Օնորէ Տը Պալզաք
Օնորէ Տը Պալզաք (ֆրանսերէն՝ Honoré de Balzac, ծննդեան անունը՝ Օնորէ Պալզաք, տը մասնիկը սկսած է օգտագործել 1830-էն, ֆրանսացի գրող[14]։
Կենսագրական Գիծեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 1799-ին, Ֆրանսայի Թուր քաղաքին մէջ, հարուստ գիւղացի ընտանիքի մը յարկին տակ։ Հայրը կը պատրաստէր որդին փաստաբան դառնալու։
1807-1813 թուականներուն Պալզաք կ'ուսանի Վանտոմի դպրոցին մէջ:
1816-1819 թուականներուն՝ ուսումը կը շարունակէ Փարիզի իրաւագիտական դպրոցին մէջ, միաժամանակ նոտարի մը քով գրագիր աշխատելով։ Սակայն հետագային կը ձգէ այդ ասպարէզը՝ ինքզինք նուիրելով գրականութեան։
Պալզաք մանուկ հասակին ընկերներ չունէր. հարազատներէն կտրուած էր, իսկ 14 տարեկանին հոգեկան եւ ջիղերու խանգարում ունեցած էր, որուն պատճառով ալ սակաւախօս ու ինքնամփոփ անձ մը դարձած էր։
Օր մը, Օնորէ ինքնիրեն խոստում կու տայ, որ հանճարեղ ու հանրաճանաչ գրող մը պիտի դառնայ։
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1825-1828 թուականներուն կը զբաղի հրատարակչական գործունէութեամբ, սակայն յաջողութիւն չի գտներ։ Ապա կը փորձէ Ուքրանիայէն Ֆրանսա կաղնիի ծառեր ներմուծել, սակայն նոյնպէս ձախողութեան կը մատնուի[15]։
Պալզաք իր աշխատասիրութեան եւ յամառութեան շնորհիւ նշանաւոր կը դառնայ։ 1829-ին լոյս կը տեսնէ Պալզաքի անունով ստորագրուած առաջին գիրքը՝ «Շուաններ» (Les Chouans) պատմական վէպը։ Անոր յաջորդ ստեղծագործութիւնները կ'ըլլան՝ «Անձնական կեանքի դրուագներ» (Scènes de la vie privée, 1830), «Երկարակեցութեան կենսահիւթը» (L'Élixir de longue vie, 1830-1831), «Կոպսեք» վիպակը (Gobseck, 1830), որոնք մեծապէս կը գնահատուին ընթերցողներու եւ քննադատներու մօտ։ 1831-ին Պալզաք կը հրատարակէ «Շակրենի կաշին» փիլիսոփայական վէպը եւ կը սկսի յօրինել «Երեսնամեայ կինը» (La femme de trente ans) վէպը։ «Չարաճճի պատմուածքներ» շարքին մէջ (Contes drolatiques, 1832-1837) Պալզաք հեգնանքով կ'ընդօրինակէ Վերածննդեան պատմուածքներու ոճը։ Մասամբ ինքնակենսագրական «Լուի Լամպեր» (Louis Lambert, 1832) եւ յատկապէս «Սերաֆիթա» (Séraphîta, 1835) վէպերուն մէջ կ'արտացոլայ Պալզաքին հետաքրքրութիւնը Սվետենպըրկի եւ Մեն-Մարթենի խորհրդաւոր մտայղացումներով։
Պալզաք ծանօթ էր իր բացառիկ աշխատասիրութեամբ. գրասեղանին առջեւ նստած կը ստեղծագործէր օրական 15-16 ժամ՝ իւրաքանչիւր տարի հրատարակելով երեքէն վեց գիրք: Գրողին աշխատանքային օրը կէս գիշերին կը սկսէր: Միայն սուրճ խմելու ընթացքին կը հանգստանար։ Ականատեսներ կը վկայեն, որ ան ընդմիջումներու ընթացքին ծայրայեղութենէ ծայրայեղութիւն «կը թռչէր». կա՛մ շատ կ'ուտէր եւ կամ իր սիրուհիներուն հետ ժամանակ կ'անցընէր։ Պալզաք արտաքնապէս գեղեցիկ տղամարդ մը չէր, կարճահասակ եւ գէր էր ու նոյնիսկ ինքզինք չէր խնամեր։ Իր խօսքը շատերու համար «կենդանի շունչ» էր՝ գեղեցիկ ու սրամիտ բառերով շարադասուած։ Երբ կը խօսէր՝ իր զրուցակիցը անմիջապէս անոր իմաստութենէն կը հրապուրուէր։ Ահա թէ ինչո՛ւ կին արարածները մէկ անգամէն կրնային իրեն սիրահարուիլ։
