Պատմողական Սեռի Տեսակներ
Պատմողական սեռի հին տեսակներէն են՝
- Դիցաբանական զրոյցը (ինչպէս՝ Պրոմեթէոսի, Վահագնի, եւ այլն),
- Առասպելը (ինչպէս՝ Հայկի եւ Բէլի, Արտաւազդի, Սուրբ Սարգիսի, եւ այլն),
- Աւանդութիւնը (ինչպէս՝ Մհերի Դրան, Լուսաւորիչի Կանթեղին, Աբովեանի անհետացման, եւ այլն),
- Հեքիաթը (ինչպէս՝ Հազար ու Մէկ Գիշերներու, Հազարան Պլպուլի, եւ այլն),
- Ժողովրդական դիւցազնավէպը (ինչպէս՝ հելլեններու «Իլիական»ը, ֆրանսացիներու «Ռոլանի Երգը», հայոց «Սասունցի Դաւիթ»ը, եւ այլն)։
Այս տեսակներուն հասարակաց յատկանիշն է ժողովուրդին հաւաքական արտադրութիւն ըլլալը՝ բազմադարեան հոլովոյթի մը մէջ։ Բացի ատկէ՝ իւրաքանչիւրը ունի իր իւրայատկութիւնները։
Բոլոր այս տեսակներէն, իր կարեւորութեամբ կը զանազանուի վերջինը՝ ժողովրդական դիւցազնավէպը, որ հարազատ հայելին է տուեալ ժողովուրդի մը ազգային նկարագիրին եւ ձգտումներուն, ինչպէս Սասունցի Դաւիթը՝ հայ ժողովուրդի պարագային։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պատմողական այս նախնական տեսակներէն դէպի գրական տեսակներ անցումը եղած է աստիճանական եւ ստացած է զանազան ձեւեր։ Մէկ կողմէ՝ գրի առնուած են բերանացի երկեր (ինչպէս «Իլիական»ը՝ Հոմերոսի կողմէ, կամ շատ աւելի ուշ՝ «Սասունցի Դաւիթ»ը ԺԹ. դարուն)։ Միւս կողմէ, բազմաթիւ գրողներ փորձած են արտադրել սեփական դիւցազնավէպեր՝ իրենց ոճով, գրական դիւցազներգութիւններ։ Այս փորձը յաջող արդիւնք չէ տուած առհասարակ։
Սակայն դիւցազնավէպը, միւս հին տեսակներուն նման, նպաստած է նոր տեսակներու ծնունդին։
Վէպ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նոր ժամանակներու պատմողական տեսակներէն է վէպը։ Անիկա արձակ գեղարուեստական գրականութեան պատմողական աշխատանք մըն է, որ կը պատմէ զգալի երկարութեամբ մարդկային փորձառութիւններու մասին[1]:
Իր ներկայ ձեւին մօտիկ ձեւով մը ծնած՝ ԺԵ.- ԺԶ. դարերուն, պատմողական այս տեսակը աստիճանաբար հիմք դարձած է ծաւալուն ստեղծագործութիւններու, հանդիսանալով հին ժամանակներու դիւցազնավէպին նորօրեայ համարժէքը։
Առաջին նշանաւոր վէպերը կը ստեղծուին ԺԶ. եւ ԺԷ. դարերուն՝ Վերածնունդի եւ դասական գրականութեան դարերուն, Ռապըլէի ու Սերվանտեսի պէս գրագէտներու գրիչով։ Իսկ ԺԸ. եւ ԺԹ. դարերը կը տեսնեն Լուսաւորման դարու, ապա իրապաշտ դպրոցի մտածողական-քննադատական վէպի ծաղկումը։ Միջանկեալ՝ վիպապաշտ կոչուած հոսանքէն եւս որոշ երկեր, տարբեր զգայնութեամբ, նոյն շարժումին կը նպաստեն։
Արեւմտեան գրականութիւններու ծիրին մէջ, այս հանգրուանները նշող անուններ են՝ Ճոնաթան Սուիֆթ, Ժան Ժաք Ռուսօ, Վոլթեր, Կէօթէ, Օնորէ Տը Պալզաք, Սթենտալ, Վիքթոր Հիւկօ, Չարլզ Տիքընզ եւ Լէօ Թոլսթոյ։
Շրջանցելով դասական հոսանքը, իբր վէպի յղացքով երկեր արտադրող գրագէտներ, ԺԹ. դարու կէսէն նշանաւոր են՝ Խաչատուր Աբովեան, Րաֆֆի, Նար-Դոս, Շիրվանզադէ, Տիգրան Կամսարական, Գրիգոր Զօհրապ եւ Երուխան։
Ի. դարուն, վէպը կը շարունակէ պահել իր կենսունակութիւնը, սակայն աւելի խորանալով՝յատկապէս հոգեբանական եւ հոգեվերլուծական իմաստով։ Փիոթր Տոսթոյեւսքի, Փրուսթ, Ֆոքնըր եւ Ճոյս, Ի. դարու առաջին կէսին այս խորացումը գլխաւոր կատարողներն են։ Հայ գրականութեան մէջ, այս ժամանակաշրջանի կարկառուն դէմքերէն են՝ Յ․ Օշական, Զ․ Եսայեան, Վ․ Թոթովենց, Ակսել Բակունց, եւ այլն։
Վէպին ծաղկումը վերջին երկու-երեք դարերուն կը բացատրուի քանի մը բնորոշ գիծերով.
