Ամիրտովլաթ Ամասիացի
Ամիրտովլաթ Ամասիացի | |
---|---|
![]() | |
Ծնած է | 1420 |
Ծննդավայր | Ամասիա, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 8 Դեկտեմբեր 1496 |
Մահուան վայր | Պրուսա, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ, մատենագիր, բառարանագիր |
Ամիրտովլաթ Ամասիացի (1420, Ամասիա, Օսմանեան Կայսրութիւն - 8 Դեկտեմբեր 1496, Պրուսա, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ բնագէտ–բժիշկ, մատենագիր, բառարանագիր։
Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ծնած է Ամասիա քաղաքին մէջ։ Շրջած՝ արեւելքի տարբեր երկրներ։ Ծանօթացած՝ ժամանակի առաջաւոր գիտութեան։ Բժշկութիւն սորված է, հաւանաբար, Միջագէտքի մէջ։ Տիրապետած է արաբերէն, թրքերէն, պարսկերէն, յունարէն եւ լատիներէն լեզուներուն[1]։
Ուսումնասիրած՝ հին եւ միջնադարեան բժշկութիւնը։ Երկար տարիներ ապրած է Կ. Պոլսոյ մէջ։ Մահացած է Դեկտեմբեր 8, 1496֊ին Պուրսայի մէջ։
Իր կեանքին մեծագոյն մասը Ա. Ամասիացի անցուցած է Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, ուր եւ գրած է իր կարեւորագոյն աշխատութիւնները։
Մասնագէտներու վկայութեամբ՝ Ամիրտովլաթ Ամասիացի հայ բժշկագիտական գրականութիւնը հարստացուցած է արժէքաւոր երկերով, որոնք կ’ընդգրկեն միջնադարեան բժշկագիտութեան եւ դեղագիտութեան գրեթէ բոլոր ճիւղերը[1]։
Հոգեբուժութեան բնագաւառէն ներս մնայուն արժէք կը ներկայացնեն Ա. Ամասիացիի մշակած տեղեկութիւններն ու տեսութիւնները մոլութիւններու, ցնորամտութիւններու, մելամաղձութեան, ընկճուածութեան եւ անքնութեան օրինակով ախտանշաններու եւ հիւանդութիւններու վերաբերեալ[2]։
Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ 1,0 1,1 «Ամիրտովլաթ Ամասիացի (1420-1496). Հայկական Բժշկագիտութեան Լոյսը – ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ» (en-US)։ արտագրուած է՝ 2019-11-15
- ↑ maik1970 (2017-12-08)։ «Ամիրտովլաթ Ամասիացի (1420-1496)»։ Azat Or (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-11-15