Պալզաք այն գրողն էր, որ առանց իր գործերը վերընթերցելու, սրբագրելու եւ խմբագրելու՝ հրատարակութեան կը յանձնէր։ Հակասական եւ տարօրինակ մարդ մըն էր։ Թշուառութեան մէջ ըլլալով հանդերձ, միշտ ճերմակ վերնաշապիկով դուրս կու գար։
Սկզբնական շրջանին Պալզաք պատմական թեմաներով արկածախնդրական վէպեր գրած է։ Հանրայայտ դարձած է «Շուաններ» վէպով, զոր նուիրուած է 1799-ի ապստամբութեան: Պալզաք իր այս գործին մէջ պատկերած է հասարակ ժողովուրդը եւ շարքային զինուորները, որոնք ձգտած են պահպանել յեղափոխութեան նուաճումները։
Երկեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1834-ին Պալզաք կ'ուզէ իր ստեղծած եւ ստեղծելիք բոլոր երկերը ամփոփել բազմահատոր շարքի մը մէջ։ Այդ շարքը ան հետագային կը վերնագրէ «Մարդկային կատակերգութիւն»։
Այդ շարքին վրայ Պալզաք կ'աշխատի մինչեւ իր կեանքին վերջը։
Ան այդ շարքը կը բաժնէ երեք մասի՝
- «Բարքերու մասին ուսումնասիրութիւններ»,
- «Փիլիսոփայական ուսումնասիրութիւններ»,
- «Վերլուծական ուսումնասիրութիւններ»։
Առաջին մասին մէջ կը ներառուին՝
- «Անձնական կեանքի դրուագները» («Կոպսեք», «Երեսնամեայ կինը», «Գնդապետ Շապերը» (Le colonel Chabert, 1844), «Հայր Կորիօն» (Le Père Goriot, 1834-1835)) եւ այլն):
- «Գաւառական կեանքի դրուագները» («Թուրի հոգեւորականը» (Le curé de Tours, 1832), «Էօժենի Կրանտէ» (Eugénie Grandet, 1833), «Կորսուած պատրանքները» (Les Illusions Perdues, 1837-1843) եւ այլն), «դրուագներ փարիզեան կեանքէն» («Տասներեքին պատմութիւնը» եռագրութիւնը (L’Histoire des Treize, 1834), «Սեզար Պիրոթթօ» (César Birotteau, 1837), «Նիւսինկենի դրամատունը» (La Maison Nucingen, 1838) եւ այլն):
- «Ռազմական կեանքի դրուագներ»,
- «Քաղաքական կեանքի դրուագներ»,
- «Գիւղական կեանքի դրուագներ»։
Հետագային շարքը կը համալրուի «Մոտեսթ Մինիոն» (Modeste Mignon, 1844), «Զարմուհի Պեթը» (La Cousine Bette, 1846), «Զարմիկ Փոնսը» (Le Cousin Pons, 1847) վէպերով, ինչպէս նաեւ շարքը ամփոփող «Ժամանակակից պատմութեան աստառը» (L’envers de l’histoire contemporaine, 1848) վէպով։
Պալզաքի ստեղծագործութիւններէն շատերը թարգմանուած են հայերէնի եւ հրատարակուած՝ 1950-1960-ական թուականներուն։
Պալզաքի Սիրոյ Պատմութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փարիզի աղջիկներու սիրելին էր սիրառատ Պալզաքը։ Ամէն օր աշխարհի տարբեր անկիւններէն տասնեակ նամակներ կը ստանար։ Իսկ օր մը իր ձեռքը կ'անցնի նամակ մը, որուն մէջ գրուած էր.
