Լեզուաբանութիւն

Լեզուաբանութիւն, գիտութիւն[1], որուն ուսումնասիրութեան առարկան լեզուն է[2], լեզուի կառուցուածքը, բովանդակութիւնը եւ լեզուն՝ համատեքստի մէջ[3]: Լեզուի ուսումնասիրութեան ոլորտին մէջ կատարուած առաջին քայլերը իրականացուած են դեռ Ք.Ա. 4-րդ դարուն, երբ հնդիկ քերականագէտ Պանինին իր «Ատադհյայի» («Astādhyāyl» – «Ութնամատեան») աշխատանքին մէջ նկարագրեց սանսքրիտ լեզուն[4][5][6]:

Լեզուաբանները սովորաբար կը վերլուծեն մարդկային լեզուն, ուսումնասիրելով արտասանութեան եւ նշանակութեան միջեւ կապը[7]: Հնչիւնաբանութիւնը կ'ուսումնասիրէ խօսքի եւ լեզուի հնչիւնները եւ անոնց ձայնային եւ արտասանական յատկութիւնները: Լեզուի բովանդակութեան ուսումնասիրութիւնը միւս կողմէն կը զբաղի այն հարցով, թէ ինչպէս լեզուները կը կանոնագրուին առարկաներու, յատկութիւններու եւ աշխարհի այլ երեւոյթներու միջեւ եղած յարաբերութիւնները՝ իմաստ հաղորդելու, վերլուծելու եւ տալու, ինչպէս նաեւ երկիմաստութիւնը գտնելու եւ վերացնելու համար[8]: Մինչդեռ իմաստաբանութեան ուսումնասիրութիւնը կը զբաղի ճշմարիտ հետեւութիւններով, գործաբանութիւնը կը զբաղի այն հարցով, թէ ինչպէս իրավիճակային համատեքստը կ'ազդէ իմաստին վրայ[9]:

Քերականութիւնը կանոններու համակարգ է, որ կը կառավարէ տուեալ լեզուի մէջ արտայայտութիւններու գործածութիւնը: Այս կաննոները կը վերաբերին ինչպէս արտասանութեան[10], այնպէս ալ նշանակութեան, եւ բաղադրիչ կազմող կանոններու ենթահամակարգներ կ՛ընդգրկեն, որոնք կը վերաբերին հնչիւնաբանութեան (հնչիւնային համակարգերու կազմակերպումը), ձեւաբանութեան (բառերու կազմութիւնը եւ կառուցուածքը) եւ շարահիւսութեան (բառակապակցութիւններու եւ նախադասութիւններու կազմութիւնը)[11]: Ժամանակակից տեսութիւնները, որոնք կը զբաղին քերականութեան սկզբունքներով, կը գործեն Նոամ Ճոմսկիի սերող լեզուաբանութեան շրջանակներուն մէջ[12]:

20-րդ դարու սկզբը Ֆերտինանտ տը Սոսիւրը իր կառուցուածքային լեզուաբանութեան ձեւակերպման մէջ, տարբերութիւն դրաւ լեզուի եւ խօսքի միջեւ։ Ըստ անոր՝ խօսքը մարդոց կողմէ լեզուի արտաբերումն է, իսկ լեզուն վերացական երեւոյթ է, որ կը սահմանէ կանոններու համակարգ, որ կը կառավարէ լեզուի գործածութիւնը[13]: Այս տարբերակումը նման է Նոամ Ճոմսկի՝ փոխակերպական կամ սերող քերականութեան տեսութեան մէջ լեզուական ունակութեան եւ գործածման միջեւ տարբերակմանը: Ըստ Ճոմսկիի՝ ունակութիւնը անհատի՝ լեզուն օգտագործելու բնածին կարողութիւնն է եւ երկբայական է (լեզու), այն ինչ գործածումը այն եղանակն է, ըստ որուն անհատները, խումբերը եւ համայնքները լեզուն (խօսք) կը գործածեն[14]:

Խօսքի ուսումնասիրութեամբ (որ մշակութային խօսակցութեան եւ բարբառներուն մէջ կը դրսեւորուի) կը զբաղի հանրալեզուաբանութիւնը, որ կ'ուսումնասիրէ որեւէ լեզուական համայնքի լեզուաբանական հայեցակէտերու բարդ համակարգերը: Այս մէկը նաեւ կ'ուսումնասիրէ յօդուածներու եւ զրոյցներու կառուցուածքը, որ կ'իրականանայ լեզուաբանական տուեալներու հաւաքագրման կամ ալ նիւթերու լեզուաբանութեան միջոցով եւ որ կը վերցնէ բնական միջավայրին մէջ լսուած խօսքը, կ'ուսումնասիրէ քերականական եւ այլ յատկութիւններու տարբերակները[15]:

Ոճաբանութիւնը նաեւ կը զբաղի լեզուական տարբեր համայնքներու գրաւոր կամ բանաւոր ճառախօսութեան ուսումնասիրութեամբ, տարբեր ժանրերու, ինչպէս նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցներու խմբագրական կամ պատմողական ձեւաչափերու ուսումնասիրութեամբ[16]: 1960 – ականներուն Ժաք Տերիտան եւս տարբերութիւն դրաւ բանաւոր եւ գրաւոր խօսքի միջեւ՝ առաջարկելով, որ գրաւոր խօսքը ինքնին ուսումնասիրուի որպէս հաղորդակցութեան լեզուաբանական միջոց[17]: Հնագրութիւնը հետեւաբար գիտաճիւղ է, որ կ'ուսումնասիրէ գիրերու (որպէս նշաններ) զարգացումը լեզուին մէջ[18]: Լեզուի ձեւական ուսումնասիրութիւնը նաեւ հասած է այնպիսի ոլորտներու զարգացման, որոնցմէ են՝ հոգելեզուաբանութիւնը, որ կ'ուսումնասիրէ լեզուի գործառոյթներն ու արտայայտումը միտքին մէջ, ջղալեզուաբանութիւնը, որ կ'ուսումնասիրէ ուղեղին մէջ կատարուող լեզուական գործընթացները, կենսալեզուաբանութիւնը, որ կ'ուսումնասիրէ լեզուի կենսաբանական զարգացումը եւ լեզուի ձեռքբերումը, որ կ'ուսումնասիրէ, թէ ինչպէս երեխաները եւ մեծահասակները կ'իմանան լեզուական գիտելիքներ:

Լեզուաբանութիււնը նաեւ կը զբաղի լեզուին վրայ ազդող հասարակական, պատմական եւ քաղաքական այն գործօններու ուսումնասիրութեամբ, որոնք լեզուաբանական եւ լեզուական համատեքստը կը սահմանեն[19]: Պատմական եւ զարգացումային լեզուաբանութեան ենթաճիւղերը շեշտը կը դնեն լեզուներու զարգացման վրայ եւ թէ ինչպէս անոնք կը փոխուին ժամանակի ընթացքին:

Փաստագրական լեզուաբանութեան մէջ կը միաւորուի մարդաբանական հետազօտութիւնը լեզուաբանականին հետ, նկարագրելու համար լեզուներն ու անոնց քերականութիւնը: Բառարանագրութիւնը կը զբաղի այն բառերու գրանցմամբ, որոնք կը կազմեն լեզուի բառապաշարը: Լեզուի բառապաշարը կազմող բառերը կ'արձանագրուին բառարաններուն մէջ։ Համակարգչային լեզուաբանութիւնը կը զբաղի բնական լեզուի կաղապարումով: Թարգմանութեան ընթացքին կ'օգտագործուին լեզուագիրներու ունեցած յատուկ գիտելիքները, ինչպէս նաեւ լեզուական կրթութիւնը՝ օտար լեզուի ուսուցումը: Մասնագէտները կ'աշխատին կառավարութեան հետ, կրթութեան ոլորտին մէջ նոր նախագիծեր իրականացնելու համար, որոնք հիմնուած են լեզուաբանական հետազօտութիւններու վրայ:

Լեզուաբանութեան հետ կ'առնչուին նաեւ նշանագիտութիւնը, գրաքննադատութիւնը եւ թարգմանութիւնը:

Եզրոյթ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մինչեւ 20-րդ դար բանասիրութիւն բառը, որ ստեղծուած էր 1716-ին,[20] հիմնականին մէջ կը վերաբերէր լեզուի գիտութեան, որ այն ժամանակ թերեւս միայն պատմական բնոյթ կը կրէր:[21][22][23] Երբ Ֆերտինանտ տը Սոսիւրը սկսաւ պնդել, որ լեզուն պէտք է նաեւ լեզուի համաժամանակեայ ուսումնասիրութիւն ըլլայ, բանասիրութիւն բառը սկսաւ վերաբերիլ միայն լեզուի քերականութեան, պատմութեան եւ ոճական հնարքներու ուսումնասիրութեան:[24][25]

Չնայած «լեզուաբան» բառը որպէս «լեզուն ուսումնասիրող անձ» ստեղծուած է 1641-ին, սակայն «լեզուաբանութիւն» բառը առաջին անգամ օգտագործուած է 1847-ին եւ այդ ժամանակէն ի վեր լեզուաբանութիւն բառը կ'օգտագործուի «լեզուի գիտութիւն» նշանակութեամբ:[26][27]

Շեղումներ եւ ընդհանրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Չնայած լեզուաբանական որոշ տեսութիւններ կը կեդրոնանան լեզուին մէջ առկայ տարբեր շեղումներու վրայ, որոնք կ'առաջանան հասարակութեան տարբեր խումբերուն մէջ, միւս տեսութիւնները շեշտը կը դնեն մարդկային բոլոր լեզուներուն բնորոշ ընդհանուր յատկանիշներու վրայ։ Շեղումներու տեսութիւնը հետեւաբար յայտնի լեզուներ կը մշակէ, օրինակ անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի տարբեր գործածութիւնները ամբողջ աշխարհին մէջ, ինչպէս նաեւ փոքր բարբառները եւ տարածաշրջանային վերափոխումները: Շեղումներու տեսութիւնը ուշադրութիւն կը դարձնէ մշակութային փուլերուն, որոնց ենթարկուած է որեւէ լեզու: Վարը նշուած են այդ փուլերէն քանի մը հատը:

Փիջին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Որեւէ լեզուի փիջին փուլը այն փուլն է, որուն ընթացքին հաղորդակցում կը կատարուի քերականական պարզեցուած կաղապարներու միջոցով: Այդպիսի հաղորդակցում կ'իրականանայ երկու կամ աւելի խումբերու միջեւ, որոնք ոչ մէկ ընդհանուր լեզու ունին: Այս պարագային խօսողները տարբեր լեզուներու տարրեր կ'օգտագործեն:

Կրէոլ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կրէոլը լեզուի այն փուլն է, որուն ընթացքին տարբեր լեզուներու միախառնումէն կը զարգանայ մէկ այլ բնական լեզու: Այս մէկը տեղի կ'ունենայ լեզուի փիջին փուլէն ետք: Կրէոլ փուլին ընթացքին առաջացած լեզուն ամբողջական է եւ կրնայ օգտագործուիլ որեւէ համայնքի մէջ եւ դառնալ անոր մայրենի լեզուն:

Բարբառ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բարբառը լեզուի տարբերակ է, որ բնորոշ է լեզուակիրներու որոշակի խումբի:[28] Այն մարդիկ, որոնք տուեալ լեզուի որեւէ բարբառով կը խօսին, սովորաբար իրարու հետ կապուած են հասարակական ինքնութեամբ: Այս մէկը ճիշդ այն է, որ կը տարբերէ բարբառը լեզուի մակարդակէն կամ ճառախօսութենէն, որոնց մէջ մշակութային ինքնութիւնը ոչ մէկ դեր կը խաղայ: Բարբառները լեզուի տարբերակներ են, որոնք ունին իրենց քերականական եւ հնչիւնաբանական օրէնքները, լեզուաբանական եւ ոճական առանձնայատկութիւնները, սակայն չունին լեզուի պաշտօնական կարգավիճակ: Բարբառները լեզուի կարգավիճակ կը ստանան միայն հասարակական եւ քաղաքական դրդապատճառներով: Բարբառներու (ինչպէս նաեւ լեզուներու) միջեւ տարբերակումը հիմնուած է քերականական, շարահիւսական կանոններու եւ ոճական առանձնայատկութիւններու վրայ:

Համընդհանուր քերականութիւնը հաշուի կ'առնէ բոլոր լեզուներու եւ բարբառներու միջեւ եղած կառուցուածքային նմանութիւնները, ինչպէս նաեւ նորածիններու գիտակցութեան մէջ եղած բնածին լեզուական կարողութիւնները: Այս միտքը հիմնուած է սերող քերականութեան տեսութեան եւ լեզուաբանութեան ձեւական դպրոցներու վրայ, որոնց հետեւորդներն են Նոամ Ճոմսկիը եւ այլք:[29]

Տրամասութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճառախօսութիւնը կամ խոհականութիւնը լեզուն է հասարակական գործադրման մէջ եւ անիկա բազմաշերտ գաղափար է: Որպէս հասարակական երեւոյթ՝ ճառախօսութիւնը տարբեր գաղափարախօսութիւններ կ'արտայայտէ գրաւոր եւ բանաւոր խօսքի միջոցով: Ճառախօսութեան վերլուծութեամբ կարելի է ուսումնասիրել կամ բացայայտել այդ գաղափարախօսութիւնները: Այս մէկը ժանրի վրայ, որ կ'ընտրուի տարբեր իրավիճակներուն համապատասխան: Ճառախօսութիւնը նաեւ կ'ազդէ յօդուածին վրայ՝ հնչիւնաբանական կամ բառաքերականական մակարդակով: Որեւէ ճառախօսութիւն լեզուի տարբերակ կը դառնայ, երբ այս մէկը կ'օգտագործուի որեւէ յատուկ նպատակով եւ կ'անուանուի լեզուի ոճ կամ մակարդակ:[30] Կրնան ըլլալ նորաբանութիւններ, որոնք ի յայտ կու գան որեւէ ոլորտի մէջ մասնագիտացում ունեցող համայնքի փորձառութեան պատճառով: Լեզուի մակարդակները եւ տրամասութիւնները, հետեւաբար, իրարմէ կը տարբերին բառապաշարով եւ երբեմն նաեւ ոճով: Օրինակ՝ բժիշկները իրենց հաղորդակցութեան ընթացքին կ'օգտագործեն բժշկութեան ոլորտին պատկանող բառապաշար եւ բառերը (բժշկական ճառախօսութիւն):

Տիպար լեզու[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երբ որեւէ բարբառ կը փաստագրուի իր քերականութեան լեզուաբանական յատկանիշներուն հիման վրայ, որոնք առաջացած են տուեալ համայնքին մէջ, այս մէկը ձեռք կը բերէ քաղաքական եւ ազգային ճանաչում: Ասիկա այն փուլն է, երբ լեզուն կը համարուի տիպար տարբերակ, որուն քերականական օրէնքները զարգացած, ուղղուած եւ կայունացած են: Անգլերէնը եւ ֆրանսերէնը, օրինակ, հասած են այն փուլին, որ կը համարուին տիպար լեզուներ:

Որեւէ լեզուի ընդհանուր յատկանիշներու ուսումնասիրութիւնը կ'ընդգրկէ հետեւեալ գաղափարները.

Բառապաշար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բառապաշարը բառերու եւ նախադասութիւններու հաւաքածու է, որ կը պահուի խօսողի միտքին մէջ։ Բառապաշարը կազմուած է բառերէ եւ կախեալ է ձեւոյթներէ, որոնք բառերու մաս կը կազմեն եւ չեն կրնար առանձին հանդէս գալ, ինչպէս օրինակ՝ ածանցները: Որոշ ժամանակ բարդ բառերը եւ որոշ ասացուածքներ եւ բառակապակցութիւններ նոյնպէս բառապաշարի մաս կը համարուէին: Բառարաններուն մէջ այբբենական կարգով կը փորձեն ընդգրկել որեւէ լեզուի բառապաշարը, սակայն կախեալ ձեւոյթները սովորաբար չեն ընդգրկուիր: Բառարանագրութիւնը, որ սերտ կապուած է իմաստաբանութեան ոլորտին հետ, գիտութիւն է, որ կը դասակարգէ տուեալ լեզուի բառապաշարը բառարաններուն եւ հանրագիտարաններուն մէջ։ Բառապաշարին մէջ աւելցած նոր բառերը կը կոչուին նորաբանութիւններ:

Խօսողի լեզուական ունակութիւնները կախուած են անոր բառապաշարէն, այսինքն բառերու քանակ, որ ան գիտէ: Սակայն լեզուաբանները այս մէկը առասպել կը համարեն: Շատ լեզուաբաններ կը կարծեն, որ մարդու լեզուական ունակութիւնները կախուած են քերականութեան իմացութենէն: Նոյնիսկ շատ փոքր բառապաշարով քերականութեան տիրապետելու պարագային, կարելի է կազմել անսահման թիւով նախադասութիւններ:

Յարաբերականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ Սեպիր-Ուորֆի վարկածին (լեզուաբանական յարաբերականութիւն, լեզուի կառուցուածքը կ'ազդէ մարդու աշխարհայեացքին վրայ։ Ունիվերսալիստները կը հաւատան, որ ընդհանրութիւններ կան ինչպէս մարդկանց ընկալման մէջ, այնպէս ալ լեզուին մէջ, այն ինչ յարաբերականութեան տեսութեան կողմնակիցները այն կարծիքին են, որ մարդիկ եւ լեզուները տարբեր են: Չնայած լեզուաբանական յարաբերականութեան տեսութիւնը մշակած են ամերիկացի լեզուաբաններ Էտուարտ Սեպիրը եւ Պենճամին Լի Ուորֆը, Սեպիր-Ուորֆի վարկած բառը առաջադրած է Սեպիրի աշակերտը՝ Հարի Հոիճերը: 20-րդ դարու գերմանացի լեզուաբան Լէօ Վայսգերբերը նոյնպէս շատ աշխատութիւններ ունի լեզուաբանական յարաբերականութեան վերաբերեալ: Այս տեսութեան կողմնակիցները տարբերութիւն կը տեսնեն ճանաչողութեան մակարդակի եւ իմաստային ոլորտին միջեւ։ 1980- ականներուն ճանաչողական լեզուաբանութեան ի յայտ գալուն պէս մեծցաւ լեզուաբանական յարաբերականութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը: Տարբեր մտածողներ, որոնցմէ է օրինակ Ճորճ Լակոֆֆը, կը պնդեն, որ լեզուն կ'արտացոլէ մշակութային տարբեր այլաբանութիւններ, այնինչ Ժագ Դերիդայի աշխատութիւնները սերտ կապուած են լեզուաբանութեան մէջ յարաբերականութեան շարժման հետ:

Կառոյցներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լեզուական կառոյցը նշանակութեան եւ ձեւի զուգորդումն է: Նշանակութեան եւ ձեւի ցանկացած զուգորդում Սոսյիւրական նշան է: Օրինակ՝ «կատու» նշանակութիւնը ամբողջ աշխարհին մէջ կ'արտայայտուի հնչիւնային տարբեր կաղապարներով (բանաւոր խօսք), ձեռքերու եւ դէմքի տարբեր արտայայտութիւններով (նշանային լեզու) եւ գրաւոր նշաններով (գրաւոր լեզու):

Լեզուաբանները, որոնք կառոյցներու վրայ կը կեդրոնանան, կը փորձեն հասկնալ որեւէ լեզուի կաննոները, որոնք կը կիրառեն տուեալ լեզուի լեզուակիրները (յաճախ անգիտակցաբար): Լեզուական բոլոր կառոյցները կարելի է բաժնել մասերու, որոնք կը միաւորուին՝ համաձայն կանոններու, վերլուծութեան տարբեր մակարդակներու միջոցով: Օրինակ՝ «տասներորդ» բառը կարելի է վերլուծել երկու տարբեր մակարդակներով: Բառի ներքին կառուցուածքի մակարդակով (ձեւաբանութիւն)՝ «տասներորդ» բառը կազմուած է թիւ եւ կարգ ցոյց տուող լեզուական բառաձեւերէ: Հնչիւնական կառուցուածքի տեսանկիւնէն (հնչիւնաբանութիւն)՝ կառուցուածքային վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ «տասը» բառի «ը» ձայնաւորը «տասներորդ» բառը կազմելու ժամանակ կը զեղչուի: Չնայած որ լեզուակիրները ճիշտ կ'օգտագործեն այս կանոնները, անոնք ոչ միշտ կը հասկնան անոնց էութիւնը:

Լեզուաբանութիւնը կազմուած է բազմաթիւ ճիւղերէ, որոնք կը զբաղին լեզուի կառուցուածքի առանձին մասերու ուսումնասիրութեամբ: Այն տեսութիւնը, որ կը լուսաբանէ այս բոլորը, առաջադրած է Նոամ Ճոմսկինեւ այս մէկը կը կոչուի սերող տեսութիւն եւ կամ համընդհանուր քերականութիւն: Լեզուաբանութէան ճիւղերէն շատեր շեշտը կը դնեն ձեւին վրայ, իսկ միւսները՝ նշանակութեան: Անոնք իրարմէ կը տարբերին նաեւ ուսումնասիրութեան տիրոյթներով՝ հնչիւն, բառ, բառակապակցութիւն, ճառախօսութիւն:

Քերականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ենթաճիւղերը, որոնք շեշտը կը դնեն լեզուի քերականական ուսումնասիրութեան վրայ, կը ներառեն հետեւեալը.

