Պաղտասար Դպիր
Պաղտասար Դպիր | |
---|---|
Ծնած է | 7 Յունիս 1683 |
Ծննդավայր | Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 30 Յունուար 1768 (84 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մասնագիտութիւն | բանաստեղծ, երգահան, գիտնական, հրատարակիչ |
Կեսարեան, Կոստանդուպոլսեցի, 7 Յունիս 1683, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 30 Յունուար 1768, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ բանաստեղծ, երաժիշտ, գիտնական, հրատարակիչ, ազգային եւ կրթական լուսաւորման շարժման գործիչ, եղած է նախակենդանացման շրջանի առաջնորդ դէմքերէն։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պաղտասար դպիրին կենսագրութիւնը գրի չէ առնուած, հակառակ անոր, որ ան եղած է կարեւոր գործիչ մը։ Այդ պատճառով իր մասին կենսագրական տեղեկութիւնները քիչ են։ Գարեգին Լեւոնեան կը հաղորդէ, որ Պաղտասար դպիրին ծնողները՝ Գրիգորն ու Թուրվանտը, Կեսարիայէն կը գաղթեն Կոստանդնուպոլիս, ուր ան կը ծնի։ Նախնական ուսումը կը ստանայ տեղական դպրոցներէ ներս, եւ կ'աշակերտէ Էջմիածնայ կաթողիկոսին նուիրակին՝ Աստուածատուր եպիսկոպոս Ջուղայեցիին[1]։ 1741-ին Պաղտասար Դպիր կը նշանակուի Գում գաբուի դպրանոցին տեսուչը։ Իր աշակերտներէն շատեր կ'ըլլան ապագայի երեւելի դէմքեր, գրողներ եւ առաջնորդներ, ինչպէս Էջմիածնայ Կաթողիկոս՝ Սիմէոն Երեւանցին (գահակալած՝ 1763 - 1780), եւ բանաստեղծ Պետրոս Ղափանցին։
Լեզուաբանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայ բանաստեղծութիւնը վաղ միջնադարուն կը գրուէր գրաբարով։ ԺԲ. դարէն սկսեալ գրաբարը աստիճանաբար կը դադրի գործածութենէ եւ տեղը կը զիջի խօսակցական լեզուին՝ Միջին հայերէնին։ ԺԳ. դարուն կը սկսի նոր շարժում մը՝ վերակենդանացնելու համար գրաբարը, ո՛չ թէ եկեղեցական մտայնութիւնը վերականգնելու նպատակով, այլ՝ առ ի հետեւանք այն ծանր պայմաններուն, որոնց մէջ կ'ապրէր հայ ժողովուրդը թրքական եւ պարսկական տիրապետութիւններու երկարատեւ ժամանակաշրջանին, երբ մեծապէս տկարացած էին հայ միտքն ու լեզուն եւ հասած անկման եզրին։ Այս շրջանին հայ երեւելի դէմքեր միջոցը կը գտնեն գրաբարին ընդմէջէն հայ մշակոյթը վերակենդանացնելու[2]։
Պաղտասար Դպիր, ինչպէս նաեւ Պետրոս Ղափանցին, Գրիգոր Օշականցին, Սիմէոն Երեւանցին եւ ուրիշ մշակութային գործիչներ, կը հաւատան այս գաղափարին, եւ կ'աշխատին վերականգնելու եւ օգտագործելու գրաբարը իբր գրական լեզու։ Անոնք կ'ուզեն նոր գրականութիւնը կապել հինին, գործօն կիրառութեամբ մը միաւորել միջնադարեան գրականութեան հարուստ աւանդութեան հետ[3]։ Կը փորձեն պարզեցուած եւ դիւրըմբռնելի գրաբար հայերէնը մատչելի դարձնել հասարակ ժողովուրդին՝ առանց անոր տեղը զիջելու աշխարհաբարին[1]։
Պաղտասար Դպիր իր երգերը կը գրէ գրաբարով, սակայն այնքան պարզ եւ մատչելի լեզուով, որ գրեթէ կը հասնի աշխարհաբարի ըմբռնելիութեան։ Լեզուն մաքուր է եւ չի գործածեր թրքերէն եւ պարսկերէն բառեր։ Անոնց մէջ չ'զգացուիր նոյնիսկ Պոլսոյ բարբառին ազդեցութիւնը։ Այս վերջինը ի յայտ կ'ելլէ անոր աշխարհաբար գրութիւններուն մէջ, որ ուրիշ բարբառներու նման կը պարունակէր մեծ թիւով օտար բառեր։ Օրինակի համար հետեւեալ պարբերութիւնը իր «Գիրք Քերականութեան» գիրքին յառաջաբանէն[4]։