«Ձեր հոգին դարեր տեսած ու ապրած է։ Իսկ շատեր զիս կը վստահեցնեն, որ դուք տակաւին երիտասարդ էք։ Երբ կարդացի ձեր ստեղծագործութիւնները՝ սիրտս թրթռաց։ Դուք տուած էք կնոջ իսկական արժանիքներն ու սէրը, զորս կնոջ համար պարգեւ են եւ աստուածային ճառագայթում։ Ձեր հոգւոյն նրբութիւնը զարմացուցած է զիս եւ ձեզի թոյլ տուած է, որ դուք կնոջ հոգին կարողանաք կռահել ու հասկնալ…»:
Ձեռագիրն ու գրելու ոճը անծանօթին մասին շատ բան կը «պատմէր»։ Պալզաք առաջին իսկ վայրկեանէն կը հասկնայ, որ նամակին հեղինակը երիտասարդ, գեղեցիկ ու մեծահարուստ կին մըն էր։ Շուտով անծանօթուհին ինքզինք կը բացայայտէ։ Ան լեհ Էւելինա Հանսքան էր, որ Ուքրանիոյ Օտեսա քաղաքին մէջ կ'ապրէր։ Էւելինան 32 տարեկան էր. ամուսնացած էր, սակայն իր տարիքը միշտ կը պահէր եւ ինքզինք հինգ տարի աւելի փոքր կը ներկայացնէր։ Պալզաք եւ Էւելինա 16 տարի շարունակ կը նամակակցին։ Պալզաք իր հեռաւոր անծանօթուհիին կը գրէր.
«Ինձմէ մի՛ վախնաք։ Մի՛ հաւատաք իմ մասիս կատարուած զրպարտութիւններուն։ Ես պարզապէս երեխայ եմ, սակայն աւելի պարզամիտ եմ։ Բայց ես երեխայի պէս մաքուր եմ ու երեխայի պէս սիրել գիտեմ…։ Պաշտելիս, իմ հպարտ թագուհիս, արեւմուտքի վարդ, հիւսիսային աստղ, սիրտիս տիրուհին, վեհաշուք անծանօթուհիս…»:
Էւելինան եւ Պալզաք սիրահարուած էին եւ ապագայի մասին ծրագիրներ ունէին։ Պալզաք իր նամակներուն մէջ միշտ սիրոյ եւ հաւատարմութեան խօսքեր կը շռայլէր, սակայն իր հեռաւոր սիրելիին միշտ կը դաւաճանէր։ Վերջապէս, 1833-ին, Օնորէն ու Էւելինան կը հանդիպին։ Պալզաք երբ Էւելինան կը տեսնէ, կը հիանայ եւ անգամ մը եւս կը սիրահարուի։ Իսկ Էւելինան իր մտածումներն ու յոյզերը իր ընկերուհիին ուղղուած նամակին մէջ հետեւեալ բառերով կ'արտայայտէ.
«Դիմացս գէր, կարճահասակ, կլորադէմ, ճերմակ մազերով տղամարդ մը կանգնած էր, որուն առջեւի երկու ակռաները չկային։ Շատ հասարակ հագուածք մը ունէր, կարծես ծառայ մըն էր»:
Էւելինա հիասթափուծ էր, իր սիրելին այսպէս չէր պատկերացուցած, բայց նոյն նամակը կ'աւարտէր, ըսելով.