  • Հնչիւնաբանութիւն, խօսքի հնչիւններու արտաբերման եւ ընկալման ֆիզիքական յատկանիշներու ուսումնասիրութիւնը.
  • Հնչիւթաբանութիւն, հնչիւններու ուսումնասիրութիւնը՝ որպէս խօսողի մտքին մէջ առաջացող վերացական երեւոյթներ, որոնք կ'օգնեն տարբերակել իմաստներ (հնչոյթներ).
  • Ձեւաբանութիւն, ձեւոյթներու կամ բառերու ներքին կառուցուածքի ուսումնասիրութիւնը.
  • Շարահիւսութիւն, կ'ուսումնասիրէ թէ ինչպէս բառերը կը միաւորուին, կազմելու համար քերականական բառակապակցութիւններ եւ նախադասութիւններ.
  • Իմաստաբանութիւն, բառերու իմաստներու եւ կայուն բառակապակցութիւններու ուսումնասիրութիւնը.
  • Գործաբանութիւն, կ'ուսումնասիրէ, թէ ինչպէս ասոյթները կը գործածուին հաղորդակցման ընթացքին, ինչպէս նաեւ համատեքստի եւ արտալեզուական գործօններու ազդեցութիւնը իմաստին վրայ.
  • Ճառախօսութիւն-վերլուծություն, կ'ուսումնասիրէ լեզուի գործածումը յօդուածմներուն մէջ (բանաւոր, գրաւոր, նշանային խօսք).
  • Ոճաբանութիւն, կ'ուսումնասիրէ լեզուական գործօնները (ճարտասանութիւն, առոգանութիւն, շեշտ), որոնք ճառախօսութիւնը համայօդուածին մէջ կը դնեն.
  • Նշանագիտութիւն, նշաններու եւ իմաստաւորման գործընթացի՝ ցուցման, նշանակութեան, նմանութեան, համաբանութեան, խորհրդանշութեան, փոխաբերութեան եւն, ուսումնասիրութիւնը:

Ոճ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ոճաբանութիւնը կ'ուսումնասիրէ յօդուածներու մեկնաբանութիւնը՝ լեզուական եւ հնչերանգային ոճերու տեսակէտէն: Ոճաբանական վերլուծութիւնը կը յանգեցնէ բարբառներու եւ լեզուի մակարդակներու նկարագրութեան ուսումնասիրութեան: Ոճական առանձնայատկութիւններու շարքին կը պատկանին ճարտասանութիւնը,[31] առոգանութիւնը, շեշտը, երգիծանքը, հեգնանքը, երկխօսութիւնը եւ այլն: Ոճաբանական վերլուծութիւնը կրնայ ներառել նաեւ լեզուի ուսումնասիրութիւնը գրականութեան կանոնական աշխատութիւններուն մէջ, ոճային գրականութեան, լուրերուն, գովազդներուն եւ հաղորդակցման այլ ձեւերուն մէջ։ Այսպիսով, ոճաբանութիւնը յօդուածի մեկնաբանումն է:

Մօտեցումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տեսական[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լեզուաբանութեան ոլորտին մէջ քննարկման կարեւոր թեմա է, թէ ինչպէ՞ս պէտք է լեզուն սահմանել եւ հասկանալ: Որոշ լեզուաբաններ կը կիրառեն «լեզու» բառը, որպէս մարդու ուղեղին մէջ բնածին կաղապար մը, որ թոյլ կոու տայ մարդոց ձեռնարկել լեզուական վարքագիծ: Կը համարուի, որ «համընդհանուր քերականութիւնը» կ'օգնէ երեխաներուն լեզուներ սորվիլ, տարբերել որեւէ լեզուի քերականօրէն ճիշտ ձեւակերպուած նախադասութիւնները: Այս տեսակէտի հետեւորդները, որոնք կը պատկանին լեզուաբանութեան այն դպրոցին, որ հիմնուած է Նոամ Ճոմսկիի սերող տեսութեան վրայ, չեն նայիր լեզուին որպէս մէկ բան, որ առաջացած եւ զարգացած է հաղորդակցման նպատակով: Անոնք լեզուն աւելի շատ կը նկատեն որպէս մարդու միտքերը ձեւաւորող գործընթաց:

Գործնական[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լեզուաբաններու մէկ այլ խումբ «լեզու» բառը կը դիտէ որպէս հաղորդակցային համակարգ, որ զարգացած է աջակցելու համար համատեղ գործունէութեան: Քերականութեան այսպիսի տեսութիւնները, որոնք «գործնական» կը կոչուին, լեզուն կը տեսնեն որպէս մէկ գործիք, որ զարգացած եւ յարմարեցուած է այդ կիրառողներու հաղորդակցային պահանջներուն:[32]

Ձեւաբանութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լեզուաբանութիւնը հիմնականին մէջ նկարագրողական բնոյթ ունի: Լեզուաբանները կը նկարագրեն եւ կը բացատրեն լեզուի յատկութիւնները՝ առանց ենթակայական դատողութիւններ կատարելու, թէ յատկութիւններէն եւ գործածութիւններէն ո՞ր մէկն է լաւը եւ որ մէկը՝ վատ: Այս մէկը այսպէս է բոլոր գիտութիւններուն մէջ. կենդանաբանը կ'ուսումնասիրէ կենդանական աշխարհը՝ առանց իր սեփական կարծիքը յայտնելու կենդանական տեսակներու առաւելութիւններուն եւ թերութիւններուն վերաբերեալ:

Լեզուաբանական կանոնակարգումը, միւս կողմէն, ընտրութիւն կը կատարէ լեզուական գործածութիւններու միջեւ, յաճախ օժանդակելով լեզուի որեւէ բարբառի կամ ակրոլեկտի: Այս մէկուն նպատակը լեզուական տիպար կամ նորմ հաստատելն է, որուն իբր արդիւնք հաղորդակցումը աւելի դիւրին կը դառնայ: Սակայն, միւս կողմէ, լեզուական կանոնակարգումը կրնայ ըլլալ լեզուի որեւէ բարբառի գրողներու վրայ, այլ բարբառներու վրայ ազդեցութիւն գործելու արդիւնք (լեզուաբանական կայսերականութիւն): Լեզուաբանական կանոնակարգման ծայրայեղ օրինակ կրնայ ըլլալ գրաքննիչներու վարքը, որոնք կը փորձեն ոչնչացնել որոշ բառեր եւ կառոյցներ, զանոնք վնասաբեր համարելով հասարակութեան համար: Սակայն, լեզուաբանական կանոնակարգումը կարելի է ճիշտ օգտագործել լեզուի ուսուցման ժամանակ, որ թոյլ կու տայ լեզուն սորվողներուն տարբերել ճիշդ եւ սխալ կառոյցները:

Գործառական քերականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լեզուի գործառական տեսութիւնները կ'ենթադրեն, որ եթէ լեզուն հաղորդակցման համար գործիք է, ուրեմն խելամիտ կըլլայ ունեցուածքներ ուսումնասիրել, հիմնուելով անոնց գործառոյթներուն վրայ։ Քերականութեան գործառական տեսութիւնները կը տարբերին ձեւական տեսութիւններէն այդ բանով, որ վերջիններս եղանակներ կը փնտռեն, սահմանելու եւ նկարագրելու համար լեզուի տարբեր միաւորները եւ թէ անոնք, որպէս ձեւական կանոններու համակարգեր, ինչպէ՞ս կապուած են իրար հետ, մինչայդ քերականութեան գործառական տեսութիւնները կը սահմանեն լեզուի գործառոյթները, այնուհետեւ կը կապեն անոնց լեզուական այն միաւորներուն հետ, որոնք կը կատարեն այդ գործառոյթները: Այլ խօսքով՝ քերականութեան գործառական տեսութիւնները շեշտը կը դնեն անոր վրայ, թէ ինչպէ՞ս լեզուները կը գործածուին, այլ ո՛չ թէ լեզուական միաւորներու միջեւ ձեւական յարաբերութիւններու վրայ:[33] Գործառական տեսութիւնները լեզուն կը նկարագրեն, հիմուելով լեզուի տարբեր մակարդակներուն վրայ գոյութիւն ունեցող գործառոյթներու վրայ.

  • Հնչիւթաբանական գործառոյթ. հնչոյթի գործառոյթն է բառերը տարբերակել.
  • Իմաստաբանական գործառոյթ. (գործողութիւնը կատարող, հասցէատէր եւն.) կը նկարագրէ գործողութիւնը կատարողներու դերը.
  • Շարահիւսական գործառոյթներ. (օրինակ՝ ենթակայ, ստորոգեալ), կը սահմանէ լեզուական արտայայտութեան ներկայացման տարբեր տեսանկիւնները.
  • Գործաբանական գործառոյթներ (թեմա եւ ռեմա, ստորոգեալ), կը սահմանէ բաղադրիչներու տեղեկատուական կարգավիճակը, կ'որոշուի բառային փոխազդեցութեան գործաբանական միտքով:

Ճանաչողական լեզուաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1970–1980-ականներուն առաջացաւ ճանաչողական լեզուաբանութիւնը, ի հակադրութիւն սերող քերականութեան: Այդ հիմնադիրները տեսաբաններ Ռոնալտ Լանգակերը եւ Ճորճ Լակոֆֆն են: Ճանաչողական լեզուաբանութիւնը կ'ենթադրուի, որ լեզուն հասարակ նպատակային ճանաչողական գործընթացներէն բխող յատկանիշ է: Հակառակ լեզուաբանութեան սերողական ուսմունքի՝ ճանաչողական լեզուաբանութիւնը ոչ-ձեւակերպային է եւ գործառական: Ճանաչողական լեզուաբանութեան մէջ կարեւոր զարգացումներ են ճանաչողական քերականութիւնը, կառուցուածքային իմաստաբանութիւնը եւ Ձղացական փոխաբերութիւնը, որոնք բոլորը հիմնուած են այն գաղափարի վրայ, որ մարմնաւորուած իմացութենէն ստացուած արտայայտութիւններու վրայ հիմնուած ձեւ-գործառոյթ համապատասխանութիւնները կը փոխարինեն լեզուի հիմնական տարրերուն:

Ճանաչողական լեզուաբանութիւնը լեզուն կը մեկնաբանէ գաղափարներու միջոցով (երբեմն համընդհանուր եւ երբեմն առանձին լեզուին յատուկ), որոնք ինկած են անոր ձեւի հիմքին մէջ։ Այսպիսով, այդ մէկը սերտ կապուած է իմաստաբանութեան հետ, սակայն կը տարբերի հոգելեզուաբանութենէն, որ կը գործածէ ճանաչողական լեզուաբանութեան փորձառական բացայայտումները, բացատրելու համար բանաւոր եւ գրաւոր խօսքի ընկալման, ձեռքբերման, պահպանման եւ արտաբերման հիմքին մէջ ինկած գործառոյթները: Ի տարբերութիւն սերողական տեսութեան՝ ճանաչողական լեզուաբանութեան միտքին մէջ է այն փաստը, որ անկախ լեզուական ընդունակութիւն է: Այս մէկը կ'ըմբռնէ քերականութիւնը գաղափարակազմութեան տեսանկիւնէն եւ կը պնդէ, որ լեզուական գիտելիքները կ'առաջանան լեզուի գործածութեան շնորհիւ:[34] Այս համոզման պատճառով ճանաչողական լեզուաբանութիւնը երբեմն գործառական մօտեցում կը համարուի, սակայն այս մէկը կը տարբերուի գործառական այլ մօտեցումներէն այն բանով, որ այս մէկը կը զբաղի այն հարցով, թէ ինչպէ՞ս միտքը լեզուի միջոցով իմաստ կը ստեղծէ, այլ ո՛չ թէ լեզուի գործածութեամբ, որպէս հաղորդակցման միջոց:

Հետազօտութեան ոլորտ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմական լեզուաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմական լեզուաբանութիւնը կ'ուսումնասիրէ առանձին լեզուներու պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ լեզուի փոփոխութեան ընդհանուր յատկանիշները: Լեզուի փոփոխութեան եւ զարգացման ուսումնասիրութիւնը նաեւ կը կոչուի «տարժամանակեայ լեզուաբանութիւն» (որեւէ առանձին լեզուի զարգացման եւ փոփոխման ուսումնասիրութիւնը), որ կը տարբերի «համաժամանակեայ լեզուաբանութենէն» (երկու եւ աւելի լեզուներու համեմատական ուսումնասիրութիւնը տուեալ ժամանակահատուածին մէջ): 19-րդ դարուն պատմական լեզուաբանութիւնը՝ լեզուաբանութեան առաջին եւ ամէնազարգացած ենթաճիւղերէն էր։ Սակայն 20-րդ դարու առաջին կիսուն, պատմական լեզուաբանութենէն անցում կատարուեցաւ համաժամանակեայ լեզուաբանութիւն: Այդ ժամանակ յայտնի են Սոսիւրի եւ Նոամ Ճոմսկու աշխատութիւնները:

Էքոլեզուաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Էքոլեզուաբանութիւնը կ'ուսումնասիրէ լեզուի դերը մարդոց, կենդանիներու եւ շրջակայ միջավայրի կեանքի պահպանման գործընթացներուն մէջ։ Հիմնական նպատակն է զարգացնել լեզուաբանական տեսութիւններ, որոնք կը դիտարկեն մարդոց ո՛չ միայն որպէս հասարակութեան, այլ նաեւ աւելի մեծ էքոհամակարգերու մաս, որոնց վրայ հիմնուած է կեանքը: Էքոլեզուաբանութեան երկրորդ նպատակն է ցոյց տալ, թէ ինչպէս կրնայ լեզուաբանութիւնը ազդել էքոլոգիական խնդիրներու, ինչպէս օրինակ կլիմայական փոփոխութիւններու եւ կենսաբազմազանութեան նուազման վրայ:[35]

Հանրալեզուաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հանրալեզուաբանութիւնը կ'ուսումնասիրէ ձեւաւորող հասարակական երեւոյթները: Լեզուաբանութեան այս ճիւղը կը կեդրոնանայ լեզուաբանութեան միաժամանակեայ մօտեցման վրայ եւ կ'ուսումնասիրէ լեզուի կամ լեզուներու տարբերակներու դրսեւորումը տուեալ ժամանակահատուածին մէջ։ Լեզուի շեղումներու եւ տարբերակներու՝ բարբառներու, լեզուական մակարդակներու եւ յատկալեզուներու ուսումնասիրութիւնը կը կատարուի ոճի ուսումնասիրութեան եւ ճառախօսութեան վերլուծութեան միջոցով: Հանրալեզուաբանները հետազօտութեան մէջ են տարբերելու լեզուի ոճերը եւ ճառախօսութիւնը, ինչպէս նաեւ տեսական գործօնները, որոնք կան լեզուի եւ հասարակութեան միջեւ:

Զարգացումային լեզուաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զարգացումային լեզուաբանութիւնը կ'ուսումնասիրէ անհատներու լեզուական կարողութիւններու զարգացումը, մասնաւորապէս մանկութեան տարիներու լեզուի ձեռքբերման գործընթացը: Զարգացումային լեզուաբանութեան հիմնախնդիրներէն են, թէ երեխաները ինչպէ՞ս տարբեր լեզուներ կը սորվին, թէ ինչպէ՞ս մեծահասակները կը սորվին օտար լեզու, եւ թէ ի՞նչ կը ներքայացնէ լեզուի ձեռքբերման գործընթացը:

Նեարդալեզուաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նեարդալեզուաբանութիւնը կ'ուսումնասիրէ մարդու ուղեղի այն կառուցուածքները, որոնք ինկած են լեզուներու քերականութեան եւ, առհասարակ՝ հաղորդակցութեան հիմքին մէջ։ Նեարդալեզուաբանութեան մէջ ներգրաւուած են տարբեր ոլորտներու մասնագէտներ: Այստեղ տեղեկութեան մեծ մասը կը ստացուի հոգելեզուաբանութեան եւ տեսական լեզուաբանութեան ոլորտներուն մէջ կատարուած աշխատանքներէն: Նեարդալեզուաբանութիւնը կ'ուսումնասիրէ, թէ ինչպէս ուղեղը գործընթացներ կ'իրականացնէ, որոնք անհրաժեշտ են լեզուն արտաբերելու եւ հասկնալու համար: Նեարդալեզուաբանները կ'ուսումնասիրեն բնախօսական գործընթացը, որոնց միջոցով ուղեղը լեզուական տեղեկութիւնը կը մշակէ եւ կը գնահատեն լեզուաբանական եւ հոգելեզուաբանական տեսութիւնները՝ կիրառելով աֆազիոլոգիա, նեյրովիզուալիզացիա, Էլեկտրոֆիզիոլոգիա եւ համակարգչային ձեւակերպում: Նեարդալեզուաբանութեան ուսումնասիրած ուղեղի կառուցուածքներէն լեզուի արտաբերման գործընթացին մէջ կարեւոր դեր ունի ուղեղիկը:[36]

Լեզուաբանութիւնը՝ որպէս պատմական գիտութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եթէ լեզուաբանութիիւնը կ'ուսումնասիրէ մարդկային լեզուն, ապա կը նշանակէ, թէ ան միաժամանակ նաեւ պատմական գիտութիւն է։ Լեզուն քարացած երեւոյթ չէ. Ան յարատեւ կը փոխուի ու կը զարգանայ։ Լեզուաբանութիւնը կ'ուսումնասիրէ այդ պատմականօրէն զարգացող երեւոյթը իր բոլոր մանրամասներով ու բազմազնութեամբ, իր բոլոր վիճակներով ու դրսեւորումներով, իր զարգացման ընթացքով, ինչ որ ցոյց կու տայ լեզուաբանութեան պատմական բնոյթը։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Է. Բ. Աղայեան, Լեզուաբանութեան ներածութիւն