- «Գրոց բան հասկնալու համար սէր ունեցող փոքրիկ տիրացուներուն համար է այս փոքրիկ քերականութիւնս։ Որ թէ զայս կարդան եւ սորվին, զմեծ քերականութիւնն հեշտ կու հասկընան. եւ ով որ քերականութիւն չէ կարդացեր, անոր կարդացողութիւնն պակաս կը սեպուի ի մէջ կարդացողաց. ինչ ղատար շատ բան կարդացուած ու գիտցած ալ ըլլայ ալ նէ։ Զէրէ սա՛ խօսքիս արմատը՝ եանի ասլը թէմէլը ո՞րն է, կամ թէ այս խօսքս քանի կերպ կ'ըլլայ ըսես նէ, չի կրնար գիտնալ. եւ երբ որ մէկ բանին ասլը թէմէլը չի գիտցըվինէ, պէլլիյէ որ այն բանը աղեկ մը գիտցըված չըլլար։»
Քնարերգութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պաղտասար Դպիր մեծապէս կը նպաստէ հայ նոր բանաստեղծութեան զարգացման[5]։ Անոր քնարերգութիւնը իր նիւթերով ու ընդհանուր տրամադրութեամբ աւանդական է, սակայն ան կը պարունակէ ազատասիրութեան եւ ազատամտութեան թեմաները։ Ան կ'օգտագործէ ոչ միայն սիրոյ գաղափարը, ինչպէս այդ շրջանի գուսանները, այլեւ ընկերային, կրօնական եւ բարոյական նիւթեր[1]։ Լեզուին յղկուածութիւնը չի պարտադրեր զսպուածութիւն, այլ՝ իր ժամանակակիցներուն նման, կրքոտ է ու անկեղծ[3]։
Պաղտասար դպիրին քնարերգութիւնը քննարկողները ուշադրութիւն կը դարձնեն «Առ Մամոնայն» խորագիրով տաղին վրայ, որ իր ժամանակակից տաղերուն բաղդատմամբ ինքնատիպ է։ Պաղտասար Դպիր կը բացայայտէ դրամին եւ հարստութեան կործանարար իշխանութիւնը մարդուն վրայ։ Ան Մամոնայի մասին կը գրէ ժողովրդական բարոյականութեան տեսակէտէն, որ կը մերժէ անոր սարսափելի աստուածութիւնը[3][6]։
- Ուստի՞ ծընար, ո՛վ բռնաւոր,
- Որ քեզ նըման, ո՛չ գոյ յերկրի,
- Որ թէ չըտաս դու ձեռն ումեք,
- Ո՛չ զօրանայ եւ ո՛չ բերկր
- Թէ՛ թագաւորք եւ թէ՛ կայսերք
- Քո օգնելոյդ են միշտ կարօտ,
- Իսկ առանց քո՝ ե՛ն յոյժ տըկար,
- Որպէս արջառ մի անարօտ։
Պաղտասար Դպիր ստեղծագործական որոշակի վերաբերմունք կը ցուցաբերէ հայ հին գուսանական ու եկեղեցական, ինչպէս նաեւ իր ժամանակակից արեւելեան երգարուեստին նկատմամբ։ Աշխարհիկ, եւ յատկապէս սիրային երգերու համար ան կ'օգտագործէ ազգային՝ հայկական աւանդական, ինչպէս նաեւ արեւելեան մեղեդիներ[1][5]։
Անոր նշանաւոր տաղերէն «Ի Ննջմանէդ Արքայական Զարթիր» (1707) երգին մէջ կը զուգակցին նոր աշուղական ու հին եկեղեցական դասական երաժշտութեան քանի մը գիծեր[5]։ Այս երգը սիրային է, սակայն փոխաբերական առումով կոչ մըն է իր ժողովուրդին, որ սթափի իր թմրութենէն եւ պայքարի օտար տիրապետութեան դէմ[1]։
Իր քնարերգական ժառանգութեան ամէնէն կարեւոր եւ ամէնէն արժէքաւոր մասերէն է «Տաղիկներ Սիրոյ եւ Կարօտանաց» խորագրուած շարքը[7]։ Անոր «Տաղարան Փոքրիկ Պաղտասար դպիրին Ասացեալ Զանազան Գունով» (1723) գիրքը յաւելումներով եւ վերաքաղներով լոյս կը տեսնէ եօթ անգամ[8]։
Պաղտասար Դպիր գրած է նաեւ հայատառ թրքերէն բանաստեղծութիւններ[5]։
Դաստիարակչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պաղտասար դպիր ձգած է դաստիարակչական բեղուն ժառանգութիւն։
1741-ին Յակոբ Նալեան Պատրիարք զինք կը նշանակէ Գում գաբուի դպրոցին տեսուչը։ Անոր գործունէութեան շրջանին դպրանոցը մեծապէս կը ծաղկի[1][5]։ Պաղտասար Դպիր երկար տարիներ կը դասաւանդէ մայրենի լեզու, քերականութիւն, երաժշտութիւն եւ այլ նիւթեր։
1736 - 1760 թուականներուն ան կը կազմէ եւ կը հրատարակէ հայերէն լեզուի ուսուցման դասագիրքերու շարք մը՝ գրաբար ու աշխարհաբար լեզուներով, որոնք շուրջ դար մը կը դասաւանդուին հայկական դպրոցներէն ներս[5]։
Պաղտասար դպիրին ամէնէն կարեւոր դաստիարակչական գործերէն են.