«Անբասիր կինը կարելի է գերել միայն միտքի թովչանքով եւ ազնուութեամբ։ Իմ խօսքերս չես կրնար ամբողջապէս հասկնալ, քանի որ զինք չես տեսած։ Իր աչքերը խօսուն ու արտայայտիչ են»:
1850-ին, Էւելինային ամուսինին մահէն ետք՝ անոնք կ'ամուսնանան։ Պալզաք այս առիթով իր մտերիմ ընկերոջ հետ իր ուրախութիւնը կը կիսէ, ըսելով. «Երեք օր առաջ ես ամուսնացայ այն միակին հետ, զոր սիրած եմ, աւելի կը սիրեմ եւ պիտի սիրեմ մինչեւ մահ»: Պալզաք չէր խաբած։ «Աղմկոտ» երիտասարդութենէն, բազմաթիւ սիրավէպերէն ու կիներէն յոգնած էր։ Ան կը ցանկար ջերմութիւն եւ հոգատարութիւն, խաղաղ ու հանգիստ ծերութիւն՝ իր սիրելի Էւելինայի հետ։ Սակայն հինգ ամիս անց ծանր կը հիւանդանայ ու կը մահանայ։ Նախքան մահանալը, կ'ըսէ.
«Հասնելով նպատակիս՝ կը մեռնիմ, ինչպէս հին սուրհանդակ մը։ Սէրն ու մահը միաժամանակ սիրտիս դռնէն ներս կը մտնեն։ Սիրելի կինը նուաճել՝ երբ սէրը արդէն հանգչած է…»:
Շատեր կ'ըսեն, որ իր մահուան մահիճին մէջ անգամ Պալզաք իր ստեղծած հերոսները կը կանչէր ու անոնց հետ կ'ապրէր, որովհետեւ կը հաւատար, որ այդ հերոսները զինք կրնային բուժել։
Գրական Յատկանիշներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պալզաք առանձնայատուկ էր իր գրիչով ու գրական նկարագրութեամբ։ Առարկաները, երեւոյթները մանրամասն կը նկարագրէր եւ կը փորձէր ընթերցողին հոգւոյն մէջ խորասուզուիլ։ Ոգեշնչուած էր սկովտացի խորհրդապաշտ գրող Ուոլթըր Սքոթէն, որուն ազդեցութիւնը վառ կերպով կը տեսնենք իր գրական ստեղծագործութեանց մէջ։
Պալզաքէն առաջ գիւղական կեանքը գրականութեան եւ գեղարուեստին կ'ընծայէր միայն քնքուշ հովուերգութեանց եւ կայտառ պատկերներու նիւթեր։ Պալզաքի թափանցող հանճարը առաջինը կ'ըլլայ, որ կը նշմարէ նորութիւնը այն հարցերուն, զորս արդի գրականութեան եւ ընկերաբանութեան առջեւ կը դնէր ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութեան մրրիկը։ Իր սովորական յստակատեսութեամբ, Պալզաք կը հասկնայ գիւղական կեանքին բովանդակ բարդութիւնը եւ ցոյց կու տայ, որ յեղափոխութիւնը կը պայթէր, իսկ ըմբոստացած գիւղացիները՝ համախումբ զայրագին ատելութեամբ կը խոյանային մեծ հողատէրերու անառիկ դղեակներուն վրայ։
Ժամանակի հասարակական, քաղաքական, ընտանեկան կեանքին բնորոշ երեւոյթները՝ եսասիրութիւնը, բարոյական անկումը, նիւթականի ապականիչ ազդեցութիւնը եւ մարդուն ճակատագիրը կ'արտացոլան հեղինակին շարք մը գործերուն մէջ։ Պալզաք քննադատած է թէ՛ մեռնող ազնուականութեան այլասերումը, թէ՛ նոր ձեւաւորուող ազնուական հասարակութեան անբարոյականութիւնն ու անսկզբունքայնութիւնը, թէ՛ տնտեսական յարաբերութեանց զարգացման կամայականութիւնն ու քաոսը, թէ՛ հասարակ ժողովուրդին աղքատացումը («Գիւղական բժիշկ» (1833), «Կեսար Բիրոտոյի փառքն ու անկումը» (1837), «Ցանկամոլներու պերճանքն ու թշուառութիւնը» (1838-1847), «Ամուրիին կեանքը» (1841), «Գիւղական քահանայ» (1841), «Մութ գործ» (1841), եւ այլն):
Պալզաքին Միտքերէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գովուերգական եւ կանխակալ կարծիքներով առաջնորդուող մամուլը պարզապէս ստրուկն է շահակցութիւններու եւ մեծամիտներու: Անոնց համար Պալզաք կ'ըսէ.
