Արտազ

Արտազ, գաւառ Մեծ Հայքի Վասպուրական նահանգին կազմին մէջ[1]։

Եղած է Ամատունիներու նախարարական տոհմին ժառանգական տիրոյթը։ Տարածքով մօտաւորապէս կը համապատասխանէ ներկայիս Իրանի Մակու գաւառին։ Ըստ Մովսէս Խորենացիի՝ նախապէս կոչուած է Շաւարշաւան (Շաւարշական) եւ Ք.Ա. 2-րդ դարու Ա. կէսին Արտազ անուանուած է Ալաններու երկիրին Արտազ (Արդոզ, Արդոզական) գաւառին անունով, երբ Արտաշէս Ա. այդ տեղը բնակեցուցած է ալան գերիներով։

Արտազով անցած է Արտաշատ-Եկբատան ճամբան։ Արտազին մէջ տեղի ունեցած են հայ-պարսկական զինաբախումներ՝ Աւարայրի ճակատամարտը 451-ին, Ներսեհապատի ճակատամարտը՝ 483-ին ։ Ը. դարու Բ. կէսէն Արտազը դարձած է Արծրունիներու սեփականութիւնը, 885-էն մտած է Բագրատունիներու, 908-էն՝ Վասպուրականի թագաւորութեան մէջ։

Ը. դարուն ստեղծուած է Մակուի իշխանութիւնը։ ԺԴ. դարու սկիզբէն Արտազը գրաւած է Սեֆեան Պարսկաստանը, Արտազի մէջ կը յիշատակուին Շաւարշաւան (այժմ՝ Մակու) գիւղաքաղաքը, նշանաւոր ուխտատեղի Ս. Թադէոս վանքը, Եդինդ (Երինդ) գիւղը (ուր ընթացած են 484-ի Նուարսակի դաշնագիրին նախնական բանակցութիւնները), դպրոցով ու գրչութեան կեդրոնով հռչակուած Ծործորի վանքը։

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Թ.Խ. Յակոբեան (1981). Հայաստանի պատմական աշխարհագրութիւն. Երեւան, «Միտք»։

Ծանոթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Մեծ Հայքի վարչական բաժանումը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-12-27-ին։ արտագրուած է՝ 2021-02-18 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։