- «Պարզաբանութիւն Քերականութեան Կարճառօտ եւ Դիւրիմաց» (1736),
- «Հատոր Երկրորդ Քերականութեան. Կիրառութիւն Մասանցն Բանին որ է Շարունակումն Իրեարս Ըստ Քերթողացն» (1736),
- «Օրինակք Բարեւագրաց» (1752),
- աշխարհաբար լեզուով պատրաստուած դասական հայերէնի քերականութեան գիրք՝ «Գիրք Քերականութեան» (1760),
- «Համառօտ Մեկնաբանութիւն Տրամաբանութեան» (1822),
- «Ժամանակագրութիւն» (հրտ. 1951),
- «Համառօտութիւն Պատմութեան Մովսէս Խորենացւոյ» (անտիպ)։
- Անոր լեզուաբանական աշխատանքներէն մեզի հասած է «Ցանկ Գիրք Նոր Կտակարանին» երկը (1753)[7]։
Տպագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ԺԸ. դարէն սկսեալ Կոստանդուպոլսոյ տպագրատուները շատ գնահատելի դեր կը խաղան հայ մշակոյթի տարածման մէջ[9]։ Պաղտասար Դպիր 1720 - 1760 տարիներուն մեծապէս կը նպաստէ հայ գրական-հրատարակչական աշխատանքներուն։ Ան կը կազմէ հայագիտական գիրքերու գիտա-համեմատական բնագիրեր։ Կը խմբագրէ պատմական, փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական գիրքեր[5]։ Յաճախ ինք կը պատրաստէ հրատարակուելիք գիրքի մը բնագիրը եւ տպագրութեան յանձնելէ առաջ կ'ընտրէ ձեռագիր օրինակներ, զանոնք կը համեմատէ իրարու հետ ու կը սրբագրէ նախկին հրատարակութիւններուն սխալներն ու աղաւաղումները[10]։
Իր հսկողութեան տակ լոյս կը տեսնեն հայ դասական գրողներու բազմաթիւ գործեր, որոնցմէ շատերը կը տպուին առաջին անգամ ըլլալով։ Ասոնցմէ են՝
- Զենոբ Գլակի «Գիրք Պատմութեան Երկրին Տարօնոյ» (1719),
- «Գիրք Որ Կոչի Հարանց Վարք» (1720),
- Առաքել Սիւնեցիի «Ադամագիրք» (1721),
- Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» (1726),
- Սիմէոն Ջուղայեցիի «Գիրք Տրամաբանութեան» (1728),
- Գրիգոր Տաթեւացիի «Գիրք Հարցմանց» (1729),
- Դաւիթ Անյաղթի «Գիրք Սահմանաց» (1731)[5]։
Վկայութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Պաղտասար Դպիրը` ժամանակի յառաջադէմ գաղափարներու եւ ժողովրդական նուիրական իղձերու արտայայտիչը, կրցած է միահիւսել հայ քնարերգութեան տարբեր կենսունակ երակները եւ ստեղծել նորօրինակ ազգային բանաստեղծութիւն մը` դառնալով իսկապէս նորարար երգիչ, հիմնելով բանաստեղծական մէկ ամբողջ դպրոց». - Հենրիկ Բախչինեան[11]
|
Երկեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Պաղտասար Դպիր, «Քերականութիւն», հատոր Ա.-Բ., Կ. Պոլիս, տպ. Աստուածատուր Կոստանդնուպոլսեցի, 1736-1738:
- Պաղտասար Դպիր, «Կրթութիւն Քրիստոնէական», Կ. Պոլիս, 1742:
- Պաղտասար Դպիր, «Շահաւէտ», Կ. Պոլիս, տպ. Յովհաննէս Աստուածատրեան, 1750, 96 էջ:
- Պաղտասար Դպիր, «Ցանկ Գիրք Նոր Կտակարանի», Կ. Պոլիս, տպ. Յովհաննէս Աստուածատրեան, 1753, 176 էջ:
- Պաղտասար Դպիր, «Քերականութիւն», Կ. Պոլիս, 1753, 176 էջ:
- Պաղտասար Դպիր, Տաղարան փոքրիկ, Տաղարան սիրոյ եւ կարօտանաց, Տաղարան փոքրիկ, Կ.Պոլիս, տպ. Յովհաննէսի եւ Յակոբի, 1768, 128+136+112 էջ:
- Պաղտասար Դպիր, Կրթութիւն Քրիստոնէական, Կ. Պոլիս, 1777, 192 էջ:
- Պաղտասար Դպիր, Օրինակք բարեւագրաց, Կ. Պոլիս, 1786, 168 էջ:
- Պաղտասար Դպիր, Քերականութիւն, հատոր Ա. - Բ., Մատրաս, տպ. Յարութիւն Շմաւոնեան Շիրազեցի, 1791, 304 էջ:
- Պաղտասար Դպիր, Օրինակք բարեւագրաց, նորապէս շարադրեցեալ, Կ. Պոլիս, 1807, 148 էջ:
- Պաղտասար Դպիր, Կրթութիւն քրիստոնէական պաշտօնի, Կ. Պոլիս, տպ. Մահտեսի Մարտիրոսի Վանեցւոյ, 1816:
- Պաղտասար Դպիր, Պու գիրք օլ տուրքի Քրիստոնէական հաւատքըմըզա Իգթիզալը Կերէք օլան Պիր գաչ Էօյրէնիլէճէքլէր՝ Հայճայ պիլմէյէն քրիստոնեայ եղբայրլարըմըզ իչին Թիւրքճէ շարադրել օլունտու Վէ ատընը Կրթուի Քրիստոնէական տէտիք, Կ. Պոլիս, տպ. Պօղոս Յովհաննիսեան, 1816, 170 էջ:
- Պաղտասար Դպիր, Պու գիրք օլ տուրքի Քրիստոնէական հաւատքըմըզա Իգթիզալը Կերէք օլան Պիր գաչ Էօյրէնիլէճէքլէր՝ Հայճայ պիլմէյէն քրիստոնեայ եղբայրլարըմըզ իչին Թիւրքճէ շարադրել օլունտու Վէ ատընը Կրթուի Քրիստոնէական տէտիք, Կոստանդնուպոլիս, տպ. Պօղոս Արապեան Ապուչեխցւոյ, 1820, 170 էջ:
- Պաղտասար Դպիր, Պու պատմութիւն գիրքի օլտուր քի, Գրիգորիոս սուրբ Լուսաւորիչին էվէլինտէն ախըրընատաք պատմութիւնունու, Կ. Պոլիս, տպ. Պօղոս Արապեան Ապուչեխցու, 1820, 134 էջ:
- Պաղտասար Դպիր, Օրինակք բարեւագրաց, նորապէս շարադրեցեալ, Կ. Պոլիս, 1827, 148 էջ:
- Պաղտասար Դպիր, Պու պատմութիւն քիթապը։ Գրիգորիոս սուրբ Լուսաւորիչ հայրըմըզըն էվվէլինտէն ախըրընատաք օլան նագլինի, վէ պիզիմ Հայոց ազգըն նէ՛սէպէպտէն քրիստոնէական հաւատքընա կէլիպ լուսաւորել օլմասընը պէյան իտէր, Կ. Պոլիս, տպ. Պօղոս Արապեան, 1841, 132 էջ:
- Պաղտասար Դպիր, Կրթութիւն քրիստոնէական։ Պու քիթապ քրիստոնէական հաւատքըմըզա Իքթիզալը օլան պիր գաչ էօյրէնիլէճէքլէ՝ Հայճա պիլմէյէն քրիստոնեայ եղբայրլարըմըզ իչին թիւրքճէ շարադրել օլունտու, Օրթագիւղ, տպ. Պօղոսի Արապեան Ապուչեխցւոյ, 1843, 160 էջ:
- Պաղտասար Դպիր, Պու պատմութիւն քիթապը։ Գրիգորիոս սուրբ Լուսաւորիչ հայրըմըզըն էվվէլինտէն ախըրընատաք օլան նագլինի, վէ պիզիմ Հայոց ազգըն նէ՛սէպէպտէն քրիստոնէական հաւատքընա կէլիպ լուսաւորել օլմասընը պէյան իտէր, Կ. Պոլիս, տպ. Պօղոսի Արապեան Ապուչեխցւոյ, 1850, 147 էջ:
- Պաղտասար Դպիր, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին էվվէլինտէն ախըրընատէք օլան թարիխի վէ էրմէնի միլլէթինին տինի իսավիյէ իլէ շաֆքլանմասը պէյանընտէ, Գուստ Շերիֆ, Էրմէնի մար Եագուպ մանասթըրը թապխանէսինտէ, 1867, 112 էջ:
- Պաղտասար Դպիր, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին էվվէլինտէն ախըրընատէք օլան թարիխի վէ էրմէնի միլլէթինին տինի իսավիյէ իլէ շաֆքլանմասը պէյանընտէ, Գուստ Շերիֆ, Էրմէնի մար Եագուպ մանասթըրը թապխանէսինտէ, 1898, 112 էջ:
- Պաղտասար Դպիր, Տաղիկներ սիրոյ եւ կարօտանաց - Песни любви и тоски, Ե․, ՀՍՍՌ ԳԱԱ հրատ., 1958, 284 էջ։ Հրատարակութեան պատրաստեցին Շուշանիկ Նազարեանն ու Ասատուր Մնացականեանը:
- Պաղտասար Դպիր, Տաղիկներ, Երեւան, Սովետական գրող, 1985, 152 էջ։ Երկին եւ յառաջաբանին հեղինակ՝ Շուշանիկ Նազարեան, խմբագիր՝ Ռ. Գ. Սարգսեան:
- Պաղտասար Դպիր, Տաղիկներ (լիակատար ժողովածու), Ե., Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի հրատ., 2007, 288 էջ։ Աշխատասիրութեամբ՝ Հենրիկ Բախչինեանի:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 Hacikyan Agop; Gabriel Basmajian, Edward S. Franchuk, and Nourhan Ouzounian (2005)։ The Heritage of Armenian Literature, From the Eighteenth Century to Modern Times III։ Detroit, MI: Wayne State University Press։ էջ p. 128։ ISBN 0-8143-3221-8
- ↑ Հայրապետեան Սրբուհի (1988)։ Հայ Հին Գրականութեան Պատմութիւն։ Անթիլիաս, Լիբանան: Տպարան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
- ↑ 3,0 3,1 3,2 Մկրտչեան Լեւոն (1986)։ Հայ Դասական Քնարերգութիւն։ Երեւան: Սովետական Գրող
- ↑ Աճառեան Հրաչեայ (1951)։ Հայոց Լեզուի Պատմութիւն II։ Երեւան։ էջ է. 456
- ↑ 5,0 5,1 5,2 5,3 5,4 5,5 5,6 5,7 Սովետական Հայկական Հանրագիտարան։ Երեւան։ 1976
- ↑ Սովորենք հայերէն
- ↑ 7,0 7,1 Ազգ
- ↑ Առաքելեան Առաքել (1975)։ Հայ Ժողովուրդի Մտաւոր Մշակոյթի Զարգացման Պատմութիւն։ Երեւան: «Հայաստան» Հրատարակչութիւն
- ↑ Հայ էջ
- ↑ Մէջբերման սխալ՝ Invalid
<ref>
tag; no text was provided for refs namedԱռաքելեան
- ↑ Վկայութիւններ
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Էջեր, որոնք օգտագործում են հնացած պարամետրերով հղման կաղապարներ
- 7 Յունիսի ծնունդներ
- 1683 ծնունդներ
- Սթամպուլ ծնածներ
- 30 Յունուարի մահեր
- 1768 մահեր
- Իսթանպուլ մահացածներ
- Անձինք այբբենական կարգով
- Միջնադարեան հայ բանաստեղծներ
- Հայ երաժիշտներ
- Հայ լեզուաբաններ
- Հայ գիտնականներ
- Հայ բանասէրներ
- Հայ հրատարակիչներ
- Հայ բանաստեղծներ
- Հայ տղամարդ գրողներ
- Գրողներ այբբենական կարգով