Անոնք այնքա՜ն առաքինութիւններ իրենք իրենցմէ դուրս կը ցուցադրեն, որ իրենց համար ներսը ոչինչ կը մնայ: - [16]
|
Պալզաք կը թելադրէ, որ
Մարդ իր երկրորդ կրօնը ընէ իր խօսքը եւ իր խոստումը համարէ` կապուած իր պատիւին: - [17]
|
Դժուար բան է երջանկութիւնը, որովհետեւ դիւրին չէ զայն մեր մէջ գտնել եւ անկարելի է զայն ուրիշ տեղ գտնել: - [18]
|
Կեանքի մէջ երբեք չէք կրնար մօրմէն աւելի լաւ խոր ու իրական սէր գտնել: |
Մտածելը քաղաքական կամքի առաջին քայլն է: Մտածել նաեւ ուրիշները լսելով՝ իմաստութիւն է: |
Յեղափոխութեան պարագային, սկզբունքներու առաջինը այն է, որ չարիքը զոր կարելի չէ արգիլել, զայն կարենալ ղեկավարել է: - [19]
|
Իշխանութիւնը արարք է, եւ ընտրական սկզբունքը վիճարկումն է: Կարելի քաղաքականութիւն չկայ մնայուն վիճարկումով: - [20]
|
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Adamson, Donald (2001). Balzac and the Tradition of the European Novel.
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Deutsche Nationalbibliothek Record #118506358 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
- ↑ 2,0 2,1 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ 3,0 3,1 Encyclopædia Britannica
- ↑ 4,0 4,1 Deutsche Nationalbibliothek Record #118506358 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
- ↑ 5,0 5,1 Резник Р. А. Бальзак Оноре де // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохорова — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
- ↑ 6,0 6,1 Archivio Storico Ricordi — 1808.
- ↑ Mirbeau O. La Mort de Balzac — 1989.
- ↑ A. Henry Le Père Lachaise historique, monumental et biographique — Paris: chez l'auteur, 1852. — P. 103. — 116 է.
- ↑ 9,0 9,1 Չեխիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
- ↑ 10,0 10,1 Գերմանիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
- ↑ Portraits de décorés de la Légion d'honneur
- ↑ Honoré de Balzac Biography
- ↑ Madame Louise Antoinette- Laure de Berny
- ↑ «Օնորէ Տը Պալզաք»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-08-11-ին։ արտագրուած է՝ 2022-08-11
- ↑ Պալզաքի նախափորձերը
- ↑ Պալզաքի Միտքերէն
- ↑ Պալզաքի թելադրանքը
- ↑ Երջանկութեան գաղտնիքը
- ↑ Պալզաք
- ↑ Մտորումներ
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Օնորէ տը Պալզաքը հայկական հանրագիտարանին մէջ Archived 2022-07-26 at the Wayback Machine.
- Պալզաքը գրապահարանին մէջ[permanent dead link]
- Պալզաքի միտքերէն[permanent dead link]
- Օնորէ տը Պալզաքը դասարան․ամ կայքին մէջ Archived 2020-02-15 at the Wayback Machine.
- 20 Մայիսի ծնունդներ
- 1799 ծնունդներ
- 18 Օգոստոսի մահեր
- 1850 մահեր
- Փարիզ մահացածներ
- Հոդուածներ, որոնք մրցանակակիրների ստորոգութեան կարիք ունեն
- Անձինք այբբենական կարգով
- Գրողներ այբբենական կարգով
- Յօդուածներ որոնց մէջ փճացած յղումներ կան from October 2023
- Ֆրանսացի արձակագիրներ
- Փարիզի համալսարանի շրջանաւարտներ
- Փեր Լաշէզ գերեզմանատան մէջ թաղուածներ
- Անձինք նամականիշերու վրայ
- Ֆրանսացի գրողներ
- Ֆրանսացի վիպասաններ
- Ֆրանսացի գրաքննադատներ
- Ֆրանսացի լրագրողներ
- Ֆրանսացի դրամատուրքեր