թուրան եոլու» (Ճանապարհ դէպի Թուրան) ռազմաքաղաքական նախագիծի մշակման։

Թալէաթ փաշա անգամ մը հաճելիօրէն եւ խորամանկաբար նշեց, որ համաթուրանականութիւնը կրնայ մեզ բերել Դեղին ծով։
- Իր յիշողութիւններուն մէջ կը գրէ երիտթուրք տիկին Հալիտէ Էտիպը


1914 թուականին, Թալէաթ, Էնուէր եւ Ճեմալ փաշաներուն հետ մտաւ երիտթրքական «եռապետութեան» կազմին մեջ, որոնք շուտով իրականացուցին հայ ժողովրդի տարհանումն ու եղեռնը։ Ըստ Մշոյ մէջ գտնուող գերմանացի պաշտօնեայի վկայութեան՝

Թերեւս 1914 թուականի Հոկտեմբերի վերջաւորութեան, երբ թուրքերուն համար սկսաւ պատերազմը, թուրք պաշտօնեաներն սկսան հայերէն բռնագրաւել այն ամէնը, որ իրենց անհրաժեշտ էր պատերազմ վարելու համար։ Իրենց ունեցածքը, դրամը․ ամէն ինչ բռնագրաւուեցաւ։ Աւելի ուշ, իւրաքանչիւր թուրք կրնար մտնել հայկական խանութ եւ վերցնել ամէն ինչ, որ իրեն անհրաժեշտ էր կամ կը ցանկանար ունենալ։


Ցեղասպանութեան հաստատումը տրուեցաւ 27 Փետրուար 1915-ին՝ Էնուէր փաշայի կողմէ ուղարկուած քողարկուած հեռագրին մէջ, իսկ հայերուն «վերջնական բնաջնջման» յստակ քայլերը գրի առնուած էին 15 Ապրիլ 1915-ին Թալէաթ եւ Էնուէր փաշաներուն գաղտնի հրահանգին մէջ։ Հայոց ցեղասպանութիւնն սկսաւ Զէյթուն քաղաքին մէջ 24 Ապրիլ 1915-ին։

1946 թուականին հրատարակուած իր յուշերուն մէջ, Թալէաթ փաշա կը խոստովանէր հայոց բռնի տարհանումն ու ոչնչացումը, սակայն անիկա կը բացատրէր թուրքերու բացառապէս «ազգային հետաքրքրութիւններու» պաշտպանութեամբ եւ «նահանգներուն մէջ՝ Ռուսիոյ հետ սահմանին հայկական պետութիւն ստեղծելուն խոչընդոտելու» նպատակով։ 7 Հոկտեմբեր 1918-ին, Թալէաթ փաշա ընդունեց երիտթուրքերու քաղաքականութեան տապալումն ու հրաժարելու իշխանութենէն, այնուհետեւ փախաւ Գերմանիա, ուր կ'ապրէր «Ալի Սալի պէյ» անուան տակ։ 1919 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ կայացած զինուորական արտակարգ դատարանը հեռակայ կերպով Թալէաթը դատապարտեց մահապատիժի զինվուորական յանցագործութիւններու եւ «կայսրութեան հայ բնակչութեան ոչնչացման» համար։

15 Մարտ 1921-ին Սողոմոն Թեհլիրեանը գնդակահարեց Թալէաթը՝ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան «Նեմեսիս» գործողութեան շրջանակներուն մէջ, որուն էութիւնը հայոց ցեղասպանութեան մեղաւորները պատժելն էր, ընդ որում, Թալէաթի անունը ցանկին վրայ առաջինն էր։ Պերլինի դատարանն արդարացուց Թեհլիրեանը որպէս անձ, որ գործած էր բաղձանքի վիճակի մէջ։ Դատական նիստին Թեհլիրեանի գերմանացի փաստաբանը, մասնաւորապէս ըսաւ․

Թալէաթ փաշան, Էնուէր փաշան, Ճեմալ փաշան եւ Նազմ պէյը, որոնք իրենք զիրենք կը կոչէին «իսլամի պաշտպանողներ», իրականութեան մէջ անաստուածներ (աթէիստներ) էին։


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Jump up to: 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Բրոքհաուզի հանրագիտարան
  2. Jump up to: 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 Deutsche Nationalbibliothek Record #124813798 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  3. Andrew Mango Ataturk: The Biography of the Founder of Modern Turkey. — Overlook Press, 2002. — С. 67. — ISBN 158567334X, 9781585673346
  4. Алан Мурхед "Борьба за Дарданеллы", стр․ 11
  5. Hür ve Kabul Edilmiş Masonlar Büyük Locası Derneği — Önceki Büyük Üstatlar
  6. Петров, Тодор, Билярски, Цочо (съставители), „ВМОРО през погледа на нейните основатели“, Военно Издателство, София, 2003, стр. 175.

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]