- Մեծ ծաւալը կարելի կը դարձնէ անհատ-կերպարներու հաւաքական երեւոյթներու բազմակողմանի դրսեւորումն ու հոլովոյթը եւ անոնց վերլուծումը:
- Իբր տեսակ՝ իր արտօնած ազատութիւնները ճոխացման եւ խորացման հարուստ առիթներ կու տան։ Անհատ-կերպարին յուզական աշխարհէն բխող քնարական հատուածներէն՝ մինչեւ անհատներու միջեւ թատերական-բեմական կացութիւններու լարումը, մինչեւ պատմական տուեալներու եւ գաղափարագրական դրոյթներու յաւելումը, վէպը կ'ընդունի բազմակի պատուաստումներ:
- Այս կենսունակութեան շնորհիւ, վէպը ծնունդ տուած է քանի մը տարբերակներու, ինչպէս՝ պատմավէպը, գիտա-երեւակայական վէպը (ի դէպ՝ տարբեր ծաւալով կամ թատրերգութեան ձեւի տակ):
- Ծաւալին չափանիշը նկատի առած՝ պէտք է յիշել նախ՝ վիպակը, որ փոքր վէպ մըն է, ապա վիպաշարը, այսինքն՝ մէկ մարմին կազմող կամ աւելի կամ նուազ իրարու կապուած քանի մը, երբեմն բազմաթիւ վէպերու շարքը։
- Պատմողական աւելի փոքր տեսակ մըն է պատմուածքը կամ նորավէպը։ Այս տեսակը զգալիօրէն կը տարբերի վէպէն։ Նորավէպը համեմատաբար սեղմ ծաւալի արձակ ստեղծագործութիւն մըն է, որ ունի դէպքերու կարճ ընթացք, գործողութեան արագ զարգացում եւ կերպարներ: Անոր բնորոշ են պատմողական չէզոք ոճը եւ անսպասելի աւարտը։ Երբեմն կ'օգտագործուի իբրեւ պատմուածքի հոմանիշ կամ կը համարուի անոր տարատեսակը։ Ժամանակակից գրականութեան մէջ նորավէպը եւ պատմուածքը յաճախ դժուար է սահմանազատել։ Պատմուածքին նման նորավէպը եւս սակաւաթիւ կերպարներ ունեցող փոքրածաւալ ստեղծագործութիւն մըն է, որ կը ներկայացնէ մարդկային կեանքի մէկ, համեմատաբար աւարտուն դրուագը։ Նորավէպին մէջ բնութեան տեսարաններու, առարկաներու, հանգամանքներու եւ հոգեվիճակներու մանրամասն նկարագրութիւններ սովորաբար չեն ըլլար[2]։
Քրոնիկ կամ փաստագրական ակնարկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պատմողական սեռի աւելի նոր տեսակ է քրոնիկը կամ փաստագրական ակնարկը՝ իր զանազան ձեւաւորումներով։ Իրապաշտներէն առաջ անիկա յարգի ձեւ մըն է գրելու, լրագրական ու որոշ կողմերով ալ գրական։ Ասոնց բնորոշ ընդհանուր գիծը՝ իրենց պատկերած դէպքերուն ու դէմքերուն իրական կեանքի մէջ պատահած ըլլալն է[3]։
Քրոնիկ-ակնարկի տեսակին կը պատկանին՝
- Բուն լրագրական քրոնիկ-ակնարկը, հանրային՝ շահեկանութիւն ունեցող երեւոյթի մը շուրջ,
- Յուշագրութիւնը,
- Օրագրութիւնը կամ օրագիրը,
- Գրական կենդանագիրը կամ դիմանկարը, ապա՝ կենսագրութիւնը (կրնայ ըլլալ նաեւ ինքնակենսագրութիւն),
- Լրագրական տոմսը՝ յաճախ կատակաշեշտ քննադատութիւն,
- Պարսաւագիրը՝ աւելի ծաւալուն, եւ ծաղրող-դատապարտող շեշտով:
Քրոնիկ տեսակի զանազան այս ձեւերուն մէջ, գրագէտին ազատութիւնը եւ երեւակայութեան թափը կը սահմանափակուին, բայց երկը չի կորսնցներ գրական-գեղարուեստական գործի իր հանգամանքը, չի դառնար իրականութեան չոր տեղեկագրում։ Երեւակայութիւնը կ'օգնէ քրոնիկագիր հեղինակին նախ՝ ընտրելու իր նիւթը, ապա՝ անոր մէջ ընտրելու եւ շեշտելու որոշ երեսներ, որոշ փաստեր։ Ան յաճախ նաեւ անձամբ կ'երեւի ակնարկին մէջ, կը միջամտէ, կը մասնակցի․․․:
Այլ խօսքով, քրոնիկ-ակնարկային երկը՝ կեանքի եւ գրականութեան կէս-ճամբուն վրայ՝ ձեւով մը կը կազմէ գրականութեան «հետախուզութիւնը», ճամբայ կը բանայ պատմողական միւս տեսակներուն։
Կեանքին մօտէն առնչուող գրականութեան մը մէջ, անփոխարինելի է քրոնիկային երկերու դերը։