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Crystal David (1990)։ Linguistics։ Penguin Books։ ISBN 9780140135312 
  2. Halliday Michael A.K., Jonathan Webster (2006)։ On Language and Linguistics։ Continuum International Publishing Group։ էջ vii։ ISBN 0-8264-8824-2 
  3. Martinet André (1960)։ Elements of General Linguistics։ Studies in General Linguistics, vol. i.։ London: Faber։ էջ 15 
  4. Rens Bod (2014)։ A New History of the Humanities: The Search for Principles and Patterns from Antiquity to the Present։ Oxford University Press։ ISBN 0199665214 
  5. Sanskrit Literature The Imperial Gazetteer of India, v. 2 (1909), p. 263.
  6. S.C. Vasu (Tr.) (1996)։ The Ashtadhyayi of Panini (2 Vols.)։ Vedic Books։ ISBN 9788120804098 
  7. Jakobson Roman (1937)։ Six Lectures on Sound and Meaning։ MIT Press, Cambridge, Massachusetts։ ISBN 0262600102 
  8. Sharada Narayanan (2010)։ Vakyapadiya: Sphota, Jati, and Dravya 
  9. Chierchia, Gennaro & Sally McConnell-Ginet (2000)։ Meaning and Grammar: An Introduction to Semantics։ MIT Press, Cambridge, Massachusetts։ ISBN 9780262531641 
  10. All references in this article to the study of sound should be taken to include the manual and non-manual signs used in sign languages.
  11. Adrian Akmajian, Richard A. Demers, Ann K. Farmer, Robert M. Harnish (2010)։ Linguistics (6th հրտրկթն․)։ The MIT Press։ ISBN 0-262-51370-6։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 14 December 2012-ին։ արտագրուած է՝ 25 July 2012 
  12. Syntax: A Generative Introduction (Second Edition), 2013. Andrew Carnie. Blackwell Publishing.
  13. de Saussure, F. (1986). Course in general linguistics (3rd ed.). (R. Harris, Trans.). Chicago: Open Court Publishing Company. (Original work published 1972). p. 9-10, 15.
  14. Chomsky, Noam. (1965). Aspects of the Theory of Syntax. Cambridge, MA: MIT Press.
  15. Raymond Mougeon & Terry Nadasdi (1998)։ Sociolinguistic Discontinuity in Minority Language Communities։ Linguistic Society of America։ էջեր 40–55։ JSTOR 417564 
  16. «"Stylistics" by Joybrato Mukherjee. Chapter 49. Encyclopedia of Linguistics։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-10-04-ին։ արտագրուած է՝ 2018-08-21 
  17. Writing and Difference by Jacques Derrida, 1967, and Of Grammatology
  18. Chapter 1, section 1.1 in Elmer H. Antonsen (2002)։ Trends in Linguistics: Runes and Germanic Linguistics (6th հրտրկթն․)։ Mouton de Gruyter։ ISBN 3-11-017462-6 
  19. «Mobile Menu»։ benjamins.com։ արտագրուած է՝ 2018-07-07 
  20. Online Etymological Dictionary Definition of Philology
  21. Nichols Stephen G. (1990)։ «Introduction: Philology in a Manuscript Culture»։ Speculum 65 (1): 1–10։ JSTOR 2864468։ doi:10.2307/2864468 
  22. McMahon A. M. S. (1994)։ Understanding Language Change։ Cambridge University Press։ էջ 19։ ISBN 0-521-44665-1 
  23. McMahon A. M. S. (1994)։ Understanding Language Change։ Cambridge University Press։ էջ 9։ ISBN 0-521-44665-1 
  24. A. Morpurgo Davies Hist. Linguistics (1998) 4 I. 22.
  25. Online Etymological Dictionary of Philology
  26. Online Etymological Dictionary Definition of Linguist
  27. «Linguist»։ The American Heritage Dictionary of the English Language։ Houghton Mifflin Harcourt։ 2000։ ISBN 978-0-395-82517-4 
  28. Oxford English dictionary.
  29. Trudgill, P. (1994). Dialects. Ebooks Online Routledge. Florence, KY.
  30. Helen Leckie-Tarry, Language and Context: a Functional Linguistic Theory of Register, Continuum International Publishing Group, 1995, p. 6. 1-85567-272-3
  31. IA Richards (1965)։ The Philosophy of Rhetoric։ Oxford University Press (New York) 
  32. Isac Daniela, Charles Reiss (2013)։ I-language: An Introduction to Linguistics as Cognitive Science, 2nd edition։ Oxford University Press։ ISBN 978-0199660179։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-07-06-ին։ արտագրուած է՝ 2018-08-21 
  33. Nichols, Johanna (1984)։ «Functional Theories of Grammar»։ Annual Review of Anthropology 13: 97–117։ doi:10.1146/annurev.an.13.100184.000525։ «[Functional grammar] analyzes grammatical structure, as do formal and structural grammar; but it also analyses the entire communicative situation: the purpose of the speech event, its participants, its discourse context. Functionalists maintain that the communicative situation motivates, constrains, explains, or otherwise determines grammatical structure, and that a structural or formal approach is not merely limited to an artificially restricted data base, but is inadequate as a structural account. Functional grammar, then, differs from formulae and structural grammar in that it purports not to model but to explain; and the explanation is grounded in the communicative situation.» 
  34. Croft, William & D. Alan Cruse (2004)։ Cognitive Linguistics։ Cambridge: Cambridge University Press։ էջ 1 
  35. «Ecolinguistics Association» 
  36. Mariën Peter, Manto Mario (2017-10-25)։ «Cerebellum as a Master-Piece for Linguistic Predictability»։ Cerebellum (London, England)։ ISSN 1473-4230։ PMID 29071518։ doi:10.1007/s12311-017-0894-1